Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Ն.Ս. Լեւոն ԺԴ. Պապին Հետ

May 21, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Ն.Ս. Լեւոն ԺԴ. Պապին Հետ

Երկուշաբթի, 18 Մայիս 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. հայրապետը Վատիկանի մէջ առանձին հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս. Լեւոն ԺԴ. պապին հետ:

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը նախ անդրադարձաւ հետեւեալ նիւթերուն՝ Զատկուան միացեալ թուականի ճշդում, բոլոր նահատակներու յիշատակութեան օր եւ Վատիկան Գ. Համաժողովի գումարում, կարեւորութեամբ ընդգծելով յիշեալ նիւթերուն հրամայական անհրաժեշտութիւնը համաքրիստոնէական կեանքէն ներս:

Ապա անդրադառնալով Արցախի հարցին, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունքը՝ միջազգային երաշխաւորութեամբ, եկեղեցիներու եւ պատմական կոթողներու պահպանումը՝ միջազգային օրէնքին համաձայն, եւ Պաքուի մէջ կալանաւորուած Արցախի ղեկավարներու շուտափոյթ ազատ արձակման անհրաժեշտութիւնը:

Հայրապետը նաեւ խօսեցաւ Լիբանանի ներկայ կացութեան մասին՝ ընդգծելով Լիբանանի պետութեան գերիշխանութիւնն ու ներկայութիւնը լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ, Իսրայէլի հեռացումը Լիբանանի հարաւէն եւ զինադադարի յարգումը: Բնականաբար, ան նաեւ անդրադարձաւ միջեկեղեցական շարժումի կարեւորութեան, այս ծիրէն ներս անհրաժեշտ նկատելով աստուածաբանական հարցերու առընթեր բարոյագիտական խնդիրներու յատուկ կարեւորութիւն տալու առաջնահերթութիւնը:

Վերոյիշեալ կէտերուն վերաբերեալ պապը իր հասկացողութինն ու զօրակցութիւնը յայտնեց, իր կարգին տալով անհրաժեշտ բացատրութիւններ:

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը եւ Սրբազան Քահանայապետը յիշեալ հանդիպումէն ետք մէջ ընդ մէջ առանձին զրոյց ունեցան յիշեալ եւ այլ հարցերու մասին տեսակէտներ ու մտահոգութիւններ փոխանակելով:

Share62Tweet39
Previous Post

Մխիթարեան Միաբանութեան Միջին Արեւելքի Մեծաւորը Կը Տեսակցի ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինին Հետ

Next Post

Ինչպիսի՞ Հոգեվիճակի Մէջ Կը Յայտնուի Որդեգրուած Մը Երբ Իմանայ Թէ Ինք Այլազգի Է

Next Post
Ինչպիսի՞ Հոգեվիճակի Մէջ Կը Յայտնուի Որդեգրուած Մը Երբ Իմանայ Թէ Ինք Այլազգի Է

Ինչպիսի՞ Հոգեվիճակի Մէջ Կը Յայտնուի Որդեգրուած Մը Երբ Իմանայ Թէ Ինք Այլազգի Է

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.