ՀԱՄԱՆԵՐՈՒՄԸ ԿԸ ՁԳՁԳՈՒԻ
Լիբանանի մէջ քննարկուող համաներումին պատճառը միայն բանտերուն խճողուածութիւնը չէ, այլ կան ընկերային ու քաղաքական շարք մը պատճառներ եւս: Այսպէս յայտարարուեցաւ Դատական գերագոյն խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, հակադարձելով կալանաւորուած մարդոց դատավարութիւնները ձգձգելու եւ ուշացնելու մասին դատական համակարգին ուղղուած ամբաստանութիւններուն: Խորհուրդը յիշեցուց, որ Լիբանանը հարուածած իրերայաջորդ ճգնաժամերուն յաջորդած վերականգնումի փուլին արդարադատական համակարգը ջանք չէ խնայած արագացնելու դատավարութիւնները, միշտ նկատի առնելով ապահովական անկայուն պայմանները, գործադուլները եւ յանցագործութիւններուն աճը՝ բնակչութեան թիւի աճին եւ սուրիացի տեղահանուածներու հոսքին լոյսին տակ:

Նախապէս, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտարարած էր համաներումի քննարկումին նուիրուած խորհրդարանական լիագումար նիստին յետաձգումը՝ համախոհութիւն ապահովելու խորագրին տակ: Համաներումի նախագիծը երէկ քննարկուեցաւ երեսփոխանական մնայուն յանձնախումբերու միացեալ նիստին ընթացքին եւ վաւերացուեցաւ առաջին ընթերցումով: Ըստ նախնական տուեալներուն, նախագիծը կը նախատեսէ մահապատիժը մեղմելով վերածել 29 տարուայ բանտարկութեան, իսկ ցկեանս բանտարկութեան դատավճիռը՝ 17 տարուայ բանտարկութեան: Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ նշեց, որ համաներումի նախագիծը պահպանած է բանակի նահատակներու հարազատներուն իրաւունքը, չտապալելով քաղաքացիական դատարաններուն մէջ հայցեր ներկայացնելու հնարաւորութիւնը:
ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒ ՏՈՒՆԴԱՐՁ
Քաղաքացիական անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարեց, թէ երկարատեւ որոնումներէ ետք կարելի եղած է գտնել չորս լիբանանցի քաղաքացիներ, որոնք մաս կը կազմէին նախանցեալ օր սահմանային Ռաշայա Ֆըխխար շրջանին մէջ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ առեւանգուած 7 քաղաքացիներու խմբակին: Ըստ յայտարարութեան, ազատ արձակուած չորս քաղաքացիներուն առողջութիւնը լաւ է, իսկ աշխատանքը կը շարունակուի՝ ապահովելու մնացեալ երեք անձերուն անյապաղ եւ ապահով տունդարձը եւս, համագործակցութեամբ լիբանանեան բանակին եւ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահներուն հետ:

Ապահովական առումով, առողջապահական մարմիններ հաղորդեցին, թէ հարաւային Տէյր Քանուն էլ Նահր շրջանի թիրախաւորումին հետեւանքով մահացած է 10 մարդ՝ ներառեալ երեք երեայ ու երեք կին: Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն հետեւանքով մահերուն թիւը բարձրացած է 3020-ի, իսկ վիրաւորներուն թիւը հատած է 9273-ի սահմանը: 2 Մարտէն ի վեր Լիբանանի դէմ գործուած է 16 հազար գործողութիւն, իսկ աւելի քան 130 հազար քաղաքացիները ստիպողաբար հեռացած են իրենց բնակարաններէն, ապաստանելով աւելի ապահով շրջաններ:

Հըզպալլա, միւս կողմէ, յայտարարեց հարաւային Հատասա շրջանին ուղղութեամբ շարժող իսրայէլեան զինուորական ջոկատ մը թիրախաւորելու, «Միրքաւա» տիպի քանի մը հրասայլ խոցելու եւ մարդկային ծանր կորուստներ պատճառելու մասին, աւելցնելով որ իսրայէլեան ուժերը նահանջած են սահմանային իրենց դիրքերուն ուղղութեամբ: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, թէ Լիբանանի ճակատին վրայ յայտարարուած զինադադարէն ի վեր հարաւի բռնագրաւեալ շրջաններուն մէջ մահացած է 9 զինուոր, որոնք մեծ մասամբ թիրախաւորուած են Հըզպալլայի անօդաչու սարքերով:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱՀԱԶԱՆԳ
Լիբանանի տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Մոհամմատ Շուքէյր արձակեց Լիբանանի տնտեսութիւնը փրկելու ահազանգ մը: Ցաւ յայտնելով, որ Լիբանանն ու լիբանանցիները կորսնցուցած են տնտեսութիւնը վերականգնելու եւ աճ ապահովելու շարք մը հնարաւորութիւններ, Շուքէյր ահազանգեց, թէ երկիրը այսօր կանգնած է ամառնային զբօսաշրջային եղանակն ու անոր ապահովելիք եկամուտը կորսնցնելու վտանգին դիմաց: «Անհրաժեշտ է խուսափիլ յաւելեալ անկումէն եւ փրկել տօնական ու ամառնային արձակուրդային օրերը», պահանջեց Շուքէյր, կոչ ուղղելով աջակցելու հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին ջանքերուն:
ՊԱՅԹՈՒՄ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՀԱՅԱՇԱՏ ՊԱՊ ՇԱՐՔԻԻ ՄԷՋ
Սուրիոյ Առողջապահութեան նախարարութեան շտապ օգնութեան բաժանմունքը յայտարարեց, թէ առնուազն 21 մարդ վիրաւորուած է մայրաքաղաք Դամասկոսի Պապ Շարքի թաղամասին մէջ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին հետեւանքով: Ըստ յայտարարութեան, վիրաւորները փոխադրուած են մօտակայ հիւանդանոցները, իսկ ապահովական ուժերը բացած են հետաքննութիւն՝ պարզելու համար յարձակումին պատասխանատուները: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ զինուորները Պապ Շարքիի մէջ նախարարութեան պատկանող շէնքերէն մէկուն մէջ գտած են ականուած ծրար մը եւ զայն վնասազերծած: Ըստ նախարարութեան, ականուած ինքնաշարժի պայթումէն զոհուած է զինուոր մը: Նշենք, որ Պապ Շարքին կը համարուի Սուրիոյ մայրաքաղաքին ամէնէն հայաշատ թաղամասերէն մէկը:
ՎԵՐԱՀՍԿՈՂՈՒԹԻՒՆ ԻՐԱՆԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, որ իրենք փաստացիօրէն վերահսկողութեան տակ առած են Իրանը: «Կը շարունակենք բանակցիլ Թեհրանի հետ, սակայն գուցէ ստիպուինք ուժգին հարուած մը եւս ուղղել անոնց», ըսաւ ամերիկացի նախագահը, պնդելով որ իրանցիները իրենք կ’ուզեն համաձայնութեան յանգիլ Ուաշինկթընի հետ: Իսկ ամերիկեան զինուած ուժերուն կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ Թեհրան այսօր նուազ հնարաւորութիւն ունի դիմադրելու, բաղդատած ամերիկեան վերջին երկու զինուորական գործողութիւններուն նախորդած փուլին հետ:
ՊԱՐԷՆԱՅԻՆ ԱՀԱԶԱՆԳ
Միջին Արեւելքի մէջ շարունակուող պատերազմին եւ Հորմուզի նեղուցի փակումին հետեւանքով ուժանիւթի սակագիներու աճին լոյսին տակ, ՄԱԿ-ի պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան հարցերու կազմակերպութիւնը նախազգուշացուց պարէնային համաշխարհային լուրջ ճգնաժամի մը հաւանականութենէն: Ըստ կազմակերպութեան, վառելանիւթի եւ պարարտանիւթի գնաճը ծանր պիտի ազդէ երկրագործական բերքին վրայ, պատճառելով յաւելեալ սղաճ: Կազմակերպութիւնը կը կանխատեսէ, որ լուրջ ճգնաժամ յառաջանայ նոյնիսկ կէս կամ մէկ տարուայ ընթացքին, կոչ ուղղելով անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու՝ կանխելու համար գալիք աղէտը:
«ՍՈՒՄՈՒՏ» ՆԱՒԱՏՈՐՄԻ ԽԱՓԱՆՈՒՄ
Իսրայէլի կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ խափանած է դէպի Կազա նաւարկող եւ հասարակական բազմաթիւ գործիչներ փոխադրող «Սումուտ» նաւատորմին բոլոր նաւերը եւ ձերբակալած է ուղեւորները, զանոնք անուանելով «ահաբեկիչներուն մեղսակիցներ»: Ըստ Թել Աւիւի, նաւատորմին նպատակն էր աջակցութիւն ցուցաբերել Համաս շարժումին, մինչ ուղեւորները կը շեշտէին, թէ իրենց նպատակն է ճեղքել Կազայի շրջափակումը եւ բանալ մարդասիրական միջանցք՝ օգնութիւն հասցնելու համար պաղեստինցիներուն:

Իսրայէլեան յատուկ ուժերը բարձրացան նաւերը եւ ձերբակալեցին գործիչները, զանոնք փոխադրեցին Աշտոտի նաւահանգիստ, ուր նախարար Պեն Ղաֆիր հրապարակեց աչքերը կապուած եւ ծունկի եկած մարդոց լուսանկարները: Իտալիոյ վարչապետ Ճիորճիա Մելոնի անընդունելի համարեց իսրայէլեան իշխանութիւններուն վերաբերմունքը պաղեստինցիներուն զօրակցելու համար Կազա ուղղուող «Սումուտ» նաւատորմին եւ անոր ձերբակալուած ուղեւորներուն նկատմամբ: Մելոնի պահանջեց, որ Իսրայէլ ներողութիւն խնդրէ կատարուածին համար: Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարութիւններ կանչուեցան Հռոմի եւ Փարիզի մէջ Իսրայէլի դեսպանները, որոնց բողոք փոխանցուեցաւ:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՅ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՎԻԶԱՆԵՐՈՒ ԱԶԱՏԱԿԱՆԱՑՈՒՄԻՆ
Հայաստանի ներքին գործերու նախարար Արփինէ Սարգսեան յայտնեց, որ Եւրոմիութեան երկիրներու դեսպանատուներուն մէջ բազմացած է Հայաստանի քաղաքացիներուն շէնկէնեան մուտքի արտօնագրերու տրամադրումը: Ան նշեց, որ 2019-ին Հայաստանի քաղաքացիներուն տրուած է 51 հազար վիզա, իսկ 2024-ին թիւը բարձրացած է 86.300-ի:

Մերժուած դիմումներուն համեմատութիւնը 2019-ին եղած է 13,2 առ հարիւր, իսկ 2024-ին՝ 12,4: Ըստ նախարարին, Հայաստան այսպիսով օր ըստ օրէ աւելի կը մօտենայ Եւրոմիութեան հետ մուտքի արտօնագրերու ազատականացումին, մերժելով նշել յստակ ժամկէտներ, որովհետեւ վերջնական որոշումը վերապահուած է եւրոպական կողմին: Ան սակայն վստահեցուց, որ մուտքի արտօնագրերու ազատականացումի պարագային չկայ Հայաստանի քաղաքացիներու արտագաղթի վտանգ:
ՓՈՒԹԻՆԻ ՀԵՏ ՋԵՐՄ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունի ջերմ եւ ընկերական յարաբերութիւն: «Հայաստան պիտի չձեռնարկէ քայլ մը, որ կրնայ վնասել Ռուսիոյ շահերուն», նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին յայտարարեց Փաշինեան: Յիշեցնելով, որ Ռուսիան գերտէրութիւն է, վարչապետը շեշտեց Մոսկուայի հետ յարգանքով վարուելու կարեւորութիւնը: Ան յայտնեց, որ 2018-էն ի վեր շուրջ երկու հարիւր անգամ հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ նախագահին հետ:

