Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին «Արցախի դիրքը հայ-ազերիական պայքարին մէջ» (էջ 23 -34) խորագրեալ յօդուածով Արցախի գոյութեան պատմութիւնը կու տայ եւ կը շեշտէ հետեւեալը՝ իբրեւ կարեւոր բանալի հողին պատկանելիութեան առնչութեամբ. «Արցախ հայկական էր թրքացեղ թաթարներու Միջին Արեւելք ներխուժումէն եւ տարածուելէն առաջ: Հայերէն այբուբէնի գիւտարար Մեսրոպ Մաշտոց իր առաջին դպրոցը Արցախի Հատրութ շրջանի Ցուր գիւղին մէջ բացաւ: Աշխարհագրագէտ գիտնական յոյն Ստրաբոն այս մասին բազմաթիւ դէպքերու նկարագրութեամբ եւ ապացոյցներով կը խօսի» (էջ 26): Ան Արցախի պատերազմի հայկական յաղթանակին տարողութեամբ հետեւեալ իրապաշտական եզրակացութիւնը կու տայ. «Արցախի հայոց պայքարը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ լուսաւոր էջ մը կը բանայ՝ մեր ժամանակներուն: Անիկա հողին, հայուն արժանապատուութեան, ազգին գոյութեան եւ ապագայի պաշտպանութեան պայքարն է: Հայը ասկէ բացի՝ փոխարինող ոչ մէկ բան կ’ընդունի որքան ալ շրջափակումը խիստ ըլլայ եւ պատերազմը երկար… այս պատճառով հայը արժանի է ապրելու եւ գոյատեւելու, որովհետեւ մահը իրեն չի վերաբերիր, ո՛չ Հայաստանի եւ ո՛չ ալ իրեն նման ազգերու, որքան դաժան ըլլան պայմանները եւ անողոք՝ բռնատէրերը» (էջ 34):
Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան մանրամասնօրէն կը խօսի Փանթուրանիզմի փուլերուն մասին իր «Թուրանականութիւնը պատմութեան հանգրուաններուն մէջ» խորագրեալ յօդուածով (էջ 63-70): Իբրեւ եզրակացութիւն, ան յօդուածին վերջաւորութեան կ’ըսէ. «Հայ ժողովուրդը շատ սուղ գին վճարեց դիմադրելու համար այս ցեղապաշտական եւ ծաւալապաշտական գաղափարախօսութեան: Իւրաքանչիւր ազգի հայրենասէր զաւակներուն պարտականութիւնն է պայքարիլ այս տեսակի թշնամական գաղափարախօսութիւններու դէմ որպէսզի ցեղասպանութիւնները չկրկնուին տարբեր ժամանակներու եւ վայրերու մէջ» (էջ 70):
Հրատարակութեան մնացեալ էջերուն մէջ հետեւեալ գրութիւնները կան, որոնք կը ներկայացնենք հեղինակներուն անուան կողքին, առանց յաւելեալ բացատրութեան քանի որ անոնց խորագրերը արդէն ինքնին խօսուն են. օրէնսգիտական խորհրդական Ֆուատ Հասան Հաֆէզ (Գահիրէ)՝ «1915-ին հայկական ջարդերը Օսմանեան պետութեան մէջ» (էջ 35-50), Ֆարժալլա Սալէհ Տիպ (Պէյրութ)՝ «Հայերը իրենց մատմական երթին մէջ» (էջ 51-62), Սարգիս Եարալեան (Պէյրութ)՝ «Հնչակեան քսան կախաղանները» (էջ 73-83), տոքթ. Ալեքսանտր Քեշիշեան (Հալէպ)՝ «Յետեղեռնեան առաջին շրջանի Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայոց վիճակին մասին 1908-1947 ժամանակաշրջանին. Հալէպի «Ալ-Թաքատտում» թերթին մէջ լոյս տեսած կարգ մը վաւերաթուղթեր» (էջ 87-96), Պասսամ Տաու (Պէյրութ)՝ «Արարատ լերան պէս ազգ մը» (էջ 97-101), տոքթ. Ռոպեր Ճեպեճեան (Հալէպ)՝ «Հալէպի անկումին յաջորդող օրերու մասին 1918-ի յուշերէս էջեր» (էջ 103-108), դոկտ. Ռուբէն Պօղոսեան (Հալէպ)՝ «Էջեր՝ սուրիական Հալէպ, Ռաս-իւլ-Այն, Ռաքքա, Տէր Զօր քաղաքներու պատմութենէն» (էջ 109-126), Սամիր Արպաշ (Դամասկոս)՝ «Հայերը ինչո՞ւ հեռացան քաղաքական եւ զինուորական կեանքէն» (էջ 127-128), դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին՝ «Հայոց հաւատարմութիւնը եւ հայկական ջարդերու նկատմամբ արաբներու կեցուածքը Հայոց ցեղասպանութեան 80-ամեակին առթիւ» (էջ 131-140), Սաքր Ապու Ֆախր (Պէյրութ)՝ «Հայերը Պաղեստինի մէջ, երկու աղէտներու մէջ մէկ ժողովուրդ» (էջ 143-152), դոկտ. Արիֆ Թամէր (Պէյրութ)՝ «Ֆաթիմիեաններու եւ հայերու միջեւ բարեկամութիւնը որ ազգականութեան վերածուեցաւ» (էջ 153-156), Ապտալլահ Քըպրըսի (Պէյրութ)՝ «Սուրիան, Լիբանանը եւ հայերը» (էջ 157-160), Օմար Էլ-Տաքքաք (Հալէպ)՝ «Արաբներն ու հայերը՝ մօտեցում եւ միաձուլում» (էջ 161-167), դոկտ. Ֆայիզ Նաժիպ Իսքանտար (Գահիրէ)՝ «Իսլամներու եւ հայերու միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը եւ Բիւզանդական կայսրութեան դիրքը անոր նկատմամբ» (էջ 169-175), դոկտ. Նաիմ Էլ-Եաֆի (Դամասկոս)՝ «Արաբ եւ հայ ժողովուրդներու միացեալ պայքարի հարցեր» (էջ 177-185), դոկտ. Հանի Խալիլ (Դամասկոս)՝ «Արաբական սուրիական-հայկական յարաբերութիւններու ընկերաբանութիւնը» (էջ 187-210):
Հայոց ցեղասպանութեան մասին արաբ եւ օտար անձնաւորութիւններու վկայութիւններ կան հատորին յաջորդ բաժնին մէջ (էջ 211-226), ուր ակներեւ են այլոց կարգին Լիբանանի նախկին վարչապետ Սելիմ Էլ-Հոսսի, քաղաքական գործիչ Քարիմ Մըրուէի, Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆէզ Էլ-Ասատի, ինչպէս նաեւ ամերիկացի, ֆրանսացի, բրիտանացի, իտալացի, նորվեկիացի, աւստրալիացի եւ քիւրտ ու թուրք ծանօթ անձնաւորութիւններու վկայութիւնները:
Այնուհետեւ կը յաջորդէ թրքական խեղաթիւրմանց դէմ հայկական մշակութային ու քաղաքակրթական կոթողներու մասին երեք էջանի նկարազարդ բաժին մը, որմէ ետք «Պատմութենէն փաստաթուղթեր» խորագրեալ բաժինը (էջ 231-268), որ կ’ընդգրկէ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուած արաբական ու միջազգային փաստաթուղթերու պատճէնահանումներ եւ բնագրնր: «Ամփոփ ցուցակ մը ոչ հայերէն աղբիւրներու» խորագրեալ բաժինով (էջ 269-280) մատենագէտ Ժիրայր Դանիէլեան կը ներկայացնէ արաբերէնով, անգլերէնով եւ ֆրանսերէնով օտար հեղինակներու աշխատութիւններու ցանկ մը հայ ժողովուրդին եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Սոյն գիրքին իւրաքանչիւր յօդուածին վերջաւորութեան ալ կը գտնենք օգտագործուած աղբիւրներու ցանկ մը: Գիրքը օժտուած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հետ առնչուող քարտէսներով եւ լուսանկարներով:
Այս հրատարակութիւնը իր ժամանակին մեծապէս նպաստեց ընդհանրապէս Հայկական հարցը, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնն ու Արցախեան թղթածրարը արաբ հանրութեան ծանօթացնելու նուիրական գործին, որ հիմնականօրէն իրագործուած էր դոկտ. Սալէհ Զահրէտտինի շնորհակալ ջանքերուն եւ տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանի համագործակցութեան շնորհիւ:
(Վերջ)

