Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ինչպիսի՞ Հոգեվիճակի Մէջ Կը Յայտնուի Որդեգրուած Մը Երբ Իմանայ Թէ Ինք Այլազգի Է

Խորէն Փիլաւճեան (Հալէպ)

May 21, 2026
in Յօդուածներ
0
Ինչպիսի՞ Հոգեվիճակի Մէջ Կը Յայտնուի Որդեգրուած Մը Երբ Իմանայ Թէ Ինք Այլազգի Է

Մեր սիւնակներուն մէջ դարձեալ կը հիւրընկալենք երիտասարդ մտածող մը, որ իր նոր յօդուածով կը վերարծարծէ հարցեր, որոնց շուրջ մեր հասարակութիւնը կամ լռած է, կամ ալ զանոնք բարձրաձայնելէ խուսափած։

Նախ պէտք է ուրախութեամբ արձանագրենք, որ Խորէն Փիլաւճեան անուն այս երիտասարդը «Արարատ»-ի ամենաերիտասարդ յօդուածագիրն է, իրողութիւն մը, որ պէտք է յաղթանակով արձանագրուի հայ մամուլին մէջ։ Իր գրութեամբ ան կը համարձակի դպչիլ ինքնութեան, արմատներու եւ մշակոյթի զգայուն թելերուն՝ ներկայացնելով դիտանկիւն մը, որ կրնայ ցնցել սովորական ընկալումները։ Հեղինակը կը փորձէ ոչ միայն հարցադրումներ ընել, այլ նաեւ մտածելակերպի որոշ ուղղումներ առաջարկել՝ յատկապէս նոր սերունդին համար։ Առաջադրուած միտքերը կը բանայ քննարկումի դաշտ մը, ուր տարբեր կարծիքներ կրնան իրար բախիլ, խմբագրութիւնը կամ ընթերցողը կրնան մերժել կամ ընդունիլ, սակայն գոնէ պահ մը կանգ պիտի առնեն եւ խորհին առաջարկուած գաղափարներուն շուրջ։

Այս իմաստով, երիտասարդին այս փորձը արժանի է ուշադրութեան եւ լուրջ խորհրդածութեան։

(Ա.)

 

Մարդիկ, որոնք որդեգրուած են, ծնողնին փոխած, առաւել եւս այլ երկրէ եւ այլ ազգէ որդեգրուած, որոնք չեն գիտեր անգամ իրենց կենսաբանական մայրն ու հայրը, որովհետեւ ծնած պահուն իսկ որդեգրուած են, եթէ իրեն չըսուի, թէ «դուն որդեգրուած ես եւ դուն այս կամ այդ երկրէն ես», ինք տեղեակ նոյնիսկ չ’ըլլար։

Անձը, երբ չգիտնայ իր ազգութիւնը եւ խօսի իրեն որդեգրող ընտանիքի լեզուն, ապա այդ կը դառնայ իր մայրենին։

Իսկ ի՞նչ կը պատահի որդեգրուած մարդուն, որ տարիներ շարունակ  կարծած է, թէ ինք պատկանած է ազգի մը եւ հիմա յանկարծ ի յայտ եկած է, որ ինք սխալած է։

Ըստ ոմանց` այդ անձը հիասթափուած, խարխափումի մէջ մտած, անցնող տարիները պատրանք կը համարէ։

Այո՛, բայց այս մէկը կը զգայ միայն սկիզբնական շրջանին, որով մարդուն սրտին եւ մտքին մէջ փոփոխութիւն մը կը կատարուի, այն ալ անսպասելիօրէն։ Խնդիրը փոփոխութեան մէջ է, որ պատճառ կը դառնայ իր տառապանքին։

Սկիզբը կը տառապի` իսկական ժողովուրդին դառնալու եւ չդառնալու միջեւ։ Այսպիսի երեւոյթներու բազմիցս կը հանդիպինք։

Իրականութեան մէջ հարցը դառնալու կամ ուրիշ միջավայր երթալու մէջ չէ, այլ` փոփոխութեան մէջ։

Քանզի ինք վարժ էր մթնոլորտի մը, իսկ այժմ իրեն թելադրուած է մէկ այլ միջավայր։

Հարցը կը ստեղծուի փոփոխութեան պատճառաւ, ուր անձը կրնայ մղձաւանջի մէջ մտնել եւ կրնայ չմտնել։

Կայ այլ երեւոյթ մը եւս, որ մարդիկ կան, որոնք կ’իմանան իրենց բուն արմատները եւ իրենց դառնալուն պատճառաւ կը տառապին։

Որովհետեւ, ճիշդ էր, որ ան որդեգրուած էր, բայց միեւնոյն ատեն ուրախ էր զինք մեծցուցած եւ դաստիարակած ծնողներուն հետ։ Արդ, երբ կ’իմանայ, թէ բուն արմատները այս ընտանիքը չեն, այն ատեն աւելի կը տառապի։

Որով երբ ինք ընդգրկուած էր այս ընտանիքին մէջ` ոչինչ զգացած էր։

Այստեղ մղձաւանջը փոփոխութեան եւ դառնալուն մէջ է։

Իր տառապանքը որդեգրողներուն պատճառաւ չէ, այլ հակառակը` ինք այդ ընտանիքով բաւարարուած էր։

Իր մտավախութիւնն ու տուայտանքը կը կայանայ, թէ ովքե՞ր են իր բուն ծնողները։ Երբ հանդիպի` ինչպէ՞ս  հաղորդակցութեան մէջ պիտի մտնէ անոնց հետ։

Որդեգրուողին ամենամեծ ցաւը առաջին հանդիպումն է բուն ծնողներուն հետ, բան մը՝ որմէ շատ կը խուսափին։

Մարդիկ կան, որ ընդհանրապէս չեն ալ ցանկար տեսնել իրենց իսկական ծնողները, ըսելով` այս է իմ ծնողքս եւ վերջ, քանզի իր արմատներուն դառնալը իրեն համար աւելի դժուար է։

Որդեգրուողներ կան, որ միայն պահ մը կը ցնցուին, յետոյ իրենս համար կենսաբանական հայրը որեւէ նշանակութիւն չ’ունենար, այդքան պարզ։ Եթէ իրեն առաջարկուի՝ կ’ուզե՞ս իսկական հօրդ քով երթալ, կը մերժէ։

Սկիզբը կը փորձեն գտնել իրենց բուն ծնողները, բայց եւ այնպէս կը վերադառնան իրենց որդեգրողին։

Այս է միտք բանին` միջավայրդ։

Մշակոյթը, որ դուն առած ես, որդեգրած ես զայն` անոր պիտի դառնաս։ Շատ քիչ մարդոց կը հանդիպիս, որ ինք իսկապէս իր կամքովը ընտրած է կամ որդեգրած է որեւէ այլ մշակոյթ։

Դուն կը ծնիս մշակոյթի մը մէջ եւ քեզ այնպէս կը դաստիարակեն, որ դուն ակամայ փարած կ’ըլլաս այդ մշակոյթին։

Իսկ ինչո՞ւ կը փարիս, որովհետեւ մանկութենէդ ծնողներդ ինչ սերմանած են մտքիդ եւ հոգիիդ մէջ, այդ մէկը քեզի համար կը դառնայ օրէնք, մտքիդ մէջ փորագրուած օրէնք։

Բայց եթէ մեծնաս առանց պարտադրուած մշակոյթի մը, ապա մեծնալէդ ետք ազատ կամքովդ ընտրես քու նախասիրած մշակոյթդ, ապա ան կ’ըլլայ քեզի համար հոգեհարազատ։

Կամ ապրած ըլլաս մշակոյթի մը մէջ, բայց ունենաս ինքնագիտակցութիւնը, որ դուն չես ընտրած այս միջավայրը, այլ պարտադրուած է քեզի եւ հիմա դուն կարող ես ընտրել որեւէ այլ մշակոյթ մը եւ ընդելուզուիս անոր մէջ, ապա դուն կրնաս ընտրածդ մշակոյթին հետ ընտելանալ եւ նոյնիսկ մնալ ուր որ էիր, որովհետեւ քեզի տրուած է ազատութիւնը։

Մարդիկ, որ իրենք դաւանանքը կը փոխեն, ինչպէ՞ս կը փոխեն` համոզուած եւ ուրախ։

Շատ մը ծագումով հայեր կան, որոնք նոյնիսկ չեն գիտեր թէ հայ են, շատ բնականոն կերպով կ’ապրին։ Նոյնիսկ եթէ գիտնան իրենց ծագումը, այդ մէկը ոչինչ կը փոխէ իրենց մէջ։

Հարց մը` աշխարհի երեսին ինչքան ժողովուրդներ կան, որոնք ո՛չ երկիր ունին, ո՛չ լեզու, բայց ծիներով կը պատկանին պատմական ցեղախումբի մը, որ այսօր ձուլուած է։ Ուրեմն այդ խմբակները ինքնութիւն չունի՞ն, իրենց ծիները սրբուա՞ծ են, ո՛չ չեն սրբուած, ազգի մը ծինը չի փոխուիր։

Այս պարագային այսպիսիք ի՞նչ միջոցներ կ’որդեգրեն, ո՞ւր կ’երթան։

Ուր որ ծնած են` կը մնան, կամ ո՞ր երկիրը կը նախընտրեն ապրիլ, կամ այն մշակոյթը որ կը սիրեն` այդ խումբերուն կ’անդամակցին։

Այսքան հին հայեր կան, որոնք արաբախօս են, ինչո՞ւ ծիները չեն մղեր զիրենք հայերէն սորվելու։

Այսօր սփիւռքահայութեան մեծամասնութիւնը ապրած երկրին լեզուով աւելի հեզասահ կ’արտայայտուի, քան հայերէնով։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ տուեալ երկրի ժողովուրդին հետ աւելի շփման մէջ է, քան` իր ընտանեկան պարագաներուն։

Եթէ ծիները կը կանչեն` ուրեմն Սփիւռքի մէջ ձուլուած հայերը պէտք է մղէ դէպի արմատներ ետդարձ կատարելու։

Արդ, ծիները առնչութիւն չունին լեզուին հետ, տեղ մը չկայ քու ծրագրաւորմանդ մէջ, որ դուն այդ լեզուն պէտք է սորվիս։ Մանկութենէդ ինչ կը լսես` վերջ։

Լեզուն ուղեղիդ հետ կապ ունի, եւ ինչքան դուն ուղեղիդ նեարդային հիւսուածքներ կը շինես, որքան նեարդային հիւսուածքները շատ ըլլան` այդքան աւելի արագ կ’ըլլայ, եւ որքան մանկութենէդ ըլլայ` այդքան աւելի արագ եւ աւելի լաւ կ’ըլլայ։

Երկիրներ կան, որոնք քանի մը լեզու կը գործածեն, անոնք ի՞նչ կ’ընեն։

Մենք հայերս, այլազան բարբառներէ բացի, ունինք երկու պաշտօնական լեզուաճիւղեր` արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն, որոնք տարբեր են եւ իրարու չեն հասկնար, ի բաց առեալ զարգացած խաւը։

Երկու տարբեր լեզուներ, եւ եթէ այսպէս շարունակուի, հետզհետէ աւելի մեծ պիտի ըլլայ լեզուներու տարբերութիւնները։ Վերջաւորութեան, քանի մը հարիւր տարի ետք կը տենենք, որ ամէն մէկը լեզու մը դարձած է։

Ուրեմն ի՞նչ պատահեցաւ` լեզուն փոխուեցաւ, եւ ծինը կայուն եւ հաստատ հիմքերու վրայ կ’ըլլայ եւ ո՛չ փոփոխական։

Ուստի, մենք պարտինք ո՛չ թէ ծիներու միջոցաւ ազգասիրութիւն պատուաստել մարդոց, այլ` սիրցնենք մեր մշակոյթը, մեր լեզուն, մեր աւանդութիւններն ու սովորութիւնները, այն ատեն մարդը ինքնակամ կ’որոշէ հայ ըլլալ, որովհետեւ դուն յաջողեցար սիրցնել քու ազգդ, եւ ազգիդ զաւակներն ու այլազգի մը, որ ընդհանրապէս հայկական ո՛չ մէկ ջիղ ունի, բայց հայացաւ։

Ինչո՞ւ չէ, ինչո՞ւ չներգաւենք մեր ազգին մէջ այլազգիներ եւ որպէս հայ որդեգրենք զիրենք` շահելով հայ մը ազգին շարքերուն մէջ։

Share63Tweet40
Previous Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Ն.Ս. Լեւոն ԺԴ. Պապին Հետ

Next Post

Համբարձման Եւ Մայրերու Օրուան Նուիրուած Գեղեցիկ Ձեռնարկ

Next Post
Համբարձման Եւ Մայրերու Օրուան Նուիրուած Գեղեցիկ Ձեռնարկ

Համբարձման Եւ Մայրերու Օրուան Նուիրուած Գեղեցիկ Ձեռնարկ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.