Սբ. Յակոբ եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Համբարձման եւ Մայրերու Օրուան նուիրուած գեղեցիկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 13 Մայիս 2026-ին, եկեղեցւոյ «Տ. Պապիկեան» սրահին մէջ։
Նախքան ընկերային բաժինի սկիզբը, հրաւիրեալները եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր պահ մը ապրեցան, ուր եկեղեցւոյ հովիւ արժանապատիւ Տէր Սիմէոն քահանան Սուրբգրային բացատրութիւն տուաւ Քրիստոսի Համբարձման տօնին եւ աւանդական «վիճակ քաշելու» սովորութեան մասին։
Պէտք է յատկապէս նշել, որ Տիկնանց յանձնախումբը մեծ հոգածութեամբ եւ նրբաճաշակ ճիգով պատրաստած էր ձեռնարկը։ Սրահի սեղանները գարնանային գեղեցիկ ծաղիկներով զարդարուած էին, իսկ սեղաններուն վրայ կը գտնուէին համադամ եւ ախորժաբեր ճաշատեսակներ։

Աւանդութեան համաձայն, կազմակերպուած էր նաեւ Համբարձման վիճակի արարողութիւնը՝ «եօթը զամբիւղ, եօթը տեսակ ծաղիկ եւ եօթը աղբիւր»ներէ բաղկացած գեղեցիկ փունջով։
Ձեռնարկին ընկերային բաժինը անցաւ ջերմ ու հաճելի մթնոլորտի մէջ։ Օրդ. Մարալ Վարդապետեան ասմունքեց Մայրերու Օրուան նուիրուած ընտիր ստեղծագործութիւններ՝ Աւետիք Իսահակեանի «Մօր Սիրտը», Յովհաննէս Շիրազի «Տարդս Տուի» եւ Պարոյր Սեւակի «Մօր Ձեռքերը», որոնք մեծ տպաւորութիւն ձգեցին ներկաներուն վրայ։
Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ իւրաքանչիւրին նուիրուեցան գեղեցիկ ծաղիկներ՝ ի նշան սիրոյ եւ գնահատանքի։
Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն, ուր ներկաներէն շատեր բախտաւորուեցան՝ շահելով բազմաթիւ արժէքաւոր նուէրներ։ Եղան նաեւ նուիրատուութիւններ։
Օրը աւարտեցաւ ուրախ եւ բարձր տրամադրութեամբ, իսկ ներկաները մեկնեցան գոհունակութեան եւ ջերմ տպաւորութիւններու զգացումով։
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

