Նորահաս սերունդներու կազմաւորման աշխատանքը ներկայիս բաւական դժուարացած է։ Արհեստագիտական նորարարութիւնները ներկայ սերունդերու մօտ ստեղծած են նոր հետաքրքրութիւններ եւ յաճախ լուսանցքի կողմ կ’առաջնորդեն անոնց մտածումի ու առողջ քննարկումի կարողականութիւնը։ Միջավայրը սկսած է պարտադրել նոր երեւոյթներ ու այս կացութեան մէջ քննական մտքի զարգացումը շատ կարեւոր է, որպէսզի ներկայ սերունդը պարզապէս գերին չդառնայ իրեն հրամցուած, շատ յաճախ աղաւաղուած տեղեկութիւններուն ու բարքերուն եւ փորձէ իր սեփական մտածումի յառաջացման ճամբով ըսելիք ու ընելիք ունենալ։
Այս ծիրին մէջ «Ճինիշեան» հիմնարկի «Երիտասարդութիւնը ըերութեան մէջ» երիտասարդական բանավէճի ծրագիրը կարեւոր փորձ մըն է քննական մտքի զարգացման, մտքերու առողջ բանաձեւման, ինչպէս նաեւ տեսակէտներու պարզաբանման ու հմտութիւններու ձեռքբերման առումով։
Անցնող ամիսներուն, յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով, «Ճինիշեան» հիմնարկի Լիբանանի մասնաճիւղը «Ճինիշեան» եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկներու հովանաւորութեամբ, կազմակերպեց «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» բանավէճի մրցանքին լիբանանահայ աշակերտներու մասնակցութիւնը: Արդարեւ, հայկական վարժարաններէ յիսուն աշակերտներ վարժողական ծրագրերով եւ զտումի մրցանքներով պատրաստուեցան այս կարեւոր ծրագրին: Մասնագէտներու խումբ մը ղեկավարեց այս աշխատանքը, ինչպէս նաեւ ակադեմական դատական կազմ մը կատարեց աւարտական փուլի մասնակցող աշակերտներու ընտրութիւնը:

Երեքշաբթի, 28 Ապրիլ 2026-ին, աշակերտական բանավէճի աւարտական փուլի խումբը, բաղկացած վեց աշակերտներէ, ժամանեց Երեւան, ընկերակցութեամբ հիմնարկի տնօրէն Քրիսթին Դանիէլեան-Սարգիսեանի եւ ծրագրի պատասխանատուներուն։ Անոնք դիմաւորուեցան Հայաստանի «Ճինիշեան» հիմնարկի «ԵԸՄ» ծրագիրի պատասխանատու Ռուբէն Գրիքեանի եւ հիմնարկի անձնակազմին կողմէ:
Հայաստանագնացութեան այս ծրագիրը ինքնին կարեւոր էր եւ առիթ ընծայեց լիբանանահայ աշակերտներուն՝ դասաւանդութեանց ճամբով իրենց փոխանցուած տեղեկութիւններու կենդանի վկայութիւնը ապրելու եւ շնչելու հարազատ հողին վրայ, ինչպէս նաեւ հաղորդակցելու հայրենիքի եւ տարբեր միջավայրերու մէջ կազմաւորուած սերնդակիցներու հետ։
Երեք օրերու ընթացքին աշակերտները կատարեցին փորձ-մարզումներ Հայաստանի «Ճինիշեան» հիմնարկի գրասենեակին մէջ՝ մասնակցելու Հանրապետական բանավէճի մրցաշարքին։
Ուրբաթ, 1 Մայիսին, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի «Ճինիշեան» հիմնարկի կազմակերպած եռօրեայ «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» (ԵԸՄ) ծրագրի աշակերտական բանավէճի աւարտական մրցաշարքը։

Բացման հանդիսութեան խօսք առաւ Զարա Համբարձումեան: Ան, ողջունելով բոլոր մասնակիցները, անդրադարձաւ բանավէճի մրցում-խաղի օրէնքներուն եւ ապա յաջողութիւն մաղթեց բոլորին։ Ծրագրի պատասխանատու Ռուբէն Գրիքեան անդրադարձաւ ծրագրի 22-ամեայ յաջողութիւններուն, ողջունելով Ջաւախքի եւ Լիբանանի մասնակիցները: Ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային այս ծրագիրը կը դառնայ համահայկական, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Սփիւռքի բոլոր համայնքները։
Ապա, խօսք առաւ Լիբանանի «Ճինիշեան» հիմնարկի տնօրէն Քրիսթին Դանիէլեան- Սարգիսեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնարկի Հայաստանի գրասենեակին այս իւրայատուկ առիթին համար, որուն միջոցով լիբանանահայ աշակերտները անգամ մը եւս առիթը ունեցան այցելելու հայրենիք, շփում ունենալու հայրենակից քոյր-եղբայրներուն հետ եւ ձեռք բերելու եզակի փորձառութիւն։ Ան դիտել տուաւ, որ լիբանանահայ վեց աշակերտները Լիբանանի պատերազմական թէժ պայմաններու մէջ պատրաստուեցան այս ծրագրին մասնակցելու։ Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ լիբանանահայ աշակերտները իրենց առօրեային մէջ մնայուն կերպով կը շփուին Մայր հայրենիքին հետ՝ իրենց դասագիրքերուն եւ հայոց պատմութեան ճամբով եւ այսօր անոնք իրականացուցին երազ մը՝ տեսնել Հայրենիքը եւ հաղորդակցիլ հայրենակից քոյր-եղբայրներու հետ։ «Թող այս ծրագիրը առիթ հանդիսանայ ամրապնդելու Հայրենիք-Սփիւռք անքակտելի կապը», եզրափակեց ան։
Ջաւախքահայ գաղութի ներկայացուցիչ Արմէնուհի Պետրոսեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, թէ վրացահայ գաղութին համար պատիւ եւ ուրախութիւն է մասնակցիլ այս բարձրորակ եւ շինիչ ծրագրին:
Տասնվեց խումբեր մասնակցեցան առաջին փուլի երկու բանավէճերուն, հետեւեալ թեմաներով՝
Ա) Դպրոցին մէջ աշակերտներու կողմէ արհեստական բանականութեան կիրառումը պէ՞տք է արգիլուի։
Բ) «Համաշխարհային տաքացումը» մարդկային գործունէութեան արդիւնք է:
Լիբանանի երկու խումբերը մասնակցեցան երկու թեմաներու բանավէճերուն, հետեւեալ խմբաւորումով՝
Պէյրութ 1
1) Անթոնի Սահիունի՝ Ազգային Միացեալ վարժարան
2) Նարեկ Տէր Սարգիսեան՝ Ազգային Միացեալ վարժարան
3) Էլէնա Ապու Րժէյլի՝ Հայ Աւետարանական բարձրագոյն վարժարան, Այնճար
Պէյրութ 2
1) Քրիսթէլ Գազանճեան՝ Յառաջ Կիւլպէնկեան վարժարան, Այնճար
2) Լեթիսիա Փաչանեան՝ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան
3) Սագօ Պոյաճեան՝ Շամլեան Թաթիկեան վարժարան
Երկու խումբերը պատուաբեր արդիւնքներով անցան երկրորդ փուլի մրցաշարքին։
Ծրագրի պատասխանատուները, բանավէճերու դատական կազմերը եւ ներկաները բարձրօրէն գնահատեցին Լիբանանի բոլոր մասնակիցներուն մասնագիտական, ազդեցիկ եւ հրապուրիչ ելոյթները։
Շաբաթ, 2 Մայիսին, բանավէճի երկրորդ փուլը շարունակուեցաւ Երեւանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ՝ «ՄԱԿ-ը չի համապատասխաներ արդի մարտահրաւէրներուն» եւ «Եւրոպական միութիւնը պէտք է Թուրքիոյ տայ ԵՄ-ի անդամակակցելու կարգավիճակ» թեմաներով։ Լիբանանի «Ճինիշեան» հիմնարկի «Պէյրութ 1» եւ «Պէյրութ 2» խումբերը բանավիճեցան «ԱՅԲ» (Երեւան 2) եւ «Երեւան 4» դպրոցներուն դէմ։ Բանավէճերը աւարտեցան ի նպաստ Երեւանի դպրոցներուն։ Երեկոյեան մասնակիցները «Հրազդան» պանդոկին մէջ ունեցան հաւաքական խրախճանք, սերտացնելով իրենց ծանօթութիւնները եւ կապերը։
Կիրակի, 3 Մայիսին, աւարտական փուլը տեղի ունեցաւ «Անի Փլազա» պանդոկին մէջ։ «ՄԱԿ-ը չի համապատասխաներ արդի մարտահրաւէրներուն» նիւթով դէմ եւ թեր բանավիճեցան Երեւանի «ԱՅԲ» դպրոցի եւ «Երեւան 4» դպրոցի աշակերտները։ Խաղը աւարտեցաւ «ԱՅԲ» դպրոցին յաղթանակով։
Աւարտին խօսք առաւ Հայաստանի «Ճինիշեան» հիմնարկի տնօրէն Արմէն Յակոբեան, որ անդրադարձաւ այս ծրագրի կարեւորութեան եւ ձեռք բերած յաջողութիւններուն։ Ան գնահատեց բոլոր մասնակիցները՝ շեշտելով ծրագրի ընդլայնումը, ի մասնաւորի Լիբանանի մասնակիցներուն մէջ Այնճար հայաւանի մասնակցութիւնը։ Արմէն Յակոբեան շեշտեց այս ծրագրին կարեւորութիւնը՝ պատասխանատու եւ շրջահայեաց ղեկավարներ պատրաստելու համար։

Ապա, խօսք առաւ Լիբանանի «Ճինիշեան» հիմնարկի տնօրէն Քրիսթին Դանիէլեան- Սարգիսեան։ Ան անդրադարձաւ այս ծրագիրին փոխանցած իւրայատուկ փորձառութեան եւ լիբանանահայ աշակերտներուն ձեռք բերած հիմնական հմտութիւններուն եւ ապրած անմոռանալի յիշատակներուն: Ան աւելցուց, որ այս ծրագիրը Լիբանանի գրասենեակի այլազան ծրագրերու կողքին շատ կարեւոր տեղ կը գրաւէ, որովհետեւ անմիջականօրէն առնչուած է պատրաստելու պատասխանատու եւ գիտակից սերունդ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Ճինիշեան» հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն Էլիզա Մինասեանին, «Ճինիշեան» հիմնարկի Հայաստանի գրասենեակին եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան, որոնց քաջալերանքով եւ աջակցութեամբ կարելի եղաւ իրագործել այս շատ կարեւոր ծրագիրը։ Ծրագիրը աւարտեցաւ վկայագրերու, յուշանուէրներու եւ մետալներու բաշխումով։
Յաջորդ օրը աշակերտները այցելեցին Գեղարդ, Գառնի, Գառնիի Քարերու Սիմֆոնիա, Սեւանավանք եւ Մայր Հայաստան:
5 Մայիս 2026-ին, Լիբանանի «Ճինիշեան» Հիմնարկի Հայաստանի հանրապետական բանավէճի մասնակցած խումբը ուղղուեցաւ դէպի Ծիծեռնակաբերդ՝ յարգելու յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն: Անոնք վերանորոգեցին իրենց ուխտը՝ վառ պահելու նահատակներուն յիշատակը եւ շարունակելու իրենց ժողովուրդին արդար պահանջատիրութիւնը։ Ապա, անոնք ուղղուեցան դէպի Եռաբլուրի Նահատակաց պանթէոն, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Արցախի պաշտպանութեան իրենց կեանքը նուիրաբերած մեր հերոս նահատակներուն: Կէսօրուան դադարէն ետք խումբը այցելեց Սաղմոսավանք եւ Օհանավանք։
Չորեքշաբթի, 6 Մայիսին, աշակերտները հանդիպեցան «Birthright Armenia» կազմակերպութեան, մօտէն ծանօթանալու ծրագրի պայմաններուն եւ մանրամասնութիւններուն։ Ապա, անոնք ուղղուեցան Էջմիածինի Մայր տաճար, որմէ ետք «Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան» դպրոց եւ մասնակցեցան հոն կազմակերպուած «Հետազօտող պատանիներ»-ու ակումբի աշխատանոցին: Կէսօրէ ետք խումբը այցելեց Խոր Վիրապի Ս. Աստուածածին եկեղեցի։
Հինգշաբթի, 7 Մայիսին, լիբանանահայ աշակերտները վերադարձան Լիբանան, հարուստ փորձառութիւններով եւ քաղցր յիշատակներով: Վստահաբար անոնք մի՛շտ պիտի վերյիշեն հայրենիքի մէջ անցուցած իրենց օրերը ու իրենց փորձառութիւնը բաժնեկցին նաեւ իրենց դասընկերներուն հետ:

