Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Նոր Գիրքեր. «Ստրունգայի Հայկական Որբանոցը»

Աւետիս Ռազմիկ (Երեւան)

May 19, 2026
in Մշակութային
0
Նոր Գիրքեր. «Ստրունգայի Հայկական Որբանոցը»

Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով որբացած սերունդի մը անողոք ճակատագիրը առ այսօր կը յուզէ ընթերցողները: Սրտառուչ էջերու եւ յուզաթաթաւ դրուագներու անաւարտ պատմութիւններ են անոնք:

Ռումանիոյ Ստրունգա գիւղին մէջ գործած է հայկական որբանոց մը, որ թէպէտ կարճատեւ կեանք է ունեցած, սակայն իր դրոշմը ձգած է ռումանահայոց յիշողութեան մէջ: Այդ որբանոցին հիմնադրութեան հանգամանքներուն, երեք տարուան դժուարութիւններուն, որբերուն վիճակուած պայմաններուն, որբերու տուեալներուն եւ անոնց հետագայ կեանքին մասին երախտարժան ուսումնասիրութիւն մը կատարած է Արսէն Արզումանեան, որուն խորագիրն է՝ «Ստրունգայի հայկական որբանոցը» իսկ ենթախորագիրն է՝ «Բեկուած ճակատագրերի վկայութիւններ»: Գիրքը լոյս տեսած է 2023-ին, Պուխարեստ, «Արարատ» հրատարակչութեան կողմէ, Ռումանիոյ Հայոց Միութեան աջակցութեամբ: Հատորը կը բաղկանայ 221 էջէ:

Ստրունգան կը գտնուի Ռումանիոյ Եաշ մարզի Տըրգու Ֆրումա քաղաքի հարեւանութեամբ: Հեղինակը նշելով որ մենագրութիւնը գրուած է հայկական որբանոցի հիմնադրման 100-ամեակին առթիւ, կ’եզրակացնէ՝ «այս աշխատութիւնը նուիրւում է որբանոցում ապրած երեխաների եւ դրա կայացման մէջ դեր ունեցած բոլոր հայրենանուէր մարդկանց յիշատակին»:

Սոյն աշխատութիւնը ունի եօթը գլուխ. յագեցած է արխիւային լուսանկարներով, հազուագիւտ պատկերներով, մամուլի կտրօններով, թերթերու լուսապատճէններով, որբերու անձնական թերթիկներով, քարտէզով. հեղինակը լայնօրէն օգտագործած է օրուան եւ ընդհանրապէս ռումանահայ մամուլը («Փարոս», «Մասիս», «Նոր արշալոյս», «Երկիր», «Հայ մամուլ», ռումաներէն «Ararat», «Արարատ», «Արազ»), պրպտած անձնական թէ հանրային արխիւներ (Եաշի ազգային արխիւ, Ռումանիոյ ազգային գրադարան, Ռումանիոյ հայ եկեղեցւոյ առաջնորդարան), նիւթին վերաբերեալ գիրքեր եւ աղբիւրներ (հայերէն եւ ռումաներէն), ունեցած շահեկան հարցազրոյցներ:

Առաջին գլուխը՝ «Պոլսում գտնուող հազարաւոր հայ որբերի խնդիրը» (էջ 9-18) կը վերաբերի որբանոցի հիմնադրութեան հանգամանքներուն: 1922-ին, Պոլիս հաւաքուած էին շուրջ 120 հազար որբեր՝ տարբեր գաւառներէ փրկուած: Օրուան ազգային-հոգեւորական ղեկավարութեան հիմնախնդիրն էր այս ծանր լուծին խելամիտ լուծումը: Անոնք օգնութեան կը դիմեն բազմաթիւ հայագաղութներու՝ թեթեւցնելու այս բեռը, որբերը իրենց մօտ ընդունելով: Այդ գաղութներէն էր ռումանահայութիւնը: Պոլսէն պատուիրակութիւն մը կը ժամանէ Ռումանիոյ տարբեր քաղաքներ՝ հարցին գործնական լուծման համար: Պատուիրակութիւնը, որ կը գլխաւորէր Գնէլ արք. Գալէմքէրեան, կ’այցելէ հայաշատ Պուխարեստ, Կոստանցա, Եաշ, Ռոման քաղաքները: Առաջարկը ջերմ ընդունելութեան կ’արժանանայ ոչ միայն հայ, այլեւ ռումանացի հոգեւոր եւ քաղաքային գործիչներու կողմէ եւ Եաշի մէջ այս նպատակով կը կազմուի պատկառելի մարմին մը՝ ռումանացիներու իսկ մասնակցութեամբ: Գաղութէն ներս կը ստեղծուի մեծ ոգեւորութիւն՝ ձեռք մեկնելու որբացած սերունդին: Տեղական մամուլը եւս կ’անդրադառնայ սոյն իրադարձութեան: Այս առթիւ, Պուխարեստի մէջ կը ստեղծուի Որբախնամ մարմինը, որուն ղեկավարը կը դառնայ համայնքի կարկառուն ներկայացուցիչ, գործարար Արմենակ Մանիսալեանը: Անոր անձնդիր ծառայութիւնը մեծապէս նպաստեց այս գործին յաջողութեան: Ան միշտ մնաց որբանոցի թիկունքին: Պոլսոյ պատրիարքարանը 100 որբեր ընդունելու խնդրանքով կը դիմէ ռումանական կառավարութեան. որուն ի պատսախան՝ Եօն Պրընտիանուի կառավարութիւնը, բարեացակամ քայլով մը, կը համաձայնի ընդունիլ 200 որբեր՝ անձնակազմով միասին: 18 Նոյեմբեր 1922-ի որոշումով, Ռումանիոյ ներքին գործերու նախարարութիւնը հաւանութեան կ’արժանացնէ անոնց մուտքը Ռումանիա: 200 տեղանոց որբանոցի վայրին բարդ խնդիրը կը լուծուի երկարատեւ փնտռտուքներէ ետք՝ երբ կ’որոշուի զայն հաստատել Ստրունգա գիւղին մէջ գտնուող հայ փաստաբան Ռոպերթ Մուրատի (Միլլի) ամառնային հիւրանոցին մէջ: Որբանոցին համար պէտք էին յարմարաւէտ ննջասենեակներ, դասարաններ, խոհանոց, արհեստանոցներ, խաղավայր: Կը մնար երեխաներուն Պոլիսէն փոխադրութեան հարցը: Հոն կը կարդանք՝ «որբանոցի հիմնումը դառնում է ռումինահայ համայնքի կեանքում կարեւորագոյն իրադարձութիւն: Իրենց հայրենակիցներին օգնելու այս նախաձեռնութիւնն աննախադէպ էր համայնքի ողջ պատմութեան մէջ»:

Երկրորդ գլուխը վերնագրուած է «Ստրունգայի հայկական իրբանոցի հիմնումը» (էջ 19-24): Հոն կը նկատենք որ օրուան մամուլն ու անոր խմբագիրներն ու թղթակիցները մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են որբանոցին հանդէպ եւ երբեմն ունեցած տարակարծութիւններ, նկարագրած անոր ներքին կեանքն ու անդրադարձած անոր առաքելութեան: Ծանօթ գործիչ Պարոյր Լեւոնեան (աշուղ Ջիւանիի որդին) կը խմբագրէր «Նոր արշալոյս»ը, Վարդան Մեստուճեան՝ ռումաներէն «Արարատ»-ը, ծանօթ հայագէտ Հայր Մկրտիչ Պոտուրեան՝ «Երկիր»-ը: Մինչ այդ, Ռումանիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ կը հիմնուին յանձնախումբեր՝ որբանոցին սատարելու նպատակով: Շուտով կը վարձակալեն որբանոցին տարածքը: Որբախնամ մարմինի քարտուղար Խաչատուր Ոստանիկեան կ’ուղղուի Պոլիս որբերը Ռումանիա փոխադրելու համար: Որբերու նաւը Կ. Պոլսէն կը մեկնի Կոստանցա՝ ծովափնեայ քաղաքը, որուն նաւահանգիստը կը ժամանէ 12 Ապրիլ 1923-ին: Քաղաքին հայերը ջերմօրէն կը դիմաւորեն իրենց փոքրիկ ազգակիցները: Մինչեւ որբանոցին վերջնական պատրաստութիւնը, որբերը կը մնան Պուխարեստի եւ Կոստանցայի հայ ընտանիքներու մօտ:

Երրորդ գլուխը խորագրուած է՝ «Երեխաների նոր կեանքը» (էջ 27-48): Որբերը Ստրունգա կը ժամանեն 21 Ապրիլին, որուն մասին կը կարդանք՝ «որբերի ժամանումը Ստրունգա մեծ իրարանցում էր առաջացրել տեղի բնակիչների մօտ, որոնք երեխաների համար այնպիսի դիմաւորում կազմակերպեցին, որ մինչեւ արտասուք շարժեցին որբերի եւ նրանց ուսուցիչների սրտերը»: Շատեր հիւանդոտ էին, որոնց կը տրուի յատուկ խնամք: Բարդութիւն մըն ալ երեխաներուն տարիքին հարցն էր, որոնք 8-16 տարեկան էին, իրարու անհամապատասխան՝ կրթական աստիճանի իմաստով: 150-ը մանչ էին, 50-ը՝ աղջիկ: Երեխաներուն մեծ մասը անտառաճանաչ էր եւ կրթութենէ բոլորվին զուրկ: Որբանոցին բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 28 Օգոստոսին, որուն ներկայ էր ռումանահայ համայնքին ողջ վերնախաւը: Որբանոցին տնօրէնն էր՝ ծանօթ մտաւորական Սարգիս Սրենց, որ ընտանիքով մխրճուած էր այս գործին: Որբանոցը ունէր բժիշկ, խոհարարական անձնակազմ: Ուսուցիչներէն յիշենք՝ Պօղոս Տէր-Պօղոսեան, Հմայեակ Սափրիչեան, տիկ. Արապեան, օրդ. Սրենց, պոլսահայ բանաստեղծ, մանկավարժ Զարեհ Պլպուլ Պարոնեան, երգիծաբան եւ հրապարակախօս Լեւոն Շաթրեան, Նշան Մագանեան (աւելի ուշ դարձաւ տնօրէն), Ալ. Կիւլպէնկեան, Զարուհի Մագանեան եւ ուրիշներ: Կը գործեն կօշկակարութեան, ատաղձագործութեան, գորգագործութեան, ասեղնագործութեան արհեստանոցներ: Երեխաները կը զարգացնեն գիւղատնտեսական հմտութիւններ, քանի որբանոցը ունէր հողատարածք եւ բնութեան լաւ պայմաններ: Գորգագործութեան զարգացման կը նպաստէ անուանի գորգագործ Սիրակ Գըսգանեան, որ հետագային պիտի դառնար որբանոցին փոխտնօրէնը: Նոյնիսկ իրենց սարքած գորգերը կը վաճառեն՝ եկամուտ ապահովելով որբանոցին: Որբերը կը ստեղծեն «հրշէջ խումբ»: Կ’ունենան մարզական միջոցառումներ: Կը սկսի նաեւ սկաուտական շարժումը: Որբերու հարազատներ կամ  մայրեր շնորհակալական նամակներ կ’ուղարկեն տնօրէնութեան:

Չորրորդ գլուխը՝ «Մէկ տարի անց» (էջ 49-72), ձեւով մը հաշուետուութիւնն է որբանոցին միամեայ գործունէութեան: Կը կազմուի նոր կեդրոնական վարչութիւն մը, Ռումանիոյ մէջ կը գործեն 18 մասնաճիւղեր՝ որբանոցին օժանդակող: Կը մշակուի անոր կանոնադրութիւնը: Զգալիօրէն տեսանելի է անոր յառաջդիմութիւնը՝ կրթական եւ կազմակերպչական առումներով: Տեղի կ’ունենայ պաշտօնական հանդիսութիւն՝ երգչախումբի մասնակցութեամբ: Կազմուած է «Արարատ» ֆութպոլի խումբը, կը հրատարակուի «Ararat» թերթը: Կը բազմանան նուիրատուութիւնները: Գոհացուցիչ է առողջապահական վիճակը: Յաջորդ գլուխը խորագրուած է՝ «Որբանոցի ապագայի շուրջ տարաձայնութիւնները ռումինահայ համայնքում» (էջ 73-90), ուր կը կարդանք հակասական կարծիքներ որբանոցին շուրջ, քանի տնտեսական դժուարութիւններու պատճառով պարտքերը կը կուտակուէին: Հետզհետէ կը նուազի թիւը որբերուն, որովհետեւ շատեր կը գտնեն իրենց հարազատները եւ կը հեռանան Ռումանիայէն՝ ինչպէս Պոլիս, Ֆրանսա, Արժանթին, Պրազիլ, ԱՄՆ: Բազմաթիւ ռումանահայ ընտանիքներ սիրայօժար կ’որդեգրեն որբեր, որոնք կը տարտղնուին տարբեր քաղաքներ՝ Պուխարեստ, Գալաց, Կեռլա, Կոստանցա, Եաշ, Պազարճիք, Պակըու, Կրայովա, Սիլիստրա եւ այլն: Իրենց հերթին, ուսուցիչներ եւս կը հեռանան: Կը մնան քանի մը երեխաներ եւ վերջապէս 1926-ին իր դռները կը փակէ գութի այս ինքնատիպ հաստատութիւնը: Մինչ այդ, շատեր կազմած էին հայեցի ընտանիքներ եւ գծած իրենց ապագան: Հ. Մ. Պոտուրեան կը նշէ՝ ուրիշ հաստատութիւններ փակելը տխուր է, իսկ որբանոց փակելը՝ փառք:

Վերջին գլուխները՝ «Որբանոցը փակում է դռները. Երեխաների նոր հասցէները» (էջ 91-130) եւ «Որբանոցի թողած հետքերով մինչեւ հայկական մատուռ» (էջ 131-143) կը պատմեն որբանոցէն անցած բազմաթիւ նշանաւոր դէմքերու, գործիչներու մասին: Շատերու հետքերը կորսուած են բնականաբար: Կ’արժէ յիշատակել անուանի նկարիչ, քանդակագործ Արամիկի անունը (Արամ Ղարիպեան), որուն կտաւներէն մին Վազգէն Վեհափառ իր հետ կը տանի Սբ. Էջմիածին՝ զարդարելու իր գրասենեակը.

Ստրունգայի որբանոցի մասին կը հանդիպինք նաեւ գրականութեան մէջ՝ ինչպէս հանրայայտ գրող Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկների մատեան»-ին: 2006-ին այս որբանոցի մասին կը պատրաստուի նաեւ հետաքրքրական փաստավաւերագրական ժապաւէն մը՝ փաստերով, յուշերով, վկայութիւններով յագեցած: 2023-ին, որբանոցի հիմնադրութեան 100-ամեակին առթիւ կը կազմակերպուին հանդիսութիւններ Եաշի եւ Ստրունգայի մէջ: Կը հաստատուի յուշակոթող Ստրունգայի հայ որբերուն նուիրուած:

Հատորին 149-216 էջերը անուն առ անուն կը ներկայացնեն որբ-որբուհիներու անձնական թերթիկները, որոնց վրայ գրուած են անոնց տուեալները՝ լուսանկարներով հանդերձ:

Հետաքրքրաշարժ եւ շահեկան մենագրութիւն մըն է հատորը, անտարակոյս:

Share62Tweet39
Previous Post

Ձայներ Փարիզէն (արձագանգ ֆրանսահայ կեանքի) – 1

Next Post

«Ճինիշեան» Հիմնարկի Նախաձեռնութեամբ՝ Լիբանանահայ Աշակերտները Հայաստանի Մէջ Մասնակցեցան «Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» Բանավէճի Հանրապետական Մրցաշարքին

Next Post
«Ճինիշեան» Հիմնարկի Նախաձեռնութեամբ՝ Լիբանանահայ Աշակերտները Հայաստանի Մէջ Մասնակցեցան «Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» Բանավէճի Հանրապետական Մրցաշարքին

«Ճինիշեան» Հիմնարկի Նախաձեռնութեամբ՝ Լիբանանահայ Աշակերտները Հայաստանի Մէջ Մասնակցեցան «Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» Բանավէճի Հանրապետական Մրցաշարքին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.