ԱԼՖՈՐՎԻԼԻ (փարիզեան արուարձան) Հայ Մշակոյթի տան մէջ, 13 Մարտին, «Արմէն-լիվր» գիրքի ցուցահանդէսի ծիրէն ներս դասախօսութիւն մը տուած է Փարիզի ԻՆԱԼՔՕ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի վարիչ, լեզուաբան Անահիտ Տօնապետեան-Տեմոփուլոս, նիւթ ունենալով «Արեւմտահայերէնի ապագան»։ Բացման խօսք արտասանած է Մշակոյթի տան տնօրէնուհի Նորա Սարաֆեան-Թաշճեան, որ ընդգծած է հաստատութեան ունեցած կարեւոր ներդրումը արեւմտահայերէնի փոխանցման գործին մէջ, դասընթացքներու ճամբով թէ այլապէս։ Իսկ դասախօսուհին յիշեցուցած է որ արեւմտահայերէնը 1915-ի Մեծ Եղեռնէն առաջ կենսունակ լեզու մըն էր, որ կը յենէր դպրոցներու որակաւոր ցանցի մը, մամուլի բազմաթիւ օրկաններու եւ գրական հարուստ արտադրութեան մը վրայ։ Այսօր պատկերը նոյնը չէ. այդ միեւնոյն լեզուն դարձած է խոցելի ու շարունակական պաշտպանութեան ու խնամքի կարօտ…։

Յետոյ ան անդրադարձած է Սփիւռքի տարածքին արեւմտահայերէնի փոխանցման աւանդական մեթոտներուն, օրինակ տալով Լիբանանը։ Նշած է ան սակայն, թէ սփիւռքեան չորրորդ սերունդին դիմաց հարկ է նորարար ռազմավարութիւններ կիրարկել՝ աւանդականին հետ նուրբ հաւասարակշռութիւն պահելով։ Ուստի, հարկ է նախ լեզուին բանաւոր գործածութեան խրախուսումը փոքր տարիքէն։ Յետոյ անհրաժեշտ է լայնօրէն կիրարկել ժամանակակից մանկավարժական միջոցներ, ինչպէս՝ թուային հարթակներ, բջիջային յաւելուածներ եւ համակարգչային ու համացանցային ծրագրեր։ Ան հարկ սեպած է նաեւ լեզուին օգտագործումը գրական, թատերական, երաժշտական, արուեստի ու լրատուական ժամանակակից մարզերուն մէջ՝ գրաւչութիւն մը հրամցնելով երիտասարդութեան։ Այս բոլորին զուգահեռ՝ Տօնապետեան էական նկատած է նաեւ փորձառութեանց փոխանակումը սփիւռքեան գաղութներու միջեւ։
ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ գրող Գրիգոր Պըլտեան վերջերս հրատարակած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Ուղենշաններ»։ Հատորը հրատարակուած է Երեւան («Սարգիս Խաչենց-Փրինթինֆօ» հրատարակչութիւն, 2026)։

Առ այդ, Հայաստանի մայրաքաղաքի «Էփիկրաֆ» գրախանութի մասնաճիւղերէն մէկուն մէջ, 13 Մարտին, տեղի ունեցած է գիրքին ներկայացումը։ Հայաստանէն բանասէր Սիրանոյշ Դվոյեան զրոյցի նստած է հեղինակին հետ, հարցումներ ուղղած է անոր, մինչ Պըլտեան պատասխանած է ներկաներէն եկած հարցադրումներու եւս, ապա փափաքողներուն համար մակագրած է իր նորատիպը։
ՓԱՐԻԶԻ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, 21 Մարտին, նոյն եկեղեցւոյ նոյնանուն ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ մեծարանքի հանդիսութիւն մը սարքուեր է ի պատիւ Ֆրանսահայ թեմի անդրանիկ առաջնորդ եւ դպրոցաշինական աշխատանքներու մեծ ռահվիրայ Նորվան արք. Զաքարեանի: Լեփ-լեցուն սրահը վկայութիւն մը եղած է այն յարգանքին ու սիրոյն, որ վայելած է ու կը վայելէ Հայ Եկեղեցւոյ երիցագոյն այս իշխանը, հակառակ իր դէմ բարձրացող ինչ-ինչ յորձանքներու…: Նախ ցուցադրուած է մեծարեալին կեանքը պատկերացնող ժապաւէն մը: Յետոյ Վիգէն Դարբինեան երգած է երկու սիրուն երգեր:

Այնուհետեւ բանախօսած է երիտասարդ լրագրող Տիգրան Եկաւեան՝ ներկայացնելով հոգեւորականը իր թողած ժառանգութեան ընդմէջէն: Ան յատկապէս շեշտը դրած է սրբազանին տեսլականի տէր առաջնորդի դիմագծութեան վրայ: Ողջոյնի խօսք արտասանած է Կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Եղիա եպս. Եղիայեան, որ շքանշանով մը պատուած է մեծարեալը: Ամէնէն վերջը սրտի յուզիչ արտայայտութիւններ ունեցած է Նորվան սրբազան, որ շեշտած է Սփիւռքի մէջ հայերէնը պահպանելու կարեւորութիւնը, նշելով որ «մեր հայապահպանութեան խնդրին հանգոյցը լեզուն է, անոր գործածութիւնն ու վերակենդանացումը»: Ան պահանջած է որ հայ ղեկավարութիւնը անդրադառնայ այս անհերքելի իրականութեան: Իդէպ, «Նոր Յառաջ» թերթը յատուկ խմբագրականով մը անդրադառնալով այս մեծարանքին՝ ափսոսանք յայտնած է որ Հայ Առաք. Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմէն ո՛չ մէկ հոգեւորական ներկայ գտնուած է այս ձեռնարկին…:
ՓԱՐԻԶԻ «Մանտափա» կեդրոնի կոկիկ սրահին մէջ, 29 Մարտին, նոյն այս կեդրոնի 50-ամեակի հանդիսութեանց ծիրէն ներս երաժշտական լման յայտագրով մը հանդէս եկած է «Քերովբեան» համոյթը, որ կը բաղկանայ Քերովբեան ընտանիքի անդամներէն՝ Արամ (քանոն), Վիրժինիա եւ Շուշան (մեներգ) ու Վահան (տափ)։ Համոյթը ծայրէ-ծայր լեցուն սրահին հրամցուցած է Կոմիտասի ժողովրդական երգերէն շատ հարուստ ընտրանի մը։

Ձեռնարկէն առաջ՝ յա՛տկապէս ֆրանսախօս ունկնդիրները գոհացնելու համար բաժնուած է յայտագիր-գրքոյկ մը, ուր զետեղուեր են երգուելիք բոլոր կտորներուն ֆրանսերէն թարգմանութիւնները։ Համերգի աւարտին մօտ՝ համոյթին միացած է ֆրանսահայ արուեստագէտ Ռուբէն Յարութիւնեան եւ միասնաբար մեկնաբանուած է «Ալ այլուղս» սիրուած երգն ու «Քելէ քելէ»-ն։
ԱԼՖՈՐՎԻԼԻ Մարիամ Արապեան նորաշէն մանկապարտէզի երդիքին տակ, 11 Ապրիլին, ԱՓՔԱՖ կազմակերպութիւնը (Ֆրանսայի Հայ Մշակոյթի Զարգացման Ընկերակցութիւն, որ զուտ դպրոցաշինական նպատակներով կամ դպրոցներուն նիւթապէս օգնելու առաջադրութեամբ հիմնուած է) իր նուիրատուներուն շնորհակալութիւն յայտնելու համար հաւաք մը կազմակերպած է։ Հանդիսավարի պաշտօնը ստանձնած է Սահակ Սուքիասեան։ Նախ խօսք առած է ԱՓՔԱՖ-ի նախագահը՝ Նորվան արք. Զաքարեան, ոգեկոչելով յիշատակը գլխաւոր բարերար Գէորգ Արապեանի (Պէյրութէն), որ վճռորոշ դեր ունեցած էր Ալֆորվիլի ու Վալանսի հայկական զոյգ դպրոցներու կառուցման մէջ։

Ան նաեւ երախտագիտութեամբ յիշատակած է կեանքէն բաժնուած իր երբեմնի գործակիցները, որոնք նեցուկ կանգնած էին իրեն։ Սրբազանը ցաւ յայտնած է միաժամանակ, որ գաղութէն որոշ տարրեր փորձեցին խափանել կամ ձախողեցնել իրենց աշխատանքը…։ Երկրորդ խօսք առնողը եղած է ԱՓՔԱՖ-ի քարտուղարը՝ Արա Տէյիրմէնճեան, որ ներկայացուցած է դպրոցին կառուցման փուլերը, դիմագրաւուած դժուարութիւնները։ Երրորդ խօսքը տրուած է վարժարանի տնօրէնուհիին՝ Անիէս Մինասի, որ յայտնած է թէ ներկայիս ունին չորս դասարաններու մէջ բաժնուած 60 աշակերտ։ Իսկ վերջին խօսողը եղած է ԱՓՔԱՖ-ի գանձապահը՝ Միշէլ Պասմաճեան, որ տեղեկացուցած է թէ դպրոցին ամբողջական շինարարութիւնը կարելի դարձաւ դրամատունէ մը կատարուած փոխառութեան շնորհիւ, որ իր կարգին կը պարտադրէ տարեկան մօտ 100 հազար եւրոյի վճարում մը մինչեւ 2031 թուական։ Հաւաքը փակուած է հիւրասիրութեամբ։
ՓԱՐԻԶԻ մէջ, 11-12 Ապրիլին, գումարուած է «Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի ներկայացուցիչներ։ «Նոր Յառաջ» թերթը, համաժողովի նախօրէին, իր մէկ լրատուութեան մէջ «խորհրդաւոր» որակած է այս համագումարը, նշելով որ ինք, իբրեւ մամուլ, ո՛չ հրաւիրուած եւ ո՛չ ալ նախապէս տեղեկացուած էր այս մասին…։ Աւելի ետք յայտնի դարձած է սակայն, որ այս նախաձեռնութիւնը կը պատկանէր Հ.Յ.Դ.-ի, ու մասնակիցներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնն ալ նոյն շրջանակի պատասխանատուներ կամ համակիրներ եղած են, ինչպէս՝ Հայաստանէն հրաւիրեալ կուսակցական յայտնի ղեկավարներ Արմէն Ռուստամեան, Իշխան Սաղաթէլեան, Կիրօ Մանոյեան եւ այլն, եւ այլն։

Քննարկուած են Ցեղասպանութեան դատին ու Արցախի իրաւունքներուն վերաբերեալ օրակարգեր, հայ սփիւռքի շահերուն եւ «ռազմավարական դեր»-ին մասին նիւթեր, Հայաստան-Սփիւռք կապերը, Հայց. Եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրները (պետութիւն-եկեղեցի սուր հակադրութեան լոյսին տակ), գաղութներու վերաշխուժացում եւ այլն։ Աւարտին, հրապարակուած է պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը։ Նշենք, որ նմանօրինակ խորհրդաժողով մը գումարուած էր նաեւ Լոս Անճելըս, 14-15 Մարտին, համանման օրակարգերով եւ նոյնաձեւ ներկայացուցչութեամբ։
ՓԱՐԻԶԻ «148» կոչուող մշակութային կեդրոնին մէջ, 13 Ապրիլին, բացումը կատարուած է հայաշատ արուարձան Ալֆորվիլի 1920-1930-ական թուականներու հին պատմութիւնը ցոլացնող ցուցահանդէսի մը, պատրաստուած՝ Սեւան Անանեանի կողմէ։ Ան մեծապէս օգտուելով Մարսէյլի ԱՐԱՄ արխիւային կեդրոնի ու Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի տան տրամադրած թանկարժէք նիւթերէն՝ կրցեր է սարքել այս ցուցահանդէսը, որ երեւան կը հանէ հարիւր տարի առաջուան խեղճուկ Ալֆորվիլը, որ տեղացիներու կողմէ այն ատեն կը կոչուի եղեր «Հայկական գիւղ»։

Ցուցահանդէսը (որ բաց մնացեր է մէկ շաբաթ), իր հրամցուցած վաւերաթուղթերով ու լուսանկարներով, որակուած է «աննախադէպ աշխատանք» եւ որուն բացման ներկայ եղած է Ալֆորվիլի քաղաքապետը՝ Լիւք Գարվունաս։ Այս նոյն ցուցահանդէսի ծիրին մէջ ու նոյն վայրը, յաջորդող օրերուն կայացեր են քանի մը մշակութային միջոցառումներ ալ։ Այսպէս, 15 Ապրիլին, Փարիզի Նուպարեան մատենադարանի տնօրէն Պորիս Աճեմեան խիստ շահեկան դասախօսութիւն մը տուած է (ֆրանսերէնով) նոյն մատենադարանի առաջին գրադարանապետ ու Մեծ Եղռնէն վերապրող մտաւորական Արամ Անտոնեանի մասին (մհ.՝ 1951-ին), որ հեղինակն է «Մեծ ոճիրը» ծանօթ հատորին։ 18 Ապրիլը եղած է լեցուն օր մը: Նախ տեղի ունեցած է պատմաբան Աստղիկ Ադամեանի բովանդակալից դասախօսութիւնը (ֆրանսերէնով), որ լուսարձակ բացեր է Միսաք Մանուշեանի դիմադրական խումբին ու առհասարակ 1920-1990-ի Ֆրանսայի հայ համայնավարներու պատմութեան վրայ։ Նոյն օրը կայացած է մէկ այլ դասախօսութիւն մը. Փաթրիս Ճոլոլեան խօսած է (միշտ ֆրանսերէնով) իր հօր՝ Գրիգորի հիմնած «Արաքս» լուսանկարչատան պատմութեան մասին, ցուցադրելով յատկանշական լուսանկարներ, որոնք անցեալի կորսուած պատմութեան մը յիշողութիւնը կ՛արթնցնեն…։ Երեկոյեան ալ սարքուած է Սեւանա Չագրեանի երաժշտական համերգը՝ Արտեոմ Մինասեանի եւ Ժիւլիէն Թէքէեանի ընկերակցութեամբ:

