Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 19 Մայիս 2026

May 19, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 19 Մայիս 2026

ԱՄՆ-Ի ՀԵՏ ԿԱՊԸ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՈՒՆՆ Է, ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻՆ ՀԵՏ՝ ՊԸՐՐԻՆ

Ըստ քաղաքական տեղեկացուած աղբիւրներու, կէսգիշերին ուժի մէջ մտած 45-օրեայ զինադադարը հաւանաբար պիտի չտարբերի նախորդ երկու տարբերակներէն, որոնք արդէն երկու անգամ երկարաձգուած են: Իսրայէլ, ըստ երեւոյթին, հակուած չէ տեւական զինադադարի շուրջ համաձայնութեան գալու, ինչպէս կը պահանջէ Լիբանան: Իշխանութիւնները այս փուլին ամենաշատը կրնան ձեռք բերել մասնակի զինադադար, ինչ որ չի նշանակեր, որ վերջնական զինադադար հաստատելու դիւանագիտական ջանքերը պիտի դադրին: Վերջնական զինադադարի հասնիլը դիւրին պիտի չըլլայ, բացի եթէ Ուաշինկթըն լրջօրէն ճնշէ Թել Աւիւի վրայ՝ վերջինս մղելու համապարփակ զինադադարի, որպէզի հնարաւորութիւն տրուի Լիբանանի հետ ուղղակի բանակցութիւնները ամբողջացնելու, հեռու ռազմական ճնշումներէն:

Այս առումով, հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն անմիջական կապի մէջ է ամերիկացի միջնորդին հետ՝ ստիպելու Իսրայէլը գործադրելու համաձայնութիւնը, մինչ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ստանձնած է Հըզպալլայի հետ կապը՝ համաձայնութեան վերաբերեալ անոր յանաձնառութիւնը ապահովելու համար: Ամերիկեան կողմը կը պահանջէ զինադադարի մասին յայտարարութենէն ետք  Հըզպպալլայի կողմէ պաշտօնական յայտարարութեան մը հրապարակումը, ըստ որուն՝ կուսակցութիւնը իր լիակատար յանձնառութիւնը կը յայտնէ զինադադարին եւ չի նախաձեռներ Իսրայէլի կողմէ որեւէ խախտումի հակադարձելու: Սակայն Հըզպալլա որոշեց չպատասխանել՝ խորհրդարանի նախագահին թողելով նախագահ Աունի հետ երկխօսութիւնը կառավարելու գործը: Կը նշուի, որ Պըրրի նախագահ Աունին յստակ տեղեկացուցած է նախ ձեռք բերել համապարփակ զինադադար եւ իսրայէլեան զօրքերու դուրսբերման ժամանակացոյց, ապա «ան կրնայ ունենալ ինչ որ կը փափաքի»:

Միւս կողմէ, Գերմանիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Պերլին գործընկերներուն հետ կ’աշխատի՝ երաշխաւորելու զինադադարի համաձայնութեան գործադրութիւնը Լիբանանի մէջ, ինչպէս նաեւ յարգելու միջազգային մարդասիրական օրէնքը:

 

ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՇՐՋԱԳԻԾԸ

Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ գիւղատնտեսական սենտիքաներու պատուիրակութիւն մը ընդունած ատեն, նախագահ Ժոզէֆ Աուն շեշտեց, որ բանակցութիւններուն վերաբերեալ Լիբանանի շրջագիծը կ’ընդգկրէ իսրայէլեան զօրքերու դուրսբերում, զինադադար, սահմանին լիբանանեան բանակի տեղակայում, տեղահանուածներու վերադարձ եւ Լիբանանին տնտեսական կամ ֆինանսական օգնութիւն, նշելով որ նշեալներէն դուրս քննարկուող որեւէ այլ բան սխալ է։

Աուն ընդգծեց, որ, իր դիրքէն եւ պատասխանատուութենէն մեկնելով, իր պարտականութիւնն է ընել անհնարինը՝ Լիբանանին եւ անոր ժողովուրդին դէմ պատերազմը դադրեցնելու համար եւ ամենաքիչ վնասով: Ան ըսած է. «Մենք ապրած ենք պատերազմներու փորձութիւնը եւ թէ անոնք ուր հասցուցած են Լիբանանը. կա՞յ արդեօք մէկը, որ կրնայ դեռ հանդուրժել պատերազմին յառաջացուցած վնասը»։

 

14 ՍՈՒՐԻԱՑԻՆԵՐ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարած է, որ Թրիփոլիի Քուպպա, Թալ, Մինա, Պապ Ալ-Ռամլ շրջաններուն մէջ գտնուող բանակային ստորաբաժանումներու իրականացուցած անվտանգութեան միջոցառումներու շնորհիւ՝ զէնք կրակելու յանցագործութեան համար ձերբակալուած են եօթը քաղաքացի եւ մէկ սուրիացի, ինչպէս նաեւ առգրաւուած է զէնք եւ զինամթերք։

Իսկ Պաալպէքի Եունին գիւղաքաղաքին մէջ գործող բանակային մէկ այլ ստորաբաժանում մը ձերբակալած է 14 սուրիացիներ՝ Լիբանանի տարածք անօրինական կերպով մուտք գործելու համար: Ձերբակալուած է նաեւ զանոնք տեղափոխող լիբանանցի քաղաքացին:

Բռնագրաւուած իրերը յանձնուած են համապատասխան մարմիններուն, եւ ձերբակալուածներուն հետ սկսած է հետաքննութիւն՝ իրաւասու դատական ​​​​մարմիններու հսկողութեան ներքոյ:

 

ՀՈՐՄՈՒԶԻ ՆԵՂՈՒՑԸ ԿԱՌԱՎԱՐՈՂ ՆՈՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդը յայտարարած է նոր մարմինի մը ստեղծման մասին՝ կառավարելու Հորմուզի նեղուցը, որ Թեհրան փաստացի փակած է եւ կը փորձէ վճարներ սահմանել այդ նեղուցով անցնող նաւերուն համար, ԱՄՆ-Իսրայէլ պատերազմի բռնկումէն յետոյ։ Խորհուրդը իր պաշտօնական ընկերային ցանցերու էջով տարածած է «Պարսից ծոցի նեղուցի վարչութեան» գրառումը, ուր կը նշուի, որ այն պիտի տրամադրէ «նորագոյն տեղեկութիւններ Հորմուզի նեղուցին մէջ գործողութիւններուն եւ վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ»։ Նոյն գրառումը տարածուած է նաեւ Յեղափոխութեան պահապաններու պահակագունդի ռազմածովային ուժերուն օգտահաշիւով։

Գերմանացի խորհրդական Ֆրետրիխ Մերց մեծապէս դատապարտած է Իրանի կողմէ օդային հարուածներու վերսկսումը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ այլ գործընկերներու դէմ, ակնարկելով որ միջուկային կէտերու վրայ յարձակումները սպառնալիք կը ներկայացնեն տարածաշրջանի մարդոց անվտանգութեան համար, եւ թէ բռնութեան հետագայ որեւէ սրացում պէտք է դադրեցուի: Մերց յայտարարութեամբ մը շեշտած է նաեւ, որ Իրան պէտք է լուրջ բանակցութիւններ վարէ Միացեալ Նահանգներու հետ, դադրի իր դրացի երկիրներուն սպառնալէ եւ Հերմոզի նեղուցը բանայ առանց սահմանափակուներու:

 

ԹԵՀՐԱՆ ՆՈՐ ԱՌԱՋԱՐԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է

Իրանեան «Թասնիմ» լրատուական գործակալութիւնը յայտնած է, որ Թեհրանը 14 յօդուածէ բաղկացած է նոր առաջարկ մը յանձնած է փաքիստանցի միջորդին միջոցով: Իրանի նոր առաջարկը կը կեդրոնանայ պատերազմը դադրեցնելու եւ ամերիկեան կողմէ վստահութիւն կառուցելու վրայ: Նշենք, որ ամերիկացիները վերջերս պատասխան ուղարկած են իրանեան նախորդ առաջարկին, որ նոյնպէս բաղկացած էր 14 կէտէ:

Ըստ գործակալութեան, Ուաշինկթըն իր նոր առաջարկին մէջ համաձայնած է բանակցութիւններու ընթացքին վերացնել նաւթային պատժամիջոցները։ Թեհրան կը պնդէ վերացնել իր նկատմամբ սահմանուած բոլոր պատժամիջոցները, բացատրելով որ Ուաշինկթըն առաջարկած է բանակցութիւններու ընթացքին վերացնել արտասահմանեան հաշիւներու վերահսկողութեան գրասենեակին կողմէ սահմանուած պատժամիջոցները։

 

ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐՍԿՍԻ՞

Ամերիկեան «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը հաղորդած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը աշխուժօրէն կը պատրաստուին այս շաբաթ Իրանի դէմ պատերազմի վերսկսման հնարաւորութեան: Պատերազմը շարունակելու ամերիկեան եւ իսրայէլեան ռազմական այս պատրաստութիւնները ամենամեծն են կողմերուն միջեւ զինդադար յայտարարելէն ետք:

 

ԴԻՄԱԿԱՒՈՐՈՒԱԾ ԵՒ ԶԻՆՈՒԱԾ ԱՆՁԵՐ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐ  ԿԸ ՀՆՉԵՑՆԵՆ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀԱՍՑԷԻՆ

Համացանցին վրայ տեսանիւթ տարածուած է, ուր խումբ մը դիմակաւորուած եւ զինուած անձեր սպառնալիքներ ու հայհոյանքներ կը հնչեցնեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հասցէին։ Նշեալ տեսանիւթին առնչությամբ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։

Հայաստանի Քննչական Կոմիտէէն յայտնած են, որ ՀՀ ոստիկանութենէն ստացուած հաղորդման համաձայն՝ ինքնութիւնները անյայտ անձեր առանց օրէնքով նախատեսուած թոյլտուութեան, իրացնելու նպատակով որսացած են համակարգչային ցանցին մէջ պահուող ընդհանուր օգտագործման համար չնախատեսուած եւ համակարգչային կապի միջոցներու օգտագործմամբ հաղորդուող տուեալը, ատելութեան եւ անհանդուրժողականութեան շարժառիթով ուղիղ եթերի ժամանակ խուլիկանական դրդումներով զուգորդուած՝ ՀՀ վարչապետին նկատմամբ՝ անոր պետական եւ քաղաքական գործունէութեան հետ կապուած, քաղաքական հայեացքներով պայմանաւորուած, տարածած են սպանութիւն իրականացնելու իրական վտանգ պարունակող սպառնալիքի տեսանիւթ։ Խումբ մը անձերու կողմէ սպանութեան նախապատրաստութեան, համակարգչային սապոթաժ կատարելու եւ հրազէնի, ռազմամթերքի ապօրինի շրջանառութեան դէպքերու առթիւ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ: Նախաքննութիւն կը կատարուի՝ յանցագործութիւն կատարած անձերուն ինքնութիւնները բացայայտելու ուղղութեամբ:

Հայաստանի մէջ 7 Յունիսին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրէին, Արաբկիրի մէջ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան նախընտրական
քարոզարշաւի ժամանակ նշեալ տեսանիւթին արձագանգած է նաեւ վարչապետ Նիկոլ
Փաշինեանը։

«Դիմակները հագել են, իբր ուժեղ տղերք են, իսկ գիտէք ինչո՞ւ են դիմակներով, որովհետեւ երբ դիմակները հանեն, տեսնելու ենք, որ սրանք մեր զինուորներին թողած փախածներն են, չեմ բացառում, որ նաեւ թիկունքից կրակածներն են։ Մի հատ ձեր դիմակները հանէք, դուրս եկէք, տեսնեմ ովքեր էք։ Հայաստանում դիմակներով ու հրացաններով տեսանիւթ անէք, տարածէ՞ք։ Հանէք դիմակները ու
կամաւոր ներկայացէք։ Դուք մեր երեխաներին դիրքերում մենակ թողել ու փախել էք։ Դուք ո՞վ էք որ խօսէք։ Դուք մեզ ասէ՞ք, որ մենք մեր երեխեքին զոհ ենք տուել։ Դուք էք փախել դիրքերից։ Հատ-հատ ձեզ պատասխանատուութեան ենք բերելու մեր երեխեքին մենակ թողնելու եւ փախչելու համար»,- ըսած է Փաշինեան։

Share62Tweet39
Previous Post

«Ռիչըրտ Երրորդ» Մենախօսութիւնը Լոնտոնի Մէջ

Next Post

Ձայներ Փարիզէն (արձագանգ ֆրանսահայ կեանքի) – 1

Next Post
Ձայներ Փարիզէն (արձագանգ ֆրանսահայ կեանքի) – 1

Ձայներ Փարիզէն (արձագանգ ֆրանսահայ կեանքի) - 1

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.