Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«Ռիչըրտ Երրորդ» Մենախօսութիւնը Լոնտոնի Մէջ

May 16, 2026
in Մշակութային
0
«Ռիչըրտ Երրորդ» Մենախօսութիւնը Լոնտոնի Մէջ

3 Մայիս 2026-ին, Անգլիոյ «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան հրաւէրով Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցաւ բացառիկ թատերական մենախօսութիւն մը՝ Ուիլիըմ Շէյքսփիրի «Ռիչըրտ III» կտորին հիման վրայ։

Գլխաւոր դերակատարն էր Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Արամ Յովհաննիսեան, որ իր բարձր մակարդակի կատարողականութեամբ ներկայացուց այս բարդ եւ խորապէս հոգեբանական կերպարը, արժանանալով Լոնտոնի մշակութասէր հասարակութեան ջերմ ընդունելութեան եւ բարձր գնահատանքին։

Ներկայացումը արդէն իսկ ցուցադրուած է քանի մը երկիրներու մէջ՝ Ալպանիա, Մակեդոնիա, Լեհաստան, եւ արժանացած է միջազգային թատերական փառատօներու բարձրագոյն պարգեւներուն, ներառեալ «Կրան Փրի» (Grand Prix Excellent Performance) մրցանակը։

Ներկայացման աւարտին խօսք արտասանեց «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան ատենապետ դոկտոր Վազգէն Գասեմճեան, որ ընդգծեց նման նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը՝ հայ մշակոյթի միջազգային ներկայացման եւ տարածման առումով։

Դոկտոր Գասեմճեան իր խօսքին մէջ ըսաւ․-

«Այսօր մենք ականատես եղանք ոչ միայն բարձր մակարդակի թատերական արուեստի, այլ նաեւ Շէյքսփիրի անմահ ստեղծագործութեան խորքային վերապրումի մը։ Արամ Յովհաննիսեանի կատարումը բացառիկ էր իր հոգեբանական ճշգրտութեամբ, արտայայտչական ուժով եւ բեմական ներկայութեամբ։ Ան յաջողեցաւ կենդանացնել Ռիչըրտ III-ի բարդ եւ հակասական կերպարը՝ դարձնելով զայն հասկանալի, կենդանի եւ ժամանակակից հանդիսատեսին մօտ։ Այս ներկայացումը մեր մշակութային առաքելութեան պայծառ օրինակն է, որ կամուրջ կը ստեղծէ հայ թատերարուեստին եւ միջազգային բեմերուն միջեւ։ Մենք հպարտ ենք, որ նման բարձր մակարդակի արուեստ կը ներկայացուի մեր կազմակերպութեան հովանիին տակ, արժանանալով միջազգային գնահատանքի եւ հանդիսատեսի անկեղծ ընդունելութեան»։

«Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան կողմէ յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Մեծ Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանին՝ առաջնորդարանի նորակառոյց սրահին մէջ այս գեղեցիկ ներկայացման համար ստեղծուած բարենպաստ պայմաններուն եւ աջակցութեան համար։

Միաժամանակ սիրով կը վերահաստատուի հրաւէրը՝ մասնակցելու Լոնտոնի մէջ կայանալիք տարեկան «Ամառնային փառատօն»-ին, որ պիտի տեղի ունենայ 2026 թուականի Յուլիս 19-ին։ Փառատօնի շրջագիծին մէջ նախատեսուած է նոր բեմադրութիւն մը՝ հինգ դերակատարներով ներկայացուող «Սայաթ-Նովա․ Աշխարհի հայ սիրերգակ» խորագրով նախագիծը, նուիրուած հայ մեծ բանաստեղծ եւ աշուղ Սայաթ-Նովայի ստեղծագործական ժառանգութեան։

Share62Tweet39
Previous Post

Հայաստան-Ռուսաստան Յարաբերութիւնները Նոր Փորձութիւններու Առջեւ

Next Post

Լուրեր. 19 Մայիս 2026

Next Post
Լուրեր. 19 Մայիս 2026

Լուրեր. 19 Մայիս 2026

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.