Որքան մօտենան ընտրութիւնները, այդքան աւելի սաստիկ կը դառնան Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանի դէմ սանձազերծուող քաղաքական, տնտեսական ու ապատեղեկատուական արշաւները:
Քաղաքական գետնի վրայ Երեւանին ուղղուած զգուշացումները սկսած էին արդէն ժամանակէ մը իվեր` ամէնէն բարձր մակարդակներու վրայ, սակայն երբեք չհասնելով Ռուսաստանի նախագահին: Այդ պարտականութիւնը ձգուած էր ուրիշներուն` Զախարովաներուն, Փեսքովներուն, Օվերչուքներուն, Գալուկիններուն, որոնք Երեւանին ուղղուած իրենց քննադատութիւնները դարձուցած էին ամէնօրեայ վարժանք: Այժմ նախագահ Վլատիմիր Փութին անձնապէս միացած է անոնց ու հրապարակաւ կը թելադրէ Հայաստանի իշխանութիւններուն, որ արագ որոշում կայացնեն եւ ընտրութիւն կատարեն Ռուսաստանի գլխաւորած Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Եւրոպական միութեան միջեւ:
«Հայաստանի ԵՄ-ին անդամակցելու ծրագրերը կը պահանջեն յատուկ քննարկում… օրինակ` հանրաքուէի անցկացում. մեր գործը չէ, բայց ամբողջովին տրամաբանական պիտի ըլլայ հարցնել ՀՀ քաղաքացիներուն: Այնուհետեւ մենք եզրակացութիւններ պիտի ընենք եւ պիտի ձգտինք մեղմ, խելացի եւ փոխշահաւէտ բաժանումի»,-լրագրողներուն յայտնած է նախագահ Փութին: Հայաստանի տեսակէտը այս հարցով բաւականաչափ յստակ է: Տնտեսական երկու կառոյցներուն միջեւ ընտրութիւն կատարելու պահը չէ տակաւին, քանի Երեւան պաշտօնապէս ո’չ դիմած է Եւրոպական միութեան եւ ո’չ ալ միանալու հրաւէր ունի: Յստակ է, որ այս հարցը կտրուկ ձեւով սեղանի վրայ դրուիլը կապ ունի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետ:
Երեւանի մէջ վերջերս գումարուած Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովէն ետք եւրոպական կառոյցները եւս սկսած են յայտնուիլ Ռուսաստանի կոշտ քննադատութիւններու թիրախին: Անոնք կ’ամբաստանուին Հայաստանը Ռուսաստանէն հեռացնելու հարցով աշխատանք տանելու մէջ, ըսելով թէ Հայաստանը կը ներքաշուի Եւրոպական միութեան «հակառուսական ուղեծիր»:
Գագաթաժողովը ու այդ առթիւ եւրոպացի ղեկավարներու Երեւան ժամանումը անհանգիստ ըրած են նաեւ ռուսաստանեան լրատուամիջոցներն ու անոնց քաղաքական մեկնաբանները, որոնք լայնածաւալ քննարկան առարկայ կը դարձնեն Երեւանի մէջ պարզուած երեւոյթը, բան մը որ աներեւակայելի պիտի ըլլար տակաւին չորս տարի առաջ:
Քրեմլին դժգոհ է նաեւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի Երեւանի մէջ ունեցած ելոյթներէն: Այս առթիւ Հայաստանի դեսպանը կանչուած է Արտաքին գործերու նախարարութիւն` Զելենսքիին «հարթակ տրամադրելու» պատճառով: Ռուսական կողմը լաւ գիտէ, որ հրաւիրուող երկիրներու ցանկը կազմուած էր եւրոպական կառոյցներուն կողմէ, իսկ Երեւան պարզապէս կը կատարէր հիւրընկալողի դերը: Նոյն Զելենսքին շաբաթ մը առաջ պաշտօնական հրաւէրով կը գտնուէր Պաքու, ուր այլեւայլ համաձայնագրերու շարքին երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած էր Ռազմական համագործակցութեան պայմանագիր: Այդ առթիւ Մոսկուայի մէջ կը տիրէր լռութիւն եւ ամբողջական անտեսում:
Ռուսաստան կը փորձէ առաւելագոյն ճնշում բանեցնելով ազդել հայ հասարակութեան ընտրող զանգուածներուն վրայ, որպէսզի երբ անոնք ներկայանան քուէատուփ նկատի առնեն Ռուսաստանի կողմէ տնտեսական հաւանական պատժամիջոցները, որոնք կրնան ազդել անոնց բարեկեցութեան վրայ: Հայաստանի տնտեսապէս Ռուսաստանին կախուածութիւնը անկասկած մտահոգութիւն պիտի յառաջացնէ շատ մը ընտրողներու մօտ եւ անոնք ըստ այնմ պիտի դիրքորոշուին: Սակայն, միւս կողմէ, այլ ընտրողներու մօտ կրնայ յառաջանալ հակազդեցութիւն` Մոսկուայի նման բացայայտ միջամտութեան վերաբերեալ:
Հայաստանեան քաղաքական շրջանակներուն մօտ կայ կարծիք, որ Մոսկուան եկած է այն համոզումին, որ իշխանափոխութեան նպատակով ցարդ տարուած աշխատանքները` ապատեղեկատուութեան արշաւները, մեծահարուստ թեկնածուի գործուղումը, հեռու են ակնկալուած արդիւնքի հասնելէ, եւ այդ պատճառաւ է որ այժմ ամէնէն ծանր հրետանին նետուած է հրապարակ` կացութիւն փրկելու յոյսով:
Մոսկուան պիտի կրնայ արդեօ՞ք իր այս քայլերով կանխել իր կողմնակիցներու հաւանական պարտութիւնը 7 Յունիսի ընտրութիւններուն ու անկէ ետք ի՞նչ բնոյթ պիտի ստանան երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները: Յուսանք, որ Մոսկուան աւելի լայնախոհութեամբ կը մօտենայ հարցերուն ու, յարգելով հայ ընտրողներու կարծիքը, երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կը վերադարձնէ բնականոն վիճակի, մանաւանդ որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը անդադար կը շեշտէ, որ երբեք նպատակ չունի վնասելու Ռուսաստանի շահերուն:

