ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ ԴՐԱԿԱ՞Ն
Պաշտօնական աղբիւրները հաստատած են, որ Ուաշինկթընի մէջ կայացած բանակցութիւններու ժամանակ լիբանանեան պատուիրակութիւնը առաջարկած է նախ զինադադարի հաստատում՝ որպէս պատերազմական դրութիւնը դադրեցնելու համաձայնագրի քննարկման սկիզբ, իսկ Իսրայէլ, երէկ շարունակուած կրակոցի տակ, առաջարկած է «Լիբանանի հետ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիր՝ Հըզպալլայի կազմալուծման դիմաց», ըստ իսրայէլեան պատուիրակութեան ղեկավարի արտայայտած խօսքերուն։Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն կապ հաստատած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ անոր ներկայացուցած է ամերիկեան մայրաքաղաքին մէջ տիրող մթնոլորտը, ինչպէս նաեւ հարցուցած է Հըզպալլայի՝ զինադադարին հաւատարիմ մնալու պատրաստակամութեան մասին: Պըրրին պատասխանած է, որ խնդիրը իսրայէլեան կողմն է, եւ ոչ թէ Հըզպալլայի, քանի որ Իսրայէլը խախտած է զինադադարը եւ ան նոյնիսկ չի պահած զայն սկիզբէն:

Ուաշինկթընի աղբիւրները յայտնած են, որ Լիբանանի հարցը քննարկուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի եւ ազգային անվտանգութեան խումբին միջեւ, Չինաստան կատարած այցելութենէն առաջ կայացած հանդիպման ժամանակ: Ուաշինկթըն կ’ուզէ լիբանանեան խնդիրը անջատել Իրանի հարցէն, հակառակ անոր, որ ան տեղեակ է Թեհրանի պնդումներուն մասին՝ խաղաղութեան համաձայնագիրին մէջ ներառել Լիբանանի մէջ պատերազմի աւարտը: Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ համաձայնութեան եկած են Լիբանանէն փուլային հեռացման ծրագիր մշակելու շուրջ, որ կրնայ տեւել մինչեւ երկու տարի, որուն կ’ուղեկցի լիբանանեան բանակը, որ կը սկսի իրականացնել Հըզպալլան զինաթափելու ծրագիրը։ Անոնք աւելցուցած են, որ տեսականօրէն Միացեալ Նահանգներ կը գործէ այն ենթադրութեամբ, որ Լիբանան չի կրնար որեւէ պայման դնել այս բանակցութիւններուն, եւ լիակատար զինադադար կարելի չէ, մինչեւ Հըզպալլայի սպառնալիքի վերացումը։
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻԻսրայէլ կը շարունակէ յաջորդական ռմբակոծութիւններ իրականացնել շարք մը քաղաքներու վրայ՝ ակնյայտօրէն խախտելով զինադադարի համաձայնագիրը: Այս ռմբակոծութիւնները զուգադիպեցան Ուաշինկթընի մէջ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու երրորդ փուլին հետ, յանգեցնելով լայնածաւալ աւերումի եւ բազմաթիւ նահատակներու ու վիրաւորներու։Իսրայէլ հրետանային ռմբակոծում կատարեց Ֆրուն քաղաքին ուղղութեամբ։ Ապա թիրախաւորեց Նապաթիէի Հիւսէյնիայի մօտ ինքնաշարժ մը, որուն պատճառով արձանագրուեցան երկու զոհ եւ մէկ վիրաւոր։ Օդային հարուած հասցուց նաեւ Նապաթիէ շրջանի Քֆար Ռումման քաղաքին վրայ, որուն հետեւանքով վիրաւորուեցաւ Քաղաքացիական պաշտպանութեան՝ Իսլամական առողջապահութեան վարչութեան շտապօգնութեան աշխատակիցը։ Իսրայէլի հարուածները թիրախաւորեցին նաեւ Թէյր Ֆալսիյէ, Շապրիհա-Սուր, Ապպասիէ, Ֆրուն եւ Ղանտուրիէ քաղաքները։
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՌԱՀԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ մարոնիներու Ռահի պատրիարքին եւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Փաուլօ արք. Պորճիայի հետ:

Ռահի պատրիարքին հետ քննարկուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր, ինչպէս նաեւ հոգեւոր պետերու յառաջիկայ հանդիպման օրակարգը: Արամ վեհափառը տեղեակ պահեց պատրիարքը յառաջիկայ օրերուն Վատիկան այցելութեան եւ Լեւոն ԺԴ. պապին եւ շարք մը բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ իր հանդիպումներուն մասին:
Պապական նուիրակին հետ դարձեալ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի այժմու կացութեան ընդհանուր անդրադարձ կատարելէ ետք, խօսակցութեան առանցքը հանդիսացաւ վեհափառ հայրապետին Վատիկան կատարելիք պաշտօնական այցելութիւնը՝ իր զանազան երեսներով:
ՉԻՆԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՔ Կ’ԵՐԿԱՐԷ
Չինաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ Չինաստան պատրաստ է բոլոր կողմերուն հետ համագործակցելու՝ ուժանիւթային անվտանգութիւնն ու մատակարարումները ապահովելու համար։Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի՝ Փեքին պատմական երկօրեայ այցելութեան աւարտին բանբերը նշեց, որ Պարսից ծոցի տարածաշրջանին եւ Միջին Արեւելքի մէջ կայունութեան ապահովումը գերակայ նշանակութիւն ունի։

Ան նաեւ նշեց, որ Իրանի հետ պատերազմը տարածաշրջանին մէջ պիտի յանգեցնէ աղէտներու եւ պիտի ունենայ լուրջ հետևանքներ։ Հետեւաբար, պէտք չէ յետաձգել պատերազմը դադրեցնելու եւ Հորմուզի նեղուցը վերաբանալու համար բանակցութիւններ սկսելու հնարաւորութիւնը, քաջ գիտենալով, որ երկխօսութիւնն ու բանակցութիւնները կը նկատուին համապատասխան ուղին։ Արտաքին գործերու նախարարութեան բանբերը վերահաստատեց Չինաստանի կոչը՝ Իրանի հետ պատերազմը հնարաւորինս շուտ լուծելու համար։
ԹՐԱՄՓԻ ԿՈՉԸ՝ ԻՐԱՆԻՆ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ Չինաստանէն վերադառնալէն ետք յայտնեց, որ չ’առարկեր Իրանի կողմէ իր հիւլէական ծրագիրը 20 տարիով կասեցնելուն, սակայն անիկա պէտք է ըլլայ «իրական» պարտաւորութիւն։Թրամփ նշեց, որ Չինաստանի նախագահը վստահեցուցած է իրեն, որ դէմ է Իրանի կողմէ հիւլական զէնքի տիրապետման։ Ան աւելցուց, որ Չինաստանի նախագահին որեւէ խոստում չէ տուած Թայուանի վերաբերեալ, ոչ ալ անկէ որեւէ բան խնդրած է Իրանի հետ կապուած, ոչ ալ խնդրած է ճնշում գործադրել Իրանի վրայ՝ Հորմուզի նեղուցը բանալու համար։Ան աւելցուց, որ քննարկած է չինական քարիւղի ընկերութիւններու նկատմամբ պատժամիջոցներու վերացման հարցը, որոնք կը գնեն իրանեան նաւթ, եւ շուտով որոշում պիտի կայացնէ։ Ան պարզաբանեց, որ կիսահաղորդիչների թղթածրարը չէ քննարկուած չինական կողմին հետ բանակցութիւններու ընթացքին։Թրամփ նշեց, որ երբ նայած է իրանեան առաջարկին, առաջին տողը չէ հաւնած, ուստի զայն մէկդի նետած է։
ՓՈՒԹԻՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ Է ԹՐԱՄՓԻ ԱՅՑՈՎ
Քրեմլին յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կը յուսայ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի հետ քննարկել Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի Չինաստան կատարած այցելութիւնը: Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով լրագրողներուն յայտնեց, որ Փութինի Չինաստան կատարելիք այցելութեան մանրամասնութիւնները վերջնականապէս որոշուած են, ինչ որ կը նշանակէ, որ այդ տեղի պիտի ունենայ շատ շուտով։Փեսքով աւելցուց, որ Փութին եւ Ճինփինկ պիտի կեդրոնանան երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ՝ հաշուի առնելով երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի ուժը, ինչպէս նաեւ պիտի քննարկուին շարք մը միջազգային հարցեր։Ըստ «Սաութ Չայնա Մորնինկ Փոսթ» օրաթերթին, կը նախատեսուի, որ Փութին 20 Մայիսին Չինաստան այցելէ:
ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՋԱՆՔԵՐԸ ԱՊԱՐԴԻՒՆ
Պլումպըրկի հաղորդագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները փորձած է համոզել Սէուտական Արաբիան, Քաթարը եւ Պարսից ծոցի այլ երկիրները՝ միանալու Իրանի դէմ համակարգուած ռազմական պատասխանին, սակայն մերժուած է, եւ ի վերջոյ, ԱՄԷ-ն հիմնականում գործած է ինքնուրոյն։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՏՐԱՄԱԴՐԷ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ
Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ գումար պիտի յատկացուի՝ Լիբանանի Հանրապետութեան մէջ առկայ պատերազմական գործողութիւններուն հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ մարդասիրական աջակցութիւն տրամադրելու անհրաժեշտութեամբ պայմանաւորուած։

Ըստ այդմ՝ կը նախատեսուի կառավարութեան պահեստային ֆոնտէն յատկացնել շուրջ 60 միլիոն դրամ, որմէ 34 միլիոն դրամը՝ պարէնային ապրանքներու (սննդամթերք) եւ առողջապահութեան վերաբերեալ պարագաներու ձեռքբերման, իսկ 26,0 միլիոն դրամը՝ դեղերու ձեռքբերման նպատակով, որոնք, որպէս մարդասիրական աջակցութիւն, պիտի տրամադրուին Լիբանանի Հանրապետութեան։
Հիմնաւորման համաձայն՝ Լիբանանի Հանրապետութեան մէջ ընթացող պատերազմական գործողութիւններուն հետեւանքով ձեւաւորուած է մարդասիրական ճգնաժամ, որու պայմաններուն մէջ զգալիօրէն աճած է բնակչութեան պարէնային ապրանքներու, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան վերաբերեալ եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներու եւ դեղերու կարիքը։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը նախատեսէ տրամադրել նպատակային մարդասիրական աջակցութիւն՝ ապահովելով տուժած բնակչութեան առաջնային կարիքներու բաւարարման համար անհրաժեշտ պարէնային եւ սանիթարահիկիենիք ապրանքներու, դեղերու տրամադրումը։ Անհրաժեշտ ապրանքներու ցանկը աշխատանքային կարգով ներկայացուած է Արտաքին գործերու նախարարութեան կողմէ:

