Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Անակնկալ «Հանդիպում»

Ծովակ Քէօշկէրեան

May 14, 2026
in Այլազան
0
Անակնկալ «Հանդիպում»

Չորս տարի առաջ, «Մուայ Թայի» մէջ իմ առաջին յաղթանակս նուիրեցի երեք հայ հերոսներու։

Անձամբ զանոնք չէի ճանչնար… բայց եղած էին իմ եղբայրներս՝ Արարատ Fight Club-ի մարզընկերներն ու մտերիմները:

Ես միշտ զանոնք իմ եղբայրներս կոչեցի…

Այն եղբայրներս, որոնց երբեք չհասցուցի հանդիպիլ։

Անցեալ շաբաթ, Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկի եւ հայ աշակերտներու հետ աշխատանքային այցելութեան ընթացքին այցելեցինք Եռաբլուր։

Մինչ կը շրջէի մեր հերոսներուն շիրիմներուն միջեւ, աջ կողմ դարձայ… ու յանկարծ տեսայ Սերգէյ Յովհաննիսեանի շիրիմը։

Այդ պահուն սիրտս կոտրեցաւ։

Այնպէս լացի… կարծես տարիներէ ի վեր զինք կը ճանչնայի։

Կամ կարծես վերջապէս եկած էի իրեն հանդիպելու։

Կամ գուցէ՝ այնքան լսած էի իր մասին իմ եղբայրներէս, որ արդէն ինք ալ ընտանիքի անդամ մը դարձած էր ինծի համար։

Չկարողացայ հեռանալ։

Երկար ժամանակ մնացի հոն… աղօթեցի… լացի… լուռ խօսեցայ իր հետ։

Հոն ինկած փոքրիկ հրեշտակ մըն ալ կար։

Զայն վեր բարձրացուցի ու իր տեղը դրի։

Չեմ գիտեր ինչո՛ւ… բայց այդ պահը բան մը կոտրեց իմ մէջս։

Կամ հակառակը… գուցէ բան մը ամբողջացուց։

Չեմ գիտեր՝ արդեօք իրաւունք ունի՞մ այս տողերը գրելու։

Բայց միայն կ’ուզեմ ըսել Սերգէյի ծնողներուն՝

Ձեր որդին մեզի հետ է։

Մեր բոլոր հերոսները դեռ ու միշտ մեզի հետ են…

Եւ այդ իմ ապրած պահս վառ ապացոյցն էր ատոր։

Share70Tweet44
Previous Post

Օրէնք Եւ Գիտակցութիւն

Next Post

Լուրեր. 16 Մայիս 2026

Next Post
Լուրեր. 16 Մայիս 2026

Լուրեր. 16 Մայիս 2026

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.