Թէեւ նօսրացած, տկարացած ու տնտեսապէս ալ նահանջած, այնուամենայնիւ իր տոհմիկ շունչը, իր բարքերն ու սովորութիւնները լայն չափով պահող աւանդապահ գաղութ մը կը մնայ Սուրիան։
Երբեմն մեղկութիւն մը կը տիրապետէ գաղութին վրայ։ Ընտանիքներու հերթական գաղթը կամ երիտասարդ սերունդին տուն-տեղ շինելու անյաղթահարելի դժուարութիւնները յուսահատութեամբ կը պատեն շրջապատը, կը ստեղծեն ընկերային տագնապ…։
Ապրիլեան Եղեռնի 111-րդ տարելիցը, որպէս գաղութային արթնութեան զանգ, նորովի կենսունակութիւն մը սփռեց Սուրիոյ տարածքին։ Հալէպէն մինչեւ Գամիշլի, Քեսապ, Լաթաքիա ու Դամասկոս, կազմակերպուեցան ոգեկոչական ձեռնարկներ։ Եւ այս ոգեկոչումները, տասնամեակներու աւանդութեամբ, ընդհանրապէս կայացան միասնականութեան բաղձալի մթնոլորտի մէջ, ի բաց առեալ Դամասկոսէն, ուր երէկուան հակադիր «կողմ»-երը դա՛րձեալ կռնակ դարձուցեր էին իրարու եւ նախընտրեր անջատ-անջատ նշել 1915-ի մեր նահատակներուն յիշատակը…։ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը, շրջանցելով հանդերձ Դամասկոսի պարագան, իր մէկ խմբագրականով իրաւացիօրէն նկատել տուած էր, որ միութիւններու եւ յարանուանութիւններու ցուցաբերած միասնական աշխատանքը «ցոյց կու տար թէ որքա՛ն ճիգ ու մարդուժ կարելի է խնայել ու որքա՛ն կարելի է բարելաւել մեր աշխատանքներուն որակը՝ միասնական ըլլալու պարագային»։ Թերթը աւելցուցած էր նաեւ. «Միասնական խօսքը կը հնչէ աւելի ուժեղ ու կը դառնայ աւելի ազդեցիկ՝ թէ՛ մեր ներքին, թէ՛ արտաքին լսարանին համար»։ Դամասկահայերը չե՞ն լսեր այս խօսքերը…։
Ստորեւ, ամփոփ համայնապատկերը սուրիահայոց ապրիլեան ոգեկոչումներուն։
ՀԱԼԷՊԻ մէջ, Ապրիլ 24-ին, փակ մնացեր էին ոչ միայն հայկական դպրոցներն ու ազգային հաստատութիւնները, այլեւ անհատական վաճառատուներն ու գործատեղիները։ Նախորդ օրը, Ապրիլ 23-ի երեկոյեան, հայ երեք յարանուանութիւնները միասնաբար սարքած էին իրենց աւանդական յուշահանդէսը, այս տարի՝ Հայ Աւետ. Բեթէլ եկեղեցւոյ մէջ։ Հոս, բացման խօսք արտասանած է պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան։ Գործադրուած է Աւետարանական համայնքին կողմէ պատրաստուած պատշաճ յայտագիր մը, ուր կարեւոր տեղ գրաւած է տիկ. Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեանի մշակած ու չորս պատկերներէ բաղկացած գեղարուեստական համադրում մը։

Հերթաբար խօսք առած ու իրենց պատգամները յղած են կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան եւ Հայ աւետարանական համայնքի պետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան։ Իսկ Ապրիլ 24-ի երեկոյեան, «Եսայեան» հանդիսասրահին մէջ կայացած է 111-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկը, մասնակցութեամբ գաղութային բոլոր կազմակերպութիւններուն։ Կարգապահութեան հսկած են Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ու Հ.Ե.Ը.-ի տարազաւոր արի-արենոյշները։ Հայերէնով բացման տպաւորիչ խօսք մը արտասանած է Թամար Խապայեան, իսկ արաբերէնով՝ Հուրի Էպլիղաթեան-Մաղաքեան։

Գեղարուեստական բաժինը ընդգրկած է Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը (խմբավարուհի՝ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեան), երգ, նուագ եւ ասմունք (Սիամանթոյէն)։ Հանդիսավարի դերին մէջ՝ օրուան խորհուրդէն թելադրուած բեմական երկխօսութիւն մը յառաջ տարած են օրդ. Երան Զէյթունցեան եւ Վանիկ Մանուէլեան։ Եռանդամ կազմով մը ընթերցուած է Ռ. Հատտէճեանի «Հողը ճակատագիր է» սքանչելի ակնարկը։ Օրուան բանախօսը եղած է Սեւան Շահպազեան, որ շեշտը դրած է Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան վրայ։ Փակման խօսքը արտասանած է Բերիոյ թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան։
ՀԱԼԷՊԻ ազգ. գերեզմանատան մատռան առջեւ, Ապրիլ 24-ի առաւօտուն, Ս. Պատարագով ու հանդիսաւոր հոգեհանգիստով ոգեկոչուած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը։ Գերեզմանատան դռնէն դէպի մատուռ երկարող մայր ճամբուն աջ ու ահեակ կողմերը զետեղուած են աքսորեալ ու նահատակեալ հայ մտաւորականներու մեծադիր դիմանկարները…։ Պատարագած է Արմէն աբղ. Գալաճեան։ Ներկայ եղած են ազգային ու միութենական բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, նաեւ՝ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեան։ Այնուհետեւ կատարուած է ծաղկեմատոյց։ Հալէպահայ բոլոր կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, խումբ առ խումբ, դափնեպսակներ զետեղած են Մեծ Եղեռնի յուշարձանին առջեւ։ Գերեզմանատան բոլոր կէտերուն վրայ՝ իրենց կարգապահ ներկայութեամբ ուշադրութիւն գրաւած են Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, Հ.Ե.Ը.-ի եւ Հ.Մ.Մ.-ի տարազաւոր արի-արենոյշները։ Նոյն օրը, միջօրէին, Հ.Ե.Մ. արիւնատուութեան արշաւ մը բացած է, գործակցութեամբ Հալէպի արեան պահպանումի պետական կեդրոնին։
ՀԱԼԷՊԻ հայկական ակումբներէն ոմանք, Ապրիլ 23-ի գիշերը, հսկումի հաւաքներ կազմակերպած են իրենց անդամներուն եւ համակիրներուն մասնակցութեամբ։ Այսպէս, Հ.Մ.Ը.Մ. հսկում կայացուցեր է Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի շրջափակին մէջ։
Ներկաները մոմավառութիւն կատարած են յարակից Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, լսած են «Հայ դատ»-ի շուրջ կարճ բանախօսութիւն մը, այնուհետեւ ալ զրոյցի մը մասնակցած են ազգային բաղձանքներու մասին։ Հսկում-հաւաքներ կայացուցեր են նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնն ու Ազգային Մշակութային Միութիւնը (այս վերջինը՝ 28 Ապրիլին) իրենց սեփական ակումբներուն մէջ։
ԼԱԹԱՔԻՈՅ մէջ, տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագէն ետք, ծաղիկներ զետեղուած են շրջափակի նահատակաց կոթողին առջեւ։ Մայր ձեռնարկը կայացած է յարակից «Արարատ» սրահին մէջ։ Բացման խօսք արտասանած է Գառնի Մանճեան։

Գործադրուած է գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, ուր տեղ գտած են Սիամանթոյէն քերթուածներ։ Յայտագրին մասնակից դարձեր են պատանիներ ու երիտասարդներ՝ գաղութին մէջ գործող միութիւններէն (ՍՕԽ, Հ.Բ.Ը.Մ. եւ այլն): Բանախօսած է Արամ Աւագեան (Հալէպէն ժամանած)։ Եզրափակիչ խօսք արտասանած է գաղութին հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Վազգէն աւ. քհնյ. Քէօշկէրեան։
ԳԱՄԻՇԼԻԻ մէջ, Ապրիլ 24-ին, «Կիւլպէնկեան» սրահը ծայրէ-ծայր լեցուեր է հոծ բազմութեամբ։ Ձեռնարկը միասնաբար հովանաւորած են Հայ առաքելական ու Հայ կաթողիկէ համայնքները։ Բացման խօսք արտասանած է Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Վարդան Մուրատեան։ Արաբերէնով արտայայտուած է Պասէլ Ապրաթ։ Խումբ մը տղաք թատերական պատշաճեցումով ներկայացուցած են Սիամանթոյի «Խեղդամահը» եւ «Պարը» ցնցիչ քերթուածները։ Յայտագրին մէջ բաժին վերցուցած են երգչախումբ ու պարախումբ ալ։

Բանախօսած է Ծերուն Գահուէճեան (Հալէպէն ժամանած)։ Փակման խօսքը արտասանած է Ճէզիրէի հայոց առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան։ Նախորդ օրն ալ, Ապրիլ 23-ի երեկոյեան, շատ տպաւորիչ ջահերթ մը կատարուած է քաղաքին հայախիտ թաղամասերուն երկայնքին, գաղութային բոլոր միութիւններուն մասնակցութեամբ, ներգրաւելով նաեւ քրիստոնեայ, արաբ ու քիւրտ պատասխանատուներ…։ Այնուհետեւ կատարուած է հսկումի հաւաք, ուր խօսք առած են Յակոբ Պարսումեան (արաբերէնով) եւ Կաթողիկէ հայոց առաջնորդը՝ Անդրանիկ եպս. Այվազեան։
ՔԵՍԱՊԻ հայութիւնը Ապրիլ 24-ը այս տարի նշած է տեղւոյն Հայ Աւետ. Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, հովանաւորութեամբ հայ երեք յարանուանութեանց հոգեւոր հովիւներուն։ Ներկայ եղած են Քեսապի գիւղապետը, թաղապետերը եւ հոծ բազմութիւն մը։ 
Յաջորդաբար խօսք առած են Եսայի վրդ. Էօրտէքեան, Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեան եւ պատուելի Շանթ Ակիշեան։ Գործադրուած է երգէ, նուագէ ու արտասանութենէ բաղկացած պատշաճ յայտագիր մը։ Ձեռնարկի աւարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ երթ մը կատարուած է դէպի Մեծ Եղեռնի յուշակոթողը, ուր ծաղիկներ դրուած ու «Կիլիկիա» մաղթերգը երգուած է։
ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ Հայոց թեմին նախաձեռնութամբ, Ապրիլ 24-ին, եկեղեցական ու աշխարհիկ հանդիսութեամբ ոգեկոչուած են Եղեռնի մէկուկէս միլիոն նահատակները։ Առաւօտուն, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ պատարագած ու քարոզած է առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեան, ի ներկայութեան քրիստոնեայ քոյր համայնքներու հոգեւոր ներկայացուցիչներու եւ Հայաստանի դեսպանութեան հիւպատոս Արտեմ Ազնաւուրեանի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուած է բարեխօսական կարգ, այնուհետեւ դափնեպսակներ ու ծաղիկներ զետեղուած են շրջափակը գտնուող նահատակաց յուշակոթողին առջեւ։ Հ.Ե.Ը.-ի պատանիները ներկաներուն բաժնած են 111 վարդեր…։ Պատշաճ նուագներ հնչեցուցած է Ն.Ս.Մ.Մ.-ի փողերախումբը։ Յետոյ եկեղեցւոյ մէջ կայացած է յուշահանդէս, որուն իր գործնական մասնակցութիւնը բերած է Հայ կաթողիկէ համայնքն ալ։ Գործադրուած է կոկիկ յայտագիր մը, որուն մասնակից եղած են դպրոցական աշակերտներ։ Բանախօսած է երիտասարդ իրաւաբան Սեպուհ Պապիկեան (Հալէպէն ժամանած)։ Փակման խօսքը արտասանած է Արմաշ սրբազան։
ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ «Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ, Ապրիլ 24-ին, ուղեկից եւ քոյր միութիւններ (Համազգային, ՍՕԽ, Հ.Մ.Ը.Մ., ՍԵՄ) հանդիսութեամբ մը նշած են Հայոց Ցեղասպանութեան 111-ամեակը։ Առաւօտուն հաւաքական երթ մը կատարուած է դէպի ազգ. գերեզմանատուն, ուր յարգանքի տուրք մատուցուած է Եղեռնի յուշարձանին առջեւ։ Հոս խօսք առած է Սարգիս Քիւրտեան։

Այնուհետեւ կայացած է ոգեկոչման մայր ձեռնարկը ակումբէն ներս։ Բացման խօսք արտասանած է Միսաք Թեմիզճեան։ Ցուցադրուած է վաւերագրական տեսերիզ մը։ Բանախօսած է բժ. Գէորգ Եղիայեան։ Եզրափակիչ խօսքերով յուշահանդէսը փակած է Մանուկ վրդ. Պարիխանեան (Հալէպէն ժամանած)։
ՀԱՍԻՉԷԻ (հիւսիսարեւելեան Սուրիա) փոքրաթիւ հայութիւնը, Ապրիլ 24-ին, համախմբուած է տեղւոյն Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ ու մասնակցած թաղականութեան կազմակերպած ոգեկոչական ձեռնարկին։

Ելոյթ ունեցած է «Գարուն» երգչախումբը՝ ազգային երգերով, կատարուած են արտասանութիւններ։ Գաղութին մէջ գործող միութիւնները ծաղկեպսակներ զետեղած են եկեղեցւոյ բակը կանգնեցուած նահատակաց յուշարձանին առջեւ։

