Մարդը իր լաւագոյն դրսեւորումով
ազնուագոյնն է կենդանիներուն, իսկ
զատուած օրէնքէ եւ արդարութենէ՝ յոռեգոյնը։
ԱՐԻՍՏՈՏԵԼ
Կարելի՞ է արդեօք յիշել Վենետիկը եւ աչքի առջեւ չունենալ ջրանցքներու խաղաղ ջուրերուն վրայ սահող գոնդոլները։
Քաղաք, ուր ջուրը գիտէ խօսիլ, իսկ լռութիւնը՝ պատմել։ Բայց մտածե՞ր ես, սիրելի ընթերցող, թէ ինչո՞ւ բոլոր գոնդոլները, առանց բացառութեան, միագոյն են։
Արդէն հինգ հարիւր տարի է, որ գաղտնապահ գիշերներու պէս սեւ են անոնք։ Բայց ինչո՞ւ…
Դարեր առաջ, երբ Վենետիկ-ծովահարսը կը փայլէր իր հարստութեամբ, քաղաքին ազնուական ընտանիքներէն շատեր իրենց գոնդոլները վերածած էին ճոխութեան լողացող խորհրդանիշերու։ Ոսկին կը շողար անոնց վրայ, փորագրութիւնները պատմութիւններ կը հիւսէին, իսկ աչք ծակող զարդանախշերը մրցակցութեան մէջ էին իրարու հետ։ Գոնդոլները դարձած էին գերազանցութեան ցուցադրութիւն, ճիշդ մեր օրերու շքեղ մեքենաներուն պէս։
Բայց օր մը, ցուցադրութեան այդ տողանցքէն յոգնած, քաղաքը ստիպուեցաւ չափաւորել իր շուայտ առօրեան։
1562 թուականին էր այդ։ Վենետիկի ծերակոյտը իր դժգոհութիւնը յայտնեց շքեղութեան շքերթին դէմ եւ կեանքի կոչեց որոշում մը, որ դժգոhութեան ու ընդվզումի ալիք բարձրացուց, սակայն…
Գոնդոլները ստիպուեցան հրաժարիլ իրենց արդուզարդէն եւ բոլորը անխտիր սեւ հագան։
Շուրջ հինգ դար անցած է այդ օրէն, եւ ճիշդ այդքան տարի, Վենետիկի ջրանցքներու մակերեւոյթէն լուռ, հանգիստ ու խորհրդաւոր կը սահին սեւազգեստ գեղեցկուհի-գոնդոլները։ Միայն երբեմն, մանր ու նուրբ զարդանախշերու մէջ կարելի է նկատել անցեալի շունչը, որպէս մոռցուած յուշի մեղմ արձագանգ։
Հոս՝ Վենետիկի պատմութիւնը կը դադրի միայն գոնդոլները յիշելէ եւ կը դառնայ պատմութիւն՝ օրէնքի մասին։
Օրէնք, որ կրցաւ զսպել ցուցամոլութիւնը եւ համեստութեան կոչ ընել նոյնիսկ հոն, ուր պերճանքը կ’իշխէր միահեծան։
Ասիկա ինծի մտածել տուաւ բոլորովին ուրիշ երեւոյթի մը մասին, ուր օրէնքը, կամ չափի վերաբերեալ հանրութեան ընկալումը կը բախի մարդկային ամենանուրբ զգացումներուն։ Խօսքս յիշողութեան տարածքի մասին է՝ այն վայրերուն, ուր մարդը կը փորձէ ձեւ տալ իր կորուստի ցաւին։
Հասարակութիւններ կան, ուր այդ ձեւը վերածուած է չափի, տեսանելիութեան եւ նիւթական ներդրումի մրցակցութեան։ Եւ հոս է, որ հարց կը ծագի. սէ՞րն է արդեօք մղիչ ուժը, թէ վիշտը առաւելագոյն ուշադրութեան արժանացնելու պահանջքը։
Յիշողութիւնը, իր բնոյթով, կարիք չունի ծնծղաներու։ Յիշողութիւնը կ’ապրի լռութեան մէջ եւ որպէս հանգրուան կ’ընտրէ իւրաքանչիւրիս ներաշխարհը։ Բայց երբ զայն կը փորձեն փոխադրել արտաքին աշխարհ, ան յաճախ կը սկսի խօսիլ ոչ թէ զգացումի, այլ տպաւորութեան լեզուով։
Այս է մտահոգութեանս առանցքը, որ յառաջ կը բերէ բնական այն հարցումը, թէ արդեօ՞ք օր մը այստեղ ալ կարելի պիտի ըլլայ տեսնել չափի այն զգացումը, որ հետը անպայման կը բերէ պարզութիւն եւ համեստութիւն, անշուշտ ոչ որպէս պարտադրանք, այլ որպէս համամտութիւն։
Վստահ եմ սիրելի ընթերցողը գուշակեց, թէ ինչին կը վերաբերի ակնարկս։

Ակնարկս կ’երթայ մեր մահարձաններուն (յատկապէս Հայաստանի մէջ) կամ դամբան-յուշակոթողներուն…
Շատ մը երկիրներու մէջ տապաններուն պարզութիւնն ու միատեսակութիւնը կարծես կը յուշեն, որ մահուան առջեւ մարդիկ հաւասար են։ Այդ պարզութեան խորթ է որեւէ չափազանցութիւն, հոն կայ խաղաղութիւն մը, որ յարգանք կը ներշնչէ. կը մղէ գլուխ խոնարհելու, խոկալու եւ յիշելու։
Կան նաեւ հասարակութիւններ, ինչպէս օրինակ մերինը, որոնք ցաւն ու յիշողութիւնը կը նախընտրեն արտայայտել պարտապանաց ու մեծածախս կոթողներով, շատ անգամ գուցէ ակամայ, կարծես ցաւին ահագնութիւնը ճնշելու բնազդով, սակայն առիթ հանդիսանալով անառողջ մրցակցութեան…։
Բարձրացուած հարցը չի վերաբերիր յիշողութեան, չի վերաբերիր ցաւին, քաւ լիցի, այլ կորստեան ցաւն ու յիշողութիւնը արտայայտող ձեւին։
Հարազատի հանդէպ սէրը անչափելի է, բայց ձեւը, որով կը փորձեն տարազել այդ զգացումը, պէտք է ոչ թէ զարմանք, այլ յարգանք ու յուզում յառաջացնէ։
Չափէն աւելի նուրբ է այս հարցը, բայց շատ մտածած եմ այս մասին, ու հարցում մը անդադար կը կրկնուի մէջս. մի՞թէ կարելի չէ սէրը, կորուստի ցաւն ու յիշողութիւնը վերածել ոչ թէ նիւթեղէն, այլ իմաստային գոյութեան։
Համեստ յուշաքար մը եւ յատկացուելիք մեծ գումարներուն փոխարէն, որոնք մեծ ու ծանր կոթողներու տեսք կը ստանան, կարելի է այլ տեսակի յիշողութիւն «ստեղծել», ինչպէս՝ կրթական հիմնադրամ մը, ուսանողական դրամաշնորհ մը կամ բարեգործական նախաձեռնութիւն մը, եւ այդ միջոցով աշխարհէն հեռացած սիրելիի մը անունը յաւերժացնել, կեանքի նոր ուղիներ հարթելով այլոց համար։
Եւ այս, ոչ թէ յիշողութիւնը նսեմացնելու, այլ հակառակը՝ անոր նոր շունչ հաղորդելու համոզումով։
Այս զգայուն խնդիրը դեռ բաց է, քանի որ յիշողութիւնը ոչ թէ հասարակական, այլ նեղ-անձնական է, եւ ընդհանրական չափ մը հազիւ թէ ընդունելի ըլլայ հանրութեան բոլոր խաւերուն կողմէ։
Բայց հարցում մը եւս կայ. օրէնքը միայն կը սահմանափակէ՞, թէ՞ երբեմն նաեւ կը թելադրէ կամ կը սորվեցնէ այն չափը՝ նուրբ այն պահը, երբ ազատութիւնը կը ձեւաւորուի որպէս պատասխանատուութիւն։
Շատ յաճախ երեւոյթները գրաւիչ են, երբ զուսպ են։
Վենետիկի սեւ գոնդոլներուն զսպուածութիւնը դարձաւ այդ քաղաքին յատկանիշը։ Մինչդեռ մարդու կեանքին մէջ բաց խնդիր է՝ ինչպէ՞ս յիշել եւ ինչպէ՞ս արտայայտուիլ, որ յուշը մնայ ներանձնական, ստանայ իմաստ ու յաւերժանայ…։
Գուցէ այս նուրբ հաւասարակշռութեան մէջ ծնի բաւարարուածութիւնը, երբ օրէնքը, յիշողութիւնը եւ մարդը հանդիպին անաղմուկ՝ չափի, ցաւի եւ սիրոյ խորհրդաւոր ու յարգանք ներշնչող լռութեամբ…
Գուցէ…

