Իրանի դէմ պատերազմէն առաջ, քանի մը շաբաթ ամբողջ արեւմտեան լրատուամիջոցները շատ մեծ աղմուկ բարձրացուցին Էփսթէյնի փաստաթուղթերուն (Epstein files) վրայ։
Աւելի քան վեց միլիոն էջ փաստաթուղթեր, լուսանկարներ եւ պատկերագրութիւններ բացայայտեցին Ճեֆրի Էփսթէյնի եւ զինք շրջապատող քաղաքական ու ոչ-քաղաքական յայտնի անձերու ոճրային գործողութիւնները` հաւաքագրելու, զօրագրելու եւ սեռապէս շահագործելու երիտասարդ ու անչափահաս աղջիկները։ Ամբողջ կարգապահ համակարգ մը, որուն իբր մինչ այդ անծանօթ էր ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը եւ գործակալութիւնը։
Քանի մը կէտ աչքի կը զարնէ.
1) Այդ ե՞րբ ԱՄՆ դարձաւ այդքան հետապնդող արդարութեան։ Պետական օժանդակութեամբ պատերազմներ, CIA-ի ահռելի ոճիրներ արտասահման, ուղղակի մեղսակցութիւն Կազայի պաղեստինցիներու ցեղասպանութեան, յեղաշրջումներու հովանաւորութիւն այլ երկիրներու մէջ, եւլն., եւլն.։ Այսինքն, համակարգուած ոճրագործութիւն (որ, ի դէպ, գրեթէ բոլոր «ուժեղ» կոչուած երկիրներու յատկանիշն է այսօր)։ Էփսթէյնի ոճրագործութեան անհատականացումով, ԱՄՆ դարձաւ մեծ ոճրագործութիւններու բացայայտիչ եւ իրաւական պատժող։ Էփսթէյն եւ իր մարդիկը ընդդէմ ամերիկեան պետական եւ լրատուական արդարութեան։ Անհատական ոճրագործութիւն ընդդէմ համակարգային արդարութեան։
2) Իրապէ՞ս այս պարագային անհատականն ու համակարգայինը հակադիր դիրքերու վրայ կը գտնուին։ Բնաւ երբեք։ Էփսթէյնի գործողութիւնը համակարգային է, շատ աւելի համակարգային` քան ԱՄՆ-ի պաշտօնական համակարգը։ Այդ խորքային համակարգը դրամատիրութիւնն է։
Սեռային ոճրագործութեան եւ ոճիրներու նախապատրաստութեան համար օգտագործուած վայրերը սեփականութիւնն են գերհարուստ դրամատէրերու` բարձրակարգ ճաշարաններ, ամենափայլուն պանդոկներ, սեփական օդանաւներ եւ ամենասուղ ինքնաշարժներ փոխադրութեան համար, որոնք բոլորն ալ դրամատիրութեան արտադրութիւններն են։ Էփսթէյն ինքը ունէր բարձրադաս պանդոկներ` Մանհաթանի եւ Փալմ Պիչի (Ֆլորիտա) մէջ, բարձրարժէք բնակարան Փարիզի կեդրոնը, Lolita Express օդանաւ (Boeing 727-100), ագարակ Նոր-Մեքսիքոյի մէջ, սեփական կղզի (Little Saint James) ԱՄՆ-ի Վիրճին կղզիներուն մէջ, որոնք, ուրիշ վայրերու հետ միասին, կ’օգտագործուէին սեռային ոճիրներուն համար։ Բոլորն ալ դրամատիրութեան արտադրանքներ։
Իսկ սեռականութեան ծայրայեղականացումը կապուած է դրամատիրական առեւտուրի գերշահոյթի տրամաբանութեան եւ հոգեբանութեան հետ, քանզի հսկայական գումարներ կը շրջագայէին ու կը գրպանուէին այս առեւտուրէն։ Իսկ այս առեւտուրը կարելի դարձած է շնորհիւ վայրագութեան սպառողականացումին, զգացումի ապրանքայնացումին եւ հաճոյքի ֆեթիշականացումին։
Էփսթէյնի բացայայտումով ոչինչ պիտի փոխուի, սեռային առեւտուրը պիտի շարունակուի ուրիշներու ձեռքով, այնքան ժամանակ որ ան համակարգային է, եւ ոչ թէ անհատական, ինչպէս լրատուամիջոցները ուզեցին ցոյց տալ։
3) Ոճիրի եւ ոճրագործի ամբոխային ընկալումին հաճոյքն ու կիրքը` փոխանակ զոհերուն հանդէպ իրական ու խորքային համակեցութեան եւ կարեկցութեան։ Ամբողջ լրատուամիջոցներուն մէջ Էփսթէյնի դէմքն էր գրաւիչը։ Կապուեցանք (դրական թէ բացասական` կարեւոր չէ) Էփսթէյնին, ունեցանք անոր ոճրագործ պատկերը, հմայուեցանք ոճիրի տարողութեամբ, բայց չկապուեցանք զոհերուն, չզգացինք անոնց տառապանքը։ Վերջիններս անօգնական, անձայն, դրամի կարօտ մարդիկ են։ Ե՞րբ անօգնկանը դարձած է հանրային իրական կարեկցանքի առարկայ։
Յիշեցի Ակաթա Քրիսթիի ոստիկանական պատմուածքները։ Անոնց կեդրոնը ոճիրն է, որ վառ կը մնայ ամբողջ տեւողութեան` ոճրագործի անձի յայտնաբերումի գրաւիչ ակնկալիքով։ Կարդացողը ոչ մէկ համակեցային զգացում եւ կարեկցանք կ’ունենայ զոհին հանդէպ։ Ան մեծ բաւարարութիւն եւ հաճոյք կը զգայ ոճրագործին յայտնաբերութեամբ։ Ոճիրն է յափշտակիչը։
4) Էփսթէյնի հարցին քանի մը շաբաթ տեւած լրատուային բարձրաղմուկ ցուցադրամոլութենէն ետք, 28 Փետրուարին կը սկսի ամերիկեան-իսրայէլեան յարձակումը Իրանի վրայ, եւ մէկ օրէն միւսը կը մոռցուի Էփսթէյն, որուն փոխարինող գլխաւոր դէմքը կը դառնայ ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփ։ Թրամփ կը խօսի պատերազմի մասին, իբր բացատրութիւններ կու տայ, ամէն կարելի ու անկարելի բան կ’ըսէ, եւ ամէն մարդ կը սկսի պատմել նախագահին մասին, հասկցող-չհասկցող (մեծ մասամբ չհասկցող) կը մեկնաբանէ անոր ըսածները։ Լրատուամիջոցներուն հերոսն է ան։ Իսկ ո՞ւր ձգեցին Նեթանիահուն։ Ինչո՞ւ անոր չտուին նոյն փայլքը ինչ Թրամփը։
Կարեւորը։ Պատերազմ է, եւ պատերազմը առաւելութիւն մը ունի Էփսթէյնէն։ Պատերազմը կարելի է վերածել հոլիուուտեան հրաշալի պատկերի լրատուամիջոցներուն մէջ։ Եւ ահաւասիկ, կը ռմբակոծուինք պատերազմի հրաշալի պատկերագրութիւններով` հաշուարկուած անկիւններէ պատկերահանուած, մեծ վարպետութեամբ մոնթաժուած։ Պատերազմը` այդ ահռելի իրականութիւնը, մեզի` պատկերի սպառողներուս համար, կը դառնայ հաճելի ժամանց։ Անձի պաշտամունքը` մարմնաւորուած Թարմփի մէջ, եւ պատկերի գրաւչութիւնը` մարմնաւորուած պատերազմի մէջ, մեզի կը պարգեւեն հոգեկան ծոյլ
վայելքի եւ մտաւոր դատարկ զբօսանքի անփոխարինելի պահեր։ Եւ կը շարունակուի «շօ»-ն։ Կարեւորը`շարունակուի «շօ»-ն։
«Ջահակիր»

