Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթաժողովը, որ գումարուեցաւ Երեւանի մէջ, 4-5 Մայիսին, ներկայութեամբ աւելի քան 43 երկիրներու նախագահներուն ու վարչապետներուն, եզակի երեւոյթ մըն էր, որ մեր 44-օրեայ պատերազմի պարտութենէն ետք վեր բարձրացուց մեր վիրաւորուած արժանապատուութիւնը: Համաձայնութիւններ կնքուեցան ռազմական եւ տնտեսական ոլորտներու մէջ, Հայաստանը դարձնելու համար աւելի անխոցելի, աւելի բարգաւաճ եւ աւելի զարգացած: Երբեմնի մեր դարաւոր դաշնակից ու բարեկամ Ռուսիան դժգոհութեամբ դիտեց իր հարաւի դռան մօտ հաւաքուած Եւրոպան, որ Ուքրանիոյ Զելենսքին Երեւանի գագաթաժողովին հրաւիրելով՝ մատ ցոյց տուաւ Ռուսիոյ: Ռուսական թերթերը ասպարէզ կարդացին՝ սպառնալով, թէ Հայաստան Ուքրանիոյ ճակատագրին կրնայ ենթարկուիլ:
Հաւատալով, թէ հայուն բարեկամ ռուս ժողովուրդի նախկին ղեկավարութիւնը արցախեան ազատագրութեան մեր պայքարին ԼՌԵԼԵԱՅՆ նեցուկ կանգնելով մեծապէս սատարեց մեր յաղթանակներուն, սակայն խոստումնադրուժ եղաւ մեզի փութինեան ներկայ ղեկավարութիւնը: Հայաստանին սպառնացող այդ ռուսերը չե՞ն ամչնար իրենց երկրին ցուցաբերած խայտառակ զինակցութեան համար, երբ մեր վստահութեան տաճարները խորտակուեցան իրենց անտարբերութեան առջեւ ու այդ զինակցութեան նկատմամբ մեր միամիտ, կոյր հաւատքը պատճառ դարձաւ, որ մենք կորսնցնենք 44-օրեայ պատերազմն ու Արցախը ամբողջութեամբ: Անոնց հետ չե՞ն ամչնար Ռուսիոյ փէշին տակ ծուարած ընդդիմադիր կոչուող այն հայ ուժերը, որոնք ռուսին մեզի պատճառած պարտութիւններէն ետք տակաւին հիւսիսի արջի թաթին տակ կ’ուզեն ըլլալ: Արածը կ’ըսէ, թէ նոյնիսկ էշը իր ինկած փոսին մէջ մէյ մըն ալ չ’իյնար:
Արեւմուտքէն անցեալին դառնութիւն ճաշակած եւ Արեւելքէն ալ ներկայիս դաւադրութիւն ճանչցած մեր ժողովուրդը կասկածամտութեամբ կը դիտէ իր շուրջ պատահող զարգացումները: Վարչապետ Փաշինեանի «եղբայրակցութիւնը» Ամերիկայի անհաւասարակշիռ եւ արկածախնդիր նկատուող նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ մտահոգիչ կրնայ ըլլալ, եւ անոր սիրաբանութիւնը Ֆրանսայի հայասէր, բայց նոյնքան ուքրանասէր նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ ալ կրնայ Ռուսիոյ զայրոյթը գրգռել: Մինչեւ հիմա խոհեմ քաղաքականութիւն վարեց ներկայ իշխանութիւնը՝ Արեւմուտքի եւ Արեւելքի հետ հաւասարակշիռ կապեր պահելով: Ռուսիոյ հայատեաց մարդիկը վերջերս խօսեցան՝ ըսելով, թէ Հայաստան չէր կրնար երկու աթոռի վրայ նստիլ …. եւ սպառնացին Հայաստանը զրկել ԵԱՏՄ-ի (Եւրասիական տնտեսական միութեան) անդամակցութենէն՝ վնասելու համար անոր դէպի Ռուսիա արտածուող տնտեսութեան:
7 Յունիսին տեղի պիտի ունենան երեսփոխանական ընտրութիւնները, որոնց արդիւնքը խիստ կարեւոր է Հայաստանի քաղաքական ապագան ճշդելու համար: Ռուսամէտներու ներկայացուցիները՝ «Ուժեղ Հայաստան»-ը եւ «Հայաստան» դաշինքը, տնտեսապէս աւելի զօրաւոր են, քան՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, լծուած են ամէն գնով տիրանալու իշխանութեան՝ «խելքի չպառկող» ծրագրեր ներկայացնելով, որոնք զգացումներ կը բոցավառեն ու միտքեր կը տանջեն՝ տոնքիշոթեան (Don Quichotte) խաբեբայատիպ եւ անգործնական խոստումներ տալով: Ներկայ իշխանութիւնն ալ ամէն գնով կ’ուզէ մեծամասնութիւն ապահովել, որպէսզի Եւրոպայէն (ու մանաւանդ Ֆրանսայէն) ստացած դրական ձեռքբերումները գործադրութեան դնելով Հայաստանը դարձնէ աւելի անխոցելի, աւելի բարգաւաճ եւ աւելի զարգացած: Ընդդիմադիրները կ’ուզեն շահագործել սփիւռքահայ կարգ մը ուժերը, որոնք իրենց կարգին կը շահագործեն պետութիւն-եկեղեցի առճակատումը եւ պատմական Հայաստանի ու Իրական Հայաստանի միջեւ ճեղք բացող փաշինեանական հասկացութիւնը:
Եւրոպան Հայաստան բերող Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի սերտ կապերը վարչապետ Փաշինեանի հետ կը բխին ֆրանսահայութեան իմաստուն եւ զօրաւոր ներկայութենէն ֆրանսական քաղաքական կեանքին մէջ: Ֆրանսայի մէջ հայկական «լոպպի»-ն մեզի կը յիշեցնէ հրէական «լոպպի»-ին ազդեցութիւնը Ամերիկայի մէջ: Մեր շքեղ Կիլիկիան ատենօք թուրքին յանձնող Ֆրանսան ձեւով մը կը հատուցանէ իր պարտքը հայութեան՝ ըլլալով մեր կողքին այսօր, Հայաստանի ընծայելով իր գիտական ու ռազմական աջակցութիւնը բոլոր բնագաւառներէ ներս: Ամերիկայի նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընէն ետք (Ամերիկայի նախագահ 1913–1921) հայութիւնը չէ ունեցած իրեն այսքան սերտ եւ նեցուկ կանգնած արեւմտեան երկրի նախագահ մը Էմանուէլ Մաքրոնի պէս: Թէ՛ Շարլ Ազնաւուրի եւ թէ՛ ալ Միսաք Մանուշեանի տրուած պետական մակարդակով մեծարումները Ֆրանսայի մէջ եղան Էմանուէլ Մաքրոնի նախագահութեան շրջանին:
Փաշինեանի եւ Մաքրոնի գիրկընդխառնումներուն ընդմէջէն կարելի է տեսնել Հայաստանը Եւրոպայով աւելի զարգացած, աւելի բարգաւաճած եւ աւելի ամրացած ու հարստացած:

