Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Բանաստեղծ, Գրող, Ֆրանսայի Ազգային Հերոս, Նահատակ Միսաք Մանուշեան (1906-1944)

Աւետիս Ռազմիկ (Երեւան)

May 14, 2026
in Յօդուածներ
0
Բանաստեղծ, Գրող, Ֆրանսայի Ազգային Հերոս, Նահատակ Միսաք Մանուշեան (1906-1944)

Միսաք Մանուշեան ծնունդն է Ատըեաման քաղաքին, 1906 Սեպտեմբեր մէկին: Բազմազաւակ ընտանիքի որդի՝ իր մանկութեան առաջին տարիները կ’անցընէ Եփրատ գետի ափին: Սակայն, թրքական եաթաղանը, սրածելով այդ քաղաքին հայութիւնը եւս, անոր հայրը զոհ կ’երթայ ցեղասպանութեան. հայրը կ’իյնար զէն ի ձեռին՝ դիմադրական պայքարի ընթացքին: Անկէ ետք, փոքրիկն Միսաք, իր ընտանիքին միւս անդամներով, կը կիսէ ահազարհուր ճակատագիրը հայ ժողովուրդի տարբեր հատուածներուն հետ: Եւ ինք, մոլորած խլեակ մը որպէս, կը հասնի սուրիական անապատներ: Փրկուելով անապատի տօթ ու տապէն, զատուելով ընտանիքին միւս անդամներէն, իր երէց եղբօր՝ Կարապետին հետ կը փոխադրուի Լիբանանի Ճիւնի քաղաքին որբանոցը, ուր կը մէկտեղուէին որբացած փոքրիկ բեկորները տարագրուած հայութեան: Այս մասին ան պիտի գրէր՝

Ետին եմ թողած բնութեան մէջ սնած մանկութիւնս արեւ

     Եւ թշուառութեամբ, զրկանքով հիւսուած որբութիւնն իմ սեւ.

     Դեռ պատանի մ’եմ թուղթի եւ գրքի երազէն գինով

    Կ’երթամ հասուննալ գիտակցութեան ու կեանքի վաստակով:

Որբանոցային կեանքը դառն յիշատակներ կը թողու բնականաբար: Որբանոցին մէջ լոյս կ’ընծայուէր «Այգ» անունով երկշաբաթաթերթ մը, որուն գողտրիկ բանաստեղծութիւններով կ’աշխատակցին Կարապետ եւ Միսաք եղբայրները: Ուրեմն՝ ժառանգականօրէն, անոնք ունէին բանաստեղծական հակումներ:

Արդէն երիտասարդութեան սեմին՝ որբանոցի բազմաթիւ սաներուն հետ, Մանուշեաններ կը տեղափոխուին Ֆրանսա, նախ Մարսէյլ եւ ապա Փարիզ՝ 1925 թուականի վերջին: Հոն կը կը դառնայ բանուոր զանազան գործարաններու մէջ: Ականատես կ’ըլլայ վաշխառուներու կողմէ բանուորներու դաժան շահագործման: Վաղահասօրէն կը կորսնցնէ եղբայրը՝ Կարապետը, որ հոգեպէս ծանր կ’ազդէ իր վրան: Քիչ ետք, կը դառնայ գործազուրկ եւ ինքզինք կը նուիրէ ինքնաշխատութեան, ընթերցանութեան եւ ապա ազգային-հասարակական կեանքի: Կը յաճախէ գրադարաններ եւ հոն կը ծանօթանայ ֆրանսահայ երիտասարդ բանաստեղծ Ա. Սեմայի հետ, որուն իսկական անունը Գեղամ Աթմաճեան էր, որ 1940 թուականի Մայիսին, Մանուշեանէն առաջ, պիտի նահատակուէր նացիստական Գերմանիոյ դէմ պատերազմի ընթացքին, երբ կը ծառայէր ֆրանսական բանակի տասնապետ որպէս: Մանուշեան եւ Սեմա կը նախաձեռնեն եւ կը հիմնադրեն Ֆրանսահայ Նորագոյն Գրողներու Միութիւնը եւ կը հրատարակեն «Ջանք» թերթը: Այդ թերթին էջերէն լոյս կը տեսնեն Մանուշեանի շարք մը բանաստեղծութիւնները:

1933-ի ձմրան օր մը, բախտորոշ կ’ըլլայ Միսաքի համար: Ան կը գտնուէր պարահանդէսի մը, կազմակերպութեամբ Հայ Օգնութեան Կոմիտէի (ՀՕԿ): Այս կազմակերպութիւնը Խորհրդային Հայաստանի նեցուկ կանգնող համասփիւռքեան ընդարձակ շարժում մըն էր: Պարահանդէսին, «վալս» պարելու կը հրաւիրէ Մելինէին: Երկուքն ալ ՀՕԿ-ի երիտասարդ անդամներ էին: Եւ ահա, կը սկսի սիրոյ օրինակելի պատմութիւն մը, որ պիտի տեւէր ցկեանս՝ մինչեւ իրենց մեծաշուք ու հանդիսաւոր վերայուղարկաւորումը, 21 Փետրուար 2024-ին, Փարիզ: Մելինէ եւս որբուհի մըն էր, Յունաստանի որբանոցէն Փարիզ հաստատուած: Երկու բախտակից, գաղափարակից, կուսակից, մարտակից սիրտեր անքակտելիօրէն պիտի միանային եւ միասնաբար պիտի պայքարէին գերմանական զաւթիչ ուժերուն դէմ՝ սրտառուչ դրուագներ պարգեւելով յետնորդ սերունդներուն:

Մանուշեաններ, ուսընդուս, հետզհետէ, կը ներգրաւուին հասարակական պայքարի մէջ: Միսաք 1935-ին կը հիմնէ եւ կը խմբագրէ «Զանգու» շաբաթաթերթը, ուր կը հրապարակէ յանդուգն յօդուածներ ի նպաստ բանուորական պայքարին, հաւասարութեան, կը քննադատէ ֆաշիզմն ու դրամատիրութեան անողոք կարգերը: Թերթը լոյս կը տեսնէ մինչեւ 1938 թուական: Ան կը դառնայ ՀՕԿ-ի քարտուղար, կը մասնակցի համագումարներու, աչքի կը զարնէ իր յախուռն ելոյթներով, կը շահի համակրական լայն շրջանակ:

1939-ին արդէն նախանշանները կային Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին: Բնականաբար, նացիստական Գերմանիան լայնածիր յարձակում պիտի կատարէր Ֆրանսայի դէմ: Եւ ահա գերմանամէտ ֆրանսական կառավարութիւնը կը սկսի ձերբակալել կասկածելի յեղափոխականներ, որոնց շարքին՝ Միսաք Մանուշեանը: Ան կը բանտարկուի Սանտի բանտը: Քանի մը ամիս ետք, զօրակոչուելու պատրուակով ազատ կ’արձակուի եւ կը մեկնի ռազմաճակատ: Գերմաններ կը գրաւեն Փարիզը եւ կ’ուղղուին դէպի հարաւ: Մանուշեան կը զօրացրուի եւ կը վերադառնայ Փարիզ: Դարձեալ կասկածի ենթարկուելով կը ձերբակալուի եւ կը նետուի Կոմպիէնի տխրահռչակ ճամպարը: Հոնկէ խումբ մը ընկերներով կը յաջողի փախչիլ: Կը վերադառնայ Փարիզ, ուր չհանդուրժելով նացիներու լպիրշ ու սանձարձակ ներկայութիւնը, կը սկսի ծաւալել ընդյատակեայ գործունէութիւն՝ թիրախաւորելով գերմանացի զաւթիչ զինուորներ, բարձրաստիճան զինուորականներ, ռազմական նշանակութիւն ունեցող կառոյցներ: 1942-ին ան կը դառնայ Ֆրանսայի դիմադրական շարժման հայկական ջոկատին ղեկավարը, աւելի ուշ՝ ներգաղթողներէ բաղկացած ընդյատակեայ խումբին հրամանատարը: Իրենք ազատ հրձիգներ էին, որ անակնկալ գրոհներով, անսպասելի պահերու, կը յարձակէին թշնամի ուժերու վրայ՝ հնձելով անհաշուելի զոհեր: Երկար է ցանկը Մանուշեանի խումբին հերոսական ու մարտական գործողութիւններուն: Գլխաւոր նշաւակները եղան գերման զօրավարներ Ռիթեր եւ Շաումպերկ: Փաստօրէն այս խումբը, ուրուականի նման, ահ ու սարսափ կ’ազդէր բռնագրաւիչներուն: Այդ պատճառով, անոնք ամէն միջոցի ձեռնարկեցին բացայայտելու խումբին ղեկավարն ու անձնդիր անդամները: Այս խումբը կը կոչուէր Ստալինկրատ: Նշենք, որ այս խումբը ունէր նաեւ իգական սեռին պատկանող օժանդակ օրիորդներ եւ տիկիններ, որուն կարկառուն դէմքերէն էր Մելինէ Մանուշեան: Ան ուղղակի կապի մէջ էր Շարլ Ազնաւուրի մօր հետ, որ նոյնպէս իր գործօն դերակատարութիւնը ունէր ֆրանսական դիմադրական շարժման: Մելինէ եւ իր գաղափարակիցները զէնք կը հայթայթէին, միջոցներ կ’ապահովէին դիմադրութեան մարտիկներուն:

Ֆաշիստ գերմաններու երկարատեւ մղձաւանջը վերջ գտաւ 16 Նոյեմբեր 1943-ին, երբ մատնութեան մը հետեւանքով, ֆաշիստական Կէսթափոն ձեռք ձգեց իր ամենաբաղձացուած որսը՝ Մանուշեանն ու իր խմբակը՝ քսաներկու անդամներէ բաղկացած: Անոնք կը նետուին Ֆրէն բանտին նկուղները՝ կրելով ամենածանր տառապանքները՝ ծեծ, ծաղր ու ծանակ, հայհոյանք. երեք ամսուան ընթացքին կը հիւծին քսաներեք անվեհեր մարտիկները: Մինչ գերմանամէտ տարրեր ու թերթեր կը ցնծան իրենց զոհերուն ի տես, անդին հակաֆաշիստ խումբեր կ’ոգեւորուին պայքարի նոր ոգիով: Հերոսացած էին Մանուշեանն ու իր խումբին քաջերը: Անոնք տարբեր ազգի կը պատկանէին՝ ֆրանսացի, իտալացի, հրեայ, հունգարացի, լեհ, նաեւ ուրիշ հայ մը՝ Արփեն Դաւիթեան: 21 Փետրուար 1944-ին, Փարիզի ռազմական դատարանը կ’արձակէ անխուսափելի վճիռը՝ գնդակահարութիւն քսաներեք մարտիկներուն, ցանկը կը գլխաւորէր Միսաք Մանուշեան: Այսպիսով իր լրումին կը հասնէր ոդիսականը այս որբացած հայուն, վրիժառուին, բանաստեղծին, գաղափարի զինուորին, հաւատաւոր հայրենասէրին: Ան կ’իյնար յանուն Ֆրանսայի ազատութեան:

Միսաք Մանուշեանի վերջին կտակը պէտք է համարել բանտախուցէն իր յղած նամակը իր տիկնոջ՝ Մելինէին: Այդ գրուած է իր նահատակութենէն քիչ առաջ: Սա կարելի է սեպել նմուշ մը սիրոյ բուռն արտայայտութեան, միջազգային չափանիշի գեղարուեստական կտոր մը. ան կը գրէ՝ «Իմ ամենասիրելի որբուկս: Մի քանի ժամէն յետոյ այլեւս պիտի չըլլամ այս աշխարհի վրայ», ապա՝ «Քիչ յետոյ, իմ քսաներկու ընկերներուս հետ, ես կը մեռնիմ քաջութեամբ եւ հոգեկան անդորրութեամբ մարդու մը, որու խիղճը շատ հանգիստ է, որովհետեւ ես անձամբ ոչ ոքի վնաս չեմ հասցուցած: Այսօր արեւոտ օր է. արեւին եւ իմ այնքան սիրած գեղեցիկ բնութեանը նայելով է, որ մնաք բարով կ’ըսեմ կեանքին եւ ձեզ բոլորիդ» եւ կ’եզրակացնէ՝ «շատ ուժով կը համբուրեմ քեզ, կրծքիս վրայ կը սեղմեմ բոլորիդ: Մնաք բարով: Քո բարեկամ, քո ընկեր, քո ամուսին»: Ան Մելինէին կը յանձնարարէ վերամուսնանալ, զաւակ ունենալ իր պատուին եւ երթալ ու հաստատուիլ Խ. Հայաստան: Ի հարկէ, Մելինէն չամուսնացաւ: Բայց գնաց Հայաստան, ապրեցաւ հոն եւ աւելի ուշ վերադարձաւ Ֆրանսա: Հետաքրքրական է յիշել, որ երբ Փարիզի մէջ տեղի կ’ունենար 24 Սեպտեմբեր 1981-ին, Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակին (ԱՍԱԼԱ) կազմակերպած Վան գործողութեան մարտախումբին դատավարութիւնը, Մելինէ Մանուշեան դատարան կը ներկայանար որպէս ականատես մը Հայոց ցեղասպանութեան, վերապրող մը թրքական եաթաղանէն:

1955-ին, ֆրանսացի ականաւոր բանաստեղծ եւ քաղաքական գործիչ Լուի Արակոն, Մանուշեանի խումբին կը նուիրէր բանաստեղծութիւն մը, որ լայն տարածում գտաւ ժողովուրդին մէջ: Հոն կը կարդանք՝

    Մահուան վերջին շնչում ո՛չ փառք պահանջեցիք,

    Ո՛չ արցունք ու աղօթք, ո՛չ երգեհոն՝ երգով:

    Տասնմէկ տարի անցաւ, արագ ու վաղանցիկ,

    Երբ դուք կռւում էք ձեր հասարակ զէնքով,

    Հեռացնելով աչքից մահուան խաւարն անծիր:

 

Ձեր պատկերներն էին փակցրել պատերին մեր,

    Մօրուքներով սեւցա՛ծ, ազդո՛ւ, սպառնական,

    Արեան բծեր էին պլակատները ձեր,

    Ծանր էր անուններդ արտասանելն անգամ,

    Եւ ամէն ոք ձեզնից պիտի ահաբեկուէր:

 

    Քսաներեք էին՝ հրացանների դիմաց,

    Քսաներեք հոգի՝ անժամանակ մարող,

    Քսաներեք օտար՝ մեզ հետ եղբայրացած,

    Եւ նրանք էլ, կեանքը մեռնելու չափ սիրող,

    «Կեցցէ՛ Ֆրանսա» էին գոչում՝ ընկնելով ցած:

Ֆրանսական կառավարութիւնը յետմահու Մանուշեանը կը պարգեւատրէ «Պատուոյ Լեգէոն» շքանշանով. զինք կը կոչէ ազգային հերոս. Փարիզի մէջ փողոց կայ Մանուշեանի խումբին անունով, պուրակ մը Մարսէյլի մէջ, կիսանդրիները՝ քանի մը տեղ: Երեւանի մէջ դպրոց մը կը կոչուի Միսաք Մանուշեան, պուրակ մը իր անուամբ: Իր մասին գրուած են բազմաթիւ գիրքեր:

Այժմ երկու հարց.- արդեօ՞ք Մանուշեան մարտնչեցաւ միայն Ֆրանսայի ազատութեան համար: Այն Ֆրանսային՝ որուն քաղաքականութեան հետեւանքով Կիլիկիան դրուեցաւ զոհասեղանին`1920-ին, Կիլիկիան կորսնցուցինք ֆրանսական խոստումներէն ետք՝ 1922-ին, որուն զոհերուն զաւակներն ենք մենք բոլորս: Այն Ֆրանսային, որ 1938-ին Իսկէնտէրունի նահանգը, Սուրիայէն պոկելով, յանձնեց Թուրքիոյ, որուն պատճառով դատարկուեցան եւ հայաթափուեցան Մուսա Լերան հայաբնակ գիւղերը, Իսկէնտէրունի, Անտիոքի, Քըրքխանի, Պէյլանի հայաշատ վայրերը: Ո՛չ, Մանուշեան մարտնչեցաւ ֆաշիզմին դէմ, քանզի եթէ ֆաշիզմը յաջողէր նուաճել Կովկասը՝ լրջօրէն պիտի սպառնար Խ. Հայաստանի գոյութեան: Մանուշեան կռուեցաւ յանուն հեռաւոր հայրենիքին անվտանգութեան: Նաեւ՝ ֆաշիզմին դէմ պայքարող ֆրանսահայ, ամերիկահայ կամ Խորհրդային միութեան հայ զինուորները խորքին մէջ կը կռուէին վրիժառութեան ոգիով առլցուն, քանզի քաջ գիտէին թէ Հայկական ցեղասպանութեան ետին կար Գերմանիան: Իթթիհատ կուսակցութիւնը ունէր նեցուկն ու օրհնութիւնը գերմանական զօրքին՝ երբ կը կոտորէր հայութիւնը սանձարձակօրէն: Աւելին՝ գերմանացի զինուորներ աշխուժօրէն մասնակցեցան տարբեր վայրերու հայաջնջման՝ ինչպէս Ուրֆա, Վան եւ այլուր:

Երկրորդ՝ Մանուշեան քէն չպահեց երկդիմի եւ խոստումնադրուժ Ֆրանսայի հանդէպ: Ան երախտագէտ էր այդ երկրին՝ որովհետեւ բնակիչն էր անոր, գտած էր ապաստան ու երդիք: Արդարեւ, հայը ուր ալ գտնուի, որպէս շնորհակալութեան դրսեւորում, պարտաւոր է ապրիլ տուեալ երկրին ցաւերով ու պայքարով:

Յարգանք՝ Միսաք Մանուշեանի անթառամ յիշատակին:

Share62Tweet39
Previous Post

«Արարատ»-ի Հանդիպումը Դոկտ. Երուանդ Քասունիի Հետ

Next Post

Եւրոպան Հայաստանի Մէջ

Next Post
Եւրոպան Հայաստանի Մէջ

Եւրոպան Հայաստանի Մէջ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.