Բաւական երկար ժամանակէ իվեր կը ծրագրէինք հանդիպիլ մեր գաղութի երիցագոյն մտաւորականներէն դոկտ. Երուանդ Քասունիի, որ ծանօթ ու պատկառելի անուն մըն է լայն շրջանակներու համար։
Այդ բաղձալի մէկտեղումը վերջապէս իրականացաւ անցեալ Հինգշաբթի։ Մեր հասարակաց բարեկամ Կարօ Աբրահամեանի ուղեկցութեամբ այցելութիւն մը տուինք Հայ Աւետարանական համայնքի կեդրոնը, ուր երկա՜ր տարիներէ իվեր իր յատուկ աշխատասենեակն ու աշխատասեղանը ունի դոկտ. Քասունին։
Պէտք է տեսնել զինք գիրքերու բարձրադիր դէզերուն ու թուղթերու տրցակներուն ետին` համոզուելու համար այն մեծ ճիգին ու նուիրումին, որ հայագիտութեան մարզէն ներս օրն ի բուն ի գործ կը դնէ ան, ահա արդէն 65 տարիէ իվեր…։
Այո՛, դոկտ. Քասունի լիբանանահայ մեր գաղութին երիցագոյն հայագէտն է անկասկած։ Եւ ամէնէն տոկո՛ւն հայագէտներէն մին։ Մենք իր անունը անխզելիօրէն կը կապենք Հայկազեան համալսարանին (նախապէս` գոլէճ), որուն հայագիտական ամպիոնին ծառայեց ան երկա՜ր տարիներ, 1970-ին հիմնելով ու տասնամեակ մը շարունակ ձեռնհասօրէն խմբագրելով «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի բովանդակալից հատորները։ Դեռ անկէ առաջ ալ, չենք մոռնար որ ան մաս կազմած էր Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք» շաբաթաթերթի խմբագրութեան։
Իր ուսուցչագործութիւնը լիբանանահայ մեր վարժարաններէն ներս (23 տարեկանէն սկսեալ…) դափնեպսակ մը կը հիւսէ իր ճակտին։ Իսկ խմբագրական իր վաստակը, գո՛նէ առանձնացնելով համայնքապատկան «Ջանասէր» ու «Պատանեկան Արձագանգ» զոյգ ամսագրերը (1991-2007), իւրայատուկ տեղ մը կը բանան իրեն` լիբանանահայ մամուլի մօտիկ անցեալի շէնշող պատմութեան մէջ։
Յիշեցինք այս բոլորը` երբ դէմ-դիմաց նստանք պրն. Քասունիի հետ։ Անշուշտ ալեւորած է ան, շուրջ ինը տասնամեակներու բեռը իր ուսին…։ Սակայն կայտառ ու ակներեւօրէն արթուն գտանք զինք` իր գաղափարներուն, դիպուկ վերլուծումներուն եւ առողջ դատումներուն մէջ։ Խօսեցանք, զրուցեցինք Սփիւռքը կրծող երեւոյթներու մասին, մտահոգութիւններ բաժնեցինք Հայաստանի ներքին վատառողջ իրավիճակին ու ժողովուրդը երկփեղկումի տանող քաղաքական հակադրութիւններուն մասին…։
Թէեւ Հալէպի ծնունդ է մեր յարգելի բարեկամը, սակայն անոր բանասիրական ու հայագիտական ամբողջ աւանդը պտղաբերած է Լիբանանի մէջ։ Եւ ան շա՛տ կը սիրէ Մայրիներու Երկիրը ու աղօթող մըն է անոր խաղաղութեան ու բարօրութեան համար։
Բաժնուեցանք դոկտ. Քասունիէն խորունկ տպաւորութեամբ։
Ինք նահապետ մըն է մեր գաղութին մէջ, ու մենք իր անձին մէջ կը տեսնենք ոչ միայն հայագիր հայագիտութեան անխոնջ մշակ մը, այլեւ լիբանանահայ գաղութի վերջին 70 տարիներու աշխոյժ դերակատարն ու վկան։

