Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 14 Մայիս 2026

May 14, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 14 Մայիս 2026

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԻՍՐԱՅԷԼ-ԼԻԲԱՆԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլի շարունակական ռմբակոծումներու եւ ներխուժումներու լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք լիբանանեւիսրայէլեան բանակցութիւններու նոր փուլի սպասման սեմին, հաւաստի աղբիւրներ յայտնած են, որ «հարաւի մէջ տեղի ունեցողը այլեւս սահմանափակ բախում չէ, այլ վերածուած է քաղաքական եւ անվտանգութեան փորձութեան, որ կը բանայ բազմաթիւ հնարաւորութիւններ՝ սկսած Լիթանի գետի հարաւը նոր անվտանգութեան կարգաւորումներու պարտադրումէն մինչեւ Լիբանանին այնպիսի համաձայնութիւններու մղելու փորձեր, որոնք կը գերազանցեն 2006 թուականէն ի վեր սահմանները կարգաւորող աւանդական կանոնները։ Միւս կողմէ, Լիբանան կը գիտակցի, որ ռազմական ճնշման ներքոյ տեղի ունեցող որեւէ բանակցութիւն իր հետ պիտի բերէ չափազանց զգայուն քաղաքական վիճակ եւ ինքնիշխանութեան»։

Ըստ լրատուական տեղեկութիւններուն, իշխանութեան յենասիւներէն միայն նախագահ Ժոզէֆ Աուն կը հետեւի Իսրայէլ թշնամիի հետ ուղիղ բանակցութիւններու գործի մանրամասնութիւններուն: Կառավարութեան պալատէն ստացուած տեղեկատուութիւնը կը հաստատէ, որ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Աունէն միայն հիմնական կէտերու մասին կը տեղեկանայ, եւ ան իր այցելուներուն կը կրկնէ, որ գործը հանրապետութեան նախագահին ձեռքն է առաջին օրէն, եւ ան իր դիտարկումները փոխանցած է միայն դեսպան Սիմոն Քարամին՝ մինչեւ անոր ամերիկեան մայրաքաղաք մեկնիլը:

Ան ընդգծեց, որ զուգահեռաբար Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպանատունը, ենթադրաբար, աւարտած է թղթածրարը, որ Քարամ եւ լիբանանեան պատուիրակութիւնը պիտի տանին բանակցութիւններուն: Այս թղթածրարը կը ներառէ Լիբանանի մէջ Իսրայէլի կողմէ կատարուած խախտումներու վերաբերեալ փաստաթուղթեր, բռնագրաւեալ տարածքները ցոյց տուող քարտէսներ, քանդումի եւ աւերումի գործողութիւններ, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական բնակչութեան շրջանակի մէջ զոհերու թիւի վերաբերեալ տուեալներ: Աղբիւրները նաեւ բացայայտած են, որ Քարամ խնդրած է Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա Մուատին զերծ մնալ բանակցութիւններու ընթացքին միջամտելէ եւ իր դերը սահմանափակել լսելով եւ հետեւողութեամբ:

 

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆՈՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ռազմական փորձագէտները կը կարծեն, թէ հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլի գործողութիւններու սրումը կ’արտացոլացնէ դաշտային ռազմավարութեան արմատական ​​փոփոխութիւն, որովհետեւ իսրայէլեան բանակը Հըզպալլայի կազմալուծման ուղղուած աւանդական ռազմական բախումէն անցած է անոր աջակցող «միջավայրի կազմալուծման» ռազմավարութեան։

Մասնագէտները կը բացատրեն, որ այս մարտավարութիւնը հիմնուած է աշխարհագրական տարածքները «աստիճանաբար կտրելու» եւ զանոնք անմարդաբնակ գօտիներու վերածելու քաղաքականութեան վրայ՝ զուգահեռաբար աշխատելով խաթարել Հըզպալլայի ռազմական ենթակառուցուածքները եւ ստեղծել նոր անվտանգութեան իրականութիւն, որ կը գերազանցէ պարզապէս զինուած հակամարտութիւնը։Փորձագէտներու կարծիքով, Իսրայէլ պիտի չի հեռանայ հարաւային Լիբանանէն մինչեւ իր նպատակներուն հասնիլը, նոյնիսկ Իրանի հետ համաձայնագրի շրջագիծին մէջ: Ասիկա արդէն կը հարթէ ճանապարհը, որպէսզի Լիբանանի պետութիւնը եւ բանակը ստանձնեն քաղաքական և անվտանգութեան դերը հարաւի մէջ՝ չյայտարարուած յետպատերազմեան ուղիով, որուն ամենակարեւոր կողմը Հըզպալլայի ռազմական կարգավիճակի վերացումն է:Լիբանանի հարցը Իրանէն առանձնացնելու համար Իսրայէլ կը պնդէ ռազմական գործողութիւնները շարունակել բանակցութիւններուն զուգահեռ, ճակատամարտի մը մէջ, որ կրնայ երկարաձգուիլ՝ ձեւաւորելու համար Իսրայէլի անվտանգութիւնը լիովին երաշխաւորող ապահովան եւ քաղաքական իրականութիւնը։

 

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՕԴԱՅԻՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐ

Իսրայէլեան օդանաւերը երէկ իրերայաջորդ յարձակումներ գործեցին Պէյրութի հարաւը գտնուող Ժիէի մայրուղիին վրայ, թիրախաւորելով ինքնաշարժ մը:

Ապա օդային երկրորդ յարձակում մը կատարեց Պարժայի մուտքին: Իսկ իսրայէլեան անօդաչու սարք մը Սաատիէթի ճամբուն վրայ երկու հրթիռներով հարուածեց ինքնաշարժ մը:

 

ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈ՞ՒՄ

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ իրենք անկասկած պիտի շարունակեն արդիականացնել եւ զարգացնել իրենց ռազմավարական հիւլէական ուժերը՝ ստեղծելով մարտական ​​հզօրութեամբ հրթիռային համակարգեր, որոնք կրնան թափանցել բոլոր ներկայ եւ ապագայ հրթիռային պաշտպանութեան համակարգերը։

Մոսկուայի ջերմագործարան այցելութեան ժամանակ, Փութին աշխատակիցները պարգեւատրեց «Աշխատանքի քաջարի շքանշանով»: Ան նշեց, որ անոնց կողմէ մշակուած շարժական մարտական ​​համակարգերը, որոնք յագեցած են ոչ-միջուկային բալիստիկ հրթիռներով, նոյնպէս կը կատարեն իրենց մարտական ​​խնդիրները։ Ան նաեւ ընդգծեց, որ այդ համակարգերը արդիւնաւէտօրէն օգտագործուած են մարտական ​​պայմաններուն ընթացքին՝ Ուքրանիոյ մէջ յատուկ ռազմական գործողութեան ժամանակ։

 

ՄՕՏ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՔԱՐԻՒՂԻ ՏԱԳՆԱՊ

Միջազգային քարիւղային գործակալութիւնը զգուշացուց, որ աշխարհը կը սպառէ իր պահեստի պաշարները Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմի պատճառով, որ կը սահմանափակէ Պարսից ծոցէն մատակարարումները։Քարիւղի շուկային վերաբերեալ իր ամսական զեկոյցին մէջ գործակալութիւնը նշած է, որ Մերձաւոր Արեւելքի պատերազմը սկսելէն աւելի քան տասը շաբաթ անց Հորմուզի նեղուցով մատակարարման խափանումներու աճը մրցանշային կռոյթներով կը սպառէ քարիւղի համաշխարհային պաշարները։

 

ԹՐԱՄՓ ՓԵՔԻՆԻ ՄԷՋ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի մեկնեցաւ Փեքին՝ իր չինացի գործընկեր Սի Ցզինպինի հետ վեհաժողովէն առաջ, ուր պիտի քննարկեն շարք մը մարտահրաւէրներ՝ միջազգային առեւտուրէն եւ Իրանի հետ հնարաւոր հակամարտութենէն մինչեւ Թայուանի հարցը։ Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահի առաջին այցն է Չինաստան, Թրամփի 2017 թուականի Նոյեմբերին՝ իր առաջին ժամկէտի ընթացքին կատարած այցելութենէն ի վեր։

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ’ՈՂՋՈՒՆԷ ԵՐԿԿՈՂՄ ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ԱՐԳԵԼՔՆԵՐԸ ՎԵՐԱՑՆԵԼՈՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան մամուլի խօսնակը անդրադարձած է Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի հետ երկկողմ առեւտուր իրականացնելու արգելքներու վերացման։

«Ողջունում ենք Հայաստանի հետ երկկողմ առեւտուր իրականացնելու արգելքները վերացնելու վերաբերեալ Թուրքիայի որոշումը, որը Հայաստանի եւ Թուրքիայի յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացի հերթական արդիւնքն է:

«Այդ որոշումը էական է երկու երկրների միջեւ առեւտրի եւ գործարար շրջանակների միջեւ կապերի ընդլայնման, տարածաշրջանում տնտեսական կապակցուածութիւնը խթանելու եւ խաղաղութեան ու բարեկեցութեան ապահովման տեսանկիւնից: Ընդգծենք, որ սա կարեւոր քայլ է երկու երկրների միջեւ լիարժէք ու բնականոն յարաբերութիւնների զարգացման ուղղութեամբ, ինչը կարող է իր տրամաբանական շարունակութիւնը ստանալ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման ու դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատման միջոցով»,- կ’ըսուի գրառման մէջ:

Աւելի վաղ, Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն յայտարարած էր, որ Հայաստանի հետ ուղիղ առեւտրային յարաբերութիւններու մեկնարկի նախապատրաստական աշխատանքները աւարտած են 11 Մայիսին։

 

ՎԻԶԱՆԵՐՈՒ ԱԶԱՏԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ԶԵԿՈՅՑ

Եւրոպական Յանձնաժողովը Հայաստանին փոխանցած է Վիզաներու ազատականացման գործողութիւններու ծրագրի իրականացման յառաջընթացի առաջին զեկոյցը:

Ըստ Ներքին գործերու նախարարութեան հրապարակման՝ այն կ’արձանագրէ ՀՀ իշխանութիւններուն յստակ քաղաքական յանձնառութիւնը՝ իրականացնելու ԵՄ-ի հետ վիզաներու ազատականացմանն ուղղուած անհրաժեշտ բարեփոխումները։

Հայաստան-ԵՄ վիզաներու ազատականացման շուրջ երկխօսութիւնը մեկնարկած է 2024 թուականի Սեպտեմբերին, իսկ Գործողութիւններու ծրագիրը Հայաստանին փոխանցուած է 2025-ի Նոյեմբերին: Այն կը նախատեսէ 74 հենանիշի կատարում, որոնք կ’իրականացուին երկու փուլով՝ համապատասխան օրէնսդրական եւ քաղաքականութեան շրջանակի ձեւաւորում, անոնց գործնական իրականացման եւ կիրառութեան ապահովում։

Զեկոյցին մէջ մանրամասն ներկայացուած են Հայաստանի կողմէ չորս հիմնական ուղղութիւններով ձեռնարկուած նշանակալի քայլերն ու արձանագրած յառաջընթացը: Անոնք են՝ փաստաթուղթերու անվտանգութիւն, սահմաններու, գաղթի եւ ապաստանի կառավարում, հասարակական կարգ եւ անվտանգութիւն, Հիմնարար իրաւունքներ:

«Զեկոյցում ներկայացուած են նաեւ առաջարկութիւններ/յանձնարարականներ՝ ուղղորդելու Հայաստանին լրացնելու արձանագրուած բացերը: Ընդհանուր առմամբ, Յանձնաժողովը շեշտում է, որ բոլոր ոլորտներում անհրաժեշտ է ապահովել ընդունուած քաղաքականութիւնների եւ օրէնքների գործնական, հետեւողական եւ արդիւնքահեն իրականացումը»,- նշուած է ՆԳՆ յայտարարութեան մէջ։

Վիզաներու ազատականացման երկխօսութիւնը, ըստ զեկոյցին, պիտի շարունակուի այնքան ժամանակ, որքան անհրաժեշտ է սահմանուած բոլոր հենանիշերու լիարժէք կատարման ապահովման համար։ Յանձնաժողովը պիտի շարունակէ հետեւիլ Գործողութիւններու ծրագրով սահմանուած բոլոր հենանիշերու կատարման՝ ԵՄ անդամ երկիրներու փորձագէտներու աջակցութեամբ եւ այդ նպատակով յառաջիկային Հայաստանի մէջ պիտի կազմակերպուին լրացուցիչ գնահատման առաքելութիւններ։

 

TRIPP-Ի ՏԵՂԱՆՔԻ ՀԵՏԱԶՕՏՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿ

Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան ընդունած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարությեան «Համաշխարհային ենթակառուցուածքներու եւ ներդրումներու շուրջ գործակցութեան հիմնադրամի» պատուիրակմամբ Հայաստան ժամանած ամերիկեան AECOM ընկերութեան խումբը։

Ամերիկեան ընկերութեան ներկայացութիւնները Հայաստան եկած են՝ մեկնարկելու TRIPP-ի տեղանքի հետազօտման աշխատանքները:

Հանդիպման ընթացքին AECOM-ի ներկայացուցիչները փոխվարչապետին ներկայացուցած են մշակուելիք տեխնիկատնտեսական գնահատման շուրջ աշխատանքներու հիմնական ուղղութիւններն ու ակնկալուող արդիւնքները։

Մհեր Գրիգորեան կարեւորած է TRIPP-ի իրականացուող աշխատանքները՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման տեսանկիւնէն։ Ան ներկայացուցած է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հնարաւորութիւնները՝ շեշտելով Հայաստանի տարածքով բեռներու եւ միջոցներու տարանցման մեծ ներուժը:

Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան նախօրէին ընդունած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւնը: Անոնք քննարկած եւ համաձայնեցուցած էին TRIPP-ի իրականացման հետ կապուած գործառնական եւ իրաւական բնոյթի շարք մը հարցեր:

Share63Tweet40
Previous Post

Դաշտահանդէս Բանուորներու Համերաշխութեան Օրուայ Առիթով

Next Post

«Արարատ»-ի Հանդիպումը Դոկտ. Երուանդ Քասունիի Հետ

Next Post
«Արարատ»-ի Հանդիպումը Դոկտ. Երուանդ Քասունիի Հետ

«Արարատ»-ի Հանդիպումը Դոկտ. Երուանդ Քասունիի Հետ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.