Տնտեսական եւ կեանքի դժուարին պայմաններու մէջ, Հ.Մ.Մ. Անթիլիասի վարչութիւնը եւ ֆութպոլի դիւանը կազմակերպեցին դաշտահանդէս մը Հըրըշ դաշտային ճաշարանին մէջ։
Արդէն մինչեւ կէսօր 110-է աւելի հիւրեր ներկայ էին եւ ջերմ ու կենսախինդ մթնոլորտ մը սկսած էր տիրել։ Սեղանները կարգաւորուած էին խումբերով, իւրաքանչիւր սեղան ունէր իր բաժին խորովածի պատրաստութիւնը ստանձնած անձը, որուն շուրջ համախմբուած էին ընկերներն ու բարեկամները։

Այս գեղեցիկ առիթը նաեւ կը զուգադիպէր Հ.Մ.Մ. ակադեմիայի հիմնադրութեան հինգերորդ տարեդարձին։ Այդ առիթով, Հ.Մ.Մ.-ի պատանի մարզիկները հաւաքուեցան Հ.Մ.Մ.-ի զինանշանով զարդարուած կարկանդակի շուրջ եւ միասին երգեցին կազմակերպութեան յատուկ երգերէն ընտրանի մը՝ ստեղծելով յուզիչ եւ հպարտառիթ պահեր։
Կը շնորհաւորենք բոլոր այն ընկերները, որոնք նուիրումով եւ պատասխանատուութեամբ իրենց բաժինը բերին այս յաջող նախաձեռնութեան իրականացման։ Անոնց աշխատանքին արդիւնքն է, որ այս օրը վերածուեցաւ իսկական համերաշխութեան եւ Հ.Մ.Մ.-եան մեծ տօնի։

