Ցաւով լսեցինք Մարի Մինասեան-Ագըլեանի մահուան բօթը, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 7 Մայիս 2026-ին։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ յաջորդ օրը՝ Նոր Հաճընի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։
Հանգուցեալը այրին էր Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան երբեմնի ատենապետ, ողբացեալ ընկեր Վասիլ Ագըլեանի։
Մարի Ագըլեան քաջալեր հանդիսացած է հայկական միութիւններու գործունէութեան եւ յատկապէս Ս.Դ.Հ.Կ.-ի բոլոր կառոյցներուն, իր կողակիցին հետ մշտական ներկայութեամբ եւ նիւթական աջակցութեամբ։ Ան չմերժելով իրեն ուղղուած առաջարկները, բազմիցս ստանձնած է նիւթաբարոյական ձեռնարկներու նախագահութիւնը։
Իր մահով լիբանանահայութեան ալեհեր սերունդի անցեալի կանաչապատ յուշերու ծառէն իննիսունամեայ տերեւ մըն ալ հեռացաւ։
«Արարատ»-ը խոր ցաւակցութիւններ կը յայտնէ հանգուցեալին դստեր՝ տէր եւ տիկին Մաժըտ եւ Սալբի Խաուխաժիներուն, ինչպէս նաեւ համայն հարազատներուն։

