19) «Օդանաւն եկաւ …»
1921-ին Արամ-Ասպետ (Պետրոսեան) գրեց «Օդանաւն եկաւ»(46) բանաստեղծութիւնը Ատանայի մէջ: Հեղինակին բանաստեղծութիւնները, որոնց շարքին այս մէկը, երաժշտութեան վերածուած են կնոջ՝ Նուարդ Բաթաբանեանի կողմէ: Այս երգը Հաճընի անկումին ձօնուած երգերու շարքին կը պատկանի եւ միակն է, որ վերապրող հաճընցիներուն մէջ արմատացած է ու հասած մինչեւ մեր օրերը։
«Օդանաւն եկաւ»-ը (ստորեւ՝ առաջին սիւնակը) կը տարբերի միւս բոլոր երգուածներէն որովհետեւ ո՛չ Հաճընի բարբառով, ո՛չ ալ թրքերէն է, այլ՝ գրական արեւմտահայերէն(47)»: Ինչպէս նշեցինք, այս երգի բովանդակութիւնը կը սահմանափակէր կատարման առիթները: Զայն կը մեկնաբանէին կա՛մ Հաճընի ինքնապաշտպանութիւնը ոգեկոչող մատաղին կա՛մ նման լուրջ առիթներու, պաշտօնական ձեռնարկներուն:

1984-ին տպուած երգարանի մը մէջ (երկրորդ սիւնակը)(48) կը տեսնենք քանի մը փոփոխութիւններ: Առաջին տունի երկրորդ տողը «Մեր սրտեր լեցուեցան ուրախ յոյսերով» դարձած է «Մեր սրտերն լեցուաւ ուրախ յոյսերով»: Նոյն տան երրորդ տողի «Թափառին բոլոր, մանուկներ անզէն»-ը դարձած է «Թափ առին բոլոր, մանուկներն անզէն»:
Երկրորդ տունը անհետացած է։ Երրորդ տունը, քանի մը փոփոխութիւններով, անցած է երկրորդին տեղը:
Ժամանակի ընթացքին սոյն տարբերակը տարածուեցաւ։ Թէեւ երգին խօսքերը եւ տուներու յաջորդականութիւնը մնացին գրեթէ անփոփոխ, բայց մէկ տունը՝
«Գրաւենք քանդիչ թնդանօթն ահեղ,
Հաճընոյ զաւակներ, թիւրք ջարդել կ’ուզեն:
Գրաւենք քանդիչ թնդանօթն ահեղ,
Հնչակեան տղերք, թիւրք ջարդել կ’ուզեն»:
կրկներգի վերածուեցաւ, իսկ եղանակը աւելի առոյգ եւ աւելի ազդեցիկ դարձաւ։

Նազարէթ Ճէրէճեան(49) հետաքրքրական տեղեկութիւններ տուաւ նիւթին մասին. «Ես փոքրուց այս [նորը] կը յիշեմ, բայց մեր մեծերը առաջին տարբերակը կ’երգէին. մինչեւ հիմա եթէ հաճընցի մեծեր կան, առաջին տարբերակը կ’երգեն»:
Ներկայիս երգուող տարբերակի երաժշտութիւնը, մօտենալով հայրենասիրական-յեղափոխական երգերու ոճին, դարձած է քայլերգ: Ան կենսունակ է Լիբանան, Ֆրանսա եւ այլ տեղեր, մանաւանդ հնչակեան շրջանակներու մէջ: Յեղափոխական այլ երգերու կարգին շատ տարածուած է Պերճ Նագաշեանի ձայնագրութիւնը՝ «Հաճընոյ գոյամարտը Օդանաւ եկաւ» անունով։


ՀԱՃԸՆԻ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐԸ

Հաճընի մէջ տարածուած երաժշտական գործիքները չէին տարբերեր Կիլիկիոյ այլ շրջաններէն: Անոնց ոչ-ամբողջական ցանկը կը կազմեն քեմանը (ջութակ), ղըրնաթան (կլառնէտ), ուտը, սոզը (սազ), տամպույօն (տամպուրա), սանթուրը, տէֆը, տեպլէկը, տաւուլը, զուռնան եւն., որոնց կիրարկման մասին մնացած են նշումներ, բայց ոչ՝ մանրամասն տեղեկութիւններ:
Եկեղեցիները ունէին զանգ եւ մասնաւորապէս մետաղէ կամ փայտէ կոչնակներ (կոշնոկ-կուշնոկ): Նուագարաններու վերոյիշեալ ցանկէն դուրս, իւրայատուկ տեղ ունէին հովուական սրինգները՝ ղաւալ, որոնք կը մասնակցէին սուրբծննդեան ծիսական տօնակատարութեանց, եւ մանկական, բոլորովին արտասովոր «տըպըզ»ը, սուլիչ-շուիկ մը։
ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳՆԵՐԸ ՍԲ. ԾՆՈՒՆԴԻՆ

Սուրբծննդեան տօնը Հաճընի հայութեան ամէնէն սիրելի եւ նախամեծար տօներէն էր, որ կը նշանաւորուէր տօնին համարժէք փառաւոր տօնակատարութիւններով։ Ըստ հնաւանդ սովորութեան, հաճընցիք, Սբ. Ծնունդի Ճրագալոյցի իրիկունը քաղաքին արեւմտեան կողմը՝ լերան ստորոտը գտնուող Սբ. Յակոբի վանքը կ’երթային: Արտակարգ եռուզեռ մը կը տիրէ վանքին շրջափակէն ներս, ուրախութիւնն ու ոգեւորութիւնը, Ծննդեան երգերու հոգեզմայլ մեղեդիները կը պարուրէին վանքին մթնոլորտը(50):
«Այս մասին, ահա թէ ինչ գրած է Հաճընի երբեմնի առաջնորդ Ներսէս եպիսկոպոս Դանիէլեան Մասիսի մէջ, երբ իբրեւ ուսանող 1884-ին Սիսէն փոխադրուած է Հաճնոյ Սբ. Յակոբայ վանքը՝ հոն ուսանելու համար»(51) .- Հաստաբուն բարդի ծառէն կախուած վանքին զանգակը յանկարծ հնչեց, որուն առաջին բոմբիւնին հետեւեցան Հաճընի երեք եկեղեցիներուն երկաթէ ու տախտակէ կոչնակները, օ՜հ, ինչ ոգեւորութիւն եւ հաւատով լեցուած կեանք, սրտերու եւ հոգիներու մէջ լեռներ կ’արձագանգեն խորհրդաւոր ձայնով մը, շեշտելով նոյն գիշերուան խորհրդին մեծութիւնն անճարելի: Պատարագիչ եպիսկոպոսը՝ վանքին պատկառելի ուխտաւորներով, ուր հարսներն ու աղջիկներն ալ իրենց մամիկներուն հետ կ’երեւնային գաւիթին մէջ իրարու վրայ թխմուած, ցուցադրելով միանգամայն իրենց տեղական գունագեղ տարազներու այլազանութիւնը։
Պատարագը արդէն սկսած, թափօրի շարքը կը կազմուէր, բայց անդին ուրիշ ուշագրաւ տեսարան մը կը պարզուի, պատարագիչ Սրբազանին առջեւէն կը շարուին զոյգ-զոյգ տասներկու հովիւներ՝ շապիկներ հագած ու իրենց հովուական սրինգները ձեռքերնին՝ հրեշտակային եղանակով մը կը սկսին երգել «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» երգը, դուրսը բակին մէջ բերուած ոչխարներն ալ իրենց անուշ մայանքը կը խառնէին սրինգներու սրտայոյզ ու հոգեզմայլ ձայնին. իր գեղջկական պարզութեան մէջ վսեմ ու հիանալի էր այս տեսարանը: Եպիսկոպոսը կու լար իր հոգեւոր ուրախութեան յուզումէն, իսկ ինծի այնպէս կը թուէր, թէ ճիշդ Յիսուս մանկան ծնած քարայրին մօտիկն էի, ուր հովիւներու հետ՝ երկնային անտես հոգիները մեծ խորհուրդը կ’երգէին Աստուածորդւոյն ծննդեան:
Ու ամէն տարի, երբ Սբ. Ծննդեան տօնը կը տօնուի, յանկարծ աչքիս ու մտքիս առջեւ կու գան, կը պատկերանան, Հաճընի Ս. Յակոբայ վանքը, ծերունի վանահայրը ու հոգիին խօսքն ալ դեռ կարծես կ’արձանագրուի՝ «Խորհուրդ մեծ»-ը երգող գեղջուկ հովիւներու սրինգներուն մելանուշ ձայնը՝ իրենց ոչխարներուն անուշակ մայանքին հետ(52):
Եկեղեցական արարողակարգն ու ժողովրդական ծէսը իրարու շաղկապող այս դրուագը տեղական սովորութիւն մըն է, որ ձեւ եւ մարմին առած է Հաճնոյ ժողովուրդի հոգեկան հարուստ ներաշխարհին ու վառ հաւատքին շնորհիւ:
ՍՈԽԻ ԾԱՂԿԱՑՕՂՈՒՆԷ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ ՍՈՒԼԻՉ/ՇՈՒԻԿ «ՏԸՊԸԶ»-Ը
Հաճընի երաժշտական գործիքներու խումբին կը պատկանի շատ արտասովոր սուլիչ/շուիկ մը՝ «տըպըզ»-ը, որուն կառուցուածքը չի նմանիր որեւէ ուրիշի։ Դժբախտաբար, չենք հանդիպած իր մասին որեւէ յիշատակութեան: Ինքնին, շատ տարածուած մանկական գործիք մը եղած է, որ երեխաները կը պատրաստէին սոխի ծաղկացօղունէ, բայց գործածելէ ետք կը նետէին զայն: Մանկական գործիքները պատրաստուած ըլլալով բնական պարզ նիւթերէ (կորիզ, տերեւ, ծառի կեղեւ, ծառի ճիւղ, ծաղկացօղուն, եւն.) գործածուելէ ետք կը նետուէին եւ կ’ոչնչանային, այս պատճառով ալ կը պակսին թանգարանային հաւաքածոներուն մէջ եւ անտեսուած են մասնագէտներու կողմէ: Բարեբախտաբար «տըպըզ»-ի պարագային շատ լաւ կը յիշէին հաճընցի վերապրող ծերունիները(53), որոնք պատրաստեցին օրինակներ, nրոնց լուսանկարները՝ ստորեւ:
Այս շուիկը պատրաստելու համար պէտք է օգտագործել թարմ, եթէ կարելի է՝ նոր քաղուած սոխի ծաղկացօղուն: Ան պէտք է անպայման թարմ ըլլայ՝ ժիր եւ խրխրուն: Թոռմած ցօղունէն հնարաւոր չէ նման շուիկ պատրաստել: Այլ տեսակի սոխերն ալ, ինչպէս օրինակ պրասը, պիտանի չեն այս նպատակին համար:
Սոխը շուշանազգիներու ընտանիքի երկամեայ բոյս մըն է: Առաջին տարին կը ձեւաւորուի սոխուկը, երկրորդ տարին կ’առաջանայ ծաղկացօղունը (բարձրութիւնը՝ 80–100 սմ), որ սնամէջ է եւ միջին մասը քիչ մը ուռած: Ծաղկացօղունի ծայրին կը ձեւաւորուի գնդաձեւ ծաղկաբոյլը՝ սպիտակ-կանաչաւուն ծաղիկներով:


Ինչպէ՞ս պատրաստել այս սուլիչ/շուիկը.
1.- Վերցնել սոխի ծաղկացօղունը:
2.- Լայն մասը ընտրել եւ կտրել 10-15 սմ., մնացածը հեռացնել:
3.- Ցօղունի մէկ կողմը բանալ, վերէն վար կտրուածքով։
4.- Բացուած ցօղունի ներքին կողմի գրեթէ մէջտեղը նրբօրէն տեղադրել բթամատին ծայրը՝ ցօղունին կակղանի տակ:
5.- Մատին տակ կը գտնենք բարակ թաղանթ: Դանդաղ, նրբօրէն մատը մղել դէպի ցօղունին կողային եզրը, այսինքն՝ մէջտեղէն դէպի դուրս:
6.- Անհրաժեշտ է, որ ցօղունի կակղանը բոլորովին բաժնուի թաղանթէն եւ վերջապէս եզրին՝ 3-5 մմ չափի փոքրիկ բացուածք մը ստեղծուի:
Շուիկը պատրաստ է օգտագործման համար: Պէտք է մատը տեղադրել ինչպէս ցոյց տրուած է N° 1 լուսանկարին մէջ եւ, շրթունքներուն մօտեցնելով, օդը քաշել բացուածքէն: Մի՛ փչէք, այլ՝ ներքաշեցէք։
Շատ իւրայատուկ ձայն կարելի է ստանալ:
Ըստ մեր հաւաքած նիւթերուն, այս հետաքրքրական ժողովրդական սուլիչ/շուիկը տարածուած է ուրիշ շրջաններ ալ ունենալով զանազան անուններ. Պիթլիսի մէջ՝ «պուքուքու»(54), Մուսա Լեռան մէջ՝ «ծըւծըւ»(55), Քեսապի մէջ՝ «զուռնիկ»(56) եւն.:
Այս սուլիչը ընդհանրապէս մանկական խաղալիք մըն էր, իսկ երիտասարդներու եւ երբեմն մեծահասակներու համար՝ ժամանց: Վարժ եղողները նոյնիսկ պարզ «եղանակներ», աւելի ճիշդ՝ կարճ երաժշտանման նուագներ կրնային արտաբերել։ «Տըպըզ»-ը, ըլլալով մանկական խաղալիք եւ ունենալով ժամանակավրէպ գոյութիւն, դուրս մնացած է հայկական երաժշտագիտական բոլոր աշխատութիւններէն:
Հաճընցիները «տըպըզ» կ’անուանէին սուլիչ/շուիկը եւ նոյն անունը կու տային սոխի ծաղկացօղունին, որուն թարմ քաղուածը հաճոյքով կ’ուտէին, իսկ եթէ առիթը յարմար ըլլար եւ հումքը տրամադրելի՝ անպայման շուիկը կը պատրաստէին: Այս իրողութիւնը հասկնալու համար պէտք է նկատի ունենալ մանաւանդ որ անոր պատրաստութիւնը հազիւ մէկ-երկու վայրկեան կը տեւէ:

ՀԱՃԸՆԻ ԱՇՈՒՂՆԵՐԸ
«Հաճնոյ մէջ երգիչներ ու աշուղներ ունէինք, բայց անոնք թրքերէն կը գրէին. ինչպէս պեքճի Կարապետ Չոպանեանը, որ էշգիաներուն (աւազակներուն) վրայ երգ յօրինեց, ողբացեալ Յովհաննէս Սաչեանը, որ Հաճնոյ դիւցազնամարտը եւ անկումը երգեց, ու շատեր, որոնք վայրկեանին ազդեցութեան տակ կը յարմարցնէին ու վերջէն կը մոռցուէր»(58):
«…Ասոնց կարգին էր հաճընցի հռչակաւոր «Կէլկէլ»-ը(59), որ տէֆն ու տէպլէկը ձեռքն առած շարունակ կ’երգէր ու կը խաղար ամէն տեսակ հարսանիքներու եւ հանդիսութեանց ատեն եւ կը փնտռուէր իր շէն ու շող ներկայութիւնը»(60):
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Թէեւ հաճընցիները միշտ հաստատած են, որ սեփական երգարուեստ չեն ունեցած, Պօղոսեանի փաստագրական վկայութիւնը եւ մեր առաջին ձայնագրութիւնը 1980-ականներուն, համոզեցին որ պէտք էին պահպանուած ըլլալ ուրիշ օրինակներ ալ, ինչ որ ակներեւ դարձաւ։
Անշուշտ կրնայ ըլլալ որ դեռ ուրիշ գոհարներ երեւան ելլեն զանազան չստուգուած հաւաքածոներու մէջէն:
Մեր նպատակը եղած է կորուստէ փրկել այս երգերու փունջը, մատնանշելով տրամադրելի տեղեկութիւնները անոնց մասին եւ վերջնականապէս շրջանառութենէ դուրս հանել այն թիւր կարծիքը, որ Հաճընը զուրկ էր յատուկ երգարուեստէ:
Այս հաւաքածոն առաջին հայեացքէն կրնայ այն տպաւորութիւնը ձգել որ քիչ օրինակներէ կը բաղկանայ՝ Հաճընի պէս շրջան մը բնորոշելու կամ տեղական ոճ մը նշմարելու համար։ Ասիկա այնչափ ալ ճիշդ չէ. օրինակ, պարերգերը քննելով կը տեսնենք, որ գրեթէ բոլորն ալ հայկական հանրածանօթ թամզարաներու ընտանիքին կը պատկանին, ինչ որ տարածքային ընդհանրութիւններ կ’ենթադրէ եւ պարագիտութեան համար արժէքաւոր ուսումնասիրութեան նիւթ է:
Յուսանք որ հաւաքուած նիւթերը, որոնք ինքնին կը հարստացնեն հայ մշակոյթի գանձարանը, որդեգրուին թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի հայ արուեստի խումբերու (երգչախումբեր, երգեցիկ համոյթներ, երգիչներ) կողմէ, երգի միջոցաւ վերակենդանացնելով երբեմնի Կիլիկիոյ արծուեբոյն Հաճըն քաղաքը:
(Վերջ)
(«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս», 45/2 – Պէյրութ 2025)
(46) Սոկրատ Յ. Թերզեան, Հաճընի ութամսեայ դիւցազնամարտը, տպ. Պարթենոն, Աթէնք, 1937, էջ 456. նաեւ նոյնի Բ. տիպ՝ տպ. Արարատ, Պուենոս Այրէս, 1956, էջ 647:
(47) Հերոս (Ասատուր Սաչեան) Դրուագներ Հաճնոյ հերոսամարտէն եւ հերոսին ոդիսականը, Տօնիկեան հրատ., Պէյրութ, 1961, էջ 18:
(48) Կարապետ Հաննէսեան, (կազմող եւ խմբագրող), Յեղափոխական երգարան, Շիրակ հրատ., Պէյրութ, 1984, էջ 161։
(49) Նազարէթ Ճէրէճեան, ծնած 27 Մարտ 1959, Պէյրութ, հօր ու մօր կողմէ հաճընցի, Պէյրութի «Արարատ» թերթի տնօրէն-խմբագիր։
(50) Վարդի Քէշիշեան «Հաճըն – Տօներ»,
https://www.houshamadyan.org/arm/mapottomanempire/adanavilayet/hadjin/religion/fe stivals.html:
(51) Պօղոսեան, էջ 199-200. նաեւ՝ Սսական վարդապետ (Ներսէս Դանիէլեան), Կ. Պոլիս, Մասիս 1, 1902:
(52) Նոյն:
(53) Սենեքերիմ Տումանեան, [Մեր հւք.] տե՛ս ծանօթ. թիւ 34: Սիմոն Սաչեան, [Մեր հւք.] Arg. No 8, ծնած Հաճըն 1898-ին: Դուրս եկած է 1921-ին: Հաստատուած Պուենոս Այրէս, Արժանթին:
(54) Հմայեակ Պոյաճեան, [Մեր հւք.] N° 11, ծնած Պիթլիս քաղաքի մօտ Խուլթիկ գիւղը, Տատի գաւառակ 1902-ին: Գաղթած՝ 1915-ին, հաստատուած՝ 1916-ին Կիւմրի։
(55) Յովհաննէս Պալապանեան, [Մեր հւք.] N° 44, ծնած Մուսա Լեռան Պիթիաս գիւղը 1922-ին, գաղթած՝ 1939-ին եւ հաստատուած՝ Այնճար։ Իսկ 1947-ին վերջնականապէս հաստատուած Հայաստան (Էջմիածինի շրջան)։ Մովսէս Կոջոյեան, [Մեր հւք.] N° 33, ծնած 1920-ին, Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղը։ Դուրս եկած՝ 1938-ին, ապա ներգաղթած Հայաստան:
(56) Յովհաննէս Ապելեան, [Մեր հւք.] N° 44, ծնած Քեսապ 1903-ին։ 1947-ին ներգաղթած է Հայաստան: Փանոս Քիթապսըզեան, [Մեր հւք.] N° 43 ծնած 1929-ին Քեսապ։ 1947-ին ներգաղթած է Հայաստան:
(57) Ազգագրական նիւթերը հաւաքեց Ռուբէն Կնեազեան, 1988-ին:
(58) Անմեռ:
(59) Հաճընի նշանաւոր ժողովրդական երգիչ, բուն անունը անծանօթ:
(60) Պօղոսեան, էջ 474:

