Առօրեայ կեանքի մէջ յաճախ դէմ առ դէմ կը գտնուինք որոշելու պարտադրանքին առջեւ։ Կան ի հարկէ որոշումներ, որոնք հարկաւոր են, անմիջական եւ անհրաժեշտ, հետեւաբար այս իմաստով որեւէ կասկած կամ տարակուսանք չեն ներկայացներ․ զորօրինակ բժիշկի մը դիմել այցելութեան ժամադրութիւն մը խնդրելու համար, արձակուրդի մը թուականները որոշել, դրամատունէն որոշ գումար վերցնել եւլն․, այս կարգի որոշումներու մաս կը կազմեն։ Այսուհանդերձ ամէն որոշում նոյնքան դիւրին չէ տալ․ այսպէս, երեխայի մը երկրորդական դպրոցի ընտրութիւնը, սիրային, ինչպէս նաեւ ամուսնական կապի համար ներկայացող թեկնածուի մը ընտրութիւնը, եթէ այս վերջինը զգացական կապով չէ յայտնուած, մեզ լրջօրէն անձկութեան կրնան մատնել․ ո՞ր մէկը ընտրել, կամ իրականացնե՞լ, թէ՞ ոչ։
Որոշում կայացնելու պահին մենք բացարձակ ազատութիւն ունինք․ մենք գիտակցութիւնը ունինք ընտրելու` ընդառաջ երթալու եւ ոչինչ ընելու միջեւ։ Ընելու կամ չընելու այս երկընտրանքը մեզ հոգեպէս տակն ու վրայ կրնայ ընել։ Որովհետեւ գիտակից ենք, որ տրուած սխալ որոշում մը ճակատագրական կրնայ ըլլալ։ Մեր զաւկին երկրորդական դպրոցի ընտրութիւնը, եթէ ան ի հարկէ միայն մեզմէ կախուած է, երեխային ապագային նկատմամբ շատ կարեւոր անկիւնադարձ կրնայ հանդիսանալ, իսկ կեանքի ընկերոջ ընտրութիւնը այլապէս կենսական կարեւորութիւն ունի։
Դանիացի փիլիսոփայ Քիրքեկարտի համաձայն, որոշում կայացնելու դժուարութեան պատճառած անձկութիւնը ազատութեան առթած գլխապտոյտն է։ Անոր համար մեր կեանքը պայմանաւորուած է մեր արարքներու ընդմէջէն, իսկ այս վերջինները պայմանաւորուած են մեր ընտրութիւններով, հետեւաբար, այս ընտրութիւնները կատարելու եղանակը մեր գոյութեան համար ճակատագրական կարեւորութիւն ունի։ Ան կը մտածէ, որ մեր բարոյական ընտրութիւնները բացարձակապէս ազատ են եւ ամէն բանէ առաջ` ենթակայական։ Մեր անհատական կամքն է, որ միայն կը սահմանէ մեր դատողութիւնը կամ վճիռը։ Սակայն ընտրելու այս ամբողջական ազատութիւնն է, որ կը յարուցանէ անձկութիւն, նոյնիսկ ահուդողի զգացում մը։
Որոշում կայացնելու գործընթացին մէջ տարբեր պարագաներ գոյութիւն․ ամենապարզը երկընտրանքի պարագան է` ա՞յս մէկը, թէ՞ միւսը, թէեւ նոյնքան ալ դիւրին չէ յաճախ կողմնորոշուիլ, երբ ընտրողը միայն մենք ենք առանձնապէս։ Այսուհանդերձ հազուագիւտ չէ որոշելու պարտադրանքին տակ գտնուելու պարագան բազմաշերտ կարելիութիւններու առջեւ։ Յամենայնդէպս ինչ կ՛ուզէ ըլլայ պարագային բնոյթը, ընտրելու բացարձակ ազատութիւնը գին մը ունի, որն է պատճառած անձկութիւնը։
Որոշում կայացնելու պարտադրանքին մէջ բարոյականին, ինչպէս նաեւ ներքին ձայնին դերը շատ կարեւոր է։ Դատական համակարգի մէջ պատահական երեւոյթ է, երբ դատաւորը կամ դատակազմը դէմ-յանդիման կը գտնուին իրենց ներքին ձայնին կամ խղճմտութեան նկատմամբ։ Քրէական երեւոյթներ քիչ չեն, ուր փաստերու անբաւարարութիւնը կը պարտադրէ որոշում կայացնել` դատավճիռը արձակելէ առաջ։
Ընտրութեան ազատութիւնը մեզ յաճախ կ՛առաջնորդէ դէպի մեր կեանքին իմաստ մը տալու հոգեվիճակին։ Այս վերջինը գոյութենապաշտութիւն (existentialisme) փիլիսոփայական շարժումին հիմը կը կազմէ։

