Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«Հայոց Ջարդերը՝ Յաւերժ Պոռթկում Միջազգային Հանրային Կարծիքի Խիղճին Դիմաց» (Ա․ Մաս)

Յարութիւն Իսկահատեան

May 12, 2026
in Յօդուածներ
0
«Հայոց Ջարդերը՝ Յաւերժ Պոռթկում Միջազգային Հանրային Կարծիքի Խիղճին Դիմաց» (Ա․ Մաս)

Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին եւ տոքթ. Եղիկ Ճերեճեան Հայոց ցեղասպանութեան 80-ամեակին առիթով 24 Ապրիլ 1995-ին իբրեւ «Արարատ» օրաթերթի բացառիկ լոյս ընծայած են  «Հայոց ջարդերը՝ յաւերժ պոռթկում միջազգային հանրային կարծիքի խիղճին դիմաց» խորագիրը կրող արաբերէն հաւաքածոյ մը, Պէյրութի մէջ, մեծ չափի 288 էջ: Պէյրութէն, Դամասկոսէն, Հալէպէն եւ Գահիրէէն Հայասպանութեան մասին արաբ գիտնականներու եւ գրողներու ուսումնասիրութիւններ եւ վերլուծութիւններ կան սոյն հրատարակութեան մէջ: Թուրքին ձեռքով գործուած Հայոց ցեղասպանութեան ահաւորութիւնն ու անոր ուրացման ոճիրը կը մղէ զանոնք պոռթկալու միջազգային մարդկային խիղճին դիմաց եւ պահանջելու արդարութիւն ու հատուցում՝ հայ ազգին: Լիբանանցի եւ արաբ քաղաքական մարդիկ ու պատասխանատու անձնաւորութիւններ նոյնպէս իրենց կարծիքը կը յայտնեն Հայասպանութեան մասին եւ հատուցում կը պահանջեն հայոց համար: «Սոյն հրատարակութիւնը կրնայ իբրեւ աղբիւր ծառայել Հայոց ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրող ուսանողներու, որոնք կրնան օգտուիլ եւ օգտագործել անոր մէջ արծարծուած գաղափարները աւելի եւս խորանալու այս նիւթին մէջ», կ’ըսէ դոկտ. Զահրէտտին:

Աւօ (Աւետիս,- Յ.Ի.) Փոշօղլեան (ծանօթ Աւետիս Ռազմիկ գրչանունով, «Արարատ» օրաթերթի նախկին խմբագիր – Յ.Ի.) «Հայկական հարցը միջազգային դաշնագրերու ընդմէջէն» խորագրեալ իր յօդուածին սկիզբը բացատրելէ ետք հայկական հարցին ծագումը, կը թուէ անոր շուրջ միջազգային համաձայնութիւններն ու դաշնագրերը՝ Սան Սթեֆանոյէն մինչեւ Պերլին եւ ապա Սեւր ու Լօզան: Ան կը շեշտէ, որ այս հարցը միջազգայնացուած է եւ հզօր պետութիւններէն իւրաքանչիւրը կ’ուզէ ու կը փորձէ զայն շահագործել իր սեփական շահերուն ծառայեցնելու: Այս ծիրին մէջ Աւօ Փոշօղլեան իր եզրակացութիւնը կ’ընէ հետեւեալ ձեւով. «Հայկական հարցը Միջին Արեւելքի կարեւոր հարցերէն մէկը կը մնայ որ տակաւին լուծում չէ գտած, հակառակ այն իրողութեան որ Արեւմուտքը փորձեց հայոց իրաւունքները վերջնականապէս թաղել Լօզանի դաշնագիրով: Սակայն հայկական հարցի լուծման համար հայ ժողովուրդը տառապեցաւ ու պայքարեցաւ: Կարելի չէ անոր լուծումը խափանել կարգ մը որոշումներվ կամ գրութիւններով: Հակառակ հայկական հարցի լուծման դէմ կանգնողներու ջանքերուն, այս հարցը կը մնայ երկխօսութիւններու եւ միջազգային ժողովներու մէջ իբրեւ հիմնական նիւթ, որովետեւ հայ ժողովուրդը յարատեւ կը պայքարի անոր համար» (էջ 7-13):

«Տէյլի Փրէս» լրատուական գործակալութեան տէր ու տնօրէն, գրող եւ ուսումնասիրող Էմին Մուսթաֆա «Սիոնիզմն ու հայկական եւ արաբական ջարդերը- տառապանքներով եւ տագնապներով լեցուն պատմութիւն մը» խորագիրով յօդուածին մէջ կը լուսաբանէ նախ Սիոնիզմի գործած ոճիրները պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ: Ապա ան կ’անցնի հայկական հարցին եւ կ’ըսէ թէ սիոնիստներն էին որ սուլթան Ապտիւլ Համիտին խորհուրդ տուին հայերը կոտորել, գիտնալով որ այդ գաղափարն ու գործադրութիւնը պիտի հաճոյացնէր սուլթանը եւ իրենց նեցուկ պիտի ապահովէր Պաղեստինը գրաւելու եւ արաբ ժողովուրդը ջարդելու ոճիրի գործադրութեան մէջ: Այսքանով չբաւականանալով, սիոնիստները աւելի ուշ հայոց դէմ սկսան դրդել երիտթուրքերը իրենց սեփական սաթայէլական ծրագրերը յաջողցնելու նպատակաւ: «Ահաւասիկ այսպիսով է որ անոնք ուղղակի պատճառ դարձան Մեծ Եղեռնի դառն իրականութեան, որ աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայեր կոտորեց եւ ամբողջ Հայաստանի արեւմտեան հատուածին ու Կիլիկիոյ հայերը ցիրուցան ըրաւ աշխարհի չորս ծագերը», կ’աւելցնէ հեղինակը՝ Էմին Մուսթաֆա (էջ 15-18):

Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Հալիմ Ապու Իզզիտտին իբրեւ երիտթուրքերու եւ սիոնիստներու ձեռքվ գործուած չարիքի եւ ոճիրի արդիւնք՝ հայոց եւ պաղեստինցի արաբ ժողովուրդներուն տառապանքները նկարագրելէ յետոյ, շեշտը կը դնէ Թուրանականութեան, թրքացումի եւ Սիոնիզմի գաղափարներուն վրայ: Ան կ’եզրակացնէ, որ, թէեւ հայերն ու արաբները տարբեր ժողովուրդներ են, սակայն անոնք նոյն դատի, նոյն տառապանքներու եւ նոյն ճակատագրի զաւակներն են (էջ 19-21):

(Շարունակելի)

Share62Tweet39
Previous Post

Ձայներ Աթէնքէն (արձագանգ յունահայ կեանքի) – 2

Next Post

Փիլիսոփայական մտորումներ. Որոշում Կայացնելու Դժուարութիւնը

Next Post
Փիլիսոփայական մտորումներ. Որոշում Կայացնելու Դժուարութիւնը

Փիլիսոփայական մտորումներ. Որոշում Կայացնելու Դժուարութիւնը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.