ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ Սպայից ակումբի սրահին մէջ, 19 Ապրիլին, քաղաքական ու համայնքային շրջանակներու լայն մասնակցութեամբ նշուած է Եղեռնի 111-ամեակը, տեղւոյն մարզպետարանի ու Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Բացման խօսք արտասանած է Կիւլա Պէքթաշեան։ Կարդացուած են ուղերձներ։

Օրուան գլխաւոր բանախօսը՝ դոկտ. Եորղոս Ֆիլիս (միջազգային յարաբերութեանց մասնագէտ եւ համալսարանի դասախօս) վերլուծած է ցեղասպանութեան պատմական փաստերը։ Յայտագրին մէջ տեղ գտած է մանկական երգչախումբ մըն ալ։ Այնուհետեւ, խմբային երթ կատարուած է դէպի քաղաքին «Հերոսներու յուշարձան»-ը, ուր զետեղուած են դափնեպսակներ։ Ապրիլ 24-ի երեկոյեան ալ Թեսաղոնիկէի Այիաս Սոֆիաս փողոցէն սկիզբ առած է բողոքի երթ մը դէպի թրքական հիւպատոսարան։ Յաջորդ օր, Ապրիլ 25-ին, Հայ Գթութեան Խաչը «Տէր Զաքարեան» սրահին մէջ արիւնատուութեան արշաւ մը կիրարկած է։ Իսկ Հայաստանի դեսպանատունը, 30 Ապրիլին, Թեսաղոնիկէի մէջ սիմֆոնիկ դասական երաժշտութեան համերգ մը սարքած է՝ «Աշխարհի հնչիւնները. Հայաստան» խորագրով։
ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ քաղաքապետարանի սրահին մէջ, 23 Ապրիլին, երկրորդ անգամ ըլլալով հանրութեան ներկայացուած ու ծանօթացուած է «Արմէնոփուլիա» («Հայորդիները») վկայագրական յունարէն հատորը (Ա. անգամ ծանօթացուած էր չորս տարի առաջ, հայկական շրջանակի մէջ)։ Գիրքը կ՛ամփոփէ պոնտացի յոյն Սթաթիս Խրիստոֆորիտիսի վկայութիւնները՝ 600 հայ պատանիներու զանգուածային սպանութեան մասին, Մեծ Եղեռնի շրջանին։

Վկայութիւնը, գրուած՝ պոնտական բարբառով, գրական յունարէնի վերածուած է Սթաթիս Թաքսիտիսի կողմէ։ Նոյն թարգմանիչին ճիգերով՝ աւելի ուշ հատորը թարգմանուած է եօթը տարբեր լեզուներու ալ։ Գիրքին այս Բ. ներկայացման օրը խօսք առած են Համապոնտական միութեան պատուոյ նախագահ Սթեֆանոս Թանիմանիտիս, Գերմանիոյ Նիւրէնպերկ քաղաքի Յունաց միութեան (որ օժանդակած է գիրքին տպագրութեան) նախագահ Տիմիթրիս Լամպրոփուլոս, Թեսաղոնիկէի Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Սարգիս Տանկազեան, քաղաքապետ Սթելիոս Ակելուտիս եւ տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Քրիս Ղալիլէաս։ Ամէնէն վերջը շնորհակալական արտայայտութիւններ ունեցած է յոյն թարգմանիչը։
ԳԱՒԱԼԱՅԻ մէջ (Թրակիա, հիւսիսային Յունաստան), 26 Ապրիլին, հրապարակային ձեռնարկով մը յիշատակուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, տեղւոյն Հայ դատի յանձնախումբին ու մարզպետարանին համատեղ ճիգերով։ «Ափոլլոն» հանդիսասրահը ժամադրավայր հանդիսացած է մա՛նաւանդ տեղական յոյն պաշտօնական անձնաւորութեանց, որոնցմէ ոմանք ուղերձներ կարդացած են։

Գլխաւոր բանախօսը եղած է Կիպրոսէն հրաւիրուած հայասէր երեսփոխանուհի Էլէնի Թէոխարուս, որ լուսարձակի տակ առած է Մեծ Եղեռնը, Կիպրոսի աղէտն ու Արցախի ողբերգութիւնը («Ազատ Օր» այս բանախօսութեան յունարէն բնագիրը տպած է 29 Ապրիլի իր թիւին մէջ)։ Գաւալայի երաժշտական դպրոցի երգչախումբը հնչեցուցած է հայերէն եւ յունարէն չորս երգեր։ Թրակիոյ շրջանի հայկական երգչախումբն ալ հնչեցուցած է «Ատանա» երգը։ Հուսկ, բազմութիւնը ուղղուած է դէպի քաղաքին «Հերոսներու յուշադամբարան»-ը, ուր դափնեպսակներ զետեղուած են։
ԳԱԼԱՄԱԹԱՅԻ մէջ (հարաւային Յունաստան), հրապարակային ձեռնարկով մը յիշատակուած են Հայոց ցեղապանութեան զոհերը, տեղւոյն քաղաքապետարանին եւ յունահայոց ազգ. առաջնորդարանին համագործակցութեամբ։ 23 Ապրիլին հաւաք մը կայացած է քաղաքին Ֆրակոլիմնա հրապարակին վրայ, ուր կայ հայկական խաչքար-յուշարձան մը։

Հաւաքին նախագահած է Աթէնքէն ժամանած յունահայոց թեմակալ առաջնորդը՝ Սահակ եպս. Եմիշեան։ Ներկայ եղած են հայ եւ յոյն կրօնական ու քաղաքական դէմքեր։ Ուղերձներով հանդէս եկած են քաղաքապետ Աթանասիոս Վասիլոփուլոս, երեսփոխան Միլթոս Խրիսոմալիս, փոխնահանգապետ Մարիա Իքոնոմաքու եւ յանուն Հայ դատի յանձնախումբին՝ Խաչիկ Խաչատուրեան։ Տեղի ունեցած է դափնեպսակներու զետեղում։
ԱԹԷՆՔԻ «Ազատ Օր» օրաթերթը, Մեծ Եղեռնի 111-րդ տարելիցի անմիջական նախօրէին լոյս ընծայած է 100 էջանի «Բացառիկ» թիւ մը, ձօնուած՝ Յունաստանի մէջ Հայ դատի հետապնդման 60-ամեակին։

Նշուած է, որ այս ծիրին մէջ կ՛իյնան, ի միջի այլոց, Նէա Զմիռնիի յուշարձանին բացումը (1978) եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը հելլէն խորհրդարանին կողմէ (1996)։ Բացառիկին մէջ այլազան գրութիւններ ստորագրած են յունահայ մտաւորական դէմքեր ու վերլուծաբաններ։
*
Յունահայ գաղութի ապրիլեան ձեռնարկներուն արձագանգող մեր այսօրուան սիւնակը պիտի փակենք Աթէնք հրատարակուող հայերէն երկու լրագրերուն՝ «Ազատ Օր»-ի եւ «Նոր Աշխարհ»-ի խմբագրական յօդուածներուն տեսութեամբ, քանի որ հոն նշմարեցինք հետաքրքրական հաստատումներ, պարագաներ։
Նախ՝ «Ազատ Օր»-ը։ Աւելի քան 80-ամեայ օրաթերթ է ան, պաշտօնական օրկանը՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան։
25 Ապրիլի իր թիւին առաջնորդող խմբագրականը կը կրէ սաստի բնոյթ կրող խորագիր մը. «Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը չվերածել սոսկ յուշի արարողութեան»։ Այո՛, դժբախտաբար, ինչ-ինչ ազդակներու բերումով՝ ապրիլեան ոգեկոչումները հետզհետէ մերկանալով իրենց պահանջատիրական երբեմնի բնոյթէն, սկսած են վերածուիլ «յուշի արարողութեան», կամ ալ՝ կողմնակի այլ օրակարգերու (հայաստանեան թէժ իրադարձութիւններ, արցախեան ողբերգութիւն, Պաքուի հայ բանտարկեալներ եւ այլն) յիշեցման առիթի…։ Թերթը նկատել կու տայ որ 50-ամեակի փուլէն ետք (1965) «յաջորդող տասնամեակներու ընթացքին արձանագրուած ճանաչումները, խորհրդարաններու եւ պետութիւններու կողմէ ընդունուած որոշումները վկայեցին, թէ հետեւողական աշխատանքը կրնայ Հայ դատի իրաւական ուժը զետեղել միջազգային օրակարգի սեղանին վրայ»։
Բայց 2020-էն ետք բեկումնային շրջադարձ մը սկսաւ Հայաստանի պաշտօնական քաղաքականութեան մէջ, որուն ստեղծած մթնոլորտը, ինչպէս թերթն ալ կը հաստատէ՝ «անխուսափելիօրէն ծանր կ՛ազդէ նաեւ Սփիւռքի վրայ, ուր աստիճանաբար կը տարածուի հիասթափութիւն եւ նպատակի արժեզրկում»։ «Ազատ Օր» անհրաժեշտ կը գտնէ այս մեղկ ու թոյլ վարքագիծին արագ բարեփոխումը՝ Հայաստան-Սփիւռք համատեղ գործակցութեամբ։ Կը կատարէ առաջարկներ ալ, որոնց մէջ ուշագրաւ է հետեւեալը. «Համահայկական համակարգում։ Առանց միասնական կեդրոնական ուղղութեան, առանձին նախաձեռնութիւնները կը մնան մասնատուած եւ սահմանափակ ազդեցութիւն ունեցող։ Պէտք է ստեղծուի համահայկական քաղաքական հարթակ մը, ուր հայրենի պետութիւնը եւ սփիւռքեան կառոյցները պիտի աշխատակցին գործնական մակարդակի վրայ։ Այս համակարգումը պէտք է հիմնուի հաւասար պատասխանատուութեան եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ»։
Բայց ցանկալի այդ գործակցութիւնը կամ աշխատակցութիւնը կա՞յ։ Գրեթէ չկայ։ Քանդիչ հակադրութիւն մը մեզ բաժնած է երկու թշնամի բեւեռներու։ Զորօրինակ, նոյնինքն Աթէնքի ապրիլեան ոգեկոչումներէն (Նէա Զմիռնի կամ երաժշտանոցի սրահին մէջ 26 Ապրիլի քաղաքական ցերեկոյթը) բացակայած է Հայաստանի դեսպանը, մինչ հոն ներկայ եղած էին յոյն պետական բարձրաստիճան դէմքեր, մինչեւ իսկ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարը…։ Վատառողջ բան մը նշմարելի չէ՞ մեր այս գնացքին մէջ…։
Աթէնքի միւս լրագիրը՝ 1968-էն հրատարակուող «Նոր Աշխարհ» շաբաթաթերթը, որ բանբերը կը նկատուի ՌԱԿ-ի շրջանակին, 27 Ապրիլի իր թիւին մէջ ունի խմբագրական մը, որ խորագրուած է «Եօթը վէրք, եօթը խորհուրդ՝ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին առիթով»։ Այն տպաւորութիւնը ունինք, որ թերթին այս խմբագրականը նոր գրութիւն մը չէ, այլ հի՜ն յօդուած մը՝ աւելի քան…30 տարուան վաղեմիութեամբ (տողերը, մտածումները եւ շարք մը ակնարկութիւններ ա՛յդ կը յուշեն…)։ Թուական չէ դրուած եւ վերնագիրն ալ կը ճգնի տալ այն խաբկանքը, թէ նոր շարադրանք մըն է…։ Ամէն պարագայի, ուսանելի բաներ գտանք հոն։ Ակնարկուած եօթը վէրքերուն գլուխը կու գայ, անշուշտ, ցեղասպանութիւնը։ Անոր կը յաջորդէ՝ «Արցախի միացումը Խ. Հայաստանին» (բայց Խորհրդային Հայաստան կա՞յ հիմա՝ յամի Տեառն 2026-ին…։ Այս տողը կը մատնէ արդէն գրութեան հնութիւնը)։ Երրորդ վէրքը, ըստ խմբագրականին, Սփիւռքի միասնականութիւնն է։ Ահա՛ մեզ լարող հիմնական հարց մը։ Ի՞նչ կը գրէ թերթը. «Պէտք է ստեղծուի Սփիւռքահայ Գերագոյն Մարմին մը, որ պիտի ներդաշնակէ գաղութներու գործունէութիւնները՝ մեր դատի լուծման, հայապահպանման աշխատանքի եւ հայրենիքի վերակառուցման ու վերածաղկման դժուարին գործը ստանձնելով»։
Չենք շարունակեր միւս «վէրք»-երուն թուումը։ Շեշտը կ՛ուզենք դնել միասնականութեան գաղափարին վրայ, որ յունահայ երկու թերթերն ալ շեփորած են անջատաբար, գնահատելի խոհականութեամբ։
Իցի՜ւ թէ այդ բաղձալի,– ու անտեսանելի,– միասնականութիւնը սկսէր նախ Աթէնքէն ու յետոյ միայն տարածուէր դէպի Սփիւռքի մօտ ու հեռու միւս ափերը…։

