Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հրանդ Գանգրունիի Յիշատակին

May 12, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Հրանդ Գանգրունիի Յիշատակին

8 Մայիսին լրացաւ լիբանանահայ մտաւորական կեանքի երախտաւոր դէմքերէն Հրանդ Գանգրունիի (Գըրըշըքեան) մահուան 20-ամեակը։ Ան եղած էր «Արարատ» օրաթերթի խմբագիրներէն՝ 1949, 1950 եւ 1960 թուականներուն, իր գրիչով ու ազգային նուիրումով արժէքաւոր ծառայութիւն մատուցելով հայ մամուլին։

Ծնած 1925-ին, Գանգրունի Սահակեան վարժարանէն ետք ուսումը շարունակեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Դպրեվանքին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալով՝ 1943-էն սկսաւ իր երկարամեայ ուսուցչական առաքելութիւնը։ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Հայագիտական ճիւղէն վկայուած, ան տարիներ շարունակ դասաւանդեց հայերէն, հայ գրականութիւն եւ հայոց պատմութիւն՝ սերունդներ կրթելով ազգային գիտակցութեամբ։

Ուսուցչութեան կողքին, նուիրուեցաւ լրագրութեան, հրապարակագրութեան եւ գրականութեան՝ իր «Վանիկ» ծածկանունով ստորագրած յօդուածներով դառնալով ծանօթ անուն մը լիբանանահայ մամուլին մէջ։ Իր արձակ էջերով եւ պատմագիտական աշխատութիւններով կարեւոր ներդրում ունեցաւ հայկական մտաւորական աշխարհին մէջ, իսկ 1975-1983 թուականներուն վարեց Ազգային Ռուբինեան վարժարանի տնօրէնութիւնը։

Այս առիթով, յարգանքով կը յիշենք մեր անցեալի վաստակաշատ խմբագիրներն ու մտաւորականները, որոնց նուիրումին եւ անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ հայ մամուլը գոյատեւեց ու շարունակեց իր ազգային առաքելութիւնը։ Անոնց անմոռանալի յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ մեր յիշողութեան եւ գնահատանքին մէջ։

Share65Tweet41
Previous Post

Լուրեր. 12 Մայիս 2026

Next Post

Ձայներ Աթէնքէն (արձագանգ յունահայ կեանքի) – 2

Next Post
Ձայներ Աթէնքէն (արձագանգ յունահայ կեանքի) – 2

Ձայներ Աթէնքէն (արձագանգ յունահայ կեանքի) - 2

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.