ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՃՆՇՈՒՄ՝ ՅԱՆՈՒՆ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ
Ուաշինկթընի մէջ սկզբունքով Հինգշաբթի օր տեղի պիտի ունենան լիբանանեան-իսրայէլեան բանակցութիւններ՝ միջնորդութեամբ ամերիկեան կողմին: Կը կարծուի, որ նիստին պիտի մասնակցին նաեւ զինուորական անձնաւորութիւններ: Լիբանանեան կողմէն ներկայ պիտի ըլլայ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպանատան ռազմական կցորդը, իսկ իսրայէլեան կողմէն՝ բանակի ռազմավարական հարցերու բաժանմունքին պետը:

Ըստ նախնական տեղեկութիւններու, աշխատանք կը տարուի իրապէս գործադրելու հարաւային զինադադարը, այլապէս այդ պիտի դառնայ բանակցային օրակարգին առաջին նիւթը: Որպէս նաապատրաստութիւն բանակցային նիստերուն, հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Պաապտայի պալատին եւ վարչապետարանին մէջ յաջորդաբար հիւրընկալեցին Պէյրութի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսան եւ պահանջեցին, որ Ուաշինկթըն յաւելեալ ճնշում բանեցնէ Թել Աւիւի նկատմամբ, որպէսզի վերջ դրուի իսրայէլեան խախտումներուն եւ իրապէս գործադրուի զինադադարը:

Դիտել տալով, որ լիբանանեան 68 գիւղ այժմ կը գտնուի իսրայէլեան տիրապետութեան տակ, վարչապետ Սալամ Լիբանանի պատրաստակամութիւնը յայտնեց քննարկելու խաղաղութեան համաձայնութիւնը, պայմանաւ որ Իսրայէլ յարգէ Պէյրութի պայմանները:
ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԵՐՈՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ
Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իյալ Զամիր յայտնեց, որ Լիբանանի ճակատին վրայ զինադադար չկայ, այլ գործողութիւնները կը շարունակուին Հըզպալլայի դէմ: Զամիր շեշտեց, թէ իրենց նպատակը Հըզպալլան զինաթափել չէ, այլ կանխել հրթիռներու մաքսանենգումը եւ իսրայէլեան սահմանային բնակավայրերու հաւանական ներխուժումը: Իսրայէլեան ուժերը շարունակեցին հրետանիով եւ օդային միջոցներով հարաւային շարք մը շրջաններու ռմբակոծումը՝ պատճառելով յաւելեալ զոհեր եւ նիւթական վնաս:

Իսկ Հըզպալլա յայտարարեց հարաւային շրջաններ ներթափանցած իսրայէլեան ուժերը անօդաչու սարքերով թիրախաւորելու մասին, մինչ իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ զինուոր մը եւս մահացած է հարաւի բախումներուն ընթացքին, Մարտի սկիզբէն ի վեր կորսնցուցած զինուորներուն թիւը բարձրացնելով 18-ի: Լիբանանեան Կարմիր խաչը յայտարարեց, թէ 9 օր տեւած դիմումներէ ետք, երէկ վերջապէս հասած է Մէյֆատունի շրջան եւ տարհանած իսրայէլեան հարուածներէն մահացած հինգ մարդու մարմին:
ԱՐՑԱԽԸ՝ ՆԱԽԸՆՏՐԱԿԱՆ ՔԱՐՈԶԱՐՇԱՒԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՆԻՒԹ
Շաբաթ, 9 Մայիսին, Հայաստանի մէջ նշուեցաւ Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակին 81-ամեակը: Այս առթիւ, բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ Երեւանի մէջ այցելեցին Յաղթանակի զբօսայգի, ուր ծաղիկներ խոնարհեցին անմար կրակին շուրջ եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին նահատակներուն յիշատակին: Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, իր կարգին, յարգանքի տուրք մատուցելէ ետք շեշտեց, որ «պարտաւոր ենք շարունակել հետամուտ ըլլալ հայրենազրկուած արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան»:

Արցախի թղթածրարը դարձած է Յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւի գլխաւոր խորագրերէն մէկը եւ քաղաքական ուժերուն միջեւ ամբաստանութիւններու փոխանակումի առարկայ: Հակադարձելով Արցախը Ատրպէյճանին յանձնելու, Իլհամ Ալիեւի հետ գործընկերութեան եւ դաւաճանութեան մասին ընդդիմադիրներու խօսքերուն, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Արցախը իրենք չեն յանձնած Ատրպէյճանին, այլ ստիպուած եղած են այդպիսի որոշում կայացնելու, որովհետեւ արդէն ամէն ինչ վճռուած էր 1996-ին՝ Լիզպոնի գագաթաժողովին տրամաբանութեամբ: «Ղարաբաղեան շարժումը ճակատագրական սխալ եղած է մեզի համար», կարծիք յայտնեց Փաշինեան, ընդունելով հանդերձ, որ ինքն ալ սկիզբը մաս կազմած էր այդ շարժումին: Վարչապետը հարաւային Մեղրիէն հաստատեց, որ այդ քաղաքը խաղաղութեան խաչմերուկին սիրտն է ու վստահեցուց, որ մինչեւ տարեվերջ յստակ քայլերու պիտի ձեռնարկուի երկաթուղին կառուցելու համար: Ան ժողովուրդին կոչ ուղղեց պատշաճ խնամք տանելու, որպէսզի ամէն օր աւելի յուսալի դառնայ Ատրպէյճանի հետ կնքուած խաղաղութիւնը, ամրապնդելով անվտանգութիւնը եւ ապահովելով բաեկեցութիւն ու զարգացում: Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանազատումի յանձնաժողովները իրենց վերջին տեսակցութեան ընթացքին համաձայնած են երեք փաստաթուղթի նախագիծի շուրջ: Իսկ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան յիշեցուց, որ Սիւնիքի մէջ ոչ միայն միջանցք չկայ, այլ կայ խաղաղութիւն եւ TRIPP նախագիծ:
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԵՐԸ
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան կարծիք յայտնեց, թէ «Արցախի հարցը ծուղակ է Հայաստանին ու Ատրպէյճանին համար»: Ան պահանջեց, որ Հայաստան չըլլայ ռազմական որեւէ դաշինքի անդամ, նկատի առնելով աշխարհագրական դիրքն ու հնարաւորութիւնները: «Հայաստան փոքր երկիր է ու պէտք է ըլլայ չէզոք, որպէսզի երկու կողմերուն ալ սակարկութեան առարկայի չվերածուի», ըսաւ Սիմոնեան, նշելով, որ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը շատ դասեր կու տայ մեզի, որպէսզի չկրկնենք անցեալի սխալները: Իսկ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան յիշեցուց, որ վերջին 27 ամիսներուն Հայաստանի սահմանին վրայ հակառակորդին կրակոցներէն ոչ մէկ զինուոր զոհուած կամ վիրաւորուած է: Նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին ան յիշեցուց նաեւ, որ վեց ամիսով կրճատուած է զինուորական պարտադիր ծառայութիւնը եւ այդ հնարաւոր եղած է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հաստատումին շնորհիւ:
ԻՐԱՔՑԻ «ԳՆԴԱՊԵՏԻ» ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
Լիբանանեան բանակին հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ հետախուզական ծառայութիւնները ձերբակալած են իրաքցի մը, որ ինքզինք ներկայացուցած էր որպէս Իրաքի դեսպանատան անվտանգութեան պատասխանատու գնդապետը: Նշենք, որ իրաքցին խորքին մէջ կ’աշխատի որպէս առաքող: Ինքն իրեն գնդապետի աստիճան եւ Իրաքի դեսպանատան անվտանգութեան պատասխանատուի պաշտօն շնորհելով, ան վերջին շրջանին մտերմացած էր պետական անվտանգութեան եւ ընդհանուր անվտանգութեան ծառայութիւններու պետերուն հետ ու քննարկած էր ապահովական համագործակցութեան եւ օգնութիւններ տրամադրելու նիւթերը:

