Անցեալ շաբաթ Հայաստանը ապրեցաւ պատմական օրեր։ Երեւան ժամանած էին եւրոպական մօտ 50 երկիրներու նախագահներ, վարչապետներ, բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, եւրոպական կառոյցներու ղեկավարներ ու 400 լրագրողներ ու զանգուածային լրատուամիջոցներու աշխատակիցներ, մասնակցելու համար Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթաժողովին, որ առաջին անգամ տեղի կ’ունենար ցամաքամասի ամէնէն ծայրամասին՝ Կովկասի մէջ։ Այս առթիւ, հայ ժողովուրդին հայրենիքը՝ քաղաքակրթութեան օրրանը դարձաւ Եւրոպայի բաբախող սիրտը։ Ինչպէս Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց՝ նման մաշտաբի հանդիպում կարելի պիտի չըլլար ութ տարի առաջ, ակնարկելով Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն։
Գագաթաժողովին յաջորդեց երկու այլ կարեւոր իրադարձութիւն եւս։ Առաջինը՝ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի պաշտօնական այցելութիւնն էր, որուն ընթացքին ստորագրուեցաւ Հայաստան-Ֆրանսա ռազմավարական գործընկերութեան մասին հռչակագիրը, եւ երկրորդը՝ Հայաստան-Եւրոպական միութիւն գագաթի ժողովը, որ եկաւ վերահաստատելու եւրոպական մեծ ընտանիքին անսասան յանձնառութիւնը Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները աւելի ամրացնելու եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան, դիմադրողականութեան ու համապարփակ բարեփոխումներու օրակարգին աջակցութիւնը։
Երեւանեան այս պատմական օրերը եկան բարձրացնելու Հայաստանի վարկը եւ ամրապնդելու անոր տեղը քաղաքակիրթ ու ժողովրդավար երկիրներու շարքին։ Հայաստան եկաւ աշխարհին ցոյց տալու, թէ կաշկանդուած չէ Ռուսաստանի հետ ունեցած իր յարաբերութիւններով ու պիտի շարունակէ վարել բազմաբեւեռ արտաքին քաղաքականութիւն, որ կը բխի բացառապէս իր երկրի ազգային շահերէն։
Գագաթաժողովը անուղղակի կերպով դարձաւ նաեւ այն երաշխիքը, որ խաղաղութեան գործընթացը անշրջելի է ու Պաքուն չի կրնար հաշուի չառնել հաւաքական Եւրոպայի վճռակամութիւնը։ Ինչպէս որ Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան դիտորդական առաքելութեան տեղակայումը առաջին քայլն էր զսպելու համար Ատրպէյճանի ռազմատենչ ախորժակները, նոյնպէս ալ Հայաստանի եւ Եւրոպայի միջեւ ստորագրուած ռազմավարական հռչակագիրը յառաջացած քայլ մըն է այդ ուղղութեամբ։
Այս գագաթաժողովը քաղաքական վերնախաւին համար չէր միայն։ Հիւրերը առիթը ունեցան շփուելու նաեւ հայ հասարակութեան հետ, որոնք ուրախութեամբ կը հետեւէին երեկոյեան ուշ ժամերուն Երեւանի պողոտաներով զբօսնող եւրոպացի ղեկավարներուն՝ զանոնք արժանացնելով ջերմ ընդունելութեան։
Միւս կողմէ, սակայն, ընդդիմութիւնը սուգի մէջ էր։ Անոնց համար գագաթաժողովի Հայաստանի մէջ կայացումն իսկ անընդունելի քայլ էր, քանի որ անհանգիստ կ’ընէր Մոսկուան։
Անոնք կը շարունակեն յառաջ տանիլ այն սպառած միտքը, որ Հայաստանի ճակատագիրը պէտք է շարունակէ կապուած մնայ փութինեան Ռուսաստանի հետ, հակառակ, ոչ շատ հեռու անցեալին մեր ժողովուրդին ապրած յուսախաբութիւններուն, յատկապէս 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ ապա Արցախի հայաթափման մէջ այդ երկրին ունեցած տխուր դերակատարութեան։
Օգտուելով իրենց վայելած ազատութիւններէն, ընդդիմադիրները բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպէին ու պահանջներ կը ներկայացնէին գերիներու ազատ արձակման ու այլ պահանջներով, հակառակ որ Եւրոպական խորհրդարանը քանի մը օր առաջ խիստ քննադատութեան ենթարկած էր Ատրպէյճանը, վերահաստատած էր իր աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներուն՝ ներառեալ անոնց ինքնութեան, սեփականութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց անվտանգ, անխոչընդոտ եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը, միաժամանակ պահանջելով հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակում։ Այս որոշումը վերահաստատուեցաւ նաեւ Գագաթաժողովի ընթացքին։
Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար, որ ընդդիմութիւնը շնորհակալութիւն յայտնէր եւրոպացիներուն իրենց խիզախ կեցուածքին համար։ Իսկ շատերու կարծիքով, այդ բողոքները նախ պէտք էր ուղղուած ըլլային Ռուսաստանին, որ ոչ մէկ հայանպաստ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է վերջին տարիներուն։
Հայաստան-Եւրոպա կապերը կը շարունակեն զարգանալ հաստատ քայլերով, ու հայ հասարակութիւնը կոչուած է Յունիս 7-ին վերահաստատելու իր յանձնառութիւնը՝ պաշտպանելու Թաւշեայ յեղափոխութեան դաւանած սկզբունքները, կերտելու համար անկախ, ինքնիշխան, ժողովրդավար ու աւելի բարգաւաճ երկիր՝ այս ու յաջորդ սերունդներուն համար։

