Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Զալէմին Զուլումն Ու Խաղաղութիւնը

Պերճ Արապեան

May 9, 2026
in Յօդուածներ
0
Զալէմին Զուլումն Ու Խաղաղութիւնը

«Արարատ» օրաթերթ, Երեքշաբթի, 28 Ապրիլ 2026:

Կողք-կողքի, երկու շահեկան յօդուածներ, երկու յարգարժան յօդուածագիրներէ, յարգանքի արժանի գրիչներէ:

Մեթր Պարգեւ Դաւիթեանի «Անարդար, Օրդ Կու գայ»-ն («Եա Զալէմ Ըլաք Եոմ»)-ը եւ Լիզա Բանճարճեան-Թելվիզեանի «Արդեօք Օր Մը Վերջ Պիտի Գտնէ՞…»-ն:

Սիրելի մեթր Դաւիթեան, «Ձմեռը իր պաղը պիտի ընէ՛, զալէմն ալ իր զուլումը»: Կռուարար-կովարածն ու ինքզինք Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդ համարողը, քաղած են, կը քաղեն ու պիտի քաղեն իրենց զուլումին պտուղները, բայց ի՞նչ գինով, այդ բոլորը ի՞նչ պիտի արժեն համայն աշխարհին:

Ազնուափայլ տիկին Թելվիզեան, տարակոյս չկայ, որ օր մը (յուսամ Յիսուսի երկրորդ գալուստէն առաջ) վերջ պիտի գտնէ՛ Լիբանանի տառապանքն ու չարչարանքը, բայց, ըստ երեւոյթին, միայն զալէմին զուլում ձեռքերովը:

Ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ 70-ական թուականներուն, Նիքսըն-Քիսինճըր, Պըրըժնեւ-Կրօմիքոյի օրերուն, քուլիսներու ետին եղած համաձայնութեամբ մը, Միջին Արեւելքն ու «սիրեցեալ» Լիբանանը ինկան Արեւմուտքի եւ ամերիկեան ազդեցութեան գօտիին մէջ:

 

ԶԱԼԷՄՆ ՈՒ ԶՈՒԼՈՒՄԸ

Ամէն գործառնութիւն կամ գործողութիւն ունի իր հակառակ ու համահաւասար գործողութիւնը:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին հանդէպ զուլում էր, երբ 1933-ին, նախագահական հրամանագրով մը, ժողովուրդը զրկուեցաւ ձոյլ ոսկի ունենալէ: Այսօր, առանց բացառութեան, ամէն մէկ ամերիկացիի մղձաւանջը, մտահոգութիւննն ու աշխատանքն է գտնել լաւագոյն ձեւը՝ խուսափելու համար եկամուտի պետական տուրքերէն:

1971-ին աշխարհը զուլումի ենթարկուեցաւ եւ ինքզինք խաբուած զգաց, երբ, հակառակ 1944-ի Պրեթըն Ուուտզի համաձայնագրին, Ամերիկան բացայայտեց թէ իր կանաչ մամոնան ոսկիով ծածկուած չէ՛ այլեւս: Մօտ 70-80 տարի ամերիկեան տոլարը մնաց համաշխարհային դրամանիշ, ՄԻԱՀԵԾԱ՛Ն: Իրենց մամոնային կանաչ թուղթը (բառացիօրէն թուղթը) պարտադրուած մնաց որպէս գնողական արժէք ունեցող դրամանիշ:

Բայց երբ նոյն անարդար Զալէմը ի՜նչ-ի՜նչ պատճառաբանութիւններով չարաշահեց այդ վստահութիւնը, գրաւեց ու արգելափակեց շատ մը երկիրներու ունեցուածքն ու իրենց դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումարները, ստեղծուեցաւ BRICS-ը:

Այսօրուայ դրութեամբ, կազմուելէն հազիւ քանի մը տարի ետք, տասնեակ երկիրներ իրարու հետ կը գործակցին, փոխառութիւններն ու փոխանակումները կը կատարեն իրենց տեղական դրամանիշով, բոլորովին շրջանցելով ամերիկեան տոլարի գործածութիւնը:

«Եթէ չի՛ մեռար, մեռնողը չտեսա՞ր», կ’ըսէ արաբական առածը: Սէուտական Արաբիան ալ տեսաւ ուրիշ երկիրներու դէմ եղած զուլումը ու 50 տարի ետք մերժեց վերանորոգել իր նաֆթը միայն տոլարով վաճառելու համաձայնագիրը:

Անարդար Զալէմին զալէմութիւնը վիեթնամցի ժողովուրդին արժեց 2 միլիոն քաղաքացիի, 1,1 միլիոն վիէթքոնկցի պատերազմիկներու եւ աւելի քան 250 հազար բանակայիններու մահուան:

Աֆղանիստան, Իրաք… եւ մասամբ նորին, ցանկը երկար է, վերջ չունի:

Իրաքի պարագային, միայն տնտեսական արգելափակումները պատճառ դարձան 2 միլիոն մանուկներու մահուան: Պատճառ՝ սնունդի պակաս: Այլ ո՞ւր մնաց յաջորդական կրկնակի պատերազմներու պատճառաւ սպաննուածներուն թիւը:

Ողբերգութեան մեծը հո՛ն է, որ իր իսկ զուլումին պտուղները քաղողը այսօր ստիպուած կը զգայ ծայրայեղութեան երթալու եւ սաստկացնելու իր զալէմութիւնը:

 

ԼԻԲԱՆԱՆՆ ՈՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ

Կիպրոսը խաղաղեցաւ եւ յառաջդիմեց, երբ 1974-ին վաշխառու դրամատէրը ՆԱԹՕ-ի եւ թրքական բանակներուն միջոցաւ տիրացաւ Կիպրոսի կիսուն: Նախագահ Մակարիոս մերժած էր Հենրի Քիսինճըրի առաջարկը եւ չէր ուզած անգլիական զինուորական խարիսխներուն կողքին ունենալ ամերիկեան խարիսխ մըն ալ:

Եգիպտոս հանգստացաւ եւ խաղաղութիւնը գտաւ երբ ձեռքով-ոտքով յանձնուեցաւ Արեւմուտքի գաղութատէրին:

Միշտ ու միշտ իմ համեստ կարծիքով, Լիբանանն ալ իր խաղաղութիւնը կը սկսի գտնել, երբ հինգ հազար հոգինոց շինարարութեան մէջ եղող դեսպանատունը կ’ունենայ իր բնակիչները: Դեսպանատո՞ւն է սա, թէ՞ բանակայիններու բնակավայր-իջեւան, թէ՞ զինուորական խարիսխ: Տարօրինակ չէ՞, 4-5 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Լիբանանին համար ունենանք հինգ հազար հոգինոց դեսպանատուն, մինչ 1,5 միլիառ հաշուող եւ ՄՐՑԱԿԻ՛Ց Չինաստանի դեսպանութիւնը՝ միայն ութ հարիւր հոգինոց անձնակազմ:

1958-ին նախագահ Քեմիլ Շամունի եւ իր վարչակարգին դէմ եղած քաղաքական կացութիւնն ու երկփեղկումը Լիբանանը տարաւ եղբայրասպան կռիւներու, նոյնիսկ հայ համայնքէն ներս: Խաղաղեցաւ միայն երբ ամերիկեան նաւատորմն ու նաւաստիները ոտք դրին լիբանանեան հողին վրայ:

Այսօր ալ, նախագահ Աունի վարչակարգին եւ երկրի կարեւոր մէկ զանգուածին ու խաւին միջեւ եղած տարակարծութիւնները ուրիշ բան չե՛ն յուշեր մեզի:

Առաքելութիւններ եւ գործեր կան որոնք գործակից-գործընկեր (օրթախ) չեն շալկեր:

1982-ին ամերիկեան բանակին կողքին Պէյրութ իջեւանած էին ֆրանսական եւ իտալական բանակները:

2018-19-ին, ուժանիւթի նախարարը Լիբանանի հեղուկ կազի պեղումները յանձնած էր ֆրանսական-իտալական-ռուսական ընկերութիւններուն:

«Բա՜, ո՞նց կարելի է նման շահարկութենէ դուրս ձգել Միացեալ Նահանգները»: Մերօրեայ Զալէմին չաստուածներն անգամ չեն կրնար ընդունիլ նման բան:

Վերջին 6-7 տարուայ մէջ պատահեցաւ ինչ որ պատահեցաւ: Վերջաւորութեան, երեքն ալ, գլխաւորութեամբ Ֆրանսային, ձեռնպահ մնացին: Գոյութիւն ունեցող հանքերը «չկրցան» պեղել:

Կարճ կապենք:

Երբ օր մը, պատահի որ Աուքարի շինարարութիւնը բնակուած տեսնենք ամերիկացի նաւաստիներով եւ բանակայիններով, ա՜խ, այն ատեն միայն Լիբանանը պիտի տեսնէ խաղաղութիւնը (կարծեմ):

Անարդար Զալէմին զուլում խաղաղութիւնը:

Share66Tweet42
Previous Post

Թշնամին Թշնամի Է՛, Ցնոր Արդարութիւն Այլապէս՝ Չի՛ք Ճանաչում Ու Խաղաղութիւն

Next Post

Եւրոպան Ժամանեց Երեւան՝ Վերահաստատելով Իր Աջակցութիւնը Հայ Ժողովուրդին

Next Post
Եւրոպան Ժամանեց Երեւան՝ Վերահաստատելով Իր Աջակցութիւնը Հայ Ժողովուրդին

Եւրոպան Ժամանեց Երեւան՝ Վերահաստատելով Իր Աջակցութիւնը Հայ Ժողովուրդին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.