Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լիբանանահայութիւնը Կ’ոգեկոչէ Նահատակներուն Յիշատակը

May 9, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լիբանանահայութիւնը Կ’ոգեկոչէ Նահատակներուն Յիշատակը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ երեք հայկական կուսակցութիւններուն եւ ներկայութեամբ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, Պէյրութի քաղաքապետ Իպրահիմ Զէյտանի, եւ Պէյրութի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Վահրամ Պարսումեանի, Սերժ Մելքոնեանի, Յովհաննէս Պչաքճեանի եւ Ճօ Մրատի, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, ԼՕԽ-ի, ՀՄՄ-ի, Նոր Սերունդ մշակութային միութեան, Թէքէեան մշակութային միութեան ներկայացուցիչներու, Հինգշաբթի, 6 Մայիս 2026-ին Պէյրութի Նահատակաց հրապարակի յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղման արարողութիւն` ի յիշատակ 6 Մայիս 1916-ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կախաղան բարձրացուած նահատակներուն։ Անոնք, իրենց անձնազոհութեամբ դարձան ազատութեան եւ արժանապատուութեան պայքարի անմար խորհրդանիշեր։

ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՄՄ-ի շեփորախումբերը նուագեցին Լիբանանի քայլերգը, ինչպէս նաեւ մահերգ՝ ծաղկեպսակի զետեղման ժամանակ։

Լիբանանի մէջ հայկական կուսակցութիւններու անունով ծաղկեպսակը զետեղեցին՝ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ Վանիկ Տագէսեան եւ ՌԱԿ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Աւետիս Տագէսեան։

Լիբանանի Նահատակաց տօնին առիթով (Մայիս 6), Լիբանանի մէջ երեք հայկական կուսակցութիւններուն անունով Արազ Էլէյճեան ընթերցեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

Այս օրը՝ 6 Մայիս 1916-ին, օսմանեան թուրք իշխանութիւնները Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ կախաղաններ կանգնեցուցին՝ փորձելով լռեցնել ազատութեան ձայները։ Կարծեցին, թէ մտաւորականները, հայրենասէրներն ու ազատատենչ մարդիկը մահապատիժի ենթարկելով կրնան խեղդել ժողովուրդին ազատագրութեան ոգին… բայց ձախողեցան։

Ազատութեան ջահը մարելու փոխարէն, տարբեր համայնքներու եւ շրջաններու նահատակներու արիւնը միաձուլուեցաւ՝ դառնալով ուժ մը, որ ամրապնդեց անկախութեան եւ ազատութեան կամքը ընդդէմ օսմանեան թուրք բռնութեան եւ ճնշումին։

Այսօր զանոնք չենք յիշեր իբրեւ զոհեր, այլ կը պատուենք որպէս մեր ազգային ինքնութեան կերտողներ։ Անոնց արիւնը ի զուր չհոսեցաւ, այլ դարձաւ հիմքը, որուն վրայ կանգնեցաւ Լիբանանը։

Բայց միայն յիշելը բաւարար չէ։

Նահատակները ճշմարիտ պատուել կը նշանակէ պաշտպանել այն սկզբունքները, որոնց համար անոնք նահատակուեցան, եւ մերժել ամէն տեսակ տիրապետութիւն՝ թէ՛ անցեալին, եւ թէ՛ ներկայիս։

Յստակ կը հաստատենք, որ ճնշումով եւ մահապատիժներով իշխողները չեն կրնար զատուիլ իրենց ձգած ժառանգութենէն։ Մեր նահատակներուն դէմ գործուած ոճիրները չեն մոռցուիր, եւ պէտք չէ նուազագոյնացնել զանոնք։ Յիշողութիւնը վրէժ չէ, այլ դիմադրութեան ձեւ մըն է։

Այսօր մեր պատասխանատուութիւնը աւելի մեծ է, քան երբեք։ Լիբանանը կը գտնուի խաչմերուկի առջեւ՝ ներքին եւ արտաքին աճող մարտահրաւէրներու պայմաններու մէջ։ Եւ եթէ մէկ դաս ունինք քաղելու մեր նահատակներէն, ապա այն է, որ հայրենիք մը, որ կը մոռնայ իր հերոսները, կը վտանգէ իր ապագան։

Այս ծիրին մէջ կը կարծենք, թէ լիբանանեան պետութեան պարտքն է վերահաստատել այս օրուան համապարփակ իմաստը՝ իբրեւ Լիբանանի բոլոր նահատակներու օր, ոչ թէ սահմանափակել զայն միայն մամուլի նահատակներով։ Մայիս 6-ը համազգային յիշատակութիւն է, որ կը մարմնաւորէ այն տղամարդոց եւ կիներու զոհողութիւնները, որոնք պայքարեցան ազատութեան, արժանապատուութեան եւ գերիշխանութեան համար։ Անոնց իրաւունքն է, որ իրենց ժառանգութիւնը պահպանուի ազգային յիշողութեան մէջ՝ ըստ իրենց արժանի պատուոյ։ Այս օրուան վերահաստատումը որպէս «Լիբանանի Նահատակներու Տօն» անհրաժեշտ քայլ մըն է ազգային գիտակցութեան ամրապնդման եւ հաւաքական յիշողութեան միասնութեան խթանման համար։

Վերջին զարգացումներուն եւ իսրայէլեան յաճախակի յարձակումներուն պատճառով Լիբանանի կրած կորուստներուն լոյսին տակ, կը յիշենք մեր նոր նահատակները, որոնք ինկան ի պաշտպանութիւն հայրենի հողին, արժանապատուութեան եւ ինքնիշխանութեան։ Անոնց արիւնը կը միանայ ազգային նահատակութեան այն երթին, որ երբեք չէ ընդհատուած, եւ կը հաստատէ, որ Մայիս 6-ին նահատակուած հերոսներուն զոհողութիւնները կը շարունակուին տարբեր կերպերով։ Այս իրականութեան դիմաց, մեր յանձնառութիւնը՝ պաշտպանելու մեր երկիրը, պահելու անոր ինքնիշխանութիւնը եւ պաշտպանելու մեր ժողովուրդը, կը մնայ ազգային պարտաւորութիւն մը, որ չ’ընդունիր որեւէ զիջում։

Հետեւաբար, պէտք է յիշենք։

Յիշենք մեր դպրոցներուն մէջ, մեր տուներուն մէջ եւ մեր հաստատութիւններուն մէջ։ Սորվեցնենք մեր զաւակներուն, որ ազատութիւնը տրուած չէ, այլ ձեռք բերուած է պայքարով եւ զոհողութեամբ։ Պահպանենք այն միասնութիւնը, որ մարմնաւորեցին մեր նահատակները, որովհետեւ անոնք չնահատակուեցան իբրեւ համայնքներու զաւակներ, այլ որպէս մէկ հայրենիքի զաւակներ։

Փա՜ռք նահատակներուն։

Փա՜ռք բոլոր անոնց, որոնք դիմադրեցին անարդարութեան։

Եւ փա՜ռք Լիբանանին՝ որպէս ազատ, միացեալ եւ անկոտրում հայրենիք։

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն

 

Share62Tweet39
Previous Post

Խմբագրական. Եւ Ծածանեցաւ Դրօշը Յաղթական

Next Post

Ձայներ Աթէնքէն (արձագանգ յունահայ կեանքի) – 1

Next Post
Ձայներ Աթէնքէն (արձագանգ յունահայ կեանքի) – 1

Ձայներ Աթէնքէն (արձագանգ յունահայ կեանքի) - 1

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.