Ժամանակակից պատմութեան ամենաբախտորոշ առաւօտն էր 9 Մայիս 1945-ին, երբ խորհրդային արնագոյն դրօշը յաղթականօրէն բարձրացաւ Պերլինի սիրտին: Նացիզմ-ֆաշիզմ ոճրածնունդ երկուորեակը, 1939-էն, հուր ու արիւն կը սփռէր ամէնուր: Խելացնոր պատրանքներով տարուած, խօլական գաղափարներով տոգորուած, ռազմաբաղձութեամբ գինովցած Հիթլէր-Մուսոլինի զոյգը կատաղի մոլեգնութեամբ սպառնալիք դարձած էին ողջ մարդկութեան:
Ի՞նչ պիտի ընէին այս սպառնալիքին նշաւակ դարձած ժողովուրդները, ո՞րն էր ելքը անսանձօրէն փոթորկող այս արշաւին դիմաց, պիտի կքէի՞ն մարդիկ ֆաշիզմին ընդառաջ՝ դառնալով անձնատուր խոնարհօրէն: Ինչպիսի՜ ահաւոր գաղափարներ կը մտմտար եւ ծրագրեր կը մշակէր Պերլինի տիրակալը, ոտնակոխան ընելով ամէն սրբութիւն եւ քաղաքակրթութիւն: Եւ ուրեմն կար մէ՛կ եւ անքննարկելի ընտրանք բոլորին համար՝ միահամո՛ւռ կերպով հակագրոհել եւ ի սպառ զգետնել այս պատուհասը ամենակործան:
Այս հակագրոհին եւ հերոսական մարտնչումին առիւծի բաժինը ինկաւ խորհրդային ժողովուրդներուն վրայ՝ երբ անդին ջախջախուած էր Ֆրանսան՝ իր գրաւեալ Փարիզով, անխնայօրէն կը ռմբակոծուէր Բրիտանիան՝ իր Լոնտոն մայրաքաղաքով. եւրոպական երկիրներով կոշտ մոյգերով եւ արիւնռուշտ սուիններով կը տողանցէին ֆաշիստական զօրքերը՝ ահ ու սարսափի մատնելով աջն ու ահեակը: Ֆաշիզմը, խտրութիւն չդնելով իր գործելաոճին մէջ, աներեւակայելի վայրագութեամբ կ’ոչնչացնէր իր թիրախները, շատ յաճախ անմեղ եւ անպաշտպան զանգուածներ:
Պերլինի մեծամիտ տիրակալը գերոգեւոր իր սկզբնական «յաջողութիւններով», անպատկառօրէն ձեռնոց նետեց Մոսկուայի ուղղութեամբ՝ սին խաբկանքը ունենալով թէ կրնայ տապալել Խորհրդային միութիւնը: Աւելի ուշ, միլիոնաւոր զոհերէ ետք միայն պիտի իմանար, որ ան ինկած է իր նման միւս մեծամիտին՝ Նափոլէոն Պոնափարթի նոյն թակարդը: Խորհրդային ժողովուրդները ի գին գերմարդկային զոհողութեանց՝ պատուար կանգնեցան նացիստական ահագնացող բանակին դիմաց: Ամէն կողմէ զինուորներ՝ փութացին թէժ ճակատներ, բանակայիններ՝ մնացին մահագոյժ խրամատներու մէջ, կամաւորներ՝ ուսընդուս՝ կեանքի գնով վահանեցին հայրենիքի իւրաքանչիւր քիլ հողը: Ինչպիսի՜ փառահեղ էջեր, հերոսական դրուագներ, հոգեզմայլ սխրանքներ արձանագրուեցան Երկրորդ Աշխարհամարտին եւ յատկապէս խորհրդային ճակատներու վրայ: Ամենափայլունը Ստալինկրատի բեկումնային ճակատամարտն էր անտարակոյս: Կրնանք վստահօրէն ըսել՝ հո՛ն է որ վճռուեցաւ մարդկութեան պատմութեան ճակատագիրը, հետագայ ընթացքը. հոնկէ սկսաւ ֆաշիզմին անփառունակ վախճանին սկիզբը:
Խորհրդային հզօր հակագրոհը, անգին զոհողութիւններով, հասաւ մինչեւ որջը նացիզմին: Ծնկաչոք էր արդէն մեծամոլը՝ Պերլինի փլատակներուն տակ անշնչացած: 9 Մայիս 1945-ին, հողմածածան բարձրացաւ դրօշը կարմիր՝ աւետելով տապալումը ֆաշիզմին: Հայկական գունդը, Պերլին խոյացած, «Քոչարի»-ով նշեց յաղթանակը, որ նաեւ յաղթանակն էր հայութեան: Մինչեւ Կովկաս հասած եւ Հայաստանին մօտեցող գերման հորդաները ետ էին մղուած, հազիւ խլեակ ու բեկոր, քշուելով աստ ու անդ եւ մինչեւ ծոցը մահասփիւռ Հիթլէրի: Ի վերջոյ, խաղաղօրէն հանգիստ շունչ քաշեց պատերազմի արհաւիրքներու մէջ տուայտող ու գալարուող մարդկութիւնը: Չարը հասած էր իր աւարտին: Չարը ինկած էր եւ պէտք էր որ իյնար սպառսպուռ կերպով:
Այսօր, մարդկութիւնը Յաղթանակի Օրուան պանծալի առիթով կը նշէ ֆաշիզմին տապալման փաստը: Սա տօնն է նաեւ հայութեան: Պատերազմի լարուած օրերուն, թրքական զօրքը կը սպասէր յարմար պահու՝ թափանցելու Խ. Հայաստան: Ի հարկէ, հայութեան յիշողութենէն նաեւ չէր ջնջուած գերմաններու գործօն դերը Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն: Հայու ենթագիտակցութեան մէջ կար յստակ այն պատկերացումը՝ թէ կռուիլ ֆաշիզմին դէմ, կը նշանակէր կռուիլ հայութեան ոխերիմ ոսոխին՝ ցեղասպանին դէմ: Դառնօրէն կուտակուած արդար վրէժի պահը եկած կը թուէր ըլլալ: Եւ ահա, կը տեսնենք հսկայական հայկական մարդուժի մասնակցութիւնը ֆաշիզմի դէմ պատերազմին՝ երբ վեց հարիւր հազար հայորդի կը մեկնէին տարբեր ճակատներ: Անոնցմէ կէսը պատնէշներու ետին մնացին առ յաւէտ: Հարիւրներ վերադարձան հաշմ եւ անդամահատ, բայց… խրոխտաբար խլած յաղթանակի դափնին: Անոնք, ինկած Պերլինէն խնդաւէտ, շքեղօրէն հիւսեցին փառքը յաղթանակին:
Ոչ միայն խորհրդային հայ հրամանատարներ, սպաներ թէ զինուորներ մաքառեցան յանուն յաղթանակի, այլեւ՝ Ֆրանսայէն, ԱՄՆ-էն, Յունաստանէն հայ զինուորներ թէ կամաւորներ միացան հակաֆաշիստական պատերազմին: Սփիւռքահայութիւնը «Սասունցի Դաւիթ» հրասայլերու շինութեան մասնակցելով իր նիւթական նպաստը բերաւ յաղթանակի կերտումին: Ողջ հայութեան գերխնդիրն էր պահպանել Խ. Հայաստանի անվտանգութիւնը: Խաղաղ ու բարգաւաճ տեսնել հայրենիքը: Հայաստանը զերծ պահել ֆաշիստներու շունչէն ու դունչէն: Թէպէտ եղան մոլորեալներ՝ ֆաշիզմի կառքին լծուած, եղան Հիթլէրով հմայուած հայանուններ, գերմանասէր սմսեղուկներ, որոնց ճակատագիրը եղաւ ամօթի խարանը իրենց ճակատներուն յաւերժօրէն դաջուած:
Տօնն է նաեւ Հնչակեան կուսակցութեան, որովհետեւ անոր ողջ անդամաշարքը միացած էր այս յաղթանակի կոփումին՝ իր հնարաւորութեանց չափով: Հնչակեաններ անվերապահօրէն կանգնեցան հակաֆաշիստական ճակատի կողքին: Սատարեցին, ողջունեցին եւ փառաբանեցին Յաղթանակին Օրը՝ Մայիսի 9-ին:
Փա՛ռք Յաղթանակի Օրուան: Յարգա՛նք բոլոր այն հերոսներուն, նահատակներուն եւ զինուորեալներուն, որոնց շնորհիւ կոթողուեցաւ այս պայծառագոյն առաւօտը յաղթական:

