Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ձայներ Աթէնքէն (արձագանգ յունահայ կեանքի) – 1

 Լ. Շ.

May 9, 2026
in Գաղութային
0
Ձայներ Աթէնքէն (արձագանգ յունահայ կեանքի) – 1

Այսօրուան մեր սիւնակը, բացառաբար, ամբողջովին պիտի տրամադրենք յունահայ գաղութի ծոցին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչումներուն, որոնք կը պարզեն բաւական հետաքրքրական պատկեր մը։

Յունաստան երկիր մըն է, որ աշխարհագրական դիտանկիւնէ կը գտնուի արեւելքի ու արեւմուտքի միջեւ։ Յունահայ հին գաղութը,– որ հիմա գրեթէ անհետացած է,– իր բարքերով ու մտայնութեամբ աւելի նման էր միջինարեւելեան մեր աւանդապաշտ գաղութներուն, քան՝ Եւրոպայի։ Սահող տասնամեակները սակայն փոխեցին յունահայոց դիմագծութիւնը։ Հայախօսութիւնը նահանջեց լա՜յն թափով, նոր սերունդը դարձաւ յունախօս, գլուխ ցցեցին նաեւ ինքնութեան տագնապի ու ազգային գիտակցութեան եւ ուծացումի, ընկրկումի լուրջ հարցեր։ Վերջին երեսուն տարիներուն՝ գաղութին իր արիւնը խառնեց նաեւ Հայաստանէն կամ Վրաստանէն գաղթողներու հոծ թիւ մը…։

Այնուամենայնիւ, Յունաստանի հայութիւնը դեռ կ՛ապրի, կը շնչէ, կը գործէ իր նոր դիմագծութեամբ։ Եկեղեցիներ, քանի մը դպրոց, քանի մը թերթ կը փորձեն նպաստել հայապահպանումի ընդհանուր ճիգին, այնքան՝ որքան կրնան, որքան կը յաջողին։

Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի 111-ամեակին առիթով աչքէ անցուցինք յունահայ մամուլը. հետեւեցանք գաղութային հաստատութեանց կայքէջերուն եւս։ Աթէնքէն մինչեւ Թեսաղոնիկէ ու Գաւալա՝ ակնբախ է յոյժ գնահատելի ճիգ մը, նախ երիտասարդ սերունդը համախմբելու մեր ազգային ապրումներուն շուրջ, ապա մա՛նաւանդ՝ Հայ դատի աշխատանքներուն մասնակից դարձնելու յոյն պետական, ակադեմական ու կրօնական ներկայացուցիչները, որոնք անվերապահօրէն կը զօրակցին հայութեան։ Բայց, խրախուսիչ երեւոյթներու կողքին, մեր հայեացքէն չվրիպեցաւ յունահայոց ծոցին մէջ տասնամեակներէ իվեր բոյն դրած պառակտեալ իրավիճակը, որ մինչեւ իսկ արգելք կը հանդիսանայ Եղեռնի նահատակաց միասնական ոգեկոչումին…։ Զորօրինակ, ցաւով կարդացինք, որ իրարու հակադրուած հայ կուսակցութիւններ կամ շրջանակներ ապրիլեան ոգեկոչումի իրենց նախաձեռնութիւններուն մէջ գործած են անջատ-անջատ, մէկը միւսը ժխտելով, մէկը միւսը արհամարհելով…։ Այսպէս, Նէա Զմիռնիի հայկական յուշարձանին առջեւ կայացած աւանդական ոգեկոչումին իր մասնակցութիւնը չէ բերած (թերեւս ալ չէ հրաւիրուած) համայնքին մէկ թեւը։ Այդ թեւը, վերոնշեալ յուշարձանին առջեւ իր խոնարհումը կատարած է անջատաբար, տարբեր օր մը ու տարբեր ժամու մը…։ Նոյն տխուր պատկերը երեւելի եղած է նաեւ զուտ եկեղեցական արարողութեանց պարագային. կիլիկեան թեմն ու էջմիածնական հատուածը, իւրաքանչիւրը՝ «իր» եկեղեցիին մէջ, ապրիլեան նահատակները ոգեկոչած են առանձինն…։ Ինչո՞ւ…։ Պատասխան չկայ։

Ստորեւ՝ ոգեկոչումներու ամփոփ մէկ համայնապատկերը։

ԱԹԷՆՔԻ Զաւարեան կեդրոնէն ներս, 19 Ապրիլին, կայացած է Հայ Կապոյտ Խաչի արիւնատուութեան արշաւը, որ ամէն տարի կը կազմակերպուի աւանդաբար՝ Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին։ Ծրագիրը, որ կը կրէ զուտ մարդասիրական բնոյթ, կ՛իրականացուի բժշկական խումբի մը հսկողութեան տակ՝ մի առ մի ստուգելէ ետք կամաւորներուն առողջական ընդհանուր վիճակը։

Այս տարի արիւն տուած են 37 հոգի։ Ստացուած արիւնը կը պահուի Աթէնքի «Էվանկելիզմոս» հիւանդանոցի արեան պահեստանոցին մէջ՝ Հայ Կապոյտ Խաչի անունին տակ ու կ՛օգտագործուի երբ որ հարկ ըլլայ։ Շատերու կարգին՝ այս տարի արիւնատուութիւն կատարած է նաեւ Յունաստանի խորհրդարանի պատգամաւորուհի տիկ. Իրինի Քասիմաթի, այսպիսով իր զօրակցութիւնը յայտնելով հայութեան։

ԱԹԷՆՔԻ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարեդարձի ամէնէն ցուցական ձեռնարկը հանդիսացած է Ապրիլ 24-ի այն քայլարշաւը, որ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան հրաւէրով ու քանի մը հարիւր մեծ ու փոքր ուղեկիցներու մասնակցութեամբ կատարուած է Սինտաղմայէն դէպի թրքական դեսպանատուն։ Մօտակայ հրապարակին վրայ կարդացուած են ուղերձներ, ի միջի այլոց՝ Պոնտական միութեան երկու ներկայացուցիչներու կողմէ։ Ոստիկանութիւնը չէ արտօնած որ ցուցարարները մօտենան դեսպանատան։ Բրտօրէն արգելք դրուած է նաեւ որ ցուցարարներու ներկայացուցիչները յուշագիր մը թողուն այնտեղ։ Այս կեցուածքը ընդվզում յառաջացուցած է հայ տղոց մօտ։

«Ազատ Օր» կը գրէ որ զայրոյթի շիկացած մթնոլորտի իբրեւ արտայայտութիւն՝ երիտասարդները այրած են պաստառ մը, որուն վրայ զետեղուած էին Էրտողանի ու Ալիեւի նկարները…։ Բարեբախտաբար, առաջքը առնուած է ոստիկանական ջոկատներու եւ ցուցարարներու միջեւ հաւանական բախումի մը։ Իդէպ, Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Քոնսթանթինոս Թասուլաս 111-ամեակի առթիւ հրապարակած է ցեղասպանութիւնը դատապարտող պաշտօնական յայտարարութիւն մը։

ՆԷԱ ԶՄԻՌՆԻԻ (Աթէնք) հայկական զանգակ-յուշակոթողին առջեւ, 24 Ապրիլին, հայ եւ յոյն պաշտօնական հիւրերու ներկայութեամբ կայացած է նահատակաց ոգեկոչումի ձեռնարկ մը։ Մասնակից եղած են հայ երեք յարանուանութեանց հոգեւոր պետերն ալ՝ Սահակ եպս. Եմիշեան, Միքայէլ վրդ. Պասալէ եւ վեր. Վիգէն Չոլաքեան։

Բացման խօսք արտասանած է Շողիկ Տատոյեան։ Հայութեան ուղղուած զօրակցական խօսքերով հանդէս եկած են յոյն քաղաքական գործիչներ, որոնց շարքին՝ Արդարադատութեան նախարարութեան քարտուղար Փելոբս Լասքոս ու Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Եորղոս Քութելաքիս։ Առաջնորդ Սահակ եպս. եւ կրօնական դասը միասնաբար կատարած են «բարեխօսական կարգ»։ Առաջնորդը, միաժամանակ, ուղղած է պատգամ մը։ Յետոյ զետեղուած են դափնեպսակներ։ Պատուոյ պահակախումբի դեր ստանձնած են Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտները։ Նախորդ օրը, 23 Ապրիլին, նոյն յուշակոթողին շուրջ համախմբուած են Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Գալփաքեան վարժարանի պաշտօնէութիւնն ու Հայ Իրաւանց Խորհուրդի (ՌԱԿ) ներկայացուցիչները։ Ծաղկեմատոյցէն ետք, ներկաներուն իր պատգամը յղած է Խորէն եպս. Առաքելեան (էջմիածնական թեմ)։

ԱԹԷՆՔԻ երաժշտանոցի սրահին մէջ, 26 Ապրիլի ցերեկը, կայացած է Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին ձօնուած հանդիսութիւն մը (որպէս քաղաքական կեդրոնական ձեռնարկ), որ միասնաբար կազմակերպած են Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբն ու Ատիկէի մարզպետարանը։ Ընդարձակ սրահը լեցուած է խուռներամ բազմութեամբ, սակայն ամէնէն ուշագրաւը եղած է ներկայութիւնը Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարին, որուն ընկերակցած են զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, յունական կուսակցութեանց երեսփոխաններ, քաղաքապետեր եւ այլն, եւ այլն։ Հանդիսավարութիւնը կատարած է Սերգօ Մանկոյեան։

Տեսերիզի ցուցադրութեամբ պատմական անդրադարձ մը կատարուած է նախ 1915-ի մեծ ոճիրին, ապա Արցախի բռնագրաւումին եւ Յունաստանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման։ Ուղերձներով հանդէս եկած են Ատիկէի մարզպետին ներկայացուցիչը՝ Եորղոս Վլախոս, Յունաստանի խորհրդարանի ներկայացուցիչը՝ Վասիլիս Իքոնոմու եւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան կողմէ Արմէն Չաքալեան։ Հայկական դպրոցներու աշակերտներէն բաղկացած երգչախումբ մը հրամցուցած է հայերէն ու յունարէն երգեր, որոնք յուզած են ներկաները։ Գլխաւոր ելոյթը եկած է պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենտիասէն (որու մասին թուրք մամուլը միշտ ժխտական կ՛արտայայտուի…), որ, անդրադարձ կատարելով Մեծ Եղեռնին, իր զօրակցութիւնը յայտնած է հայութեան։ Այնուհետեւ ելոյթ ունեցած է Հայաստանէն ժամանած «Նէ» երաժշտական իգական քառեակը, առաւելաբար կոմիտասեան ստեղծագործութիւններով։ Իվերջոյ, սրահէն բաժնուող պաշտօնական հիւրերը քայլերթով ուղղուած են Սինտաղմայի Անծանօթ Զինուորի յուշարձանը, մինչ ճամբու երկայնքին Աթէնքի քաղաքապետարանի փողերախումբը հնչեցուցած է կշռութաւոր պատշաճ եղանակներ։

Share64Tweet40
Previous Post

Լիբանանահայութիւնը Կ’ոգեկոչէ Նահատակներուն Յիշատակը

Next Post

Թշնամին Թշնամի Է՛, Ցնոր Արդարութիւն Այլապէս՝ Չի՛ք Ճանաչում Ու Խաղաղութիւն

Next Post
Թշնամին Թշնամի Է՛, Ցնոր Արդարութիւն Այլապէս՝ Չի՛ք Ճանաչում Ու Խաղաղութիւն

Թշնամին Թշնամի Է՛, Ցնոր Արդարութիւն Այլապէս՝ Չի՛ք Ճանաչում Ու Խաղաղութիւն

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.