ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Շարունակելով բանակցութիւններուն առաջին երկու փուլերը, այսօր Ուաշինկթընի մէջ տեղի պիտի ունենայ լիբանանեան-իսրայէլեան բանակցային երրորդ հանդիպում մը՝ հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ ամերիկեան կողմին:

Այս նիստին Լիբանանը պիտի ներկայացնէ նախկին դեսպան Սիմոն Քարամ, որ այցելեց Պաապտայի պալատ եւ ստացաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունին ցուցմունքները, իսկ նախագահը վերահաստատեց Լիբանանի յանձնառութիւնը զինադադարին, բանակցութիւններուն եւ անփոփոխ սկզբունքներուն: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ, իր կարգին, զինադադարը ամրապնդելու միջոցները քննարկեց բանակի հրամանատարին հետ:

Իսրայէլեան զինուած ուժերու սպայակոյտի պետը յայտնեց, որ պիտի չքաշուին Լիբանանի բռնագրաւեալ շրջաններէն, մինչեւ որ ապահովուի իսրայէլեան բնակավայրերուն երկարատեւ ապահովութիւնը: Արտաքին գործերու նախարար Կիտաուն Սաէր շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ չունին տարածքային ձգտումներ, այլ կը փորձեն կործանել Հըզպալլայի կարողութիւնները, իսկ պաշտպանութեան նախկին նախարար Եոավ Կալանթ պահանջեց ցնցել Պէյրութը, Պաալպաքը, Սայտան ու Նապաթիէն, որպէսզի դադրին Հըզպալլային հրթիռարձակումները: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու նախարար Մարքօ Ռուպիօ նշեց, որ իրենք կ’ուզեն Լիբանանի մէջ տեսնել ուժեղ կառավարութիւն մը, իսկ Հըզպալլա կը խոչընդոտէ այդ ուղին:
ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐ
Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ գործող ոչ-պաշտօնական եւ մասնակի զինադադարը չդիմացաւ մինչեւ նախորոշուած թուականը եւ ցնցումներու ենթարկուեցաւ անցնող երեք օրերուն: 6 Մայիսի երեկոյեան, նոր հարուածի ենթարկուեցաւ հարաւային արուարձաններու Հարէթ Հրէյք թաղամասի բնակարաններէն մէկը՝ զինադադարի յայտարարութենէն ետք առաջին անգամ ըլլալով, թիրախաւորելով Հըզպալլայի յատուկ ուժերու «Ռատուան» զօրախումբէն հրամանատարներ՝ ներառեալ գործողութիւններու պատասխանատու Մալէք Պալլութը:

Զուգահեռաբար, իսրայէլեան հարուածները գրեթէ չդադրեցան հարաւի մէջ, ուր յայտարարուեցաւ գետնափոր ուղի մը գտնելու եւ ոչնչացնելու մասին: Հըզպալլա, իր կարգին, զինադադարին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով երէկ հրթիռներ արձակեց Հայֆայի շրջանին եւ սահմանամերձ դիրքերու ուղղութեամբ, պատճառելով վնասներ: Կուսակցութեան ռազմական լրատուութիւնը յաջորդական հաղորդագրութիւններով յայտարարեց հարաւի բռնագրաւեալ շրջաններուն մէջ իսրայէլեան զինուորական կուտակումներուն եւ նորակառոյց դիրքերուն վրայ հրթիռներ եւ անօդաչու սարքեր արձակելու մասին: Բնակավայրեր դատարկելու մասին փոխադարձաբար զգուշացումներ արձակուեցան երկու կողմէն: Կարմիր խաչը լիբանանեան բանակին ընկերակցութեամբ երէկ վերջապէս մուտք գործեց Մայֆատուն եւ Պիլաթ գիւղերը՝ տարհանելու համար պաշարուած քաղաքացիները: Ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, 2 Մարտէն մինչեւ երէկ երեկոյեան մահացած է 2759 մարդ, վիրաւորուած՝ 8512 ուրիշներ:
ՀԱՆԹԱՆ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿ ՉԷ
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը յայտարարեց, թէ Ատլանտեան ովկիանոսէն անցնող նաւու մը վրայ Հանթա ժահրով վարակումներու գրանցումը չի նշանակեր, թէ պիտի յառաջանայ նոր համաճարակ մը, միաժամանակ տեղի ունեցածը համարելով գիտական յաւելեալ ուսումնասիրութիւններու կարիք ունեցող՝ լուծումներ գտնելու այսպիսի խնդիրներու: Ըստ կազմակերպութեան, ցարդ կայ վարկումի 8 պարագայ: Նշենք, որ իսրայէլեան լրատուամիջոցները երէկ հաղորդեցին Հանթա ժահրով վարակումի առաջին պարագային մասին:

