Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լիբանանի Առաջին Տիկին Նեհմաթ Աուն Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան

May 5, 2026
in Այլազան
0
Լիբանանի Առաջին Տիկին Նեհմաթ Աուն Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան

Լիբանանի Հանրապետութեան Առաջին տիկին Նեհմաթ Աունի նախաձեռնած «Քաղաքացիութեան դպրոց» ազգային ծրագիրը թեւակոխեց կիրարկման գործնական փուլը: Այս ծրագիրը, որ կը միտի հիմնաքարը դնելու դպրոցական քաղաքացիութեան միասնական չափանիշի մը, առանցքային նշանակութիւն ունի նոր սերունդի քաղաքացիական դաստիարակութեան եւ հայրենիքի հանդէպ իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու գիտակցութեան սերմանման մէջ:

Յատկանշական է, որ ծրագրի առաջին տարուան համար ընտրուած լիբանանեան 150 վարժարաններու շարքին իրենց տեղը գտած են 5 հայկական վարժարաններ, որոնցմէ մէկն է Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանը:

Չորեքշաբթի, 29 Ապրիլ 2026-ին, Առաջին տիկին Նեհմաթ Աուն ժամանեց վարժարան, ուր դիմաւորուեցաւ նախակրթարանի աշակերտութեան կողմէ՝ լիբանանեան դրօշակներով եւ խանդավառ մթնոլորտով։

Վարժարանի մուտքին տեղի ունեցաւ հայկական հիւրընկալութեան աւանդական արարողութիւնը։ Առաջին տիկինը դիմաւորուեցաւ վարժարանիս մեծաւոր պրն. Արամ Գարատաղլեանի, վարժարանիս հոգեւոր վարիչ Հայր Լեւոն վրդ. Ստեփանի, Զալքայի քաղաքապետ պրն. Միշէլ Ասսաֆ էլ Մըրրի, փոխքաղաքապետ պրն. Ժան Ապու Ժաուտէի եւ բաժնի պատասխանատուներու կողմէ։

Հայկական աւանդական տարազներով աշակերտները, իրենց ներկայութեամբ ու կեցուածքով, հայկական հիւրընկալութեան ազգային ու տօնական իւրայատուկ երանգ մը տուին ընդունելութեան՝ վերահաստատելով մեր մշակութային արժէքներուն հանդէպ հաւատարմութիւնը:

Այնուհետեւ, պատուիրակութիւնը առաջնորդուեցաւ դէպի տնօրէնութեան գրասենեակ, ուր հաճելի անակնկալ մը կը սպասէր բոլորին. ներկայ էր Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան կաթողիկոս-պատրիարքը, ընկերակցութեամբ՝  վարժարանիս քրիստոնէականի ուսուցիչ հայր Արամ վրդ. Աբրահամեանի:

Տնօրէնութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց վարժարանիս մեծաւոր պրն. Արամ Գարատաղլեան։ Ան, ողջունելով Առաջին տիկնոջ այցելութիւնը, ներկայացուց վարժարանի վարչական կազմի անդամներն ու բաժանմունքներու պատասխանատուները, որմէ ետք անդրադարձ կատարեց դպրոցի առաքելութեան։ Ան ապա յայտնեց, որ վարժարանը արդէն իսկ հետեւողական աշխատանք կը տանէր քաղաքացիական դաստիարակութեան ջամբման ուղղութեամբ, եւ Առաջին Տիկնոջ նախաձեռնած այս ծրագիրը եկաւ ալ աւելի զարգացնելու եւ համակարգելու այդ առանցքային մեկնակէտը։

Ան հաստատեց, որ 2026-էն սկսեալ, վարժարանը իր բոլոր բաժանմունքներով ժրաջան աշխատանքի լծուած է՝ մշակելով իւրաքանչիւր տարիքային խումբի համապատասխան յատուկ յայտագիրներ։ Այս ծրագրերը կը միտին կերտել ապագայի գիտակից ու լաւ քաղաքացիներ՝ զարգացնելով անոնց գիտելիքներն ու նուիրուածութիւնը հայրենիքի հանդէպ։

Տեսակցութեան աւարտին, Ամենապատիւ եւ Գերջանիկ Հոգեւոր Տէրը Լիբանանի Առաջին տիկնոջ պարգեւատրեց Հայոց հզօրագոյն գահակալ Մեծն Տիգրանի հազուագիւտ պղինձէ դրամ մը, որ իր մէջ կը խտացնէ հայոց պատմութեան փառապանծ էջերն ու մեր արքայից արքայի հզօրութեան խորհուրդը: Այն սոսկ յուշանուէր չէ, այլ յարգանքի տուրք եւ խորհրդանշական պատգամ՝ հաստատելու համար հայ մշակոյթի ու պատմութեան անժամանցելի ներկայութիւնը Լիբանանի հողին վրայ։

Առաջին տիկինը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց վարժարանի կատարած աշխատանքներուն նկատմամբ: Ան յատկանշական համարեց այն իրողութիւնը, որ այս վարժարանը առաջին հայկական դպրոցն է, որ ինք ընտրած է այցելելու համար՝ հիմնուելով անոր ցուցաբերած լուրջ պատրաստուածութեան վրայ:

Այցելութեան յաջորդող փուլերը յագեցած էին աշակերտական խանդավառ ելոյթներով եւ կրթական ու ընկերային նախագիծերու ցուցադրութեամբ:

Վարժարանի խորհրդաժողովներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիպում մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լիբանանի Կաթողիկէ վարժարաններու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Հայր Եուսէֆ վրդ. Նասըր։ ԺԱ. դասարանի աշակերտները մեծ հմտութեամբ ներկայացուցին իրենց մշակած «Ճանապարհային անվտանգութեան նախագիծ»-ը (Road Safety Project), որ կը նախատեսուի իրականացնել Զալքայի քաղաքապետարանին հետ սերտ համագործակցութեամբ՝ նպատակ ունենալով գործնական լուծումներով նպաստել վարժարանիս շրջակայքի երթեւեկի անվտանգութեան ապահովման:

Առաջին տիկին Նեհմաթ Աուն իր սրտի խօսքն ու տպաւորութիւնները արձանագրեց վարժարանի «Ոսկեայ մատեան»-ին մէջ՝ բարձր գնահատելով վարժարանի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին տարած երախտաւորեալ աշխատանքը։ Իր գրառման մէջ տիկին Աուն յատկապէս շեշտեց. «Լիբանանի պատմութեան մէջ արմատացած հայութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր հանդիսացած է հասարակութեան կեդրոնական սիւներէն մէկը: Այսօր, այցելելով այս կրթական հաստատութիւնը եւ տեսնելով ձեր տարած աշխատանքը «Քաղաքացիութեան դպրոց» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս, մենք ականատես կը դառնանք այդ պատմական ժառանգութեան կենսագործման»:

Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Հարպոյեան
Բարձրագոյն Վարժարանի
Մամլոյ Գրասենեակ

Share64Tweet40
Previous Post

Հաճընի Երգարուեստը (Մաս Գ.)

Next Post

Ոչ Եւս Է Ընկ. Յակոբ Պոյաճեանը

Next Post
Ոչ Եւս Է Ընկ. Յակոբ Պոյաճեանը

Ոչ Եւս Է Ընկ. Յակոբ Պոյաճեանը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.