Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հաճընի Երգարուեստը (Մաս Գ.)

Հեղինակ՝ Զաւէն Կնեազեան

May 5, 2026
in Մշակութային
0
Հաճընի Երգարուեստը (Մաս Բ.)

11) Չոպան ալայը (թրք.՝ Հովիւի պարը)

Սենեքերիմ Տումանեանի երգած այս պարերգը36 դանդաղ շուրջպար մըն է, որ «ծանր» պարերու կարգին կը պատկանի եւ շատ յարմար է խնճոյքի մը ընթացքին պարել սկսելու համար։

12) Շու Մարաշըն ապասը (թրք.՝ Այս Մարաշի վերարկուն)

Այս պարերգն ալ երգած է Տումանեան37, զայն միացնելով «Չոպան ալայը» երգի վերջաւորութեան: Աւելի աշխուժ ըլլալով, կը ծառայէ իբրեւ եզրափակում նախորդ դանդաղ շուրջպարին:

13) Էյիլ ղարլը տաղլար էյիլ (թրք.՝ Խոնարհեցէք ձիւնապատ լեռներ, խոնարհեցէք)(38)

14) Փէշկիր եուտում աչըլմազ (փեսան լուանալու երգ, թրք.՝ Սրբիչի կտորը չի բացուիր)

Հայկական հարսանիքներու ծիսակարգին մաս կը կազմէ փեսան լուալու սովորութիւնը, որ Հաճընի մէջ կը գործադրուէր տանիքի վրայ։ Կը տեղադրուէր մեծ տաշտ մը, երիտասարդներ կը սկսէին երգել ու լուալ փեսան, որուն շուրջ հաւաքուած կ’ըլլային(39):

15) Թըռիյ, թըռիյ աղվընի (բարբառ, Թռէ՛ք, թռէ՛ք, աղաւնիներ)

Այս երգը երգեց Անի Եփրեմեան։ Հաճընի յուշամատեանին մէջ «Թըռիյ, թըռիյ աղվընի»ի մասին գրուած է, թէ պէտք է երգել «Փեշկիր եուտում աչըլմազ»ի ամէն մէկ տունէն ետք: Մեր ձայնագրածը անկախ է, բայց պէտք է նշել, որ կատարուած է Պօղոսեանի հրատարակութենէն աւելի քան 80 տարի ետք…

16) Ղըզ սանա նշան կելիյոր (թրք.՝ Աղջիկ քեզի նշանած կու գայ)

Այս երգը մեզի համար երգեցին եւ տեղեկութիւններ տուին Ահարոն Շխրտըմեան(40) եւ Անի Եփրեմեան, երկուքն ալ լիբանանահայ(41):

«Ես հաճընցի ընտանիքէ եմ, մեր ապրած բնակարանին տէրն ալ հաճընցի էր, ուրեմն տանտիրոջ կինը… տարին մէկ անգամ, տունը ապրող բոլոր մանուկները կը հաւաքէր սենեակի մը մէջ, գետինը կը նստեցնէր շրջանաձեւ, ինք կը ծպտուէր հագուստներով, գլխարկ մըն ալ կը դնէր – ո՛չ սովորական գլխարկ, այլ բուրդէ գործուած – դէմքին վրայ ալ ներկի պէս կը քսէր, կը տեսնէինք որ պատրաստութիւն մը տեսած է, ուսին ալ պարկ մը, կու գար «Ղըզ սանա նշան կելիյոր» երգը երգելով, պարելով մեր շուրջը կը դառնար եւ կ’ըսէր՝ «վրանիդ շնորհ գայ», որովհետեւ մենք շատ չարաճճի էինք: Ասիկա կը պատահէր 1962-63 թուականներուն… երբ մենք 5-6 տարեկան էինք: Երգողը Զարուհի տուտու Ճէրէճեանն էր»(42):

17) Միլիտոնի երգը (բրբռ.)

Շատ շահեկան քառեակ մը ձայնագրեցինք Արմէն Վարդեանէն(44), որ միայն այս պատառիկը կը յիշէր, առանց իմանալու եթէ աւելի երկար պատումի մը մասն է ան թէ ոչ: Շատ հետաքրքրական է երաժշտութեան կառոյցը։

18) Առջիւին առին … (բրբռ.՝ Առջեւն առին, [յառաջացան, ուղղուեցան])

Ուրուկուայի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի մէջ հաստատուած են հաճընցիներ, որոնք ունեցած են բաւական բեղուն հասարակական կեանք: Իմիջիայլոց, հոն հիմնած են Հաճընի Հայրենակցական միութիւն 1930-ին:

Մոնթեվիտէոյի հաճընցիներէն ծանօթ է Սարգիս Մխճեան, հեղինակ՝ Հաճընի բարբառով վեց տունէ բաղկացած երգի մը, որ յարատեւած է վերոյիշեալ Արմենակ Դարբինեանի շնորհիւ: Դժբախտաբար վերջինիս ձայնագրութենէն շատ դժուար է վերականգնել երգին խօսքերը։ Ի տարբերութիւն խօսքերուն, երգին եղանակը շատ յստակ է: Մարինա Փիրանեանի եւ Սիլվիա Պալեանի աջակցութեամբ առաջին տունը կարելի եղաւ վերծանել, մնացեալը՝ միայն կիսկատար(45):

Երգի բովանդակութիւնը երգիծական է, կը պատմէ թէ աղջիկ մը կը ներկայացնեն տղու մը, որպէսզի ամուսնանայ: Տղան ո՛չ լուր ունի, ո՛չ ալ պատրաստ է.

19) «Օդանաւն եկաւ …»

1921-ին Արամ-Ասպետ (Պետրոսեան) գրեց «Օդանաւն եկաւ»(46) բանաստեղծութիւնը Ատանայի մէջ: Հեղինակին բանաստեղծութիւնները, որոնց շարքին այս մէկը, երաժշտութեան վերածուած են կնոջ՝ Նուարդ Բաթաբանեանի կողմէ: Այս երգը Հաճընի անկումին ձօնուած երգերու շարքին կը պատկանի եւ միակն է, որ վերապրող հաճընցիներուն մէջ արմատացած է ու հասած մինչեւ մեր օրերը։

«Օդանաւն եկաւ»-ը (ստորեւ՝ առաջին սիւնակը) կը տարբերի միւս բոլոր երգուածներէն որովհետեւ ո՛չ Հաճընի բարբառով, ո՛չ ալ թրքերէն է, այլ՝ գրական արեւմտահայերէն(47)»: Ինչպէս նշեցինք, այս երգի բովանդակութիւնը կը սահմանափակէր կատարման առիթները: Զայն կը մեկնաբանէին կա՛մ Հաճընի ինքնապաշտպանութիւնը ոգեկոչող մատաղին կա՛մ նման լուրջ առիթներու, պաշտօնական ձեռնարկներուն:

(Շար. 2 – Մաս Գ.)

(«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս», 45/2 – Պէյրութ 2025)

 

(36) Պօղոսեան, էջ 253։

(37) Պօղոսեան, էջ 254:

(38) Պօղոսեան, էջ 253: Այս երգը երգեց Անի Եփրեմեան:

(39) Պօղոսեան, էջ 252: Այս երգը երգեց Անի Եփրեմեան:

(40) Ահարոն Շխրտըմեան, ծնած 1957-ին, Պէյրութ, քիմիագիտութեան ճարտարագէտ: Եղած է «Արարատ» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերու խմբագիր։ Ներկայիս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայագիտական հիմնարկի տնօրէն:

(41) Այս երգը ձայնագրեց Անդրանիկ Տագէսեան, Հայկազեան հայագիտական հանդէսի պատասխանատու խմբագիր։

(42) Պատմեց՝ Ահարոն Շխրտըմեան:

(43) Իւրաքանչիւր տող երգել երկու անգամ:

(44) Արմէն Վարդեան, ծնած Մոնթէվիտէօ, 1946-ին, զաւակն է վերապրող հաճընցի Գրիգոր Վարդեանի (Կիւլվարդեան)։ Կ’ապրի Արժանթին:

(45) Կրկնենք որ վերծանումներուն եւ թարգմանութիւններուն մէջ կրնան ակամայ թերիներ ըլլալ…:

(46) Սոկրատ Յ. Թերզեան, Հաճընի ութամսեայ դիւցազնամարտը, տպ. Պարթենոն, Աթէնք, 1937, էջ 456. նաեւ նոյնի Բ. տիպ՝ տպ. Արարատ, Պուենոս Այրէս, 1956, էջ 647:

(47) Հերոս (Ասատուր Սաչեան) Դրուագներ Հաճնոյ հերոսամարտէն եւ հերոսին ոդիսականը, Տօնիկեան հրատ., Պէյրութ, 1961, էջ 18:

Share64Tweet40
Previous Post

Մտքիս, Որոշումիս, Հաւատարմութեանս, Ազգային Պատկանելիութեանս Տէրը Ես Եմ Եւ Ոչ Թէ Ծիներս

Next Post

Լիբանանի Առաջին Տիկին Նեհմաթ Աուն Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան

Next Post
Լիբանանի Առաջին Տիկին Նեհմաթ Աուն Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան

Լիբանանի Առաջին Տիկին Նեհմաթ Աուն Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.