Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Մտքիս, Որոշումիս, Հաւատարմութեանս, Ազգային Պատկանելիութեանս Տէրը Ես Եմ Եւ Ոչ Թէ Ծիներս

Խորէն Փիլաւճեան (Հալէպ)

May 5, 2026
in Յօդուածներ
0
Մտքիս, Որոշումիս, Հաւատարմութեանս, Ազգային Պատկանելիութեանս Տէրը Ես Եմ Եւ Ոչ Թէ Ծիներս

Ժամանակակից քննարկումներուն մէջ ինքնութեան եւ ազգային պատկանելիութեան հարցը կը դիտուի նոր արդիական լոյսի տակ։ Ի՞նչ է հայ ըլլալը․ ծագո՞ւմ, թէ՞ մշակոյթ, լեզու եւ գիտակցուած ընտրութիւն։

Հալէպահայ յօդուածագիր Խորէն Փիլաւճեան իր այս խորհրդածութեան մէջ կը մերժէ զուտ ծինային սահմանումը՝ շեշտելով, որ ծինաբանութիւնը կրնայ բացայայտել մարդու նախնիներուն աշխարհագրական ծագումը, սակայն չի կրնար սահմանել ազգային ինքնութիւնը իր ամբողջութեան մէջ։ Ան կը դիտէ հայութիւնը (եւ բոլոր ազգերը) որպէս մշակութային, լեզուական եւ գաղափարական պատկանելիութիւն։

Այս հարցադրումները աւելի կը սրին այսօր, երբ ծինային հետազօտութիւնները լայն տարածում գտած են։ Սակայն անոնք միայն մասնակի պատասխաններ կու տան, մինչդեռ ինքնութիւնը կը ձեւաւորուի միջավայրով, դաստիարակութեամբ եւ արժէքներով։

Յօդուածը կը հրաւիրէ խորքային մտածումի՝ ազգային եւ համամարդկային պատկանելիութեան սահմաններուն մասին, բանալով ընդարձակ դաշտ մը, որ գիտական լայն քննարկման կը կարօտի։

(Ա.)

 

 

Ամէն բանէ առաջ պէտք է սահմանենք, թէ ի՞նչ է հայ ըլլալ։

Հարց. արդեօք որեւէ ազգէ անձ մը կրնա՞յ հայ ըլլալ։

Ես որպէս գիտութեան մարդ` այո՛ կ’ըսեմ։ Որովհետեւ ծիները չեն, որ կ’որոշեն քու երկիրդ կամ ազգութիւնդ, այլ` կ’որոշեն թէ դուն անցեալին գոյութիւն ունեցող ո՞ր ցեղախումբէ սերած ես, մեր պարագային կ’ըսեն` թէ քու նախնիներդ տուեալ վայրէն եղած են եւ այդքան։

Ծիները կ’որոշեն քու մարդակազմութիւնդ` հասակդ, գոյնդ եւ այլն։

Սակայն հայութիւնը ծիներով չէ, հայը մեծ քիթ ունենալով չէ։

Հայը ազգութիւն է, մշակոյթ է, լեզու է, կենցաղ եւ սովորութիւն է։

Եթէ դուն հայերէն կը խօսիս, հայկական մշակոյթը որդեգրած ես, հայ ժողովուրդը կը սիրես, Հայաստանը կը սիրես, ուրեմն դուն հայ ըլլալու նախադրեալները ունիս։ Այս բոլորին գումարած` մտածելակերպդ, աշխատելաոճդ եւ այլ ազդակներ, որոնք հայ ժողովուրդէն ձեռք բերած ես եւ կապուած ես հայկական միջավայրին, պարտադիր չէ, որ ծիներով հայ ըլլաս, այլ կարող ես ըսել, որ ես հայ եմ։

Եթէ ծիներով է, ապա Սփիւռքի մէջ պէտք չունինք որեւէ հայկական կազմակերպութեան, որ մեր հայութիւնը պահէ, չէ՞ որ ծիները կան, որ մեզ կ’առաջնորդեն։

Ինչո՞ւ Սփիւռքի այլազան երկիրներու մէջ յառաջացուցած ենք կեդրոններ, որ մեզի հայրենասիրութիւն քարոզեն, չէ՞ որ ծիներ ունինք, որ մեզ կը մղեն դէպի հայրենասիրութիւն։ Բայց պարզուեցաւ, որ ծինը հիմնականը չէ։

Դուն եթէ արաբական միջավայրի մէջ ծնած եւ մեծցած ես եւ որդեգրած ես արաբական լեզուն եւ մշակոյթը, ուրեմն դուն  արաբ ես` ինչ ալ ըլլայ ծիներդ։

Եթէ փորձենք հայ մը, առաւել եւս հայաստանցի մը ԱՄՆ բնակեցնել, ապա ժամանակ մը ետք կը տեսնենք, որ ան, կլանուած ամերիկեան մշակոյթով, ամերիկացի դարձած է։

Արդարեւ, միջավայրդ է, որ կը կոփէ մտածելակերպդ, ապրելակերպդ, այս բոլորը կ’ազդեն մարդուն մտքին վրայ եւ ո՛չ թէ ծիները։ Ծիները շատ փոքր դեր ունին։

Ուստի, հոգեբանօրէն շրջանակդ է, որ կ’որոշէ պատկանելիութիւնդ, եւ այդ մէկը կրնաս ապրիլ որեւէ շրջանակի մէջ, այդ կախեալ է քու գաղափարականէդ եւ հայեցողութենէդ, այն ինչէն, որ դուն կը հաւատաս եւ ինչ որ դուն որդեգրած ես։ Ծիներդ քեզի միայն կ’ըսեն, որ  դուն այստեղէն եւ այս տեսակի խումբէն սերած ես, միայն, ուրիշ ոչինչ կը փոխանցէ։

Ծիներուն մէջ երբ մտնենք, չ’ըսուիր որ այս անձը հայ է, այդպիսի բան գոյութիւն չունի։

Այլ` կը նային, որ այս ծիները հին ցեղախումբերէն որո՞ւ ծիներուն հետ կը համընկնին, այդ կը բացայայտեն` ըսելով, որ ժամանակին  նախահայրերդ այս վայրէն եղած են։

Կրնայ եւ նախնիներդ, որ այնտեղ ծնած են, այդ վայրի բնիկներէն անգամ եղած չեն, այլ` պատկանած են մէկ այլ ցեղախումբի մը, որ հետագային ընդելուզուած են տեղաբնիկներուն հետ եւ դարձած իրենցմէ, կրնայ եւ տեղաբնիկ եղած ըլլան։

Ազգութիւնը եւ ազգային ոգին դաստիարակութիւն է, կրնայ ըլլալ արաբ մը, որ հայկական միջավայրի մէջ մեծցած եւ հայկական դաստիարակութիւն ստացած ըլլայ եւ մեզմէ աւելի ինքզինք հայ զգայ եւ ազգային ոգի ունենայ։

Հայրենասիրական ոգին խորքին մէջ ուղեղի լուացում է եթէ անաչառ եւ առարկայական մօտեցումով ներկայացնենք։

Ինչո՞ւ պատկանելիութիւնդ ըլլայ երկրի մը, հողի մը կամ ժողովուրդի մը համար, չէ՞ որ մարդը մարդ է։

Արդ, պատկանելիութիւնը պէտք է կախեալ ըլլայ մարդկութեան հետ եւ այդ համամարդկայինին մէջ առկայ է մեր ազգը։

Պատկանելիութիւնդ ըլլայ գաղափարի մը համար, միտքի մը համար, որ այդ միտքին համար պատրաստ ես կեանքդ զոհելու, ինչպէս եղած են քիմիագէտներ, որոնք, յանուն մարդկութեան առողջութեան, տարիներ շարունակ տքնած են դեղեր պատրաստելով եւ առաջին փորձերը կատարած են իրենք իրենց անձին վրայ, մարդկութեան առողջութեանը համար։

Այս է գաղափարականութեան վսեմագոյնը։

Այսօր մարդը պէտք է պատերազմի գաղափարականի մը համար, որ ծառայէ յանուն մարդկութեան բարօրութեանը։

Share64Tweet40
Previous Post

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւններ Ամերիկեան Միջնորդութեամբ. Պատմական Փո՞ւլ, Թէ՞ Նոր Անորոշութիւն

Next Post

Հաճընի Երգարուեստը (Մաս Գ.)

Next Post
Հաճընի Երգարուեստը (Մաս Բ.)

Հաճընի Երգարուեստը (Մաս Գ.)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.