Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ձայներ Գահիրէէն (արձագանգ եգիպտահայ կեանքի)

 Լ. Շ.

May 5, 2026
in Գաղութային
0
Ձայներ Գահիրէէն (արձագանգ եգիպտահայ կեանքի)

ՀԵԼԻՈՊՈԼՍՈՅ (Գահիրէ) «Պլըքտանեան» սրահին մէջ, 27 Մարտին, տեղի ունեցած է ազգ. առաջնորդարանի «Արաքս» երգչախումբին տարեկան երգահանդէսը, ձօնուած՝ հայրենի երաժիշտ Ռուբէն Հախվերդեանի ծննդեան 75-ամեակին։ Բացման խօսք արտասանած է Սօսի Չիլինկիրեան։ Խմբավար Միհրան Ղազէլեանի մականին տակ՝ երգչախումբը հրամցուցած է իւրայատուկ յայտագիր մը, որ ամբողջովին բաղկացած եղած է Հախվերդեանի ստեղծագործութիւններէն, վերամշակուած՝ նոյնինքն խմբավար Ղազէլեանի կողմէ, երգչախմբային կատարումներու համար։

Այս առթիւ, ներկաներուն տրամադրութեան տակ դրուած է 40 էջանի յայտագիր-գրքոյկ մըն ալ, ուր տեղ գտած են մեկնաբանուած բոլոր երգերուն բնագրերը։ Երգահանդէսի ընթացքին ցուցադրուած է նաեւ տեսերիզ մը (պատրաստուած՝ Սուրէն Սարգսեանի կողմէ), որ կը պատմէ Ռ. Հախվերդեանի կեանքի ուղին եւ ստեղծագործական վաստակը։ Հուսկ բանքը արտասանած է թեմին առաջնորդը՝ Աշոտ եպս. Մնացականեան։ «Արաքս» ներկայիս կը բաղկանայ 19 երկսեռ անդամներէ, որոնցմէ երկուքը՝ Աղեքսանդրիայէն։

ԵԳԻՊՏՈՍԻ Ազգ. Թղթատարութեան տնօրէնութիւնը Մարտ ամսուն շրջանառութեան դրած է դրոշմաթուղթ մը (50 ե.ո. արժէքով) եւ բացիկ մը (card postal, 20 ե. ո. արժէքով), երկրին Արտաքին գործերու նախարարութեան հիմնադրութեան 200-ամեակին առիթով։

Արդարեւ, 1826-ին է որ Մուհամմատ Ալի հիմնած է Առեւտուրի եւ Արտաքին գործերու դիւանը, որ հանդիսացած է Եգիպտոսի արտաքին յարաբերութիւններն ու դիւանագիտութիւնը կարգաւորող անդրանիկ պաշտօնական հիմնարկը։ Հայկական դիտանկիւնէ՝ հետաքրքրական ու հպարտառիթ է, որ թէ՛ դրոշմաթուղթին եւ թէ՛ բացիկին վրայ կը տեսնուի դիմանկարը Պօղոս պէյ Եուսուֆեանի (1775-1844), որ առաջին վարիչը հանդիսացեր է յիշեալ քաղաքական գրասենեակին ու հիմը դրեր Եգիպտոսի արդի դիւանագիտութեան։

ՀԵԼԻՈՊՈԼՍՈՅ Յուսաբեր Մշակութային Ընկերակցութեան ակումբի երդիքին տակ, 5 Ապրիլին (Ս. Յարութեան տօնի օրը), սարքուեր է զատկուան աւանդական ճաշկերոյթ մը, որուն մասնակցութիւն բերեր են 110 հոգի։ Ճաշին հիւրաբար ներկայ եղեր է նաեւ Հայաստանի ազգային հերոս Մովսէս Կորկիսեանի ընտանիքը (Կորկիսեան, որ մտաւորական ու գաղափարական լուրջ պատրաստութիւն ունեցող երիտասարդ մըն էր, նահատակուած էր 28 տարեկանին, Արցախի համար մղուած մարտերու ընթացքին, 1990-ի Յունուարին)։

Շնորհակալութեան ելոյթ ունեցած է նահատակին դուստրը՝ Գոհար Կորկիսեան, որ հայրենիքէն բերուած յուշանուէրներ բաշխած է ներկաներուն։ Յուսաբերի վարչութեան հրաւէրով՝ խօսք առած է նաեւ գահիրէաբնակ ծանօթ մտաւորական ու բանասէր տոքթ. Սուրէն Պայրամեան, անդրադառնալով մեզ իրարու կապող ազգային արժէքներուն։

ԳԱՀԻՐԷԻ «Ջահակիր» երկշաբաթաթերթի Ապրիլ 9-ի թիւին մէջ Հայկ Աւագեան կը շարունակէ ամիսներ առաջ սկսած իր յօդուածաշարքը, որ մասամբ կ՛առնչուի եգիպտահայոց առաջին լրագրին՝ «Արմաւենի»-ին։ Յօդուածագիրը կը հաստատէ, որ այս լրագրէն լոյս ընծայուած է ընդամէնը չորս թիւ՝ 1865-ի Մարտ 16-էն մինչեւ Մայիս 1։ Թերթին խմբագիրը հանդիսացեր է Աբրահամ Մուրատեան, թէեւ հրատարակութեան նախաձեռնութիւնը կը պատկանի այդ շրջանի եգիպտահայոց առաջնորդական փոխանորդ Մկրտիչ եպս. Քէֆսիզեանի (յետոյ՝ Սիսի կաթողիկոս), որ Գահիրէի մէջ հաստատեր է փոքր տպարան մը։

Լոյս ընծայուած 4 թիւերն ալ ունին չորսական էջ։ Հայկ Աւագեան կը գրէ. «՛՛Արմաւենի՛՛-էն ոչ մէկ թիւ կը գտնուի եգիպտահայ գրադարաններուն կամ անձնական հաւաքածոներու մէջ, ոչ ալ եգիպտական գրադարաններուն։ Միակ ՛՛Արմաւենի՛՛-ները այսօր կը գտնուին Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան գրադարանը, ուր կը պահուին թիւ 2, 3 եւ 4-ը։ Անոնք մատչելի են առցանց»։ Իսկ բացատրելու առթիւ, թէ ուրկէ՞ եգիպտահայ մատենագէտ տոքթ. Սուրէն Պայրամեան կրցեր է գտնել «Արմաւենի»-ի Ա. թիւը ու ատոր լուսանկարը զետեղել եգիպտահայ մամուլի ձօնուած իր գրքին մէջ, Աւագեան կը պարզաբանէ. «Ըստ Պայրամեանի ինծի հաղորդած տեղեկութեան, ժամանակին Ա. թիւը ձեռքի վրայ գտնուած է Գահիրէի մէջ, որմէ ինք կրցած է պատճէնահանել Ա. էջը։ Ապա այդ օրինակը, անձնական նախաձեռնութեամբ, Պէյրութ տարած է Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան։ Հետեւաբար, ՛՛Արմաւենի՛՛-ի Ա. օրինակը պէտք է փնտռել Տէր Խաչատուրեանի արխիւի հետքերով»։ Եթէ նկատի ունենանք, որ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի (1931-1993) մահէն սահեր անցեր է աւելի քան երեսուն տարի, ապա դժուար է պատկերացնել, որ անոր արխիւը ցրուած կամ տարտղնուած չըլլայ, փչող քամիներուն կուլ տալով ո՜վ գիտէ որչափ մեծաքանակ թուղթէ հարստութիւններ…։

ԳԱՀԻՐԷԻ հայերէն երեք թերթերն ալ՝ «Արեւ», «Յուսաբեր» եւ «Ջահակիր», 23 Ապրիլ 2026-ի իրենց թիւերով անդրադարձումներ կատարած են Մեծ Եղեռնի 111-րդ տարելիցին առիթով։

— «Արեւ» շաբաթաթերթը, իր խմբագրուհիին՝ Սեւան Ս.-ի (Սեմերճեան) ստորագրութեամբ, առաջնորդող գրութեան մը մէջ հարց կու տայ որ 24 Ապրիլի ոգեկոչական այլաբնոյթ ձեռնարկները իսկապէս ապացո՞յց են, թէ մենք կը յիշենք աղէտը։ Եթէ մեր ներկայութիւնը բերինք ձեռնարկի մը, ապա տուն վերադառնալով՝ մոռցանք ամէն ինչ, անձնատուր եղանք հերթական թմբիրին, այդ պարագային ի՞նչ արժէք ու կշիռ ունի «յիշատակում»-ը։ «Քանի՞ տոկոսանոց իրականութիւններ են աս գործողութիւնները իրակա՛ն մեր կեանքերուն, մեր առօրեային, մտածմունքին, հոգեմտաւոր խառնուածքին, մեր հոգիին ու էութեան մէջ», հարց կու տայ խմբագրուհին ու կը շարունակէ. «Վարդերուն իմաստը ի՞նչ է, երբ տատասկ է մեր մէջինը։ Ինքնախաբէութեան ո՞ր աստիճանն է ասիկա։ Արժէք մը ունի՞ բացարձակ անցեալը, երբ անկարող ենք զայն այսօրուան զօդել։ Ի՞նչ է բան մը յիշելուս իմաստը, երբ գոյութիւն չունի անիկա իրական կեանքիս մէջ։ Ինչո՞ւ չունի. ահա՛ վտանգը»։

— «Յուսաբեր» օրաթերթը ունի խմբագրական մը, որ ստորագրած է Զաւէն Լիյլոզեան (թերթին հայաստանաբնակ խմբագիրը)։ Յուսախաբութիւնը կը տիրապետէ իր տողերուն վրայ։ «Ո՛չ մէկ նշանակալի փոփոխութիւն հայոց իրաւունքներու վերատիրացման պայքարի ճակատին վրայ, մինչդեռ երեք տարի առաջ արտօնեցինք, որ բռնագաղթի եւ ցեղասպանութեան հայոց ցաւը թարմանայ Արցախի մէջ», կը գրէ խմբագիրը։ Ան դժգոհ է որ Հայաստանի քաղաքական հոսանքները կը բնորոշուին «արեւմտամէտ» կամ «ռուսամէտ» պիտակաւորումներով, բայց հոն մեծագոյն բացական «հայամէտութիւն»-ն է…։ Ինչ կը վերաբերի Սփիւռքին, թերթը ցաւով նկատել կու տայ, թէ այսօր աշխոյժ հայապահպանութիւն մը չե՛նք յաջողիր յառաջ տանիլ։ «Մենք սփիւռքի մէջ կրաւորական հայապահպանութեան մակարդակէ՛ն ալ զիջած ենք՝ հայախօս ընտանիքի կազմութիւն, զաւակներ ունենալ, զանոնք հայկական վարժարան առաջնորդել, ազգային-ընկերային-մշակութային կեանքին մասնակցիլ։ Այս զիջումները ինքնեկ չեն. հետեւանք են տեսլականի եւ քաղաքական հեռատեսութեան բացակայութեան», կը շեշտէ ան։

— Իսկ «Ջահակիր», այս առթիւ, նախընտրած է քրքրել եգիպտահայոց պատմական յիշողութիւնը՝ առատ նիւթեր հրատարակելով Աղեքսանդրիոյ մէջ Մեծ Եղեռնի քսանամեակի (1935) ոգեկոչումներուն մասին։ Ուսումնասիրութիւնը պատրաստած է Հ.Ա. (Հայկ Աւագեան)։ Հոն կը պարզուի, թէ 91 տարի առաջ Աղեքսանդրիոյ հայութիւնը գրեթէ միասնական ճիգերով ոգեկոչած է ապրիլեան նահատակները, դաշնակցական, հնչակեան եւ այլ կազմակերպութեանց օրինակելի գործակցութեամբ եւ շատ ճոխ յայտագրով մը։ Բայց այս միասնութիւնը թող չխաբէ մեզ, որովհետեւ յօդուածագիրը այնուհետեւ կու տայ եգիպտահայոց ապրիլեան սգատօներու լրիւ ցանկը՝ 1922-1935, եզրակացնելու համար, թէ «միայն երկու անգամ 3 աւանդական կուսակցութիւնները կը միանան Ազգ. Առաջնորդարանի հովանիին տակ, միասնաբար տօնելու սգահանդէսը՝ 1932 -ին եւ 1933-ին, երկուքն ալ Գահիրէ։ Միջկուսակցական ահռելի պայքարները, որոնց բացայայտ դրսեւորումները սկսած էին մակերես ելլել 1922-էն իվեր, անկարելի կը դարձնէին միասնական նշումները»։ Յետոյ ան կը կատարէ հետեւեալ շահեկան մատնանշումը եւս. «Նահատակաց սգատօները նաեւ կուսակցական հայրենասիրական առաւելութիւնը ցուցադրելու միջոցներ էին։ Երբ կուսակցութիւնները առանձին տօնէին, մամուլի միջոցով իւրաքանչիւրը կը պախարակէր հակառակորդ կուսակցութիւնը՝ միասնութիւնը խախտած ըլլալու համար, իսկ ինք կը վաստակէր հայրենասիրական կէտ մը։ Երբ յաջողէին միասնաբար տօնել, կը գովերգէին համահայկականութիւնը, հայկական միասնութիւնը, հայկական ուժը։ Դա՛րձեալ հայրենասիրական կէտ մը։ Այսինքն, երկու պարագաներն ալ շահաւէտ էին, եւ ասիկա՝ հայոց արդի պատմութեան ամէնէն ողբերգական էջերէն մէկուն վերաբերեալ»…։

Share65Tweet41
Previous Post

Խմբագրական. Շարունակուող Նահատակութիւնը

Next Post

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւններ Ամերիկեան Միջնորդութեամբ. Պատմական Փո՞ւլ, Թէ՞ Նոր Անորոշութիւն

Next Post
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւններ Ամերիկեան Միջնորդութեամբ. Պատմական Փո՞ւլ, Թէ՞ Նոր Անորոշութիւն

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւններ Ամերիկեան Միջնորդութեամբ. Պատմական Փո՞ւլ, Թէ՞ Նոր Անորոշութիւն

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.