Լիբանանի նահատակաց օրը, առաջին հերթին, մեզի կը պարտաւորեցնէ նախ խոնարհիլ, 6 Մայիս 1916-ին, օսմանեան կախաղաններու վրայ հերոսաբար անմահացած նահատակներու յիշատակին առջեւ: Օսմանեան լուծը թօթափելու զինուորագրուած առաջին ռահվիրաներն էին անոնք, որոնք յանուն արաբ ժողովուրդի անկաշկանդ արշալոյսին, թրքական եաթաղանը անգոսնեցին վեհանձնաբար: Անոնք եղան ահեղաձայն մունետիկները ազատութեան բերկրանքին: Ճեմալ փաշայի արիւնախանձ դահիճները, իրենց սաղմին մէջ խեղդելու համար Սուրիոյ եւ Լիբանանի արաբ ժողովուրդին մարդկային ու ազգային տարրական իղձերը, սեւ էջ մը եւս աւելցուցին իրենց տխրահամբաւ մատեաններուն մէջ: Օսմանցիք ի բնէ թշնամի էին ոեւէ ճնշեալ ժողովուրդի ինքնութեան, ազատութեան եւ սեփական ճակատագիրը տնօրինելու ձգտող նուազագոյն նկրտումին: Հերթը արաբ ազատատենչ գրողներու եւ լուսաւոր մարտիկներունն էր: Եւ… կախաղաններ ճօճուեցան Պէյրութի եւ Դամասկոսի հրապարակներուն վրայ:
Լիբանանի անկախութեան ճանապարհը եղաւ բաւականին փշոտ ու արիւնալի: Նահատակներ կը պահանջուէին անոր համար: Ազատութիւնը ունէր իր գինը: Նախ օսմանեան կապանքները եւ ապա ֆրանսական գաղութատիրութիւնն էր ծանրացած Լիբանանի ժողովուրդի գլխին: Ինքնամոռաց նուիրեալներ չպակսեցան նուիրական այն երթին, որ ի վերջոյ երկրին պարգեւեց գեղեցկագոյն պահը ինքնիշխան պետութեան: Այդ պահը մեզի ընծայելու համար, Մայիս 6-ի նահատակները արժանի են դալար դափնիներու: Յարգա՛նք անոնց յիշատակին:
Սակայն, ի՞նչ վիճակուեցաւ մեր սիրելի հայրենիքին: Ի՞նչպիսի օրեր եկան մեզի տրտում մտորումներու մղող: Մի՞թէ նահատակները ինկան որպէսզի հետագային բովանդակ երկիրը դառնայ նահատակ այս կամ այն երկրին խարդաւանքներուն, սադրանքներուն, անգութ հարուածներուն, շիլ հաշիւներուն, հեռագնայ սակարկութիւններուն: Ի՞նչպէս նշել նահատակաց օրը, երբ տարիներէ ի վեր ժողովուրդը կը սպառի, կը հատնի իր ամէնօրեայ մտատանջութիւններով, տագնապալի առօրեայով եւ օդային տարածքէն յարատեւօրէն շրջող թշնամի սաւառնակներով: Ողջ երկիրը դարձուցին նահատակ. զոհաբերեցին յարանուանական հողի վրայ, ծառայութիւններ մատուցեցին օտարներու, զիջեցան երկրին ինքնիշխանութիւնը՝ գերադասելով համայնքը, հատուածական ղեկավարը, արտաքին հրահանգիչ մը: Երբ Մայիս 6-ին կար պայքարի ճանապարհը՝ այդ բոլորին համար էր, ընդհանուր նպատակի համար էր, առանց խտրութեան կամ նախասիրութեան:
Այս հանգամանքներուն լոյսին տակ այն տպաւորութիւնը կ’ունենանք, որ նահատակութիւնը կը շարունակուի, այս անգամ ամբողջ երկրին տարողութեամբ: Ժամանակը հասունցած է արդէն ըսելու՝ վե՛րջ տուէք երկիրը մշտապէս նահատակելու ձեր պնդաճակատ վարքագիծին: Ժողովուրդը կ’ուզէ ազատ շունչ քաշել, վայելել իր երկրին բարիքները, ապրիլ կեանքի բնականոն ռիթմով, տեսնել խաղաղ առաւօտներ եւ պայծառ այգաբացներ: Ահա ա՛յստեղ է այսօրուան խորհուրդը նահատակաց: Հետեւապէս, սա ձեւական ու սոսկական պարտք չէ, այլեւ արդար ճիչ մը նահատակներուն յիշատակը յարգել տուող:
Այսօր, կը յիշատակուի նաեւ որպէս մամուլի նահատակի օր: Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմէն ի վեր, լրագրողներ, թղթակիցներ եւ մամուլի չարքաշ պաշտօնեաներ ինչպիսի՜ գերմարդկային զոհաբերութեամբ ծառայեցին լրագրութեան: Անոնք վազվզեցին տաք կէտեր, դիմագրաւեցին մահ ու վտանգ, հասան հոն՝ ուր կար սպառնալիք կամ անակնկալ հարուած: Անոնք՝ յանձնառու իրենց առաքելութեան, հասան թէժ ճակատներ, արար աշխարհին ցոյց տալու իսրայէլեան զօրքին կատարած աւերածութիւնները, անոր դաժանութեան զահանդական տարողութիւնը եւ բնաւեր զանգուածներու աղեխարշ կացութիւնը: Մամուլի խիզախ պաշտօնեաները կը նմանին անձնդիր զինուորներու, որոնք մահ ու կենաց գուպարով կը կատարեն իրենց պարտականութիւնները: Դեռ վերջերս, ցաւալիօրէն, մամուլի նոր նահատակներ ինկան սիոնական հարուածներուն որպէս հետեւանք: Բի՜ւր յարգանք լիբանանեան մամուլի բոլոր նահատակներուն:
Նահատակաց օրուան այս յիշատակումը, յարմարագոյն առիթն է իւրացնելու նահատակութեան խորհուրդը՝ ըլլայ հայրենիքի, վեհ գաղափարականի, հաւատքի, ասպարէզի կամ գերագոյն նպատակի համար: Ինչքա՜ն պիտի սնանկանար պատմութիւնը, ինչքա՜ն պիտի յարատեւէր ստրկութիւնը, ինչքա՜ն պիտի աղքատանար ազգային նկարագիրը՝ եթէ չըլլային նահատակները: Իրօք, պիտի խամրէր ազատագրական եւ ընկերային պայքարներու փայլուն էջերը: Սերունդներ պիտի զրկուէին դաստիարակչական վսեմ յենակներէ եւ օրինակելի իտէալներէ կամ կենեղուտ աւիշէ:
Լիբանանի նահատակաց օրուան առիթով պիտի չուզէի՞նք տեսնել անվերադարձ աւարտը Լիբանանի շարունակուող նահատակութեան: Պիտի չուզէի՞նք այսուհետ չունենալ նահատակներ՝ այլոց պատերազմներուն պատճառով: Պիտի չուզէի՞նք ըսել՝ փա՛ռք այն նահատակութեան, որ իր լրումին կը հասնի խաղաղութեան, ազատութեան, անկախութեան եւ կայունութեան հաստատումով:

