Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 5 Մայիս 2026

May 5, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 5 Մայիս 2026

ԴԵՍՊԱՆ ԻՍԱ. « ԲԱՆԱԿՑԵԼՈՎ ՈՉԻՆՉ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԵՆՔ»

Պէյրութի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսա յայտնեց, որ Լիբանան ոչինչ կը կորսնցնէ, եթէ հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պէյրութի պայմանները ներկայացնէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին, ներկայութեամբ ամերիկացի նախագահին:

«Այս զիջում կամ պարտութիւն չէ, այլ բանակցութեան սկիզբ», ըսաւ դեսպանը, տեսակցելէ ետք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Նախագահ Ժոզէֆ Աուն շեշտեց, որ ետդարձ չկայ Իսրայէլին հետ բանակցելու որոշումէն, որովհետեւ չկայ այլընտրանք, աւելցնելով սակայն, որ այժմ պահը յարմար չէ տեսակցելու Իսրայէլի վարչապետին հետ: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր կարգին յիշեցուց, որ բանակցութիւնը չէ սկսած, իսկ Ուաշինկթընի մէջ գումարուած հանդիպումները պարզապէս նախապատրաստական են:

Հակառակ ենթադրեալ զինադադարին, պատերազմը կը շարունակուի եւ այժմ կեդրոնացած է Լիբանանի հարաւային բռնագրաւեալ գօտիին մէջ: Իսրայէլեան ռազմական օդանաւերը շարք մը թիրախներ հարուածեցին հարաւային շրջաններուն մէջ, պատերազմի սկիզբէն ի վեր Լիբանանի մէջ մահերուն թիւը բարձրացնելով 2696-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 8264-ի: Հըզպալլա յայտարարեց, թէ իսրայէլեան ուժերուն հետ ծանր մարտեր մղած է հարաւային Տէյր Սըրիանի մերձակայ Ռաժ հովիտին մէջ եւ անօդաչու սարքերով հարուածած է լիբանանեան հողերուն վրայ գտնուող իսրայէլեան ուժերն ու անոնց սարքերը: Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասէմ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ չկայ զինադադար, այլ իսրայէլեան-ամերիկեան թշնամական գործողութիւններու շարունակութեամբ քաղաքացիներու թիրախաւորում:

 

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Երեւանի մէջ երէկ բացումը կատարուեցաւ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթաժողովին: Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ գումարուող գագաթաժողովին կը մասնակցին Հայաստանի վարչապետը, Ֆրանսայի եւ Կիպրոսի նախագահները, Միացեալ Թագաւորութեան, Պելճիքայի, Սպանիոյ եւ Իտալիոյ վարչապետները, եւ այլ երկիրներու ղեկավարներ ու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Գանատայի վարչապետը, որ ողջունեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան ճանապարհին ձեռք բերուած յառաջընթացը:  Եւրոխորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլլա ողջունեց Հայաստանի ամուր հաւատարմութիւնը ժողովրդավարութեան եւ Ատրպէյճանին յիշեցուց ժողովրդավարութեան կարեւորութեան մասին: Եւրոպական դիւանագիտութեան յանձնակատար Քայա Քլաս իր կարգին դրուատեց Հայաստանի իշխանութիւններուն աշխատանքը եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր աջակցութիւնը յայտնեց Փաշինեանին, միաժամանակ շեշտելով, որ Եւրոմիութեան անդամակցելու որոշումն ու երկիրը տնօրինողին ինքնութիւնը պիտի վճռեն միայն Հայաստանի քաղաքացիները:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վստահութիւն յայտնեց, որ այս գագաթաժողովը կրնայ պատմական դառնալ միջազգային խաղաղութեան համար, մտադրութիւն յայտնելով 2028-ին այցելել Ատրպէյճան՝ մասնակցելու համար Եւրոպական քաղաքական համայնքի հերթական գագաթաժողովին: Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ չժամանեց Երեւան, սակայն հանդէս եկաւ հեռավար տեսագրուած ուղերձով, որուն մէջ ծածուկ վիրաւորական պատգամներ փոխանցեց հայութեան, խօսելով «Ղարաբաղի մէջ անջատողականութեան դադրեցումին» մասին: Ան սակայն պնդեց, թէ հայ-ատրպէյճանական խաղաղութիւնը իրականութիւն դարձած է, հակառակ հոլովոյթը խոչընդոտելու բազում փորձերուն: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն կոչ ուղղեց ազնիւ ըլլալու եւ նշելու, որ եւրոպացի բարձրաստիճան ղեկավարներէն ոեւէ մէկը 8 տարի առաջ Երեւան չեր երթար, որովհետեւ Հայաստան այն ատեն կը համարուէր Ռուսիոյ արբանեակ պետութիւն մը: Ան կոչ ուղղեց պահպանելու Եւրոպայի ռազմավարական ինքնավարութիւնը եւ նուազեցնելու արտաքին խաղացողներէն կախուածութիւնը: Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի միայն խաղաղութիւն մաղթեց Երեւանին ու Պաքուին: Գագաթաժողովի ծիրին մէջ, Հայաստանի եւ Բրիտանիոյ վարչապետները ստորագրեցին ռազմավարական գործընկերութեան մասին հռչակագիր մը: Հայաստանի վարչապետը տեսակցեցաւ նաեւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէի հետ, իսկ Խրուաթիոյ վարչապետ Անտրէյ Փլենքովիչի հետ ստորագրեց ռազմավարական երկխօսութեան մասին համատեղ հռչակագիր: Փաշինեան ժողովներ գումարեց նաեւ պաշտօնատար բարձրաստիճան այլ հիւրերու հետ:

 

ԱՆԻԻ ԿԱՄՈՒՐՋԸ ՆՈՐՈԳԵԼՈՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ հայ-թրքական համաձայնութեան մը ստորագրումը՝ Անիի սահմանային պատմական կամուրջը միասին վերանորոգելու մասին: Փոխըմբռնումի հռչակագիրը ստորագրեցին յարաբերութիւններու բնականոնացումի հարցով երկու կողմերու դեսպաններ Ռուբէն Ռուբինեանն ու Սերտար Քըլըչը:

Աւելի ուշ, վարչապետ Փաշինեան տեսակցեցաւ Թուրքիոյ փոխնախագահ Ճեւտեթ Եըլմազի հետ ու ըսաւ. «Ողջունեցինք Անիի պատմական կամուրջի համատեղ վերականգնումին վերաբերեալ արձանագրութեան ստորագրումը», մինչ թուրք պաշտօնատարը արդիւնաւէտ համարեց Փաշինեանի հետ տեսակցութիւնը, նշելով որ քննարկած են զանազան ոլորտներու մէջ համագործակցելու եւ կապերը ամրապնդելու միջոցները: «Մենք յատկապէս ուրախ ենք, որ կարգաւորումի հոլովոյթի ծիրին մէջ ձեռնարկած ենք փոխադարձ կառուցողական քայլեր եւ ունինք յստակ յառաջընթաց: Կամուրջի վերականգնումի յուշագրին ստորագրումը պիտի նպաստէ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ամուր միջավայրի ստեղծումին», ըսաւ Եըլմազ:

Share63Tweet40
Previous Post

Ճինիշեան Հիմնարկի Յատուկ Հանդիպում՝ Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակին

Next Post

Խմբագրական. Շարունակուող Նահատակութիւնը

Next Post
Խմբագրական. Շարունակուող Նահատակութիւնը

Խմբագրական. Շարունակուող Նահատակութիւնը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.