Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ճինիշեան Հիմնարկի Յատուկ Հանդիպում՝ Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակին

April 30, 2026
in Գաղութային
0
Ճինիշեան Հիմնարկի Յատուկ Հանդիպում՝ Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակին

Չորեքշաբթի, 22 Ապրիլ 2026-ին, Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկի «Կանանց հզօրացման ծրագիր»-ի շաբաթական հանդիպումը տեղի ունեցաւ «Միրվա եւ Վարուժ Նարկիզեան» սրահին մէջ: Հանդիպումը իր իւրայատուկ մթնոլորտով նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին:

Բացման խօսքը կատարեց հիմնարկի ընկերային ծառայող Ծովակ Քէօշկէրեան, որ իր խօսքին մէջ ընդգծեց Ապրիլ 24-ի խորհուրդը որպէս մեր հաւաքական յիշողութեան, ինքնութեան եւ շարունակական պայքարի խորհրդանիշ։ Ան տեսերիզի ընկերակցութեամբ ներկայացուց Արարատ լեռ բարձրանալու իր փորձառութիւնը՝ նշելով, թէ ինչպէս 13 տարեկանին կատարած այդ վերելքը դարձաւ հաւատքի, տոկունութեան եւ ազգային պատկանելիութեան խոր իմաստ ունեցող ուղի մը։

Օրուան բանախօսն էր Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Բանախօսը իր պատգամին մէջ շեշտեց, որ հայապահպանումը եւ հայութեան ճակատագրին տէր կանգնելու առաջադրանքը համազգային պարտականութիւն է։ Ան ընդգծեց, որ այս պատասխանատուութիւնը չի սահմանափակուիր միայն եկեղեցիներով, կազմակերպութիւններով ու միութիւններով, այլ կը վերաբերի իւրաքանչիւր հայու եւ հայ ընտանիքի որպէս համազգային կոչում եւ հաւաքական պարտաւորութիւն։

Յակոբ Հաւաթեան անդրադարձաւ լիբանանահայ գաղութի՝ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Հայ դատի պահանջատիրական երթին, ինչպէս նաեւ Արցախեան գոյապայքարին մէջ ունեցած հսկայական ներդրումին: Ան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդին դիմագրաւած այս ճակատագրորոշ փուլին անհրաժեշտ է ազգովին աշխատիլ՝ պարտութիւններու շղթան կասեցնելու եւ յաղթանակի նոր ուղի հարթելու համար։ Բանախօսը կենսական նկատեց հայեցի, նորահաս եւ ազգային շունչով տոգորուած սերունդներու կազմաւորման գործին մէջ հայ մօր անփոխարինելի դերակատարութիւնը:

Իր հերթին, Ճինիշեան հիմնարկի Լիբանանի տնօրէնուհի Քրիսթին Դանիէլեան Սարգիսեան շարունակեց նոյն գաղափարը՝ ընդգծելով, որ հայապահպանումը կը կերտուի մեր կեանքի ամէնօրեայ փոքր, բայց նշանակալի ընտրանքներով։ Ան նշեց, որ այս առաքելութիւնը կը սկսի մեր տուներէն, կը շարունակուի մեր խօսած լեզուով, մեր լսած ու փոխանցած երգերով, մեր կրթական միջավայրով եւ մեր դաւանած արժէքներով։ Այսպիսով, իւրաքանչիւրս իր դերակատարութեամբ կը դառնայ մեր ազգային ինքնութեան պահապանը։

Յայտագիրը առաւել եւս հարստացուցին մշակութային կատարումները։ Երաժշտական գեղեցիկ մեկնարկը ապահովեց Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտուհի Նարին Խտըրեան՝ Արամ Խաչատուրեանի «Օրօր» ստեղծագործութեան ջութակի կատարումով, որմէ ետք հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցաւ երգչուհի Ռոզալինա Պօղոսեան՝ ստեղծելով յուզումնախառն եւ խոր զգացումներով լեցուն մթնոլորտ։

Հանդիպումը եզրափակուեցաւ միասնութեան եւ նուիրումի ոգիով, վերահաստատելով այն յանձնառութիւնը, որ մենք կը շարունակենք կանգուն մնալ մեր առաքելութեան մէջ՝ հաւատարիմ մեր յիշողութեան, եւ վստահ քայլերով կերտել մեր ապագան՝ ամուր կառչած մեր արմատներուն։

Share65Tweet41
Previous Post

Հաճընի Երգարուեստը (Մաս Բ.)

Next Post

Լուրեր. 5 Մայիս 2026

Next Post
Լուրեր. 5 Մայիս 2026

Լուրեր. 5 Մայիս 2026

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.