2) Էսսէյ ձիէ տունը պի’գօմ (բարբառ՝ Այսօր ձեր տունը պիտի գամ)

Բարեբախտութիւնը ունեցանք հետեւեալ պատառիկը ձայնագրելու Մարինա Փիրանեանէն, որ զայն սորված է իր մօրմէն՝ Սիրուհի Պելլորեանէն(17): Այս երգ/քառեակը կը վերաբերի քահանայի մը, որ սիրահարած ըլլալով կնոջ մը, երբ խնկարկելով թափօրով կ’անցնի անոր մօտէն, եկեղեցական երգին մէջ կը մտցնէ հետեւեալ խօսքերը՝ Հաճընի բարբառով.-

Կինը խաչակնքելով կը պատասխանէ երգելով՝

Այս պատառիկին նիւթը եւ արտայայտման շատ իւրայատուկ ձեւերը մեզի կը թելադրեն, որ սոյն քառեակը միայն կարճ մաս մըն է աւելի երկար երգիծական զաւեշտական երկի մը, որ պահպանուած չէ:
3) Պօյ ղուզի, պօյ թոխլի (բարբառ՝ Երգ [կ’ըսեմ] ձագուկ)
Ընտանիքին մեծերը, տան թոռնիկները իրենց ծունկերուն նստեցնելով, երկու ձեռքերէն կը բռնէին եւ ետ ու առաջ տարուբերելով կ’երգէին հետեւեալ քառեակը, որ ձայնագրեցինք Լուսածին Պալասանեանէն(18): Այստեղ կը գտնուինք «Ճոր-պար»-երու Հաճընի տարբերակի մը ներկայութեան:


4) Էլ էլ էփէլէ (թրք.՝ Ձեռք-ձեռք պտտցնել)
Այս երգ/խաղիկը ձայնագրեցինք Սենեքերիմ Տումանեանէն(20), 1980-կաններուն:
«Արդեօք ո՞ր հաճընցի մանուկ[ը] չէ խաղացեր «էլ, էլ, էփէլէ»-ն: Խումբ մը մանուկներ գետին նստած, ոտքերնին երկարած եւ ոտքի մատերը իրարու մօտեցուցած, խաղապետը կը սկսի ցուցամատը կարգով ամէն մէկ ոտքի վրայ դնելով մէկ մէկ վանկ կը զրուցէ».

Ան որուն ոտքին կը վիճակուի, շունու բառը, այդ ոտքը իր հագած զուպունի փէշին տակ կը պահէ, եթէ երբեք մէկ ծայրը տեսնուի՝ խաղը կ’աւրուի եւ կը սկսին նորէն: Այսպէս, երբ բոլոր ոտքերը փէշերու տակ պահուին, ամէնքը մէկ կը քնանան, ու քիչ ետք խաղապետը աքաղաղի պէս կ’երգէ՝ կու-կուլիկու՜. ամէնքը կ’արթննան ու ջուր կ’ուզեն երեսնին լուանալու, ըսելով՝ «Հաճի Մայ ջույ տույ» (Հաճի մայր, ջուր տուր): Լուացուելէ ետք կը սկսին կերակուրը պատրաստել, իւրաքանչիւրը իր կողքինին ձեռքը կսմթելով բոլորը միասին կը համեմեն կերակուրը՝ «Օ՜ղ քայենք, հաւաճ քայե՜նք, կծու՜ պանի՛յ քայենք, տարչը՛ն քայենք, խօս հաւա՜ճ քայենք, եւն. եւն … փը՜ռռո», աղ նետենք [սփռենք], պղպեղ նետենք, կծու պանիր նետենք, տարչին նետենք, սեւ պղպեղ նետենք, եւն. եւն.:
Ապա, խաղապետը, մէկը կը ղրկէ ըսելով՝ «Գընո հէյէ՛ տիսնոմ, Շըմպըլտենց ծոկը կինեղ փաչան, տեղըա կօ». Գնա, նայէ՛, Շըմպըլտըենց ծակը (վայրը) գտնուած (եղած) խաշը տե՞ղն է: Գացողը կը վերադառնայ՝ ըսելով. «Կատուն կիյէյէ» (կատուն կերեր է):
Այլապէս խաղի մէջ կորուստ մը գտնելու համար, վիճակ կը նետեն: «Կոպ մը սոյխ, կոպ մը սըխտոյ, իյկէն հաւուճ, կըծու պանիյ» (կապ մը սոխ, կապ մը սխտոր, երկար պղպեղ, կծու պանիր): Կծու պանիրը որու որ հանդիպի՝ անոր քով ըլլալը կը գիտցուի(22):

5) Մանէ մանէ պագայօ (բարբառ՝ Մանէ, մանէ ճախարակ)
«Հաճընցիները խիստ շատ առիթը կ’ունենային զուարճանալու եւ տղաքը պարեցնելու: Մէկը որ պարել չի գիտեր, անոր վրայ կը սկսէին…» (23) խնդալ՝ երգելով.-

Այս երգը կատարող Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան(25), մատնանշեց որ ան օրօրոցային է(26), եւ սորված է մօրմէն՝ Լէյտիզապէլ Մութաֆեանէն(27):

6 եւ 7) Հաճընցի մօր «նեննի»-ներ (բարբառ՝ Օրօրներ)
Հայկական բոլոր շրջանները ունէին զանազան «օրօր»-ներ, որոնք աւելի երկար կամ ամփոփ կ’երգուէին ցած եւ անուշ ձայնով եւ միօրինակ յանգով։
Հետեւեալ օրօրը երգեց Սենեքերիմ Տումանեան 1980-ականներուն.-


Նոյն տեղեկատուն երգեց նաեւ երկրորդ օրօր մը.-


Ստորեւ՝ օրօրներու շարք մը, որ հաւաքած է Սահակ Գրաճեան(30) եւ հրատարակած՝ 1930-ին, դժբախտաբար առանց երաժտական նօթագրութեան:

8) Ձին կագօ, ձէմէռ կագօ (բարբառ՝ Ձիւն կու գայ, ձմեռ կու գայ)
Երբ երեխաները կ’ուզէին զբաղեցնել («խաղցնել»), այս երգը կ’երգէին, իսկ եթէ ձիւն տեղար աւելի ոգեւորուած կ’երգէին.-


Այս երգը կատարեց Անի Եփրեմեան: Նոյն մեղեդիի զանազան տարբերակներ կարելի է գտնել հայաշխարհի տարբեր անկիւններէն: Հետաքրքրական օրինակ մը գրանցեցինք գրեթէ նոյն եղանակով Հաճընէն շատ հեռու՝ պոլսահայ Էլպիս Ալեանաքեանէն(32).
Անձրեւ կու գայ, ձիւն կու գայ,
Կաղանդ պապան տուն կու գայ,
Փիլաւ եփենք իւղ չիկայ
Խեղճ Մարտիրոսին … ճա՛շ չկայ։
9) Աման է աման (թրք.՝ Վայ է, վայ)
Ցեղասպանութենէն վերապրողները, իբրեւ անգիր կանոն, հաւաքուած են եւ երկար ժամանակ երգած իրենց ցաւը։ Ընդհանրապէս այս երգերը կը պատմեն դժբախտ իրադարձութիւններ, արհաւիրք, կորուսեալ երկրի կարօտ եւ ափսոսանք, անէծքներ եւ հայհոյանքներ թափելով թուրքերու, քիւրտերու եւն.:
Արժանթինի հայօճախի ծանօթ երգչուհի Միրթա Սաչեան(33) մանկութենէն լսած է հաճընցի մեծհօր երգերը։ Վերապրող Նազար Սաչեան(34) Հաճընի ինքնապաշտպանութեան ժամանակ եղած էր Արամ Կայծակի ձիաւորներու խումբի «Վրէժ» մարտական միաւորի անդամ: Անոր երգածներէն իր թոռան յիշողութեան մէջ մնացած են «Աման է աման» եւ «Պոտէն կախմոն է» երգերը։

10) Պոտէն կախմոն է (բարբառ՝ Պատէն կախուած է)



Պարերգեր
«Ամէն անգամ որ մեծ ուրախութիւն մը կամ հարսանիք մը ըլլար, վերջաւորութեան, երիտասարդ եւ երիտասարդուհի, ամուսնացած կամ ամուրի՝ ձեռք-ձեռքի տուած շրջանակ կը կազմէին, եւ պարագլուխը թաշկինակը վերցուցած կը սկսէր երգել, որուն կը հետեւէր ամբողջ խումբը երգելով միեւնոյն երգը»(35): Մենք կրցանք ձայնագրել Հաճընի հինգ պարերգային օրինակ՝
ա) Չոպան ալայը
բ) Շու Մարաշըն ապասը
գ) Էյիլ ղարլը տաղլար էյիլ
դ) Փեշկիր եուտում աչըլմազ
ե) Թըռիյ, թըռիյ աղվընի
զ) Ղըզ սանա նշան կելիեօր
(«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս», 45/2 – Պէյրութ 2025)
(Շար. 1)
(17) Մարինա Փիրանեան ծնած է Արժանթին, 26 Մարտ 1955-ին: Սիրուհի Պելլորեան ծնած է Աթէնք, 17 Ապրիլ 1922-ին: 1924-ին հասած է Արժանթին: Ան առաջին հայ կինն է, որ փաստաբանի վկայական ստացաւ 1949-ին։
(18) Լուսածին Պալասանեան (ամուսնացեալ Տէր Կարապետեան), ծնած է 17 Յուլիս 1927-ին, Պուենոս Այրէս: Դուստրն է վերապրողներ Պօղոս եւ Սրբուհի Պալասանեաններու, որոնք Արժանթին հասան 1926-ին: Մահացած է 7 Օգոստոս 2024-ին:
(19) Ղուզի=գառնուկ, թոխլի=մէկ տարին լրացուցած՝ մինչեւ երկու/երեք տարեկան գառնուկ (թրք.)։ Նկատենք որ պօյ բառի արմատն է պար, բայց կը նշանակէ երգ։
(20) Սենեքերիմ Տումանեան, ծնած է Հաճըն 1908-ին: Գաղթած է 1915-ին, վերադարձած է, բայց յետոյ վերջնականապէս գաղթած է 11 տարեկանին: Հաստատուած է Պուենոս Այրէս: Մահացած է 5 Հոկտեմբեր 1992-ին:
(21) Պօղոսեան, էջ 249: Թարգմանեց Ատրինէ Ֆերմանեան:
(22) Պօղոսեան, էջ 249:
(23) Նոյն, էջ 250:
(24) Սըլլը Քօյ կամ Սըլլէ Քօյ.- տեղանուն, Հաճընի հարաւային կողմի բարձունք:
(25) Պէյրութի «Արարատ» օրաթերթի նախկին տնօրէն/խմբագիր:
(26) Կը թուի թէ ասոնք սկզբնապէս կատակ-պարերգեր էին, որոնք Սփիւռքի սերունդներուն մօտ վերածուած են նաեւ օրօրոցայիններու։
(27) Լէյտիզապէլ Մութաֆեան, ծնած է 1941-ին, Լիբանան:
(28) Եաւրում=ձագուկս, զաւակս (թրքերէն). էտէր=կ’ընէ (թրք.). Ույուտուրում=քնացնեմ (թրք.):
(29) Խօսակցական հաճըներէնի յատուկ են որոշ ձայնաւորներու արտասանութեան անորոշութիւն, օրինակ «ը»-ն միջանկեալ հնչիւն մըն է «ը»-ի եւ «է»-ի, աւելի մօտենալով «է»-ի: Այս պատճառով բանահաւաքները մերթ արձանագրած են «ը» մերթ՝ «է»։
(30) Սահակ Գրաճեան, «Հաճընցի մօր օրօրներ», Հաճըն, 6:1930, էջ 336:
(31) Պօղոսեան, էջ 248:
(32) Էլպիս Ալեանաքեան, ծն. Կոստանդնուպոլիս՝ 1911-ին, հաստատուած Արժանթին:
(33) Միրթա Սաչեան (ծն. Պուենոս Այրէս, 3 Մարտ 1959)։
(34) Նազար Սաչեան (Հաճըն, 1884/85-Պուենոս Այրէս, 1943):

