Երբ կը կարդանք 183 էջերէ բաղկացած անգլերէն այս հատորը, չենք կրնար չհիանալ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի անխոնջ պրպտումներուն, անկոտրում եռանդին, քննական վերլուծութիւններուն եւ ազգասէր ոգիին վրայ: 60 տարիներու ընթացքին գրուած հարիւրաւոր նամակներ՝ ուղղուած զանազան պետութեանց ղեկավարներուն, վարչապետներուն, նախարարներուն, ծերակուտականներուն, միջազգային կազմակերպութիւններու վարիչներուն, միջազգային վարկ վայելող ազդեցիկ հրատարակչատուներուն եւ մամուլին, թանգարաններու պատասխանատուներուն, գիտական հաստատութեանց վարիչներուն եւ այլն, եւ այլն: Եւ որովհետեւ այդ նամակներուն պարունակութիւնը բարձր որակի էր շատերը արժանացած էին ոչ միայն պատասխաններու, այլ նաեւ դրական արդիւնքի: ՄԱԿ-ի քաջածանօթ 30-րդ պարբերութիւնը վկայ, որուն որդեգրման մէջ մեծ եղած է դոկտ. Մսըրլեանի դերը եւ որուն հետաքրքրական ոդիսականը տրուած է գիրքի 46 էջերուն վրայ:
Գիրքի առաջին 18 էջերով նաեւ կը տրուի հեղինակին (ինչպէս նաեւ տոքթ. Սարգիս Գարայեանի) նամակագրութիւնը ամերիկեան նշանաւոր շաբաթաթերթին՝ «Նիւզուիք»-ին, որ իր 2 Յունուար 1967 թիւով անդրադարձած էր ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն, վարչապետ Ալեքսէյ Քոսիկինին Թուրքիա կատարած այցելութեան առթիւ։
Գիրքի յաջորդող 10 էջերուն մէջ կը տրուի «Շիքակօ Տէյլի Նիուզ»-էն Ռէյմոնտ Քոֆիի հարցազրոյցը հեղինակին հետ, լոյս տեսած 29 Մարտ 1971-ին, «Հայաստան՝ անկարելի երա՞զ» խորագրով: Իսկ 15 էջերով կը տրուի հեղինակին բերած նպաստը Զուիցերիոյ խորհրդարանին կողմէ 1995-ին սկսած, բայց միայն 2001-ին ընդունուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին: Գիրքի մնացեալ 80 էջերուն մէջ կը կարդանք վերեւ նշուած նամակագրութեանց պատճէնները:
Մեր այս ամփոփ գրախօսականին մէջ զանց կ’առնենք մտնել վերեւի նամակներուն բովանդակութեանց մէջ, բաւականանալով միայն նշել քանի մը հանրածանօթ անուններ, ինչպէս՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարներ Քըրթ Վալտհայմ եւ Խավիէ Փերեզ Տը Քուէյյար, Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահներ Արք․ Մակարիոս եւ Սփիրոս Քիբրիանու, Նորին Սրբութիւն Յովհաննէս-Պօղոս Բ. պապ, Անգլիոյ վարչապետներ Թոնի Պլէր եւ Պորիս Ճանսըն, արքայազն իշխան Չարլզ եւ խորհրդարանի պարոնուհի Քարոլայն Քոքս եւ այլք:
Երբ նկատի կ’ունենանք անհատի մը, այս պարագային դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի, Հայ դատի հոլովոյթին մէջ խաղացած յոյժ կարեւոր դերը, ի մտի կու գայ մատենագէտ Ժիրայր Դանիէլեանի կատարած մէկ շատ դիպուկ հետեւեալ ակնարկը Պէյրութի «Երիտասարդ Հայ» պարբերականի 1 Դեկտեմբեր 1973 թիւին մէջ։ Գրելով 30-րդ պարբերութեան յաջողութեան մէջ դոկտ. Մսըրլեանի խաղացած դերին մասին, ան կ՛եզրակացնէ հետեւեալ պարբերութեամբ:
«Այս բոլորէն ետք, կարելի չէ տխուր մտածում մը չունենալ. ազգային պատասխանատու մարմիններ, կուսակցութիւններ, Հայ դատի յանձնախումբեր, գիրքեր, թռուցիկներ, ցոյցեր, հանդիսութիւններ մինչեւ այսօր (նկատի ունինք անցնող քառասուն տարիները) չէին յաջողած միջազգային պաշտօնական տեղեկագրի մը մէջ արձանագրել հայերու դէմ կիրարկուած ցեղասպանութիւնը, ու անձ մը, յամառ հետապնդումներով ու առարկայական գրութիւններով, կը յաջողի հոն, ուր կազմակերպութիւններ, ազգին ճակատագիրը տնօրինող ղեկավարներ, ձախողած են ցարդ: Պրն. Մսըրլեանի աշխատանքին արդիւնաւորուիլը ապացոյց մըն է, թէ կարելի է յաջողութեան հասնիլ: Սակայն հարկ է գիտնալ միջոցը, կերպը…»:
Աւելի քան 50 տարիներ անցած են Ժիրայր Դանիէլեանի վերեւի հաստատումէն։ Թէ որքա՜ն բան փոխուած է, կը թողունք մեր ընթերցողի դատողութեան։ Սակայն անգամի մը համար եւս կ’արժէ խորհրդակցութեան նիւթ դարձնել թէ հայ անհատական յաջողութիւնները ինչո՞ւ չենք կրցած ազգային յաջողութեանց վերածել։
Մենք շատ կարեւոր կը նկատենք այս հատորին լոյս ընծայումը, ոչ միայն հոն համատեղուած տեսնելով դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի տարիներու անձնուէր ջանքին պատմութիւնն ու արդիւնաւորումը, այլ նաեւ խթան մը ազգանուէր գործի նուիրեալներուն, օրինակ առնելու եւ համագործակցութեան ոգիով աշխատելու յանուն նաեւ ազգային յաջողութեանց արդիւնաւորման:
(«Մասիս շաբաթաթերթ»)

