Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Անդրանիկ Զօրավար II – Հայոց Ազատատենչութիւնը Ուսումնասիրող Դէմքը՝ Անդրանիկ Չելեպեան

Յարութիւն Իսկահատեան

April 30, 2026
in Յօդուածներ
0
Անդրանիկ Զօրավար II – Հայոց Ազատատենչութիւնը Ուսումնասիրող Դէմքը՝ Անդրանիկ Չելեպեան

Ստորեւ մէջբերումներ Անդրանիկ Չելեպեանի գրիչէն, ծանօթանալու համար իր որոշ  մօտեցումներուն:

Անդրանիկ Չելեպեան իր գիրքին սկիզբը, լուսարձակի տակ առնելով հայոց ազատագրական զինեալ պայքարը ընդհանրապէս եւ Զէյթունի ինքնապաշտպանութեան դիմադրութիւնը, մասնաւորաբար կ’ըսէ. «Շատեր կը գաղթեն [Զէյթունէն-Յ.Ի.], իսկ հողին փարողն ալ սկսած էր զինեալ ինքնապաշտպանութեան մասին մտածել եւ թօթափել իր վրայէն ստրկամտութեան գաղափարը, որ դարերու ընթացքին՝ այնքա՜ն խոր արմատ նետած էր հայ գեղջուկի մտածողութեան եւ առօրեայ ապրելակերպին մէջ» (էջ 23): Հեղինակը հետամուտ ըլլալով հայոց ազատատենչութեան գաղափարին ներկայացման, կը գրէ վերոյիշեալ տողերը: Ազատագրական զինեալ պայքարի մասին գրուած յօդուածներն ու բանաստեղծութիւնները կը յիշէ ան, ինչպէս Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի «Քաջորդւոյն թաղումը», Շահազիզի (Սմբատ Շահազիզեան) «Լեւոնի վիշտը» բանաստեղծութեանց փունջը, մէջբերելով անկէ բանաստեղծութիւն մը, որ կ’ակնարկէ Զէյթունի ապաստամբութեան.

«Ո՛վ ազատութիւն, դու սպառազէն

Տաւրոս լեռներից մեզ երեւեցար,

Եւ արիւնարբու Ազիզն անօրէն

Տարաւ նշաւակ, ինկաւ չարաչար» (էջ 25):

Հայոց ազատագրական զինեալ պայքարին առնչուած գրական գործերէն Անդրանիկ Չելեպեան կը յիշէ Գամառ Քաթիպայի (Ռափայէլ Պատկանեան) «Մայր Արաքսին» քերթուածը, Ծերենցի [Յովսէփ Շիշմանեան-Յ.Ի.] «Թորոս Լեւոնի» եւ «Երկունք» վէպերը, Րաֆիի [Յակոբ Մելիք Յակոբեան-Յ.Ի.] «Խենթը», «Ջելալէտտին», «Կայծեր» ու «Սամուէլ» վէպերը:

Հայկական ազատագրական զինեալ պայքարի բնորոշումն ընելով, Անդրանիկ Չելեպեան կ’ըսէ, թէ Հայ յեղափոխութեան ստեղծուելուն միակ պատճառը թրքական պետութեան անմարդկային եւ բարբարոսական վերաբերմունքն էր հայ ժողովուրդին հանդէպ:

Անդրանիկ Չելեպեան իր «Զօրավար Անդրանիկ եւ Հայ յեղափոխական շարժումը» խորագրեալ ուսումնասիրութեան մէջ ընդգրկած է Անդրանիկ Զօրավարին ֆետայիներու եւ խմբապետներու հետ յարաբերութիւնները, որոնք վերլուծական տարազով ներկայացուցած է ընթերցողին: Երբ Սերոբ Աղբիւր կը նահատակուի, ֆետայիներէն ոմանք կ’ուզեն Սեբաստացի Մուրատը իրենց ղեկավար նշանակել: Հեղինակը Անդրանիկ Զօրավարին մասին Սեբաստացի Մուրատին վկայութիւնը կը մէջբերէ, որ կ’ըսէ. «Անդրանի՛կն է այդ առաջնորդը. եւ եթէ անգամ նա մեռած լինի, իր դիա՛կը մեր դրօշին հետ պէտք է տարուի մեր առջեւէն դէպի կռիւ եւ ազատութիւն» (էջ 137):

Ֆետայիներու պետի մը ընտրութեան մասին Անդրանիկ Չելեպեան հետեւեալը կ’ըսէ. «Ղեկավարի մը փնտռտուքը տեւած էր ամիսներ: Գէորգ Չաւուշէն եւ Սեբաստացի Մուրատէն զատ կային այլ թեկնածուներ, ինչպէս Սպղանաց Մակարը, Հրայր-Դժոխքը (Արմենակ Ղազարեան) եւ Անդրանիկը» (էջ 139):

Ուսումնասիրող Անդրանիկ Չելեպեան Զօրավար Անդրանիկի մասին կ’ըսէ, թէ ան, բացի մարտական կարողութիւններէ, ունէր նաեւ դիւանագիտական ճկունութիւն եւ քաղաքական մտածողութիւն: Ժողովներու ընթացքին խմբապետները երբ առաջարկ մը կ’ընէին, անպայման կը սպասէին Անդրանիկի պատասխանին եւ վաւերացման: Սեպուհ անգամ մը կ’առաջարկէ քիւրտերն ու թուրքերը իրար դէմ գրգռել: Անդրանիկ, առաջքը առնելու համար սխալ արարքներու եւ ժամավաճառութեան, անմիջապէս կը պատասխանէ. «Եթէ որեւէ միջոցով հնարաւորութիւն էլ լինի, այս կամ այն քիւրտ ցեղը գրգռել կառավարութեան դէմ, գործնական նշանակութիւն ունենալ չէ կարելի, որովհետեւ այդ գրգռումը ընդհանուր նշանակութիւն չէ կարող ունենալ՝ քիւրտերու ցեղական թշնամութիւնների պատճառով. կառավարութեան դէմ ելած մի քիւրտ ցեղի դէմ կը միանան կառավարութեան հետ այդ ցեղի թշնամի ցեղերը եւ նրա ըմբոստացումը կ’անդամալուծեն» (էջ 234):

Զօր. Անդրանիկ Օզանեան շատ զգոյշ կեցուածք ունէր երիտթուրքերու նկատմամբ: Ան բնաւ չէր հմայուած անոնց փայլուն, սակայն սուտ լոզունգներէն: Ան բոլոր հայերը կը զգուշացնէր երիտթուրքերու գալիք չարիքէն, ըսելով. «Թուրքը թուրք է»: Անդրանիկ Չելեպեան հետեւեալ ձեւով կը գնահատէ Զօրավար Անդրանիկի առողջ կեցուածքը. «Հայոց պատմութեան մեծագոյն հերոսներէն Անդրանիկը օժտուած էր զօրաւոր ներգիտակցութեամբ եւ ունէր քաղաքական բացառիկ զգայնութիւն եւ անսովոր հեռատեսութիւն: Դէպքերը շիտակ գնահատելն ու գալիք դէպքերը բնազդօրէն նախատեսելը բնատուր ձիրքերէն մէկն էր հայոց դիւցազնին… Անդրանիկ իսկապէս գիտէր տեսնել…: Ան գիտէր տեսնել աւելի՛ հեռուն, գալիքը, վե՛րջը: Այդ բացառիկ պահերը իր տրամաբանելու կարողութեան կու տային մարգարէական հասողութիւն մը, բառին թանցրացեալ իմաստով»  (էջ 248-249):

Այսքանով կ՛ամփոփենք Անդրանիկ Չելեպեանի գրիչէն մէջբերումները, ընդհանուր պատկեր մը տալով հայոց ազատատենչութեան պայքարին նկատմամբ իր մօտեցումներուն:

(Վերջ)

Share62Tweet39
Previous Post

Փոփոխութեան Պատրանքը

Next Post

Գրախօսական Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի «Հայկական Դատին Համար» Անգլերէն Հատորին

Next Post
Գրախօսական Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի «Հայկական Դատին Համար» Անգլերէն Հատորին

Գրախօսական Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի «Հայկական Դատին Համար» Անգլերէն Հատորին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.