ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄՈՎ
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն յայտնեց, որ Իսրայէլի հետ բանակցելու թղթածրարին վերաբերեալ առած բոլոր քայլերը համակարգած էր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ:

«Մենք այժմ կը սպասենք ամերիկացիներուն յայտարարելիք ժամադրութիւնը, որպէսզի սկսինք բանակցային հոլովոյթը», ըսաւ Աուն՝ աւելցնելով, որ Լիբանանի թղթածրարը այժմ ամերիկացի նախագահ Տոնըլտ Թրամփին հետ է: «Եթէ Իսրայէլ կը խորհի, թէ սահմանային գիւղերը կործանելով եւ ոտնձգութիւնները շարունակելով կրնայ տիրանալ անվտանգութեան, ապա կը սխալի», շեշտեց նախագահը, Պաապտայի պալատին մէջ տնտեսական խորհուրդները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը ընդունած ատեն: Խորհրդարանի նախագահին գրասենեակը սակայն յստակացուց, որ Պըրրի համաձայն չէ Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցելու գաղափարին: Երէկ հաղորդուեցաւ նաեւ, որ Աուն ամերիկացիներուն տեղեկացուցած է, թէ չի մտադրեր Իսրայէլի վարչապետին հետ տեսակցիլ բանակցային հոլովոյթին սկիզբը, այլ միայն անոր աւարտական փուլին:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետին գրասենեակը հաղորդեց, որ «Պենիամին Նեթանիահու յառաջիկայ շաբաթ պիտի չմեկնի Միացեալ Նահանգներ, թէեւ մնայուն հաղորդակցութեան մէջ է իր բարեկամին՝ Տոնըլտ Թրամփի հետ»: Նշենք, որ իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նախապէս հաղորդած էին, որ վարչապետը գուցէ Ուաշինկթըն ուղղուի Մայիսի առաջին օրերուն՝ Թրամփի միջնորդութեամբ բանակցելու համար Լիբանանի նախագահին հետ: Իսրայէլի արտաքին գործերու նախարար Կիտաուն Սաէր իր կարգին յայտնեց, որ իրենց ուժերը Լիբանանի հարաւային բռնագրաւեալ շրջաններէն պիտի հեռանան միայն երբ Լիբանանի վրայ իսկական իշխանութիւն ունենայ կառավարութիւնն ու բանակը: Իսկ Եւրոմիութեան յանձնակատար Ուրսըլա Վոն Տէր Լեյէն վերստին շեշտեց, որ «բոլորս կ’ուզենք զինադադար տեսնել Իրանի եւ Լիբանանի մէջ»:
ՀԱՐԱՒԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԿՐԱԿԻ ՏԱԿ
Ճիշդ է, որ ամերիկեան ջանքերով ի գործ դրուած ոչ-պաշտօնական զինադադարին շնորհիւ Պէյրութն ու հարաւային արուարձանները վերջին շրջանին զերծ կը մնան իսրայէլեան հարուածներէն, այսուհանդերձ իրավիճակի փոփոխութիւն չկայ հարաւային շրջաններուն մէջ: Իսրայէլեան ուժերը շարունակեցին գործողութիւնները մեծ մասամբ իրենց վերահսկողութեան տակ յայտնուած քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ՝ կործանելու յաւելեալ ենթակառոյցներ եւ բնակելի թաղամասեր, մինչ Նեթանիահու յայտնեց, որ «բանակին հրահանգած է կործանել Հըզպալլայի անօդաչու սարքերուն համակարգը, ինչ որ ժամանակի կը կարօտի»: Մաժտալ Զունի թիրախաւորումին հետեւանքով նախանցեալ գիշեր զոհուեցաւ քաղաքացիական անվտանգութեան երեք ծառայող, իսկ Սուրի Թէյրտըպպա գիւղին մէջ զոհուեցան երեք կիներ ու երեխայ մը: Լիբանանեան բանակն ալ յայտարարեց, թէ Խըրպէթ Սըլմ գիւղի ռմբակոծութենէն զոհուած է զինուոր մը՝ Հըսէյն Ահմատ Սուլթանը: Իսկ հարաւային Ժըպշիթ գիւղին թիրախաւորումէն մահացաւ հինգ մարդ, վիրաւորուեցան 21 ուրիշներ: Հըզպալլա միւս կողմէ յայտարարեց, թէ շարունակած է անօդաչու սարքերով հարուածել լիբանանեան հող ներթափանցած իսրայէլացի զինուորները եւ անոնց հրասայլերը՝ պատճառելով մարդկային եւ նիւթական զգալի վնաս:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան յայտարարեց, թէ իսրայէլեան նորագոյն գործողութիւններուն հետեւանքով Լիբանանի մէջ 2 Մարտէն ի վեր մահացողներուն թիւը հասաւ 2576-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 7962-ի:
ՄԱԿ-ի մշակած նոր զեկոյց մը եզրակացուց, որ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ պատերազմին հետեւանքով աւելի քան 1,2 միլիոն քաղաքացի կրնայ շուտով դիմագրաւել սնունդի սուր անբաւարարութեան խնդիր: Ըստ Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան ՄԱԿ-ի FAO կազմակերպութեան, Պարէնի համաշխարհային ծրագրին WFP եւ Լիբանանի երկրագործութեան նախարարութեան միացեալ յայտարարութեան, ներկայի վիճակը շատ աւելի վտանգաւոր է, քան մինչեւ պատերազմի բռնկումը, երբ սնունդի անբաւարարութիւն կը դիմագրաւէր շուրջ 874 հազար մարդ:
ԹՐԱՄՓ ԿԸ ՄՏԱԾԷ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ տան բարձրաստիճան պաշտօնեաները կ’ուսումնասիրեն հնարաւորութիւնը, որ նախագահ Տոնըլտ Փրամփ յայտարարէ Իրանի դէմ յաղթանակ եւ պատերազմի աւարտ: Անոնք կը փորձեն վերլուծել, որ Թեհրան ինչպէս կրնայ արձագանգել, եթէ նախագահը իրապէս դիմէ այդ քայլին: Վարչակազմի գլխաւոր անձնաւորութիւններ մտահոգութիւն ունին, որ վառելանիւթի սակագիներու կտրուկ աճի լոյսին տակ, հանրապետականները պարտութիւն կրնան կրել գոնկրէսի յառաջիկայ միջանկեալ ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 3 Նոյեմբերին:

Այսուհանդերձ, Թրամփ կը մտադրէ երկարաձգել Իրանի նկատմամբ սահմանուած պաշարումը՝ կանխելու համար Իրանէն վառելանիւթի արտահանումը: Ի տես վառելանիւթի համաշխարհային սակագիներու աճին եւ լուծումներու բացակայութեան, երէկ վերստին բարձրացան կազի գիները: Այսուհանդերձ, Փաքիստանի վարչապետին գրասենեակը հաւաստիացուց, որ միջնորդական ջանքերը կը շարունակուին ամերիկեան եւ իրանեան կողմերուն հետ՝ դիւանագիտական շփումները շարունակելու եւ լուծում գտնելու ուղղութեամբ: Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսի իր կարգին շեշտեց, որ բարձր հարստացուած եուրանիւմի պաշարը պէտք չէ մնայ Իրանի մէջ, աւելցնելով որ Ուաշինկթընէն ու Թեհրանէն կը պահանջուի քաղաքական կամք՝ համաձայնութեան յանգելու համար:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը յայտնեց, որ Իրանի դէմ պատերազմը ցարդ արժած է շուրջ 25 միլիառ տոլար, որուն մեծ մասը յատկացուած է զինամթերքի: Բանբերը այս մասին յայտնեց Ներկայացուցիչներու պալատէն, ուր զինուած ուժերու կոմիտէի լսումներուն կը մասնակցէր պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսէթը՝ պաշտպանելու վարչակազմին առաջարկը՝ 2027-ի պետական ամավարկին մէջ զինուած ուժերուն 1,5 թրիլիոն տոլար յատկացնելու մասին: Նախարարին համաձայն, այսքան մեծ գումարի յատկացումը կը բխի ժամանակի մարտահրաւէրներուն արձագանգելու անհրաժեշտութենէն:
Իրանի «Իսնա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի դրամանիշը նահանջելով հասած է իր պատմական նուազագոյն՝ ամերիկեան մէկ տոլարին դիմաց 1,8 միլիառի սահմանին:
ԱՂՈՒԵՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ այցելեց Հայաստան, ուր Աղուերանի «Apricot Hotels & Resort» պանդոկին մէջ Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ քննարկեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատումի եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերը: Երկու պատուիրակութիւններուն 13-րդ ժողովն էր այս: Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութենէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը նշեց, որ կողմերը մանրամասն միտքեր փոխանակած են սահմանազատումի թղթածրարին հետ առնչուած կազմակերպչական եւ թեքնիք հարցերուն շուրջ: Որոշուած է փոխանակել սահմանազատումի աշխատանքներու իրականացումի կարգին վերաբերող նախագիծերը:

Փոխվարչապետները նաեւ առանձնազրոյց ունեցած են եւ միտքեր փոխանակած փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ: Ժողովականները նշեցին, որ Ատրպէյճանէն Հայաստան բեռներու տարանցումը յաջողութեամբ կ’իրականացուի եւ պիտի շարունակուի, վկայելով երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրատնտեսական կապերու ձեւաւորումին մասին: Աղուերանի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ գործարարներու մասնակցութեամբ քննարկում՝ առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը զարգացնելու, ապրանքներու եւ ծառայութիւններու փոխադարձ մատակարարումներու, ինչպէս նաեւ տարանցիկ փոխադրումներու վերաբերող նիւթերու շուրջ, շեշտելով որ այդ դրական արդիւնքը հնարաւոր եղած է շնորհիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի քաղաքական կամքին: Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք յաջորդ ժողովին թուականը պիտի որոշուի աւելի ուշ:

