Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը

April 28, 2026
in Գաղութային
0
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Կիրակի, 19 Ապրիլին, Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Պատարագի ընթացքին սրբազան հայրը միւռոնով օծեց արուեստագէտ հանգուցեալ Գրիգոր Զոհրապ Քէշիշեանի վրձինին պատկանող երկու սրբապատկերներ, որոնք եկեղեցւոյ նուիրուած էին արուեստագէտին քրոջ աղջկան` Թալին Գանլըճեանի կողմէ: Յայտնենք, որ ան նաեւ Գրիգոր Զոհրապ Քէշիշեանի չորս արուեստի գործեր նուիրեց եկեղեցւոյ սրահին համար:

Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ այս Կիրակի մեր եկեղեցւոյ կողմէ կոչուած է Աշխարհամատրան, նաեւ Կանաչ Կիրակի, եւ բացատրեց, թէ Աշխարհամատրան Կիրակին մեր ուշադրութիւնը կ’ուղղէ Երուսաղէմի առաջին եկեղեցւոյ` աւելցնելով, որ այն վերնատան մէջ, ուր Յիսուս իր աշակերտներուն հետ վերջին ընթրիքը ունեցաւ, իր յարութենէն ետք, առաքեալները եւ իր հետեւորդները մնայուն կերպով հաւաքուեցան յիշելու համար Քրիստոսի յարութեան յիշատակը: Այդ վերնատունը հանդիսացաւ Քրիստոսի առաջին եկեղեցին, ուրկէ Աւետարանին լոյսը ճառագայթեց աշխարհի չորս ծագերուն: Սրբազանը ըսաւ, որ Աշխարհամատրան Կիրակիին առիթով մեր եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ անդրադառնալու, թէ տօնական առիթները պատգամներ ունին մեզի համար եւ անոնց նպատակն է վերափոխել մեզ եւ դարձնել արժանի ու պիտանի Աստուծոյ կամքին համար: «Մեր եկեղեցին մեր ժողովուրդին հոգեկան կառոյցն է», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ դարաւոր պատմութիւն ունեցող այս հաստատութիւնը վստահաբար իր ներշնչումը ստացած է Երուսաղէմի մէջ գտնուած առաջին եկեղեցիէն:

Անդրադառնալով Կանաչ Կիրակի բացատրութեան` սրբազանը ըսաւ, որ այդ անուանումը կ’ակնարկէ ձմրան եղանակէն ետք բնութեան վերազարթօնքին, աւելցնելով սակայն, որ Ս. Յարութեան տօնին մթնոլորտին մէջ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս կանաչ բացատրութիւնը կ’ակնարկէ եկեղեցւոյ վերակենդանացման, նաեւ հաւատացեալներու ոգեւորութեան, որուն կարիքը ունինք ամէն տեղ:

Սրբազանը ըսաւ, որ Աշխարհամատրան Կիրակիին առիթով մեր եկեղեցին կոչ կ’ուղղէ իւրաքանչիւրիս, որպէսզի այս սրբազան կամարներուն տակ յիշենք, թէ այս կառոյցը հաստատուած է ապահովելու համար մեր կեանքի ամրութիւնը:

«Քրիստոնէութիւնը պատահականութիւն չի ճանչնար», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը եւ յայտնեց, որ ամէնօրեայ դրութեամբ պէտք է Աւետարանէն ստացած մեր ծանօթութիւնը լուսաւորէ մեր ներաշխարհը եւ դիւրութիւն տայ մեր կեանքին` աւելցնելով, որ հայութիւն պահելու գործը պատահականութեան պէտք չէ ձգել, որովհետեւ աշխարհակուլ պայմաններու մէջ կ’ապրինք, տարբեր բարքեր եւ սովորութիւններ արդէն իսկ մեր կեանքէն տարած են շատ բան եւ կը սպառնան նաեւ տանիլ այն չնչին մասնիկը, որուն վրայ կը յենի մեր կեանքը: Ան շեշտեց, որ պէտք է սթափինք եւ անդրադառնանք, թէ քրիստոնէական կեանքին համար մեծագոյն հրաշքը հոգեփոխութիւնն է, աւելցնելով որ Աստուած մեզի կարողութիւն տուած է վերափոխելու մեր հոգեկան վիճակը, Զինք ընդունելով լուսաւորուելու, այսինքն` դարձի գալու եւ մեր կեանքը զետեղելու այն ուղիին վրայ, որ աշխարհէն ներս մեզ անսայթաք կ՛առաջնորդէ տանելու համար յաւիտենական իրականութեանց:

Եզրափակելով իր խօսքը, Շահէ արք. Փանոսեան յիշատակեց Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակները, որոնք հաւատքով կ’աշխատին եւ կը ծառայեն կեանքէն ներս նուիրականը եւ սրբազանը պահելու եւ պաշտպանելու յանձնառութեամբ, նաեւ գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք մեր եկեղեցիներէն ներս գնահատական այդ ճիգը կը տանին գիտակցօրէն, համեստ աշխատանքով, նուիրումով ու հաւատքով:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ «Կարօ Գօնիալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Եկեղեցւոյ հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան կարեւորութեան, մանաւանդ Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ, որ Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան համանուն եկեղեցին է, որուն ընդմէջէն անգամ մը եւս կը համախմբուինք եւ յարութեան ոգիով կը վերանորոգենք մեր հաւատքը եւ ուխտը Աստուծոյ հետ: Ան անդրադարձաւ հաւատքի կարեւորութեան, շեշտելով որ, իբրեւ ուխտաւորներ այս առիթներուն, մենք մեր հոգիներով առաւել եւս կը կապուինք Աստուծոյ եւ անոր օրհնութեամբ շարունակենք մեր երթը` մեր հաւատքին եւ մեր եկեղեցւոյ հանդէպ կապուածութեամբ:

Սրբազան հայրը, իր կարգին, մեծ գնահատանքով անդրադարձաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան կարեւորութեան` նշելով, թէ եկեղեցին որքան մեծ դեր ունեցած է ժողովուրդը պահպանելու եւ հաւատքով գօտեպնդելու: Ան իր գնահատանքը փոխանցեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, յատկապէս դպրաց դասին, որուն անդամները երիտասարդներ են, եւ մաղթեց, որ բոլոր եկեղեցիները երիտասարդ ուժերով օժտուին եւ զօրանան: Ան նաեւ գնահատեց ժողովուրդը իրենց ներկայութեան համար, արժեւորեց որ կապուած են եկեղեցւոյ, եւ մաղթեց, որ ոչ միայն անուանակոչութեան տօնին, այլ նաեւ մնայուն ներկայութիւն ըլլան եկեղեցիէն ներս բոլոր առիթներուն եւ մասնակցին եկեղեցւոյ առաքելութեան:

 

(«Ազդակ», 22 Ապրիլ 2026)

Share65Tweet41
Previous Post

Հաճընի Երգարուեստը

Next Post

Լուրեր. 30 Ապրիլ 2026

Next Post
Լուրեր. 30 Ապրիլ 2026

Լուրեր. 30 Ապրիլ 2026

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.