Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Խմբագրական- Փա՛ռք Աշխատանքին. Ողջո՜յն Աշխատաւորութեան

April 30, 2026
in Խմբագրական
0
Խմբագրական- Փա՛ռք Աշխատանքին. Ողջո՜յն Աշխատաւորութեան

Մայիսի մէկը տօնն է աշխատաւորութեան: Օ՛րը մարդկային այն կուռ եւ հզօր զանգուածներուն՝ որոնք աշխատանքով եւ արդար քրտինքով կը կերտեն բարօր ու բարգաւաճ կեանքը մարդկութեան:

Դասակարգային պայքարը եւ ընկերային բախումները եղած են պատմութեան հոլովոյթին շարժիչ լծակները: Վաշխառուն, շահագործող խաւը, յափշտակիչ վերնախաւը միասնաբար, ի սկզբանէ եղած են անարդարութեան դաժան խորհրդանիշեր, որոնք շղթայած են հոծ զանգուածներու մարդավայել կեանքի իրաւունքները, մարդը զրկած են իր տարրական պահանջներէն, լլկած են զայն հնարաւոր բոլոր միջոցներով եւ պահպանելու համար իրենց գերադաս կարգավիճակը՝ խտրութիւն չեն դրած միջոցներու միջև:

Բայց այս սանձարձակ շահագործումն ու դասակարգային ակնյայտ խրամատը չէր կրնար յարատեւել ընդմիշտ: Պիտի գար պահը ընդվզումի, լարուածութեան, շահերու սուր բախումին, անխուսափելի հակամարտութեան՝ երկու հակընդդէմ ուժերուն միջեւ: Իր արդար վաստակին եւ թափած քրտինքին բարի պտուղը պիտի ուզէր վայելել ճնշեալ մեծամասնութիւնը: Ան աստիճանաբար պիտի սթափէր եւ գիտակցէր, որ պէտք էր պոոթկալ եւ ընդվզիլ՝ հասնելու համար իր տանելի կեանքին, արժանավայել կենցաղին ու արդար հացին: Աշխատաւոր դասակարգը տէրը պիտի ուզէր ըլլալ իր աշխատանքին եւ իր համեստ իրաւունքին:

Այսպիսի բախումներ չեն սահմանափակուած ազգային կամ կրօնական նեղ սահմաններէ ներս, մէկ կամ երկու երկիրներու մէջ, այլեւ ունեցած են համամարդկային բնոյթ եւ նկարագիր, բոլորին զօրաշարժող նպատակներ, որոնք էին՝ ձերբազատել իրաւազուրկ դասակարգը մենատիրութեան լուծէն, վերջ տալ չարաշահ հարստատիրութեան եւ հետզհետէ հասնիլ իրաւահաւասար վարչակարգի մը ընդունելի ու հանդուրժելի պայմաններուն: Եւ այս նպատակակէտին հասնելու համար կար յստակ ու մէկ ճանապարհ՝ կազմակերպել բանուոր դասակարգը, զայն զինել գաղափարապէս եւ պինդ շարքերով զայն հունաւորել պայքարի յորձանուտ: Այս պատմական յանձնառութիւնը ստանձնեց ընկերվարութիւնը (սոցիալիզմ)՝ իր գաղափարական եւ կազմակերպչական ահեղ փոթորկումով, անդուլ պայքարով եւ մարտաշունչ ոգիով:

Ընկերվարութիւնը համախմբեց ընկերային անարդարութեան զոհերը, իրաւազուրկներու ստուարաթիւ շարքերը, ճնշեալներու աղքատ ու թշուառ բազմութիւնները եւ զանոնք պատրաստեց դասակարգային գուպարի՝ որպէսզի կարելի ըլլար ստեղծել շնչելի պայմաններ: Բանուորութիւնը դարձաւ անզէն բանակ: Ունեցաւ հաստատ կամք եւ երբեք վախ չունեցող, որովհետեւ ունէր միայն կապանքներ իր դաստակներուն: Ան անվա՛խօրէն պիտի փշրէր ժանտ շղթաները վաշխառուներուն հաստատած: Այլընտրանք գոյութիւն չունէր պարզապէս:

Մայիս մէկը այդ պատմական բախումին յաղթանակին օրն է, երբ բանուոր դասակարգը կատաղի պայքարներէ ետք ստացաւ իր իրաւունքներուն կարեւոր տոկոսը: Աշխատանքն ու աշխատաւորութիւնը սկսան գնահատուիլ երկարաշունչ պայքարէ ետք: Մարդիկ սկսան տիրանալ իրենցմէ խլուած շարք մը իրաւունքներուն: Անշուշտ, եղան արիւնալի ճակատումներ, գործադուլներ, հալածանքներ, բանտ ու աքսոր, ցոյցեր, հաւաքներ, եւ հետզհետէ բանուորութիւնը ցոյց տուաւ, թէ կրնայ հասնիլ յաջողութիւններու՝ եթէ ըլլայ նպատակասլաց, վճռական, հետեւողական եւ գաղափարապէս պատրաստուած: Տեղին է ընդգծել, որ անարդարութեան դէմ այս արդարացի եւ իրաւացի պայքարին մէջ վիթխարի ներդրում ունեցան մարդկային արժէքներով տոգորուած գաղափարախօսութիւնները, հոսանքներն ու կրօնները: Ուշագրաւ են մասնաւորաբար Քրիստոսի մարդասիրական քարոզներն ու ճնշեալները պաշտպանող ջատագովականները: Իսկ աւելի մարտական էր մարքսիստական հոսանքը՝ գիտական ընկերվարութեան միջոցաւ:

Հայ կեանքին մէջ, քաղաքական, տեսական եւ գրական բազմաթիւ կարկառուն դէմքեր եղան այս ուղղութեան հաւատաւոր մարտիկները: Գրիչով թէ բեմով, մամուլով թէ գետնի վրայ եղան աշխատաւորութեան դատին ջերմ պաշտպանները: Ինչպիսի՜ գոհար տողեր եւ գործեր կտակեցին անոնք: Յիշելու համար գոնէ Դանիէլ Վարուժանի, Յակոբ Յակոբեանի, Եղիշէ Չարենցի, Միսաք Մանուշեանի, Կարապետ Սիտալի պայծառ անունները:

Ի պատիւ Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան՝ աշխատաւորութեան դատին առաջին պաշտպաններէն հանդիսացաւ ան: Ան եղաւ յանձնառու՝ գաղափարապէս հզօրացնելու բանուոր դասակարգը. մարտնչեցաւ անոր իրաւունքներուն համար. ընկերային գիտակցութիւն սերմանեց ուր որ անկ էր: Հոս յա՛տկապէս կը փայլին անունները Լեռենցի (Աւետիս Նազարբէկեան) եւ բանաստեղծուի Շուշանիկ Կուրղինեանի, որոնք հնչակեան գաղափարական բովէն անցնելով՝ հայ գրականութեան մէջ թողուցին պատուաբեր անուններ: Հնչակեաններու սիրտը կը բաբախէր նաեւ բանուորութեան պայքարով, անարդարութեան դէմ պոռթկուն զայրոյթով: Հետեւաբար, Մայիս մէկը սրտամօտ տօնն է նաեւ հնչակեաններուն:

Մայիս մէկի առիթով բարձրաղաղակ պիտի կրկնենք՝ փա՛ռք աշխատանքին եւ ողջո՜յն աշխատաւորութեան: Թող բանուորութեան արդար աշխատանքը պսակուի փառահեղ նուաճումներով:

 

Share66Tweet41
Previous Post

Լուրեր. 30 Ապրիլ 2026

Next Post

Փոփոխութեան Պատրանքը

Next Post
Փոփոխութեան Պատրանքը

Փոփոխութեան Պատրանքը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.