Պատմական Հաճընի անկումը տաւրոսեան արծուաբոյնին մէջ ապրող բուռ մը ժողովուրդի կեանքին եւ անոր յիշողութեան դաժան ընդհատումն էր, անոր կենցաղով ու մշակութային շերտերով խաւար անդունդին մէջ կորսուելու ողբերգութիւնը։ Ութամսեայ շրջափակումէ եւ անասելի կոտորածէ ետք, հազիւ քանի մը փրկուածներ կրցան դուրս գալ բոկոտն ու կիսամերկ։ Անոնց հետ, լռութեան մէջ, մարեցան դարաւոր սովորութիւններ, երգեր, ձայներ ու հոգեւոր կեանքերու արձագանգներ։
Գաղթական կեանքի ծանր հոլովոյթին մէջ եղան փորձեր՝ վերակերտելու կորսուած աշխարհը, սակայն այդ ճիգերը յաճախ ցրուեցան ժամանակի մթին խորշերուն մէջ։ Յատկապէս ժողովրդական երգարուեստը մնաց խոցելի՝ իր հնչիւնը զրկուած նոթագրութենէ, պահուած միայն բառերու անկատար կեղեւին մէջ։
Եւ ահա, տասնամեակներու լռութենէն ետք, նուիրեալ աշխատանք մը կը յառնէ որպէս վերագտնումի լոյս։ Երաժշտագէտ, երաժշտական գործիքներու մասնագէտ Զաւէն Կնեազեանի համբերատար հետազօտութիւնը, իր հարազատ եղբօր՝ Ռուբէնի հետ, գիտական պրպտումները վերակենդանացուցին այն մեղեդիները, որոնք ընդմիշտ լռած կը կարծուէին։
Հաճընի աղէտէն 106 տարի անց Հայկազեան հայագիտական հանդէսի վերջին հրատարակութեան մէջ լոյս ընծայուած այս տիտանական գործը կը դառնայ կենդանի շունչ՝ փոխանցուած սերունդէ-սերունդ, որպէս վկայութիւն՝ թէ ժողովուրդ մը, նոյնիսկ իր կորստեան խորքէն, կը շարունակէ խօսիլ իր երգերով։
Ծանօթ. Զաւէն եւ Ռուբէն Կնեազեան եղբայրները, ծնած են Արժանթին, համապատասխանաբար 1959 եւ 1962 թուականներուն։
Մօրենական կողմէն ֆրանսահայ ծագումով՝ արմատներով Իզմիրէն։
Մեծ հայրը Իզմիր քաղաքէն էր, իսկ մեծ մայրը՝ Էօտէմիշ գիւղէն, որ կը գտնուէր Իզմիրէն մօտաւորապէս 100 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։
Հօրենական կողմէն ծագումով Հայաստանէն էին՝ Սեւանի շրջանի Գաւառի պատկանող Հացառատ գիւղէն։
Երկու կողմերն ալ, Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն ետք, 1949 թուականին գաղթած էին Արժանթին։
2008 թուականին Ռուբէն Կնեազեան հաստատուած էր Ֆրանսա։
(Ա.)
Հայկական յետեղեռնեան մատենագրութեան մէջ ուրոյն տեղ ունին հայրենակցական միութիւններու յուշամատեանները, որոնց նպատակներէն եղած են հայրենի ծննդավայրի գրական յուշարձան-վկայարանը կանգնել, անոր պատմութիւնը, սովորութիւնները, աւանդութիւնները, բարբառը եւ այլ տեղական ինքնութեան մանրամասնութիւններ մոռացութենէ փրկել եւ նոր սերունդներուն աւանդել:
Յուշամատեանները կը պարունակեն նաեւ երգեր ու պարերգեր իբրեւ տեղւոյն ժողովրդական բանահիւսութեան նմոյշներ: Դժբախտաբար, այս գիրքերուն ջախջախիչ մեծամասնութեան երգարուեստի օրինակները զուրկ են նոթագրութենէ եւ միայն նշուած են երգերու խօսքերը(1): Այս իրողութիւնը մեզ կը զրկէ Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ, Փոքր Հայքի եւ այլ շրջաններու երաժշտական աշխարհի ժառանգութեան կարեւոր աղբիւրէ մը: Նոթագրութեան պակասը գրեթէ օրինաչափ է բոլոր յուշամատեաններուն, թէեւ կան բացառութիւններ, ինչպէս Արաբկիրի նուիրուած աշխատասիրութիւնը(2), ուր բոլոր ժողովրդական երգերը, աշուղական ստեղծագործութիւնները, պարերը նշուած են եւրոպական երաժշտագրութեամբ:
Կիլիկիոյ հայաբնակ Հաճըն քաղաքի պարագան չի տարբերիր վերոյիշեալ ընդհանուր իրողութենէն. Հաճնոյ յուշամատեանը(3) կը պարունակէ փունջ մը երգեր եւ պատառիկներ, բայց առանց նոթագրութեան: Կարդալով այս էջերը, կը զգացուի որ հաւաքողները կ’ենթադրէին թէ կարդացողները, ըլլալով հաճընցիներ, այդ բոլոր երգերը գիտէին եւ միայն պէտք էր յիշողութիւնը թարմացնել:
Իբրեւ ուղեցոյց ունենալով վերոյիշեալ յուշամատեանը, դիմեցինք Արժանթին ապաստանած վերջին վերապրողներուն կամ անոնց յետնորդներուն եւ ձայնագրեցինք երաժշտարուեստի օրինակներ: Նոյնը կրցանք ընել Ֆրանսայի եւ Լիբանանի հաճընցիներու պարագային(4):
Հաճընցիներ Արժանթին հաստատուած են հայօճախին կազմաւորման սկզբնաշրջանէն, իսկ 1915-ին արդէն հիմնած են «Հաճըն ընկերութիւն»ը, որ 1928-ին անունը փոխելով դարձած է Հաճընի հայրենակցական միութիւն:
Ընդհանրապէս, հաճընցիները շատ բացասական պատկերացում ունին իրենց բանահիւսութեան մասին, ինչպէս ցոյց կու տայ, օրինակ, 1953-ին հաճընցիի մը կողմէ գրուած հետեւեալ անստորագիր յօդուածը. «Հակառակ մեր ինքնուրոյն գաւառաբարբառին… բանահիւսութիւն չունինք, որ ցոյց տալ մեր ծննդավայրի քաջագործութեան հետ, մեր ըմբռնումները՝ տխրութեան եւ ուրախութեան վերաբերմամբ(5)»: Միաժամանակ՝ հակասութիւն մը. «Ճիշդ է ունինք քանի մը տաղեր, խաղեր, օրօրներ եւ աղօթքներ, սակայն անոնք բաւական չեն, պետք եղածին պէս ցոյց տալու հաճընցիներու առաքինի սովորութիւնները եւ ապրումները»: Յետոյ ափսոսանք՝ «…”Ակն եւ Ակնցիք” պատմութիւնը աչքէ անցուցած ատենը, մեր գրագէտ-քննադատ հայրենակիցներէն մին, ցաւով յայտնեց, որ մեր հայրերն ու մայրերը տեղական ֆօլքլօրի յիշատակ մը, ժառանգ մը չեն ձգած որ անոր հետեւինք»:
Իրական կացութիւնը այդքան աղէտալի չէ սակայն: Բանահաւաքչական հարցազրոյցներու ընթացքին, տարեց հաճընցիներ՝ Պօղոսեանի վերոյիշեալ գիրքին մէջ տպուած կարգ մը երգերը երգեցին, միւսները չկրցան յիշել, որով միայն խօսքերը կը մնան ապագայի համար: Բարեբախտաբար, ի յայտ եկան հատորին մէջ չարձանագրուած նմուշներ եւ պատառիկներ ալ, ինչպէս՝ երկարապատում «Սեքսէնը համրիէլ հալիվուէյ Հաճին» երգը, որ 12 տուներէ կը բաղկանայ, բայց հազիւ մէկ քառեակով ծանօթ է, «Էսսեյ ձել տունը պի’գօմ»ը կամ «Պօյ ղուզի, պօյ թոխլի»-ն: Միայն ափսոսանք կարելի է զգալ, երբ մտածենք, թէ ինչ արդիւնքներ պիտի ունենար բանահաւաքչական այս գործը եթէ կատարուէր վերապրող սերունդի ողջութեան:
Հաճընի ժողովրդական բանահիւսութիւնը մեզի կը ներկայանայ երկու լեզուով՝ Հաճնոյ բարբառով (Հեճն լուզու, Հեճնօ-լիզվեւ, Հեճնօ Լիզվա) եւ թրքերէն(6): Ստորեւ՝ հաւաքուած շուրջ 20 երգեր ու պատառիկներ(7):
1) Աբրահամ Էօլմէզ (Էօլմէսէքեան).- «Սեքսէնը համրիէղ հալիվուէյ Հաճին …» (բարբառ՝ Ութսուն տարեկան ալեւոր Հաճին)
«Սեքսէնը համրիէղ»-ը Հաճընի բարբառով գրուած երգ(8) է, զոր հեղինակած է հասարակական գործիչ Աբրահամ էօլմէզ 1945-ին:
Այս երգը սկսաւ երգուիլ խնճոյքներու ատեն եւ աստիճանաբար դարձաւ Արժանթինի հաճընցիներուն «օրհներգը», թէեւ բովանդակութիւնը երգիծական է: Հաճընի բարբառով այդպիսի երկարապատում բանաստեղծութիւն կամ երգ գոյութիւն չունէր, իսկ եթէ ժամանակին գոյութիւն ունեցած է՝ վերապրողները չէին յիշեր: Հաճընցիք զայն կ’երգէին որեւէ հաւաքոյթի առիթով, թէ՛ հայրենակցական միութեան ձեռնարկներուն, թէ՛ ընտանեկան կամ բարեկամական հանդիպումներուն: Այս երգի կատարումը հեռաւոր Արժանթին բնակող հաճընցիներուն համար պարտադիր դարձած էր, որովհետեւ սեփական ինքնութեան դրսեւորում էր եւ միաժամանակ հայրենի հողի յիշատակը վառ պահող միջոց: Չափազանց կարեւոր եղած է այս երգի ուրախ եւ երգիծական բնոյթը այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ վերապրողներու շրջանակները տխուր երգեր կ’երգէին յիշելով կորուսեալ երկիրը եւ հազարաւոր անմեղ զոհերը(9):
Թէեւ ժողովրդական բանահիւսութիւնը անանուն ստեղծագործութիւններէ կը բաղկանայ, Էօլմէզի եւ Սարգիս Մխճեանի (երգ 19) հեղինակած երգերուն ոճային առանձնայատկութիւնները անկարելի կը դարձնեն այս խումբէն դուրս ձգել զանոնք: Յիրաւի, թէեւ երկուքն ալ յառաջացած են իրարմէ բոլորվին անջատ եւ աշխարհագրօրէն հեռու վայրերու մէջ, անոնք ունին ոճային ընդհանրութիւն, մասնատրապէս՝ պատմողական ընթացք, իսկ եղանակը՝ կրկնուող գրեթէ միապաղաղ կառոյց է։ Այս վերջինը կ’ընդգծէ, թէ պատմուածը աւելի կարեւոր է քան երաժշտութիւնը. բայց այս իրողութիւնը ո՛չ թէ ձանձրոյթ կը պատճառէ, այլ կը ստեղծէ լարուածք եւ հետաքրքրութիւն՝ պատմուածի զարգացման մասին:
Երգին բովանդակութիւնը կարծես իսկական եղելութիւն մը կը պատմէ, ինչ որ օգնած է տարածման։ Բոլոր հաճընցիները իրարու ծանօթ էին եւ յաճախ դրացիներ եղած՝ երկար տարիներ: Երգին մէջ յստակ կը մատնանշուի երկու «հերոսներուն»՝ Հաճիին եւ Եղիսաբէթին բնակած տեղը՝ դէմ-դիմաց այգի, աղբիւրի մը մօտ:
Երաժիշտ Արմենակ Դարբինեան «Սեքսէնը համրիէղ» երգի անգերազանցելի մեկնաբանը եղած է տարիներ շարունակ(10). անոր «եզակի կատակերգութիւնները եւ զաւեշտական խաղերը ա՛լ աւելի կը փայլեցնեն խնճոյքը, որ անդադար կը խնդացնէ ներկաները…եւ անվերջ ծափահարութիւններ(11)»:
Բանաստեղծութիւնը անշուշտ գրական յաւակնութիւններ չունի, բայց լեզուական առումով կը պարունակէ Հաճնոյ բարբառին իւրայատուկ շատ բառեր եւ մանաւանդ դարձուածքներ, որոնք երգին կ’աւանդեն տեղական գունաւորում։ Օրինակ՝ «ձառ գայել գէլխուն թալլիկին» արտայայտութիւնը, բառացի՝ «ձեռք ձգել գլխուն գլխանոցը» կը նշանակէ, բայց փոխաբերաբար՝ «տիրանալ աղջկան մը սրտին, զայն սիրաշահիլ»: Կամ «առջի եանլըխէն» (առաջին հրդեհէն), որ մօտաւորապէս կը նշանակէ «շատոնց»: Անցեալին հրդեհները աղիտալի էին, մանաւանդ որ շատ անգամ թաղամաս մը կամ ամբողջ գիւղ մը կրնային աւերել: Այս պատճառով խօսակցական լեզուին մէջ ժամանակ արտայայտող իրադարձութիւններու յիշատակում էին: Այստեղ, խօսքը վստահաբար կը վերաբերի Հաճընի մեծ հրդեհին, որ ծանօթ է «Առաջին հրդեհ» անունով եւ տեղի ունեցած է 13 Յուլիս 1883-ին: Ուրբաթ կէս գիշերին հրդեհը սկիզբ առած է Վերին Թաղի շուկայի հացագործի մը փուռէն: Հաճընի կէսը, շուրջ 1500-2000 տուն եւ 200 խանութ, այրած եւ շուրջ 10.000 հոգի թշուառութեան մատնուած են:
Ուրիշ դարձուածքներ՝ «չի տէվով մէյտօն», այսինքն «կարեւորութիւն չտուաւ», ուր մէյտօն> մէյտան (թրք.՝ հրապարակ, ազատ տարածութիւն, ասպարէզ), Հաճընի բարբառին մէջ ստացած է «կարեւորութիւն» իմաստը, Օրինակ՝ «մէյտօն մի՛ տօ»՝ «կարեւորութիւն մի՛ տար»(12): Կամ դարձուածքներու հետեւեալ շարքը՝ «Օրը առօծ է (օրը առած է) դուռը կօղպած է (դուռը կղպած է), իկօծ քէլէշ մը հէս շէնտէրկած է» (եկած աղուոր մը հոս շնթռկած` պառկած է), այսինքն՝ «ամէն բան եղած վերջացած է»: Ուրիշ մը՝ «խայիյէ տիսսէք» (խէրը տեսէք, բարով ըլլայ, շնորհաւոր ըլլայ»։ Կը գործածուի նաեւ եզակի՝ «խայիյը տիսնուս»): Կամ՝ «ղատադ առնում»=օրհնանք մը՝ արեւելահայերէնի «ցաւդ տանեմ»-ին հաւասար:
Հետաքրքրական են նաեւ նմանաձայնութիւնները՝ «խըմ-խըմ»=«քիթէն խօսող, ռնգախօս» կան «թըխըմ-թըխըմ»=«կարծր նիւթէ փոքր կտորներ ետեւ-ետեւի կտրելէն յառաջացած ձայն» (այստեղ երկաթէ թէլէ մը պայտի գամեր կտրելէն) եւն.։




Փակագիծի մէջ ըսենք, որ վեր. Տիգրան Հ. Րէճէպեան, «Հաճընի մեծ հրդեհը» վերնագրեալ յօդուածին մէջ կը գրէ. «Պալենց Սարգիս վարժապետը, որ թէ՛ լուսաւորչական եւ թէ՛ բողոքական դպրոցներուն մէջ վարժապետութիւն ըրած է, Հաճնոյ այս սարսափելի հրդեհին վրայ, այն ժամանակ, տաճկերէնով եւ 53 համարով ոտանաւոր մը գրեց. «Ես, այն ատեն, այդ ոտանաւորը, իմ տետրակիս մէջ գրեցի, եւ մինչեւ այսօր կը պահեմ։ Հիմա, ասկից, միայն քանի մը համար հոս պիտի գրեմ:

Մնացածը, եթէ Տէրը կամի, «Հաճնոյ ընդհանուր պատմութիւն» գիրքին մէջ կը հրատարակուի»(16): Դժբախտաբար «ոտանաւորը» լոյս չէ տեսած Պօղոսեանի հատորին մէջ, ուստի կը բաւարարուինք վերոյիշեալ յօդուածին մէջ լոյս տեսածը այստեղ հրապարակելով։

(Շարունակելի)
(«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս», 45/2 – Պէյրութ 2025)

