Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Անարդա՛ր, Օրդ Կու Գայ (Եա Զալէմ Ըլաք Եոմ)

Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան (Գանատա)

April 28, 2026
in Յօդուածներ
0
Անարդա՛ր, Օրդ Կու Գայ (Եա Զալէմ Ըլաք Եոմ)

Ամերիկայի կեղծ ու խաբեբայ սիոնիստ քրիստոնեաները իրենց առաջնորդ ունենալով նախագահ Տանըլտ Թրամփը, Իսրայէլի կողքին կանգնած, կ’ոտնակոխեն քրիստոնէութեան քարոզած վարդապետութիւնը, որ հիմնուած է մարդոց մէջ սէր, միութիւն եւ հանդուրժողութիւն յառաջացնելու վրայ: Եւ ամբարտաւանութիւնը Թրամփի, որուն շուրջ կանգնած չես գիտեր որ աստծուն կ’աղօթեն այդ սիոնիստ քրիստոնեաները, չափը անցընելով հասաւ աստիճանի մը, երբ ան յանդգնեցաւ Վատիկանի պապին դէմ խօսելու, երբ վերջինս իր կոչումին վայել կը յայտարարէր որ Աստուած պատերազմի համար աղօթողներուն հետ չէր կրնար ըլլալ: Ու Տանըլտ Թրամփի մտային կարողութիւնը կասկածի տակ դնող իր գրառումը, ուր ան ինքզինք կը ներկայացնէր որպէս Յիսուս փրկիչը, պէտք է բաւարար նկատուի զայն դուրս շպրտելու նախագահի դիրքէն:

Իսրայէլ, որուն լինելութեան ստեղծիչները կը գտնուին մարդկութիւնն ու  անոր պատմութիւնը բռնաբարող եւ խեղաթիւրող ուժերուն մէջ, արեւմտեան «քաղաքակիրթ» աշխարհ կոչուող իշխանութիւններու կոյր ցեւացող կամ տեսնել չուզող մեղսակցութեամբ, կը հարուածէ աջ ու ձախ իբր թէ անվտանգ ապրելու իր իրաւունքը ապահովելու համար: Անոր պատերազմները միշտ եղած են յարձակողական եւ ոչ պաշտպանողական: Ան աշխարհի վրայ միակ երկիրն է, որ իր սահմանները յստակ գծուած չեն եւ ծայրայեղական ներկայ իշխանութիւնը կ’աշխատի Իսրայէլի սահմանները տարածել Յորդանան գետէն մինջեւ Միջերկրական ծով, որուն մէջ գոյութիւն չունի որեւէ պաղեստինեան գոյացութիւն կամ էութիւն:

Թէ ինչո՞ւ այսքան պոռթկում եւ մեղադրանք երկրի մը դէմ, որ, ըստ իրեն, կը պայքարի զինք պաշարող թշնամի արաբիստանի դէմ: Որովհետեւ չափ ու սահման ունի ամէն ինչ եւ ոճրագործի ու հայրենիքի պաշտպան զինուորի միջեւ պէտք է ըլլայ բարոյականութիւն մը, որ կը խնայէ անմեղի կեանքը: Աշխարհի աչքերը ցաւով ու լացով կը հետեւին այն բարբարոսութիւններուն, որ Իսրայէլի բանակայինները կը կատարեն անխնայ կործանելով տուները անմեղ ընտանիքներու, որոնց մանուկները, ծերերն ու կիները, կորսնցնելով իրենց տունն ու տեղը, դարձած են թափառականներ իրենց իսկ հայրենիքին մէջ: Կազայի հիմնայատակ կործանումէն ետք եւ անոր ժողովուրդին կէսը արմատախիլ ըլլալէ ետք, կարգը այժմ Լիբանանին է, որուն հարաւը Կազայի ճակատագրին կ’ենթարկուի, ուր բարբարոսութիւն կը կատարուի եւ միլիոնէ աւելի ժողովուրդ կը տեղահանուի:

Այսքան բռնութիւն եւ բռնաբարութիւն ՊԱՏԺԵԼՈՒ համար մարդիկ, որոնք իրենց բռնագրաւուած հայրենական իրաւունքը, ոտնակոխուած պատիւն ու ազատութիւնը կը պահանջեն:

Մարդկային ամէն տեսակի արժեչափով անընդունելի են այս տեսակի սանձարձակ վերաբերմունք եւ ոճրագործութիւն:

Եւ մարդկութիւնը գիտէ արթննալ իր քունէն:

Պատահական չէ, որ Թրամփի, Նեթանիահուի եւ Փութինի նման մոլեռանդ ազգային չար ուժերու գործընկեր ու բարեկամ վարչապետը Հունգարիոյ, Վիքթոր Օրպանը, վերջերս կորսնցուց ընտրութիւնները, 16 տարի ըլլալով իշխանութեան վրայ ըլլալէ ետք: Գուցէ սա սկիզբ է հաշուեյարդարի եւ ազդարարութիւն իր նմաններուն:

Արաբերէն ասացուածքը կ’ըսէ. «Եա զալէմ ըլաք եոմ» (Անարդա՛ր, օրդ կու գայ):

Կ’ուզեմ յուսալ եւ հաւատալ, որ կործանարար ոճրագործները այս աշխարհի արդար պատիժ կը գտնեն ցաւ ապրելով եւ ցաւերու մէջ մեռնելով:

Կ’ուզեմ յուսալ եւ հաւատալ, որ ժամանակները կը փոխուին եւ զօրաւորը կը դառնայ տկար եւ տկարը կը դառնայ զօրաւոր:

Կ’ուզեմ յուսալ եւ հաւատալ, որ միջազգային քրէական ատեանի առջեւ կը կանգնին եւ պատիժի կ’ենթարկուին մեր օրերու ոճրագործները:

Կ’ուզեմ յուսալ եւ հաւատալ, որ Իսրայէլի ժողովուրդը իր մէջէն դուրս կը նետէ ամէն ծայրայեղական, համոզուելով որ հուրով ու սուրով իր խաղաղութիւնը ձեռք չի ձգուիր կամ չի ստացուիր:

Կ’ուզեմ յուսալ եւ հաւատալ, որ «քաղաքակիրթ» աշխարհը իր վրայէն կը թօթափէ յանցանքը «Հոլոքոսթի» որպէսզի անով Իսրայէլի կողմէ չշահագործուի:

Կ’ուզեմ յուսալ եւ հաւատալ, որ ցեղապաշտ հրեան կը դառնայ փոքրամասնութիւն Իսրայէլի մէջ եւ մարդասէր հրեան կը դառնայ մեծամասնութիւն հոն, որպէսզի ընդունի ապրիլ մարդկայնօրէն իր դրացի եղբօր եւ պաղեստինցիին հետ, լիբանացիին հետ եւ բոլոր դրացի արաբներուն հետ:

Կ’ուզեմ յուսալ եւ հաւատալ, որ կու գայ օրը, երբ Ամերիկայի սիոնիստ քրիստոնեաները կը դառնան ԻՍԿԱՊԷՍ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ եւ կը դադրին իրենց քսակները լայն բանալէ, ֆինանսաւորելով պասերազմասէրները Ամերիկայի եւ Իսրայէլի:

Եւ վերջապէս կ’ուզեմ հաւատալ, որ կրօնները պատճառ չեն դառնար անվերջ պատերազմներու եւ չարագործներն այս աշխարհի կրօններով փաթաթուած պատուհաս չեն դառնար անմեղ մարդկութեան:

Share63Tweet39
Previous Post

Արդեօք Օր Մը Վերջ Պիտի Գտնէ՞․․․

Next Post

Հաճընի Երգարուեստը

Next Post
Հաճընի Երգարուեստը

Հաճընի Երգարուեստը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.