Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 28 Ապրիլ 2026

April 28, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 28 Ապրիլ 2026

ԱՈՒՆ. «ԴԱՒԱՃԱՆԸ ԵՐԿԻՐԸ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՏԱՆՈՂՆ Է»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն ժխտեց Իսրայէլին հետ բանակցելու հարցով իրեն ուղղուած դաւաճանութեան ամբաստանութիւնները: Պաապտայի պալատին մէջ պատուիրակութիւններ ընդունած ատեն ան դիտել տուաւ, որ «դաւաճանութիւնը մեր ըրածը չէ, այլ՝ երկիրը պատերազմի մղելն է յանուն այլոց շահերուն»: Աուն երկրին ապահովական զարգացումները արծարծեց պաշտպանութեան եւ ներքին գործերու նախարարներուն հետ, որոնք երէկ այցելեցին նախագահական պալատ:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր կարգին շեշտեց, որ պիտի չհրաժարի վերջին շրջանին արձակած կեցուածքներէն, յիշեցնելով որ իր միակ նպատակն է կառուցել պետութիւն մը: «Պետութիւն չենք կրնար ունենալ առանց մէկ բանակի եւ մէկ օրէնքի, որ հաւասարապէս կը գործադրուի բոլորին վրայ», շեշտեց Սալամ:

 

ՔԱՍԷՄ. «ԶԷՆՔԸ ՊԻՏԻ ՉՅԱՆՁՆԵՆՔ»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասէմ յայտնեց, որ իրենք երբեք պիտի չհրաժարին զէնքէն, աւելցնելով որ «Լիբանանի իրաւունքներէն եւ հողերէն հրաժարող իշխանութիւն մը չի կրնար գոյատեւել»: Հըզպալլա հաղորդագրութեամբ մը յայտարարած էր, թէ զինադադարի երկարաձգումը պէտք է ամրապնդէր կայունութիւնը, ոչ թէ սաստկացնէր իսրայէլեան բռնարարքները:

 

ՄԱՐՏԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով 2 Մարտէն ի վեր մահացած է 2521 մարդ, վիրաւորուած՝ 7804 ուրիշներ: Գետնի վրայ, իսրայէլեան ուժերը շարունակեցին պայթումներ իրականացնել հարաւային Լիբանանի իրենց տիրապետութեան տակ գտնուող «դեղին գօտիին» մէջ: Օդային եւ հրետանային հարուածներու ենթարկուեցան մանաւանդ Պընթ Ժպէյլն ու մերձակայ գիւղերը, ինչպէս նաեւ սահմանամերձ շրջաններուն արեւելեան եւ արեւմտեան հատուածները:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Լիբանան ներխուժած ուժերուն մէկ մասը զինուորական ղեկավարութեան որոշումով սկսած են նահանջել, մինչ ուրիշներ կը շարունակեն գործողութիւնները հարաւային զանազան շրջաններու մէջ, թիրախաւորելով Հըզպալլայի ենթակառոյցները: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ ժամանակաւոր զինադադարէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով սկսած է Հըզպալլային պատկանող դիրքեր հարուածել նաեւ Պեքաայի մէջ: Նախապէս, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնած էր, որ բանակին հրահանգած է շարունակել Հըզպալլայի թիրախաւորումը, զինադադարը համարելով փխրուն:

Հըզպալլա վերջին օրերուն դադրեցուցած է իսրայէլեան բնակավայրերուն եւ դիրքերուն թիրախաւորումը, փոխարէնը կեդրոնանալով Լիբանան ներթափանցած իսրայէլեան ուժերուն շարժումները զսպելու վրայ: Կուսակցութիւնը յայտարարեց, թէ ականուած անօդաչու սարքերով հարուածած է լիբանանեան հողերուն վրայ գտնուող իսրայէլեան ուժերը, պատճառելով ծանր վնասներ: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ հարաւային մարտերուն ընթացքին մահացած է զինուոր մը, վիրաւորուած են վեց ուրիշներ: Իսրայէլի արտաքին գործերու նախարար Կիտաուն Սաէր նշեց, որ Հըզպալլա ցարդ շուրջ 10 հազար հրթիռ եւ անօդաչու սարք արձակած է 2 Մարտէն ի վեր, ուստի շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է վճռական քայլերու ձեռնարկէ՝ վերջ տալու Հըզպալլայի գործողութիւններուն եւ խոչընդոտելու կուսակցութիւնը ֆինանսաւորող աղբիւրներուն աշխատանքը:

 

ԶԲՕՍԱՇՐՋԱՅԻՆ ԱՀԱԶԱՆԳ

Զբօսաշրջային հաստատութիւններու համադաշնակցութեան նախագահ եւ պանդոկներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Փիէռ Աշքար ահազանգեց, թէ զբօսաշրջային ոլորտը անդամալուծուած է եւ պանդոկներուն զբաղուածութիւնը նուազած է 7-12%-ի: «Ֆիթրի եւ Սուրբ Զատկուայ տօներուն կորուստը ծանր հարուած մըն էր այս ոլորտին եւ իրավիճակը աղէտալի պիտի ըլլայ, եթէ ապահովական անկայունութիւնը դառնայ երկարատեւ», ահազանգեց Աքշար, դիտել տալով, թէ այսպիսով պիտի կրճատուին աշխատանքային հնարաւորութիւնները եւս: Ան կառավարութենէն պահանջեց աջակցիլ պանդոկներուն, որպէսզի կարենան գոյատեւել:

 

ՈՉ ՊԱՏԵՐԱԶՄ, ՈՉ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ

Չյայտարարուած զինադադարը տակաւին առկայ է Իրանի ճակատին վրայ, թէեւ բանակցային վերջին նիստը չէ կայացած, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահը որոշած է չեղարկել իր պատուիրակներուն Իսլամապատ ուղեւորութիւնը՝ որպէս Թեհրանի վրայ ճնշում բանեցնելու միջոց: Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղճի այցելեց Փաքիստան, ապա յայտնեց, որ ունեցած է դրական քննարկումներ: Ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Թեհրան կ’առաջարկէ երեք փուլերէ բաղկացած ծրագիր մը, ըստ որուն՝ նախ զինադադար կը յայտարարուի Իրանի եւ Լիբանանի մէջ, ապա կը քննարկուին Հորմուզի նեղուցին վերաբերեալ լուծումները, իսկ երրորդ փուլին կ’արծարծուի Իրանի հիւլէական թղթածրարը: Իրան կը շեշտէ նախկին ամբողջական զինադադարի հաստատումը եւ նոր պատերազմներու կանխումը, կարելի չէ քննարկել մնացեալ երկու հարցերը: Իսկ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կարծիք յայտնեց, որ Իրանի նոր առաջարկները հրապարակուած են շնորհիւ իր պատուիրակները Իսլամապատ չուղարկելու որոշումին: Ան հաւաստիացուց, որ Իրանի դէմ պատերազմը պիտի աւարտի շատ շուտով եւ իրենք պիտի ըլլան յաղթական:

ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ անցնող 24 ժամերուն ընդամէնը 7 նաւ հատած է Հորմուզի նեղուցը, մինչ 600 նաւ կը մնայ այդ զգայուն շրջանին մէջ: Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղճի տարածաշրջանային զարգացումները արծարծեց իր սէուտցի պաշտօնակիցին հետ: Արաղճի այցելեց Մոսկուա ու տեսակցեցաւ ռուս պաշտօնատարներուն հետ: Ան յայտնեց, որ ռուս-իրանեան յարաբերութիւնները բարձրացած են ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակին, խոստանալով աւելի եւս ամրապնդել այդ սերտ կապերը: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր կարգին դրուատեց Իրանի ժողովուրդը, որ յանդգնութեամբ եւ հերոսաբար կը շարունակէ պայքարիլ յանուն գերիշխանութեան պահպանումին: Միջազգային այլ մեկնաբանութիւններու մէջ, Միացեալ Թագաւորութեան վարչապետը շեշտեց, որ պիտի չթոյլատրէ միջամուխ դառնալ պատերազմի մը, որ չի բխիր Լոնտոնի շահերէն: Իսկ Եւրոմիութեան յանձնակատար Ուրսըլա Վոն Տէր Լեյէն յայտնեց, որ տակաւին կանուխ է չեղարկելու Իրանի նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցները:

Հակառակ վերջին շրջանի հանդարտութեան, վերջնական զինադադար չէ կնքուած ամերիկացիներուն եւ իրանցիներուն միջեւ, ուստի երկու կողմէն կը շարունակեն հնչել զգուշացումներ եւ սպառնալիքներ: Ամերիկեան զինուած ուժերու կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ զինուորական մեծաթիւ ուժեր տակաւին կը գտնուին տարածաշրջանին մէջ եւ պատրաստ են անհրաժեշտութեան պարագային միջամտելու եւ գործողութիւններու ձեռնարկելու: Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան իր կարգին շեշտեց, որ «Իրան ճնշումի եւ պաշարումի սպառնալիքներուն տակ պիտի չբանակցի», այլ պատրաստ է քննարկելու տրամաբանական եւ արդար առաջարկները:

 

ՀՐԱՁԳՈՒԹԻՒՆ ԹՐԱՄՓԷՆ ՈՉ ՇԱՏ ՀԵՌՈՒ

Նախանցեալ օր, որսի զէնք կրող ամերիկացի մը կրակ բացաւ Ուաշինկթընի Հիլթըն պանդոկին մօտակայքը, մինչ նշեալ պանդոկին մէջ տեղի կ’ունենար նախագահ Տոնըլտ Թրամփին սարքած ընդունելութիւնը՝ ի պատիւ լրագրողներու: Ոստիկանութիւնն ու նախագահին պահակախումբը իսկոյն միջամտեցին, ձերբակալեցին կասկածելի տղամարդը եւ տարհանեցին նախագահը, առաջին տիկինն ու այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:

Հետաքննիչները սկսան հետաքննել միջադէպը, մինչ Թրամփ յայտնեց, որ տակաւին յայտնի չէ, թէ ինքն էր Քոլ Ալէնի գործադրելիք յարձակումին թիրախը: Եւ մինչ FBI-ը յայտարարեց, թէ զինեալը ունէր միայն որսի զէնք մը, Թրամփ շեշտեց, որ Ալէնի հետ կար քանի մը զէնք:

Share64Tweet40
Previous Post

Համեստ Ծառայողի Մը Մահուան Քառասունքի Յիշատակին

Next Post

Ձայներ Երուսաղէմէն (արձագանգ պաղեստինահայ կեանքի)

Next Post
Ձայներ Երուսաղէմէն (արձագանգ պաղեստինահայ կեանքի)

Ձայներ Երուսաղէմէն (արձագանգ պաղեստինահայ կեանքի)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.